Sunday, May 2, 2010

ԿԵԱՆՔԻ ԱՊՐՈՒՄՆԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ ՄՏԱԾՈՒՄՆԵՐ


Հաճելի խօսակցութեամբ, գեղեցիկ ժամանակ անցընել արուեստ մըն է: Իսկ բարեկամութեան ամենալաւ գաղտնիքը մտիկ ընելն է:
ՄԱԼՔՈԼՄ ՖՕՐՊԷՍ

Հնազանդիլ, ոեւէ մէկը համոզելու ամենալաւ գաղտնիքն է:
ՏԷԱՆ ՐՈՒՍՔ

Երբ կը խօսիմ, գիտութիւնս է որ կը կրկնեմ: Իսկ երբ մտիկ կ'ընեմ, բաներ մը կը սորվիմ:
ՃԱՐԷՏ ՍԲԱՐՔՍ

Իրականութեան մէջ ոչ ոք իրար մտիկ կ'ընէ: Պատճառը հասկնալու համար, ժամանակամիջոց մը մտիկ ընել աշխատեցէք:
ՄԻԿՆՈՆ ՄԷՔԼՕԺԼԻՆ

Նախ և առաջ ուրիշը հասկնալու աշխատեցէք, որպէսզի ուրիշն ալ ձեզի լաւ հասկնայ:
ՍԹԷՖԱՆ Ռ. ՔՈՎԷՅ

Մեր հինգ զգայարանքներէն մէկն ալ լսելն է: Սակայն մտիկ ընել արուեստ մըն է:
ՖՐԱՆՔ ԹՅԿԷՐ

Խօսելու համար անպատճառ զարգացում պէտք է ունենալ: Իսկ մտիկ ընելու համար պէտք է իմաստուն ըլլալ:
ՕԼԻՎԷՐ ՎԷՆՏԷԼ ՀՈԼՄՍ

Բնութիւնը, մեր խօսակցութեան կրկնապատիկը տուաւ: Համեստ ըլլալու համար մէկ լեզու և երկու ականջ:
ԷՓԻՔԹԷԹՈՒՍ

Ինծի ծանօթ, յաջող բարեկամներ ունիմ: Անոնց մեծամասնութիւնը շատ չեն խօսիր, այլ մտիկ կ'ընեն:
ՊԷՐՆԱՐՏ Մ. ՊԱՐՈՒՀ

Անձայնութիւնը մեծ ուժի մը աղբիւրն է:
ԼԱՕ ԹԶՈՒ

Յոտնկայս խօսելու համար պէտք է քաջասիրտ ըլլալ: Կարեւորը այն է, որ նոյն քաջասրտութեամբ նստիլ և ուրիշները մտիկ ընել:
ՎԻՆՍԹՕՆ ՋՈՒՐՋԻԼ

Խօսողը կը սերմանէ, մտիկ ընողը կը հնձէ:
ԱՐԺԱՆԹԻՆԻ ԱՌԱԾ

Լաւ ունկնդիր մը եղէք, որպէսզի ձեր ականջները ձեզի հարց չ'ստեղծեն:
ՖՐԱՆՔ ԹՅԿԷՐ

Մտիկ ըրէք, պիտի սորվիք: Մտիկ ըրէք, պիտի շահիք: Պիտի շահիք՝ ոչ թէ միայն դրամ, այլ յարգանք:
ՀԱՐՎԷՅ ՄԱՔԱՅ

Ամէն ոք սուտ կը խօսի: Կարեւոր չէ, որովհետեւ մտիկ ընող չկայ:
ՎԻԼՍՕՆ ՄԻՆԶԷՐ

Չխօսուածը լսել, հաղորդակցութեան ամենակարեւոր տարրն է:
ԲԷԹԷՐ Ֆ. ՏՐՈՒՔԷՐ

Մեծ եսասէրներ փոքր ականջներ կ'ունենան:
ՌՈՊԷՐԹ ՇՈՒԼԼԷՐ

Քաղեց ու թարգմանեց՝ Շուշան Գորտոնճիեան
1-Մայիս-2010 Շաբաթ
Իսթանպուլ