Sunday, January 31, 2010

ՍԱՌՆԱԼԵՌ








Սառնալեռը երկրագունդի հիւսիսային և հարաւային լեռներու բարձր գագաթներէն ու գետակներէն փրթելէ վերջ, ծովու վրայ ծփացող խոշոր սառերու կտորներն են: Սառնալեռը, ծանօթ է նաեւ «Այսպէրկ» անունով:

Կ'ըսուի թէ սառնալեռներու ծովու վրայ բարձրացած մասը 100 միլիոն թօն ծանրութիւն ունի:

Ջուրի տակ լողացող սառնալեռներ ալ կան, որոնք նաւաստիներու ամենամեծ վախն են:

50.000 տարիներ վրայ վրայի կազմուած ծովափի սառնակոյտերը յանկարծ ծով կը սահին և անոնց ծովու ճամբորդութիւնը կը սկսի: Շնորհիւ հովի և ծովու հոսանքներուն սառնալեռները ծովուն վրայ դանդաղօրէն կը ճամբորդեն:

Սառնալեռը, բեւեռային ջուրերու մէջ երբեք չի հալիր և իր գոյութիւնը երկար ժամանակ կրնայ պահել:

Երբ ծովու ջուրին ջերմութիւնը հասնի 8-10 աստիճանի, սառնալեռները քանի մը շաբաթէն կը հալին: Իսկ ծովու ջուրին ջերմութիւնը հասնի աւելի բարձր աստիճանի, սառնալեռը քանի մը օրէն կը հալի և ծովու ջուրին կը խառնուի:

Անթարթիքայէ փրթած սառնակոյտերը տափակ ու ցած են և կարգ մը սառնակոյտերու երկայնութիւնը հարիւր քիլոմեթրի կրնայ հասնիլ: Այս սառնակոյտերուն, «Սառ Կղզիներ» անունը կը տրուի:

Սառնալեռներու վրայ կարգ մը գոյներով գծիկներ կը տեսնուի: Գիտնականներ, այս գոյներու մասին սապէս բաձատրութիւններ կուտան:

Սառնալեռներու ճաթած մասերուն մէջ հալած սառի ջուր կը մտնէ: Այդ պատճառաւ, սառնալեռներու վրայ բաց կապոյտ գծիկներ կրնանք տեսնել:

Սառնալեռներու յատակի ծովու ջուրին մամուռի որակը եթէ հարուստ է՝ կանանչ գծիկներ կը տեսնուին:

Ծովու ջուրը, սառնալեռներուն յատակի մասը կը մաշեցնէ: Այդ ատեն ալ անոնց գոյնը սրճագոյն, սեւ ու դեղին կ'ըլլայ:

15 Ապրիլ 1912-ին Թիթանիք անուն շոգենաւը սառնալեռնի զարնուեցաւ և 2 ժամ 40 վայրկեան վերջ ընկղմեցաւ: 2224 ճամբորդներէն 1513 հոգին խեղդուեցաւ: Միայն 711 հոգի կարելի եղաւ ազատել:

Արդիական գիտութեամբ պատրաստուած չափազանց զգայուն ելեքտրոնային գործիքներով օժտուած այսօրուայ նաւերուն համար սառնակոյտերը այլեւս վտանք չեն ներկայացներ:

Կարգ մը գիտնականներ, սառնակոյտերը՝ այս անուշ ջուրի շտեմարանները, Ատէն Ծոցի պետութիւններու կողմը բերելու ձեւերը կ'ուսումնասիրեն, որպէսզի անոնց ջուրէն օգտուին: Սառնալեռները Ատէն Ծոց բերել 6-7 ամիս կրնայ տեւել: Շատ դժուար գործ մըն է, սակայն այս ջուրէն միլիոններով մարդ պիտի օգտուի:



Շուշան Գորտոնճիեան

29-Յունուար-2010 Ուրբաթ

Իսթանպուլ