Saturday, January 3, 2009

ԶԻՍ ՉԵ՞Ս ՅԻՇԵՐ







Դարեր առաջ, մեծ արուեստագէտի մը պարտականութիւն տրուեցաւ տաճարի մը համար Յիսուսի կեանքը ներկայացնող իւղանկար մը պատրաստել:
Երկար տարիներ արուեստագէտը համբերութեամբ պատրաստեց այս նկարը, որուն մէջ կը պակսէր Յիսուս մանուկի և Յուդայի դիմանկարները: Այս երկուքին յարմարագոյն նմանակ մը գտնելու համար ամէն կողմ երկար պրպտումներ կատարեց:
Օր մը, աղքատ թաղի մը մէջ հանդիպեցաւ փոքր մանչուկի մը, որուն դէմքը ցնցեց նկարչին սիրտն ու ամբողջ էութիւնը:
Տղեկը, հին ու աղտոտ հագուստներուն մէջ լուսաւոր և հրեշտակային դէմք մը ունէր: Արուեստագէտը, վերջապէս իր փնտռած դէմքը գտած էր: Տղեկը գնաց նկարչին հետ և մեծ համբերութեամբ նստաւ որպէս օրինակ Յիսուս մանուկին դէմքին:
Այժմ կը մնար Յուդայի դէմքը: Նկարչին տխուր վիճակի լուրը տարածուեցաւ ամէն կողմ: Շատեր կարծելով որ չարութիւն և վատութիւն պատկերացնող դէմք ունին, ներկայացան նկարչին, սակայն ան ոչ մէկն ալ չհաւնեցաւ:
Տարիներ անցան: Ի զուր ան կը փնտռէր մատնիչ Յուդայի արտայայտութեամբ մէկը: Օր մը, մուրացկան մը տեսաւ: Մուրացկանը, դողդոջուն քայլերով գետին փռուեցաւ ու աղաղակեց.
-Գինի՛, գինի՛:
Նկարչին երակներուն մէջէն ահաւոր սարսուր մը անցաւ. այդ կեղտոտ գինովը իր դէմքին վրայ կը կրէր մարդկութեան բոլոր մեղքերը: Վերջապէս գտած էր Յուդան:
Միասին գացին իր աշխատանոցը, ուր գիշեր ցերեկ տենդագին գործի լծուեցաւ՝ լրացնելու համար տարիներէ ի վեր իր անաւարտ գլուխ գործոցը:
Մինչ ինք կ'աշխատէր, գինեմոլը զարմանալի վիճակներէ կ'անցնէր: Նախկին թոյլ վիճակը տեղի տուած էր շփոթ ու շուարուն հեւքի մը, իսկ իր արիւնոտ, կարմրած աչքերը սոսկումով մը գամուած կը մնային իրեն նմանող նկարին վրայ:
Նկարիչը զգալով ենթակային վիճակը, հարցուց, թէ որեւէ կերպով կրնա՞ր իրեն օգնել: Գինեմոլը չկրցաւ զսպել իր արցունքները և դէմքը ձեռքերուն մէջ առած, սկսաւ հեծկլտալ ու ըսել.
-Ուրեմն զիս չե՞ս յիշեր: Ես տարիներ առաջ քեզի օրինակ եղայ որպէս տիպար Յիսուս Մանուկին, իսկ այսօր... Յուդան կը ներկայացնեմ քեզի...

Շուշան Գորտոնճիեան
24-Դեկտեմբեր-2008 Չորեքշաբթի
Իսթանպուլ