Wednesday, January 20, 2010

ԲՈՒՐԱՍՏԱՆ





ՎԱՐԴ

Վարդը ծաղիկներու թագուհին է: Այս ծաղիկը հացկերոյթի սեղաններու, տօնական խրախճանքներու, հանդիսութիւններու ամենալաւ զարդն է:
Հռովմէացիներ, ձմեռուայ եղանակին, վարդը ջերմանոցներու մէջ կը մշակէին: Վարդի մշակոյթը հռովմէացիներէն ալ հին է:
Հին Եգիպտացիները, Բաբելոնացիները, Պարսիկները, Հելլէններն ալ այս անուշահոտ ծաղիկը շատ կը սիրէին:
Վարդին, ուրիշ ծաղիկներէ գերակայութիւնը, դիմացկուն արմատ, երկար կեանք, ճիւղերուն հարուստ ու տարածուն երեւոյթ ունենալն է:
Վարդենին զանազան գոյներով և անուշահոտ ծաղիկ մը ունի:
Երկրաբանութեան «ԺԵՈԼՈԺԻԳԱԼ» դարերու, Մայըսինի շրջանէն մնացած խաւերու մէջ քարացած վարդեր գտնուած են: Քանի մը միլիոն տարիք ունեցող այս քար վարդերէն մին, Փարիզի «Վարդերու Թանգարան» ին մէջ կը պահուի:
Այսօր, աշխարհի ամենահին ցեղին պատկանող վարդը, տասնմէկերորդ դարուն Գերմանեոյ Հիլտէսդն գիւղաքաղաքի եկեղեցւոյ պարտէզին մէջ տնկուած վարդենին է: Այս վարդենիին արմատի հաստութիւնը 50 սմ., իսկ հասակը 3 մ. է:
Թուլոնի մէջ, Պանքսի ցեղի պատկանող վարդենի մը մեծ մրցանիշ կոտրած է: Այս ծառը, տարին 50.000 վարդ կուտայ:

ԵՂՐԵՒԱՆԻ

Եղրեւանին, Եւրոպա և Ասիա ցամաքամասերուն վրայ կը մշակուի: Ան ողկոյզի նման անուշաբոյր ծաղիկներ բացող բոյս մըն է: Պարտէզներու մէջ զարդի բոյս ըլլալով կը հասցուի:
Եղրեւանիի տերեւները փայլուն կանանչ գոյն մը ունին: Անոր տերեւներուն եզերքները ուղիղ և սրտի ձեւով կ'ըլլան:
Եղրեւանին ճերմակ, վարդագոյն, բաց յարդագոյն, մանիշակագոյն և կարմիր գոյներով ծաղիկ մըն է:
Եղրեւանին մօտաւորապէս քսան տեսակ ունի: Անոր թուփը ձուրտի դիմացկուն է: Իր հասակը երեք կամ չորս մեթրի չափ կրնայ աճիլ:

ՄԱՆՈՒՇԱԿ

Մանուշակը աշխարհի ամէն կողմ մշակել կարելի է, սակայն աւելի շատ հիւսիսային կիսագունդի վրայ կը մշակուի: Այս ծաղիկը Հաւայի կղզիներու և հարաւ-արեւելեան Ասեոյ մէջ ալ շատ լաւ կը մշակուի:
Մանուշակը թաղարի մէջ ալ հասնող բոյս մըն է: Այս ծաղիկին 400 - 500 տեսակը կը գտնուի: Ան կէս շուք, խոնաւ վայրեր կը սիրէ և երկար կեանք ունեցող ծաղիկ մըն է:
Մանուշակին պսակը հինգ տերեւներէ կազմուած է: Տերեւները սրտի ձեւ ունին:
Իր անունին նման մանիշակագոյն ծաղիկ մըն է: Կապոյտ, դեղին, ճերմակ, վարդագոյն ևլն. գոյներով ալ մանուշակներ կան:
Մանուշակը, գարնան և աշնան շատ առատ ծաղիկ կը բանայ:

ՇՈՒՇԱՆ

Շուշանը ճերմակ, կարմիր, մանիշակագոյն, սեւ, դեղին և զանազան գոյներով ծաղիկ բացող բոյս մըն է:
Իր տերեւներուն վրայ սեւ գծիքներ ու բիծեր կ'ունենայ:
Շուշանը զարդի ծաղիկ մըն է: Ան, թէ՛ պարտէզներու և թէ՛ թաղարներու մէջ կարելի է մշակել:
Շուշան ծաղիկին հարիւրէ աւելի տեսակը կը գտնուի: Այս ծաղիկը հարուստ և արդիւնաբեր բուսահողերէ կ'ախորժի: Ան, թթուած հողերու մէջ ալ կ'աճի: Գարնանային ցուրտերէն կ'ազդուի: Արեւոտ ու կէս մը շուք տեղեր պէտք է տնկուի: Բազմացնելու համար, պէտք է ընտրել ամրան վերջը և աշունը:
Շուշան ծաղիկը, մշակել շատ դժուար է: Անոր հասակը երբ աճիլ կը սկսի, պէտք է օրը երկու անգամ ջրել:

ՅԱՍՄԻԿ

Յասմիկը Միջերկրական Ծովի կլիմայ ունեցող հողերու վրայ կը մշակուի: Ան այսպիսի հողերէ կ'ախորժի և արդիւնքը առատ կ'ըլլայ:
Յասմիկ ծաղիկին համար կ'ըսուի թէ անոր հայրենիքն է երկրագունդի ամենաբարձր գագաթը՝ Հիմալայաները և նաեւ Չինաստանն և Պարսկաստանը:
Իտալացիները ապրուստի համար յասմիկը կը մշակեն: Անոնք մշակուած յասմիկները մէկտեղելով անուշահոտութիւն կը պատրաստեն: Այս բոյսը, դարմանումի համար ալ կը գործածուի:
Յասմիկը իր ծաղիկները Յունիս և Սեպտեմբեր ամիսներու միջեւ կը բանայ: Ամրան եղանակին պէտք է առատ ջրել: Իսկ ձմեռը աւելի քիչ կը ջրուի և միայն հողը խոնաւ պահել բաւարար է:

ԱՐԵՒԱԾԱՂԻԿ

Իւղէն օգտուելու համար աշխարհի բոլոր կողմերը արեւածաղիկ կը մշակուի: Այս բոյսը բազմացնելու համար, Ապրիլ և Մայիս ամիսներու միջեւ կը ցանեն:
Արեւածաղիկը ցուրտի դէմ դիմացկուն բոյս մըն է: Եթէ ջերմութիւնը չորս աստիճանէ աւելի պակաս ըլլայ, անմիջապէս կ'ազդուի:
Ան բնիկ Փէրույէն է և Եւրոպայի մէջ ալ իբրեւ զարդ գործածել սկսած են:

ՇԱՀՈՔՐԱՄ

Շահոքրամը սուր տերեւներով, կապ-կապ բարակ կոթով ծաղիկ մըն է:
Այս բոյսին ծաղիկները ճերմակ, վարդագոյն, կարմիր գոյներով կ'ըլլան:
Շահոքրամը պարտէզներու և թաղարներու մէջ կը մշակուի: Ընդհանրապէս ամրան եղանակին կը բազմացնեն:

ՄԵԽԱԿ «ՀԱՄԵՄ»

Քրիստոսէ առաջ, երրորդ դարու մէջ ապրող Չինաստանի կայսրերն և ազնուականներն իրենց այցելուներուն մեխակի համեմ կը հրամցնէին:
Միջին Դարի Արեւմտեան Քաղաքակրթութեան շրջանին, համեմ մեխակը շատ սուղ գիներով կը ծախուէր:
17 և 18երորդ դարերուն Անգլիոյ մէջ համեմ մեխակի գինը ոսկիի հետ նոյն արժէքը ունէր:
Տասնևհինգերորդ դարէն սկսեալ, Եւրոպան ալ համեմ մեխակը ճանչցած է:
Հոլլանտան համեմ մեխակի վաճառականութիւնը կ'ընէ և այս գործին մէջ մինչեւ այսօր աշխարհի առաջին կարգը կը գրաւէ:
Համեմ մեխակին որակը հասկնալու համար, զայն ջուրին մէջ կը նետեն: Կ'ըսուի թէ ջուրին վրայ հորիզոնական ձեւով մնացող մեխակը ամենաարժէքաւորն է:

ՇԱՀՊՐԱԿ

Շահպրակը ընդհանրապէս դեղին և նարնջագոյն ծաղիկներով բոյս մըն է: Վերջին տարիներուն, շահպրակի սրճագոյն ու կարմիր գոյներով ծաղիկն ալ սկսուած է մշակուիլ:
Շահպրակը հարաւ Եւրոպայի ժայռ ու դալարիկ վայրերու տարածութեան մէջ տեսնել կարելի է:
Այս ծաղիկը, զով վայրերու մէջ կը մշակուի: Իր հասակը 50 սանթիմեթրի չափ կրնայ երկարիլ: Ան, անուշահոտ ծաղիկ մըն է:
Շահպրակը առանց խնամքի կը ծաղկի: Ան երկար կեանք ունի: Ձմեռը ապակեփեղկերու տակ պէտք է պահուի: Գարնան իր ծաղիկները բանալ կը սկսի:


Շուշան Գորտոնճիեան
20-Յունուար-2010 Չորեքշաբթի
Իսթանպուլ