Monday, August 31, 2009

ԷՋԵՐ ԿԱԶԴՈՒՐՄԱՆ ԿԱՅԱՆԻ ՊԱՏՄՈՒԹԵՆԷՆ

Ա. ՀԻՆ ՇՐՋԱՆ

1952 թուականի Յունուարին քանի մը ազգայիններ ազնիւ գաղափարը կ'ունենան «Իսթանպուլի և բոլոր արուարձաններու նիհարակազմ ուսանողներու համար Քամբ մը հիմնելու նախաձեռնութեամբ» միութիւն մը կազմել: Կը պատրաստեն իրենց օրինական ծրագիրը և կը դիմեն կառավարութեան իրենց միութեան վաւերացումը խնդրելով: Միաժամանակ կը գրեն Պօյաճըգիւղի Երից Մանկանց Եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին, խնդրելով որ իրենց եկեղեցիին շրջափակը տրամադրեն այս նպատակին համար: Անոնցմէ դրական պատասխան առնելէ յետոյ կը դիմեն նաեւ Պէյօղլուի Աղքատախնամ Մարմնին եւ իրենց ծրագրի իրագործման համար նիւթական օժանդակութիւն կը խնդրեն: Աղքատախնամը կը քաջալերէ զիրենք առաջին առթիւ տրամադրելով իր ժողովատեղին այս նորակազմ Միութեան ժողովներուն համար:
1952 Մարտին, պետութեան մօտ կատարուած դիմումին կը ստանան դրական պատասխան, որով կը վաւերացուի նորակազմ «Տէրնէկը», իր կանոնագիրը և հիմնադիրները յարակից մարմիններով:
Քամբի հիմնադիր անդամները եղած են. Տօքթ.Ա. Լօթիկեան, Մինաս Տիարպէքիրլեան, Հայկ Գալայճեան, Բարսեղ Արապեան «չորսն ալ այժմ վախճանած» և Յարութիւն Հանըմեան, Յարութիւն Սէմէրճեան, Կարպիս Եաղուպեան, և Խորէն Մելիքեան:
Ասոնք 1952-ի ամառը կը բանան «Քամբը» Պօյաճըգիւղի Եկեղեցիի շրջանակին մէջ 20 մանուկներով և կը բոլորին խանդավառ շրջան մը ծախսելով «11.000 Ոսկիի պատկառելի դրամ մը» որուն 6500-ը գոյացած է զանազան նուիրատուութիւններով իսկ 4500-ը պարտք մնացած է, որ ձմրան ամիսներուն պարահանդէսով մը կը փակեն:
1953-ին «աւելի եւս զարգացած էր Քամբին կազմակերպչական աշխատութիւնն ու կարգ կանոնը»: Այս շրջանն ալ կը բոլորեն 27 նիհարակազմ ուսանողներ պատսպարելով:
1954-ին «Քամբ»ի Նոր Վարչութիւնը շինել տուած է քարուկիրշէնք մը և ամբողջացուցած է շինութիւնը արդիական խոհանոցի և ջրհան մեքենայի մը: Քամբի Տէրնէկը կազմակերպած է նաեւ «Հերթական դասախօսութիւններ ընկերային և երաժշտական ունկնդրութիւններ, մարզախաղեր ու զբօսապտոյտներ»: Մինչեւ իսկ Քամբի փոքրիկներէն կազմած է փոքր երգչախումբ մը պատարագի երգեցողութեան: Այս տարին ալ ունեցած է 42 ուսանողներ:
1954-ին վարչութիւնը իրագործած է կարեւոր ծրագիր մը. Թերթ հրատարակած է «ՔԱՄՓ» անունով: Ասոնցմէ ի ձեռին ունինք 5 թիւեր, որոնցմէ կը քաղենք այս շրջանի վերաբերեալ վերոյիշեալ տեղեկութիւնները: Արդարեւ յանդուգն ձեռնարկ մըն է սա նկատի ունենալով թերթին ծաւալը, պէսպիսուն բովանդակութիւնը և տպագրեալ ըլլալու հանգամանքը: Իւրաքանչիւր թիւ բաղկացած է 32 երբեմն 36 էջերէ և օրուան կարեւոր գրական դէմքեր յօդուածներ ունին անոնց մէջ: Մաքուր տպագրութիւն և յաճախ առատ պատկերազարդում: Տեւած է երկու տարի միայն 1954 և 1955:
1955-ին պատսպարած են 57 ուսանողներ 16.500 լիրա տարեկան պիւտճէով:
1956 թուին «Տէրնէկ»ը ինքնաբերաբար լուծուած է: Քամբին վերին պատասխանատուութիւնը ստանձնած է այն ատեն գոյութիւն ունեցող Կեդրոնական Վարչութիւնը, որ կազմած է զօրաւոր Նոր Հոգաբարձութիւն մը ատենապետութեամբ
Պ. Թօկօ Աճէմեանի: Տնօրէն նշանակուած է Գաբրիէլ Գաբրիէլեան, որ պաշտօնի վրայ մնացած է գրեթէ մինչեւ քամբին վերջնական փակումը 1959-ին:
1956-ին Քամբէն օգտուած են 80 աշակերտներ, որոնցմէ 54-ը մնայուն եղած են, իսկ մնացեալ 26-ը հերթով մէկական ամիս մնացած են: Այս տարին բոլորովին նորոքուած է Պօյաճըգիւղի եկեղեցիի շրջակին մէջ գտնուող նախկին վարժարան հին շէնքը և յատկացուած է Քամբի գործածութեան:
Քամբի առօրեայ ծրագիրը եղած է Զարթնում ժամը 7-ին: Նախաճաշէն յետոյ երգի փորձեր կամ հատընտիր գիրքերէ ընթերցումներ: Կէսօրուան ճաշէն յետոյ երկու ժամ հանգիստի քուն. Որմէ յետոյ ձեռային աշխատանք, զբօսանք կամ հանդէսի պատրաստութեան փորձեր: 7.30-ին ընթրիք. 8.30-ին անկողին:
1957-ին Քամբի խնամակալութեան անդամներէն կարեւոր մէկ մասը համայնքային այլ պաշտօններու ընտրուած ըլլալով քաշուած են գործէ: Այս շրջանի ատենապետութիւնը ստանձնած է Պ. Ծերոն Փեշտիմալճեան որ այդ պաշտօնի պատնէշին վրայ մնացած է մինչեւ 1959-ին: Այս տարի պատսպարած են 120 մանչեր:
1958-ին Քամբը բացուած է գրէթէ անցեալ տարուան չափ աշակերտներով: Քամբի հոգաբարձութիւնը գնած է 40 մահճակալներ և յարակից կազմածները, 5000 ոսկի ծախսելով նորոգել տուած է մաշած վրանները:
1959-ին կազմուած է նաեւ Տիկնանց Յանձնախումբ մը, որոնք սիրայօժար ստանձնած են Քամբի աշակերտութեան բոլոր կարիքներու հոգատարութիւնը: Տնօրէն մը,4-5 ուսուցիչ հսկիչներ խոհարար մը և օգնականները կազմած են գործօն անձնակազմը քամբին: Պիւտճէն առ հասարակ եղած է 40-45 հազար թրքական լիրա, որուն հայթայթումը մեծագոյն մասամբ ծանրացած է Ատենապետ Պ. Ծերոն Փեշտիմալճեանի և հոգաբարձութեան գործօն անդամ
Պ. Գէորգ Գարամանուկեանի վրայ:
1960 թուականին չէ բացուած Քամբը և անկէ յետոյ փակ մնացած է:

Բ. ՆՈՐ ՇՐՋԱՆ



1962-ին, Մեր Պատրիարքական գահակալութիւնէն յետոյ մեր անմիջական ծրագիրներէն մէկն ալ եղած էր համայնքը օժտել նոր ամարանոցով մը: Այս մասին անհրաժեշտ տեղեկութիւնները կը քաղենք մեր որագրութեան տետրակներէն, քանի որ ամենօրեայ կանոնաւոր օրագրութիւն պահելու սովորութիւն ըրած ենք: Ըստ այսմ չակերտեալ բոլոր հատուածները առնուած են այն օրուան համապատասխան մեր օրագրութենէն:
1962 Մարտ 28-ին «Հրաւիրած էի Պ. Ծերոն Փեշտիմալճեանը խորհրդակցելու համար այս ամառ կազմուելիք ամառնային դպրոցի կամ քամբի մը մասին, որուն գլխաւոր վարիչը եղած է ինք անցեալ տարիներուն: Առնուած տեղեկութիւնները պիտի ներկայացնեմ յառաջիկայ Երկուշաբթի գումարուելիք Ճաշի Յանձնախումբերու Նկատառման»
1962 Ապրիլ 1. «Պօյաճըգիւղի եկեղեցին ներկայ եղայ պաշտամունքի… Ապա աչքէ անցուցի եկեղեցիին կից շինութիւնները, որ ժամանակին գործածուած են ամառնային քամբի համար: Նոր շինուած մասերը գոհացուցիչ են, բայց հին մասերը գրեթէ անգործածելի վիճակի մէջ կը գտնուին: Նախ պէտք է տեղը նորոգել և ապա՝ քամբի նպատակին յատկացնել»:
1962 Ապրիլ 2. «Երեկոյին յատուկ հրաւէրով եկած էին –Մեր վարժարաններու- Ճաշի Յանձնախումբերու ներկայացուցիչները և Պօյաճըգիւղի Թաղականութիւնը և
Պր. Ծերոն Փեշտիմալճեան: Հրաւիրուած էին խորհրդակցելու համար Ամառնային քամբը վերակսելու հարցի մասին: Պօյաճըգիւղի թաղականութիւնը չուզեց ի պաշտօնի ստանձնել քամբին վերին պատասխանատուութիւնը: Այն ատեն ուզեցինք կապել Գարակէօզեան Որբանոցի Խնամակալութեան: Պիւտճէի մասին խորհրդակցեցանք: Իւրաքանչիւր Ճաշի Յանձնախումբ իր կողմէ տրուելիք գումարը խոստացաւ: Պ. Ծերոն Փեշտիմալճեան խոստացաւ (հայթայթել) 10.000 Լիրա. Ուրիշ մը հազար լիրայով ընդհանուր գումարը բարձրացաւ 23-25 հազար լիրայի»:
Անկէ յետոյ ամբողջ 1962 տարուան ընթացքին ոեւէ արձանագրութիւն չենք գտներ մեր օրագրութեան մէջ: Բայց մենք որոշած էինք քամբը չբանալ Պօյաճըգիւղի մէջ, շատ մը պատճառներով, որոնցմէ մէկն էր դրացիներու կողմէ յարուցուած դժուարութիւնները: Մենք որոշումը տուած էինք ի նպաստ Գնալը Կղզիին, նկատի ունենալով անոր օդասուն հանգամանքը և հայ բնակչութեան բազմութիւնը ամառուան եղանակին:
Այս ուղղութեամբ ալ մեր նախնական աշխատանքներուն ձեռնարկեցինք 1963-ի սկիզբները:
1962 Մարտ 28-ին գացած ենք Գնալը Կղզի, քարոզելու համար Արեւագալի Ժամերգութեան: Եկեղեցիէն յետոյ Քամբի մասին խորհրդակցութեան մը ընթացքին «Պ. Ֆերտինանտ Մանուկեան փափաք յայտնեց նիհարակազմ տղայոց Քամբի համար իբրեւ յարմարագոյն վայր նկատի ունեցանք եկեղեցիի արտաքին դրան առջեւի եկեղեցապատկան հողը. Սակայն քչիկ մը պզտիկ գտանք զայն մեր նպատակներուն համար: Տեղեկանալով որ ազգապատկան այս հողին կից կալուածը հայու կը պատկանի, որոշեցինք կալուածատիրոջ հետ շփման մէջ մտնել գնելու համար»:
1963 Մայիս 13-ին «Գնալը Կղզի գացի ամառնային քամբի նոր վայր մը աչքէ անցընելու համար: Մեր հետն էր նաեւ Պր. Ժագ Ապրեվանել, Կիւլպէնկեան Հիմնարկի ներկայացուցիչը և Կարպիս Ղազարեան, նաեւ Ֆէրտինանտ Մանուկեան, Ճարտարապետ Գեղամ Մանուէլեան և Գնալը Կղզիի եկեղեցւոյ թաղականութիւնէ երկու անդամներ: Եկեղեցոյ սեպհական հողը յարմար չտեսնուեցաւ: Կարգ մը ուրիշ տեղեր ալ նայուեցան: Յարմարագոյնը մեր գերեզմանատան կից (հիւսիսային կողմը) ընդարձակ հողը նկատուեցաւ: Տեսանք տեղւոյն մուխթարը և պատուիրեցինք որ վերոյիշեալ հողի վերաբերեալ անհրաժեշտ տեղեկութիւնները գտնէ և հաղորդէ մեզի»:
1963 Յունիս 5-ին «Ունեցանք ամառնային քամբի ժողով: Կանչուածներէն քիչեր եկած էին: Ներկայ էր նաեւ Պ. Ժ. Ապրեվանել, պարտականութիւն յանձնեցինք Գնալը Կղզիի Թաղ. Խորհուրդի ներկայացուցիչին, որ կղզիի մէջ մեր վերջին անգամ տեսած «Գերեզմանատան կից» հողի մասին անհրաժեշտ բոլոր պրպտումները կատարուին և զեկոյց բերուի մեր յաջորդ ժողովին»:
Ապա մենք բացակայեցանք երկրէն լման երկու ամիսներ: Որմէ յետոյ սերտօրէն զբաղուած եղանք Ղալաթիոյ և Նառլըգաբուի եկեղեցիներու և Խասգիւղի Ներսէսեան ու Սամաթիոյ Սահակեան վարժարաններու նորոգութեանց գործերով, որով մեր օրագրութեանց մէջ ոչ մէկ ակնարկութիւն կայ այս մասին մինչեւ յաջորդ տարին:
1964 Փետրուար 13-ին դարձեալ գացած ենք Գնալը Կղզի Արեւագալի: Եկեղեցիէն յետոյ երբ վերահասու եղանք որ Գերեզմանատան կից հողին տէրը խոշոր գին կը պահանջէ, հրաժարեցանք այդ հողը գնելու գաղափարէն: «Ապա ամառնային քամբին համար ներկաներուն հետ կատարեցինք հետախուզութիւններ: Ի վերջոյ եկանք այն եզրակացութեան, որ օգտագործենք եկեղեցւոյ շրջանակին մէջ գտնուող անտառակը և եկեղեցիի շրջափակէ անմիջապէս դուրսի եկեղեցապատկան հողը: Դժբախտաբար հողին տարածութիւնը մեծ չէ և մեր նպատակին չի բաւեր, մեր յոյսը դրած ենք քովի հողի կտորին վրայ, զոր կը մտադրենք գնել»: Մինչ այդ գէթ յառաջիկայ ամառ գործը սկսած ըլլալու համար, ճարտարապետ Գեղամ Մանուէլեանի հետ խորհրդակցելէ յետոյ, որոշեցինք որ եկեղեցիի շրջանակին մէջ գտնուող ծառաստան-պարտէզի մէջ առժամեայ քամբ մը հաստատենք, տախտակեայ յատակով և վրանալաթ ծածքով»:
Ըստ այսմ կը նախատեսուէր որ 1964-ի ամառը պիտի ունենայինք մեր քամբը: Արդարեւ նոյն տարին Ապրիլին գնուեցաւ եկեղեցապատկան հողին կից կալուածը, յանուն Գնալը Կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիին, երեսուն հազար լիրայի, որ ծախքերով միասին կը բարձրանար շուրջ 35.000-ի, զոր վճարեց Պ. Ֆերտինանտ Մանուկեան: Այս կերպով միացեալ հողամասի տարածութիւնը եղաւ 790 քռ. մեթր:
Թէեւ հողը գնուած էր եկեղեցիի անունով սակայն ներկայիս դժբախտաբար վրան շէնք շինելու արտօնութիւն չի տրուիր: Ուստի 1964 Յունիս 14-ին խորհրդակցեցանք կերպերու և միջոցներու մասին, թէ ի՞նչպէս կրնանք ձեռք ձգուած հողին վրայ շէնք մը շինել: Երեք հաւականութիւններ ներկայացուեցան մեր առչեւ:
1-Տրուած ըլլալով որ հողին գինը վճարուած էր Պ. Ֆ. Մանուկեանի կողմէ, կրկին հողը պաշտօնապէս անոր անունին փոխանցել և շէնքը շինել անոր անունով:
2-Դիմել տեղւոյն «Կիւլպէնկեան Հիմնարկի Յանձնախումբ»ին, որ ինք ստանձնէ գործին տիրութիւնը «Տէրնէկ»ի ձեւին տակ, նոր շէնքի շինութեան ծախքն ալ Կիւլպէնկեան Հիմնարկէն խնդրուի:
3-Դիմել տեղւոյս կուսակալին, որ մասնաւոր արտօնութիւն մը շնորհէ այս շէնքը Եկեղեցիի անունով շինելու, տրուած ըլլալով որ նպատակը զուտ բարեգործական է և պիտի յատկացուի երկրի նիհարակազմ տղայոց առողջութեան համար»:
Անկէ յետոյ ունեցած ենք բազմաթիւ խորհրդակցական հանդիպումներ ի վերջոյ յանգելու համար այն եղրակացութեան որ «Տէրնէկ»ի մը անունով գործի ձեռնարկուի:
1964 Նոյեմբեր 10-ին «Հրաւիրած էի Պ. Ֆ. Մանուկեանը և Պ. Գ. Գարամանուկեանը, որոնց հետ միասին պատրաստեցինք անուանացանկը այս ձեռնարկի հիմնադիր անդամներուն: Իսկ շէնքի յատակագիծը պիտի պատրաստէ ճարտարապետ Անդրանիկ Մատոյան: Պատրաստել տուած էի նաեւ սեւագրութիւնը Հիմնադիր Յանձնախումբի ծրագիր-կանոնագրին, զոր կառավարութեան պիտի ներկայացնենք «Տէրնէկ»ի վաւերացումը ապահովելու համար: Ամիս մը յետոյ ժողովին հրաւիրեցի «Տէրնէկի» անդամները. Քիչեր եկան, որոնցմով կազմեցինք «Տէրնէկ»ը: Այսպէս վերջացաւ նաեւ 1964 տարին առանց ունենալու ծրագրուած ամառնային քամբը:
1965-ը աւելի եռուն գործունէութեան տարի մը եղաւ: Մարտ 12-ին դարձեալ գացած ենք Գնալը Կղզի Արեւագալի: Աչքէ անցուցինք եկեղեցիի շրջափակին ծառաստանը, ուր քամբի առժամեայ յարմարութիւնները պիտի շինենք: Երբ այդ մասին վերջնական որոշում տուած էինք, յանկարծ ներկաներէն մէկը փայլուն գաղափար մը յայտնեց «գնել մերձակայ նորաշէն տուն մը», որ կազդուրման կայան ըլլալու պայմանները կը լրացնէր: Շէնքը քննական աչքէ անցուցինք և տեղւոյն վրայ զայն գնելու որոշումը տուինք: Պատրիարքարան կանչել տուի տանտէրը և առաջարկեցի գնել իր տունը. չէ չըսաւ, միայն խնդրեց տիկնոջ հետ ալ տեսակցիլ վերջնական որոշում տալէ առաջ»:
1965 Մարտ 29-ին հրաւիրած էի Պ. Ժ. Ապրեվանելը, Պ. Ֆ. Մանուկեանը և Պ. Գ. Գարամանուկեանը և վերոյիշեալ տանտէրը: Երկար խորհրդակցութենէ յետոյ, նկատի ունենալով որ անմիջական դրամ չունէինք այդ շէնքը գնելու, եկանք այն եզրակացութեան որ վարձենք այդ տունը այս տարուան համար և ապա դիմենք Կիւլպէնկեան Հիմնարկին որպէսզի այս տունը նուիրէ մեր համայնքին:
Եւ արդարեւ սոյն տարւոյ Ապրիլ 1-ին ընդարձակ նամակ մը գրեցինք Կիւլպէնկեան Հիմնարկին, շեշտելով անհրաժեշտութիւնը ամարանոցի մը, մեր համայնքի մանուկներուն համար. կը հաղորդէինք նաեւ որ անհրաժեշտ փոփոխութիւններով և յաւելումներով մեզի պիտի արժէր շուրջ քառասուն հազար տոլար: Ու կը խնդրէինք որ Կիւլպէնկեան Հիմնարկին նուէրն ըլլայ այս շէնքը մեր կարօտ մանուկներուն:
Նկատի ունենալով որ ամառը կը մօտենար, և տանտէրը մեզի վարձու տալ չէր ուզեր, ուստի քանի մը ազգայնոց առաջարկեցի որ պարտքով գնեն այս շէնքը և Կիւլպէնկեան Հիմնարկէն դրամ գալուն հատուցանենք այս պարտքը, հակառակ պարագային հանգանակենք համայնքէն: Գաղափարին շատ քիչեր մօտեցան, որոնց խօստացած գումարներն ալ անբաւական էին շէնքը գնելու: Երբ մենք կը տնտնայինք, տանտէրը հարկադրուեցաւ այդ ամառ ուրիշներու վարձել իր տունը, որով 1965-ին ալ չունեցանք ամէնքիս այնքան ակնկալած քամբը:
Վերջապէս Յունիս 11-ին եկաւ Կիւլպէնկեան Հիմնարկի պատասխանը, որ թէեւ դրական էր, բայց փոխանակ 40 հազարի 28 հազար տոլար կը յատկացնէր այս նպատակին: Այս գումարը ի վերջոյ մեր դիմումներուն վրայ բարձրացաւ 35 հազար տոլարի:
1965 Յուլիս 10-ին «Հրաւիրած էի Պ. Ապրելվանելը և Գնալը Կղզիի թաղականութեան ներկայացուցիչը և գնուելիք տունին տէրը. Խորհրդակցեցանք թէ ի՞նչպէս պէտք է գնենք այս տունը, որ դժուարութեանց չբախինք: Որոշուեցաւ որ Պատրիարքարանիս փաստաբանը Պր. Մ. Ագըլլը տեսնուի պատկան անձերու հետ և ըստ իր քաղած ցուցմունքներուն ընենք գնումը»: Ցուցմունքները այն եղած էին որ «Տէրնէկ»ի մը անունով գնուի: Պահ մը կ'որոշենք Թօքաթլեան Խանի Շինութեան վերջին Յանձնախումբով «Տէրնէկ» մը կազմել: Սակայն կ'երեւի թէ հնարաւոր չեղաւ անդամներուն հաւանութիւնը ապահովել, կամ այս գաղափարը շատ գործնական չթուեցաւ Կիւլպէնկեան Հիմնարկի ներկայացուցիչին որ կը պնդէր թէ գնումը ըլլայ անպատճառ համայնքային հաստատութեան մը անունին: Այնպէս որ Օգոստոս 5-ին և 28-ին տակաւին խորհրդակցութեան նիւթ կ'ընենք «քամբը եկեղեցիի անունին գնելու հարցը»:
Նոյն տարին Սեպտեմբերի սկիզբը պէտք եղաւ որ մենք Ամերիկա մեկնինք: Մեկնելէ առաջ մենք թելադրած էինք Պ. Ժ. Ապրեվանելի և Գարամանուկեանին լաւագոյն ճամբայ մը գտնել և շէնքը անպատճառ գնել մինչեւ մեր վերադարձը, քանի որ դրամը պատրաստ էր:
Վերադարձանք 1966 Փետրուար 14-ին: Յաջորդ օր «Պ. Գարամանուկեան եկաւ ըսելու որ Գնալը Կղզիի ամառնային քամբ ըլլալիք շէնքը տակաւին չէ գնուած և Կիւլպէնկեան Հիմնարկի ներկայացուցիչ Պ. Ժ. Ապրելվանել ըսած է, որ Կիւլպէնկեան Հիմնարկի այս նպատակով ղրկած դրամը Մարտի վերջը կրնայ ետ ղրկուիլ» քանի որ 9-10 ամիսներ անցած էին և դրամը դեռ իր նպատակին չէր յատկացուած: «Հրահանգեցի որ անմիջապէս սկսուի գնման գործողութեան»:
1966 Փետրուար 20 «Երեկոյին եկաւ Պ. Գարամանուկեան, զոր այսօր ղրկած էի Գնալը Կղզի նայելու համար երկրորդ շէնքի մը, ամառնային քամբի համար, քանի որ առաջին շէնքի տանտէրը, որ խոստացած էր ծախել, ներկայիս դժկամակութիւն կը յայտնէ վաճառելու: Պ. Գարամանուկեան նայած է այս երկրորդ շէնքին, զայն յարմար գտած է Պատրիարքարանի իբրեւ ամարանոց. մինչեւ իսկ սակարկած է: Նախորդ շէնքի տիրոջ ալ հանդիպած է և զայն ալ համոզած է, որ ծախէ» մեզի:
1966 Փետրուար 21 «Պ. Գարամանուկեան այսօր կարգ մը պատկան պաշտօնատուներ գնաց ստուգելու թէ Թաղային Խորհուրդ մը կալուած կրնա՞յ նուէր ընդունիլ, թէ ոչ»: Ասով մեր նպատակն էր անհատի մը անունին գնել շէնքը և ապա՝ եկեղեցիին «հիպէ» ընել:
Փետրուար 24 «Երեկոյին Պ. Գարամանուկեան բերաւ Գնալը Կղզիի այն տանտէրը, որուն տունը պիտի գնենք իբրեւ ամառնային քամբ: Վերջնականօրէն համաձայնեցանք: Բերել տուինք նաեւ նօտար մը, և (Պատրիարքարանի Աւագ Քարտուղար) Պ. Գր. Ապաճեանը ինծի փոխանորդ կարգելով «հրահանգեցինք որ վաղը այդ շէնքի գնման պաշտօնական գործողութիւնները լրանան» յանուն օրուան Պատրիարքին:
Փետրուար 25 «Պ. Ապաճեան և Գարամանուկեան Մեծ Կղզի գացին լրացնելու համար երկու տուներու գնման գործողութիւնները»:
Փետրուար 26 եկան Պ. Գարամանուկեան և թափուի պետական պաշտօնեան և Եազմաճեաններ (երկրորդ տունին տէրերը) և իրենց տան գնման գործողութիւնը ամբողջացաւ: Չեկան Չեմքերթենեանները, որոնց տունը եւս պիտի գնէինք իբրեւ տղայոց ամարանոց: Սակայն գիշերը Պ. Գարամանուկեան գացած է իրենց տունը և ի գին մեծ դժուարութեան համոզած է զանոնք և յաջողած է գնել նաեւ անոնց տունը»:
Այս կերպով աւարտեցաւ գրեթէ 4 տարիներէ ի վեր քաշքշուած հարց մը: Խմդրին այսքան երկարաձգուելուն գլխաւոր պատճառը վերջերս մէջտեղ դրուած պետական այն արգելքն էր, որով եկեղեցիներուն իրաւունք չէր տրուեր նոր կալուած գնելու և կամ իրենց սեպհական կալուածին վրայ նոր շէնք շինելու:
Որով: 1) Մենք ալ տեսնելով որ անկարելի էր ուրիշ համայնքային հաստատութեան մը անունով գնել այս երկու տուները, 2) և նկատի ունենալով որ այդ օրերուն եթէ գնած չըլլայինք քամբ ըլլալիք տունը, անկարելի պիտի ըլլար ուրիշ ոեւէ ատեն ձեռք ձգել զայն, քանի որ տանտէրը միտքը բոլորովին փոխած էր, և Պ. Գարամանուկեանի յարատեւ ու յամառ աշխատանքն էր, որ յաղթահարած էր տանտիրոջ չկամութիւնը, 3)Միւս կողմէն նկատի ունենալով որ Կիւլպէնկեան Հիմնարկը առ հասարակ ետ կը պահանջէ իր նուիրատուութիւնները, եթէ անոնք փութով իրենց նպատակին չծառայեն, ուստի մենք ամէն պատասխանատուութիւնը մեր վրայ առնելով՝ շէնքերը գնել հրահանքեցինք օրուան Պատրիարքին անունով: Ասիկա կարգ մը շրջանակներու մէջ դուռ բացաւ իրաւացի կամ անիրաւ քննադատութեանց, զոր մենք նախատեսած էինք արդէն: Բայց մեզի համար ելքի ուրիշ ճամբայ չէր մնացած, կամ այս տարի պէտք էր սկսէինք այս գործին, կամ ի սպառ հրաժարէինք անկէ: Մենք սակայն որոշած էինք ի գին ամէն զոհողութեան կամ դժուարութեան բանալ ամառնային քամբը այդ տարին: Շէնքը գնելէ յետոյ մենք նօտարով յատուկ պաշտօնագիր պատրաստել տուինք, որ այս զոյգ շէնքերը թէեւ գնուած են մեր անունով, սակայն չեն պատկանիր մեզի, այլ համայնքային շէնքեր են գնուած Կիւլպէնկեան Հիմնարկի նուիրատուութեամբ: Հետեւաբար մենք կամ մեր ժառանգորդները որեւէ իրաւունք չունին այս շէնքին վրայ ու մենք «հիպէ» ըրած էինք զայն Գարակէօզեան Որբանոցին: Ի վերջոյ յարատեւ դիմումներով 1968 Օգոստոս 8-ին բացառիկ պաշտօնական տնօրինութեամբ հնարաւոր եղաւ այս շէնքերը փոխանցել Գարակէօզեան Որբանոցի անունին և ազատել զմեզ այս տաղտկալի բեռէն:
Գնումէն յետոյ սկսուեցաւ քամբի շէնքին մէջ ստեղծել բոլոր անհրաժեշտութիւնները, մեծ խոհանոց, հաւաքական ճաշարան, լուացարան, պաշտօնէից սենեակներ ևլն.: Պ. Գեղամ Ալիքսանեան կարեւոր դեր կատարեց այս գործերուն յաջողութեամբ պսակուելուն մէջ, սկզբնական շրջաններուն:
Իսկ քամբին օրինական պատասխանատուութիւնը յանձնուեցաւ Գարակէօզեան Սանուց Միութեան, որոնց կողմէ ընտրուեցաւ յատուկ Յանձնախումբ մը, որ լծուեցաւ եռանդուն աշխատանքի, ապահովելով անհրաժեշտ կահ-կարասիները, մահճակալ, անկողին, ամանեղէն ևլն.:
1966 Յունիս 20-ին «սկսանք ընդունիլ աշակերտները քամբ, զոր սկսանք պաշտօնապէս կոչել «ԿԱԶԴՈՒՐՄԱՆ ԿԱՅԱՆ»: Շաբաթ մը վերջ յատուկ հաւաքական սեղանով մը կատարեցինք անոր պաշտօնական բացումը: Սեպտեմբերի կէսին փակեցինք քամբը: Պատսպարուած էին 220 աշակերտներ, երկու շրջաններով, առաջին շրջանը յատկացուեցաւ մանչերու, իսկ երկրորդ շրջանը աղջիկներու: Հին շրջանին՝ քամբէն կ'օգտուէին լոկ մանչերը:
1967 Յունուարին սկսուեցան նախապատրաստական աշխատանքներու քամբի երկրորդ շրջանի համար: Քամբը բացուեցաւ Յունիս 15-ին:
Այս տարին ալ պատսպարուեցան 240 աշակերտ:
1968-ին գնուեցան քամբին կից երկու հողեր, մին արեւելեան կողմը, միւսը արեւմուտք: Առաջինը գնուեցաւ համայնքային դրամով Պ. Գարամանուկեանի անունով, իսկ երկրորդը գնեց Պ. Ֆ. Մանուկեան և վրան շէնք մըն ալ շինեց իր ծախքով ու նուիրեց Քամբին ի գործածութիւն: Շէնքը կը մնայ իր անունին արձանագրեալ տակաւին:
1968-ին շրջանը բացինք Յունիսի կէսին և ունեցանք երկու շրջանի համար 250 աշակերտութիւն:
1969-ին աշնան աւարտեցաւ Պ. Ֆէրտինանտ Մանուկեանի շինել տուած քամբի երկրորդ շէնքը: Շրջանակուեցաւ կրաղիւսէ պատերով: Խոշոր ջրամբար մը շինուեցաւ նոյն հողին վրայ: Շրջապատը սալարկուեցաւ և երկու շէնքերը իրարու կապող անցք մը շինուեցաւ:
Պաշտօնական բացումը տեղի ունեցաւ 1970 Յունիսին ձեռամբ բարերարներուն՝ Տէր և Տիկին Ֆէրտինանտ Մանուկեաններուն:
Հարթուեցաւ նաեւ խաղավայրի յատկացուելիք արեւելեան հողը և երկու մասի բաժնուեցաւ. բարձր մասը ծածկուեցաւ արեւի և անձրեւի դէմ պաշտպանելու համար փոքրիկները, իսկ միւս մասը բաց ձգուեցաւ: Շինուեցաւ երկու ջրհորներ խաղավայրին ներքեւ և «ֆօսեբթիքը» ծայրագոյն մէկ անկիւնը: Ասոնք խոշոր ծախքեր պահանջեցին, որուն կէսը
հարիւր-հազար լիրա- նուիրեց արժանթինահայ և նախկին Պոլսեցի Պ. Գր. Ճամպազեան, որուն անունով կոչեցինք խաղավայրը, որուն վրայ շինուեցան նաեւ սահելու եւ օրօրուելու գործիքներ: Խաղավայրին պաշտօնական բացումը տեղի ունեցաւ 1970 Յուլիսին ի ներկայութեան և ձեռամբ բարերարին Պ. Գր. Ճամպազեանին:
1971 և 1972 տարիներուն արդէն իսկ քամբը իր բոլոր կարիքները լրացուցած էր. և շատ խաղաղ ու բարգաւաճ շրջաններ բոլորեց կարող Յանձնախումբի և Տնօրէնութեան մը վարջութեան ներքեւ և իւրաքանչիւր շրջանին պատսպարելով շուրջ 400 աշակերտներ: Գտած է ան արդէն հունը և կը յուսանք թէ պիտի շարունակէ իր ընթացքը նոյն արդիւնաւորութեամբ և նոյն ու առաւել օգտակարութեամբ ամառնային կազդոյրի պէտք ունեցող մեր համայնքի զաւակներուն համար:

ՇՆՈՐՀՔ ԱՐՔ. ԳԱԼՈՒՍՏԵԱՆ



(Քաղուած 1971-1972 թուակիր «Շողակաթ» Տարեգիրքէն)

Շուշան Գորտոնճիեան
31-Օգոստոս-2009- Երկուշաբթի
Իսթանպուլ