Friday, September 3, 2010

ԵՐԱՆԱՇՆՈՐՀ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԿՈԼՈՏ ԲԱՂԻՇԵՑԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻ ԿԵԱՆՔԻ ԼՈՒՍԱՇԱՒԻՂԸ 1678-1741


Յարգելի ընթերցող,

Կ. Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռը իր գոյութեան տեւողութեան ունեցած է շատ արժէքաւոր գահակալներ:
Այդ արժէքներու մէջ բացառիկներէն մին է Աթոռին՝ ըստ Օրմանեանի Ազգապատումին 72-րդ, ըստ Պատրիարքարանի ցանկին 49-րդ գահակալը՝ Տէր Յովհաննէս Կոլոտ Բաղիշեցին, որ տակաւին 37 տարեկան ու վարդապետ, իր վարչական կարողութիւններուն և պայծառամտութեան պատճառով, 1715-ին գահ կը բարձրացուի: 1726-ին Պոլսոյ մէջ, Կարապետ Բ. Ուլեցի կաթողիկոսէ «1726-1729» եպիսկոպոս կ'օծուի: Որպէս գահակալ կը վախճանի 1741-ին, երբ տակաւին 63 տարու էր: Եթէ երկար կեանք ունենար Աթոռը կրնար շատ աւելի բարգաւաճիլ:
Այսպէս փայլուն անձեր յիշատակել մեր հաւաքական յիշողութիւնը կը թարմացնէ, որով յարմար նկատեցի 1978-ին հրատարակուած գրութիւն մը կայքէջիս միջոցաւ ձեր ուշադրութեան յանձնել:


Շուշան Գորտոնճիեան

* * *


Յովհաննէս Կոլոտ ծնած է Բաղէշ «Պիթլիս» 1678-ին: Իր մանկութեան, ծնողներուն և ընտանեկան պարագաներուն մասին ծանօթութիւններ չունինք: Գիտենք միայն հօրը անունը՝ Մխիթար:
Կոլոտի կեանքի պատմութիւնը կը սկսի Ամրտօլի նշանաւոր վանքին մէջ, որուն բարեհամբաւ վանահայրն էր Վարդան Վրդ. Բաղիշեցի:
Յովհաննու Կարապետ Ամլորդւոյ այս վանքը, ծանօթ նաեւ Ամրտօլի վանք անունով, շատ կարեւոր դեր խաղացած է Հայ դպրութեան պատմութեան մէջ ԺԶ-ԺԸ. դարերու ընթացքին, կերպով մը համալսարանի դեր կատարելով, ուր Սուրբ Գրոց դասաւանդութեանց առընթեր, մեծ կարեւորութիւն կը տրուէր նաեւ իմաստասիրութեան և տրամաբանութեան ճիւղերուն:
Հակառակ վանքին մէջ գոյութիւն ունեցող պահպանողական և յետադիմական մտայնութեան, մենաստանը, շնորհիւ կորովի վանահօր՝ Վարդան Վրդ.ի անձնդիր ջանքերուն, կրցած է առողջ և հիմնական դաստիարակութիւն մը տալ հոյլ մը ուսումնատենչ աշակերտներու, որոնց մէջ էր նաեւ Կոլոտ:
Աբեղայ ձեռնադրուած ըլլալը կ'ենթադրուի 1698-ին՝ Վարդան Վրդ.է, իսկ վարդապետական գաւազանը առած՝ 1708-ին, Գրիգոր Շիրվանցի Վրդ.է, Մուշի Ս. Կարապետ Վանքին մէջ:
Վանահայր Վարդան Վրդ. կը վախճանի 1704 Մարտ 31-ին, յառաջացած տարիքի մէջ: Կոլոտ ու իր ուսումնակից ընկերները՝ ընկճուած սուգի մորմոքէն, երբ կը խորհէին Ամրտօլի ապագային մասին, խաւարամիտ խմբակը, արդէն իսկ դուրս ելած իր թաքստոցէն, համարձակօրէն հանդէս կուգար գործադրելու համար իր մութ ծրագիրը, որ էր՝ «Հայ վարդապետը բանտուած պահել իր սահմանափակ ծիրին մէջ»:
Ամրտօլի վանքը իրերամերժ ներքին հոսանքներէն պարտասած՝ կը սկսի գահաւիժիլ իր երբեմնի նախանձելի բարձունքէն, ու Կոլոտ դեռ 27 տարեկան երիտասարդ վարդապետ, սրտաբեկ բայց վճռակամ՝ կ'արհամարհէ խուլ պայքարին դժբախտ հեղինակները ու կը հեռանայ իր սրբազան օճախէն, փոքրաթիւ խումբով մը:
«Եւ յետ որոյ վեհազն հովուիս մերոյ առ Տէր գնալոյ, ցրուեցան գառինք ողջամիտք» կ'ըսէ Կոլոտ:
Լուսամիտ խմբակը, գլխաւորութեամբ Գրիգոր Վրդ. Շիրվանցիի, կը դիմէ Մշոյ Ս. Կարապետ «Գլակայ» վանքը, ուր կը վայելէ հայրական հովանաւորութիւնը Կարապետ Եպիսկոպոս Վանահօր: Հոս գնահատուելով իրենց կարողութիւնը, նոյն և յաջորդ քանի մը ձմեռները քարոզչութեան կը ղրկուին մօտագայ վիճակները ու սրտեռանդն կ'աշխատին վանքին պարտքերը բառնալու: Ջանքերը կը սկսի իրենց բարերար արդիւնքները պարքեւել ու վանքը տակաւ կը թեթեւնայ պարտքերու ծանրութենէն, երբ 1708 Մայիս 16-ին երկրաշարժ մը վերստին կը կործանէ տաճարին գմբէթը և վանքին գլխաւոր մասերը:
Գրեթէ նոյն ժամանակին կը զուգադիպի վանահօր Կարապետ Սրբազանի վախճանումը, և նոյն պաշտօնին կ'ընտրուի Շիրվանցի Գրիգոր Վրդ.ը, միաբանութեան համախորհուրդ հաւանութեամբ:
Քանդուած կամ վնասուած տեղերուն շուտափոյթ նորոգութեան ձեռնարկը նոր պարտքերու դուռ կը բանայ: Նորընտիր վանահայր Գրիգոր Վրդ. կ'անցնի Խրիմ, իսկ Կոլոտ՝ Կ. Պոլիս «1712», հանգանակութեան համար: Կոլոտ Պոլսոյ մէջ ասպնջանակութիւն կը գտնէ Սեբաստացի Գասպարի քով, որ ժամանակի ազդեցիկ անձնաւորութիւններէն մէկը պէտք է եղած ըլլայ: Օրուան Պատրիարքը Սահակ Ապուչեխցի աջակից կ'ըլլայ Կոլոտի, որ Պոլսոյ մէջ կարճ ժամանակի ընթացքին աչքառու կը դառնայ որպէս եռանդուն ու պերճախօս վարդապետ: Իր շնորհալի անձին ու բարեմասնութիւններուն հմայքը, ինչպէս նաեւ անկեղծ նուիրումը իր ընդգրկած հոգեւոր ասպարէզին, սիրելի կը դարձնեն զինքը ազգային բոլոր խաւերուն: Հանգանակութիւնը կ'ըլլայ անսպասելիօրէն արդիւնաւոր, այս մասին Կոլոտ հետեւեալ բառերով կ'արտայայտուի.
«զԱստուածասէր ժողովուրդսն, որք ետուն զողորմութիւն լիալիր և զբազում յիշատակս զարդուց սրբոյ տաճարին. որովք և ազատեցաւՍուրբ վանքն ի բազմատոկոս պարտուցն»:
Ալեկոծ ու խառնակ վիճակ մը կը ներկայացնէ Պոլիսը այդ օրերուն, որով Կոլոտի համակրական շրջանակը չի թողուր որ ան Տարօն վերադառնայ: Հայոց Պատրիարքութիւնը, ազդեցիկ ամիրաներու, դիրքի տէր մեծահարուստներու կամայական կարգադրութիւններով կը կառավարուէր: Եպիսկոպոսներ փառատենչիկ նկատումներով իրարու ձեռքէ կը խլէին Աթոռը:
Երուսաղէմի Պատրիարքութիւնն ալ անփառունակ վիճակի մը մատնուած էր, մասնաւորաբար աշխարհական գործակալներու պատճառով, որոնք սահման չէին դներ իրենց չարաշահութիւններուն մէջ: Անոնք լիազօրուած Պոլսոյ Պատրիարքարանէն՝ ծանօթ էին Վէքիլ, Նազըր կամ Պապա յորջորջումներով: Վտանքաւոր ու վնասակար դէմքեր եղան ասոնք. գձուձ և շուկայիկ նկատումներով ձեռք երկարեցին վանքին տոմարներուն, կուտակուած պարտքերու վրայ նոր պարտքեր բարդեցին անհամար զեղծումներով, միշտ իրենց անձնական շահը գերադաս համարելով:
Այս անկազմակերպ ու անկերպարան վիճակը լրջօրէն կը մտահոգէր Սահակ Պատրիարքը, որ իր խորհրդականներով կ'որոշէ Կոլոտը ղրկել Երուսաղէմ, վստահելով անոր վարչական անվիճելի կարողութիւններուն: Կոլոտ, «Աթոռակալ և Վէքիլ» ըլլալով 1713-ին կ'ուղեւորի Երուսաղէմ, հոն վերահասու կը դառնայ աղիտալի կացութեան, շուտափոյթ ժողով կը գումարէ սրտցաւ միաբաններու հետ, յարմարագոյն ու արմատական դարմանը գտնելու համար: Այս շրջանին կը զուգադիպի Պատրիարքի փոփոխութիւնը Պոլսոյ մէջ. Սահակ Ամուչեխցիի հրաժարումով՝ իրեն կը յաջորդէ Յովհաննէս Գանձակեցի, 28 Մարտ 1714-ին:
Նոր Պատրիարքը առաջնահերթ կարգադրութեամբ Երուսաղէմ կ'ուղարկէ չորս գործակալներ՝ իբր Պապա կամ ղապզի մալ, որոնք իրենց նախորդներուն պէս չեն վարանիր ըստ կամս գործելէ, նոյնիսկ կը ծախեն վանքին վերաբերեալ ինչքերը: Միւս կողմէ պահանջատէրերն ալ ամէն միջոցներու դիմելով կ'ապահովեն Երուսաղէմի կալուածներուն վաճառման վճիռը: Կոլոտ առանց յուսալքուելու կը դիմէ պատկան իշխանութեան և անձամբ հետապնդելով գործը՝ վերջապէս դատարանի «հէօճէթ»ով երաշխաւոր կ'ըլլայ չորս տարի յետաձգելու վճռին գործադրութիւնը: Քաջալերուած այս նպաստաւոր արդիւնքէն, Կոլոտ կը կոտրէ «օրթայի մէօհիւր» ըսուած հասարակաց կնիքը, զոր անբարեխիղճ ձեռքեր սանձարձակ ու անհաշիւ կը գործածէին ի վնաս վանքին:
Կոլոտ վանքէն ներս ալ տեղին միջոցառումներով ու տնօրինութիւններով բարեկարգումները լրացնելէ վերջ, ղեկը կը յանձնէ իրեն հաւատարիմ ու համախոհ միաբաններու, և 1715-ին կը վերադառնայ Պոլիս, ուր Սրբազան բեմերէն իրապաշտ գիծերով կը նկարագրէ Երուսաղէմի անկեալ վիճակը, միանգամայն կոչում ընելով Պոլսահայ նուիրատու ոգիին: Ասկէ զատ, բառնալու համար Երուսաղէմի Պատրիարքութեան տնտեսական անկանոն և կամայական մատակարարութիւնը, ջերմօրէն կը ջատագովէ Երուսաղէմի և Կ. Պոլսոյ երկու Աթոռներուն իրարմէ անկախ Պատրիարքութիւններու վերածումի անհրաժեշտութիւնը, մինչ այս երկուքը Աւետիք Պատրիարքէն ի վեր միացեալ միակ Աթոռ մը կը ձեւացնէին:
Առաջարկը կը քննուի և կ'ընդունուի, պայմանաւ որ Կոլոտ յօժարի ստանձնել Պոլսոյ Պատրիարքութիւնը և Երուսաղէմի Պատրիարքը ինք ընտրէ՝ համաձայն իր փափաքին: Կոլոտ նախ անդուրդուելի կը մնայ՝ մերժելով այս պատասխանատու պաշտօնը, բայց յետոյ տեղի կուտայ՝ թաբանձագին խնդրանքներու առջեւ: Իսկ նախորդ Պատրիարք Յովհաննէս Գանձակեցին կը հարկադրուի հրաժարիլ, առանց դժկամակութեան:
Կոլոտ, 37 տարեկան ժողովրդական դէմք մը, հանդիսաւորապէս կը բարձրանայ Պատրիարքական Աթոռը՝ 9 Սեպտ. 1715 Ուրբաթ օր: Հետեւեալ օրն իսկ կը պատարագէ և իբր Երուսաղէմի Պատրիարք կը յիշատակէ «Տէր Գրիգոր Աստուածաբան վարդապետը» Մշոյ Ս. Կարապետին վանահայրը: Կոլոտ, կանխելու համար որեւէ հաւանական մերժում Գրիգորի կողմէ, կը դիմէ Ս. Էջմիածնի Աստուածատուր Կաթողիկոսին, խնդրելով որ անյապաղ վաւերացնէ այդ պաշտօնը: Որով, Գրիգոր, որ հետագային «Շղթայակիր» կոչումը պիտի առնէ, տեղի կուտայ և կ'ընդունի պարտադիր պաշտօնը:
Կոլոտ իր հետեւորդներով Էտիրնէ կ'երթայ՝ թէ՛ իր և թէ՛ Գրիգորի ընտրութեան զոյգ վաւերացումները «Կայսերական Իրատէ»ով պաշտօնականացնելու համար: Երուսաղէմի նորընտիր Պատրիարքը Գրիգոր Շիրվանցի, 1717 Օգոստոս 18ին, Վերափոխման տօնին Պոլիս կը հասնի ու կը դիմաւորուի իր նախկին ընկերոջ՝ Յովհաննէս Պատրիարքի կողմէ:
Այսպէսով Երուսաղէմի և Կ. Պոլսոյ Պատրիարքութիւնները պատմական ու խիզախ որոշումով մը թէեւ կը բաժնուին իրարմէ, բայց երկու մեծանուն Պատրիարքները, սրտով ու մտքով միացած, ռահվիրաները կը հանդիսանան անվհատ ու համերաշխ գործակծութեան մը: Գրիգոր Պատրիարք շղթայ մը կ'անցնէ վիզէն և կ'ուխտէ այդ շղթան չհանել, մինչեւ որ Երուսաղէմի մեծագումար պարտքը վճարուի: Ութ տարի շարունակ այն շղթան համբերատարութեամբ կրելէ վերջ, Գրիգոր Շղթայակիր, Կարապետ Ուլնեցի Կաթողիկոսին հրամանով, 1726-ին միայն կը հանէ զայն: Երուսաղէմ երախտագիտութեամբ կը յիշատակէ Շղթայակիրի կատարած բարերար դերը, բայց պէտք է ընդունիլ որ, այն շինարար գործը զոր կատարեց Շղթայակիր, հետեւանքն է մանաւանդ Կոլոտ Պատրիարքի հեռատես ու համակարգող ջանքերուն:
Կոլոտի և Շղթայակիրի սերտ գործակցութիւնը լաւագոյն առիթ մը եղաւ, որ Երուսաղէմի միաբանութիւնը կրթական ու վարչական զարթօնք մը ստեղծէ ու վանքը տանի մշակութային բարձրութեան մը: Այս վերելքին քովն ի վեր ազդու միջոցներ ձեռք կ'առնուին Ս. Յակոբայ իրաւունքները բռնաբարող Յունաց ոտնձգութիւններուն դէմ: Կոլոտ 23 Դեկտեմբեր 1739ին Շղթայակիրին հետ Սուլթան Մահմուտ Ա. Կայսրէն կ'ապահովէ նոյն իրաւունքները վերահաստատող հրովարտակը:
Կոլոտի Պատրիարքութիւնը կը շարունակուի եկեղացական, կրթական, շինարարական ու մշակութային կալուածներու մէջ յարաշխատ գործունէութեամբ: 11 տարիներ կ'անցնին և դեռ վարդապետական աստիճան միայն ունի Կոլոտ. բազմազբաղ վիճակը առիթ չի տար Էջմիածին երթալով եպիսկոպոսանալու:
1725 Հոկտեմբեր 10ին կը վախճանի Ս. Էջմիածնի Աստուածատուր Կաթողիկոսը: Կոլոտ ժողով կը գումարէ Մայր եկեղեցւոյ մէջ, ուր ներկայ կ'ըլլան Պոլիս գտնուող եպիսկոպոսներ, վարդապետներ ու երեւելի աշխարհականներ և Կաթողիկոս կ'ընտրեն Անկիւրիոյ «Անգարա» առաջնորդ՝ Ուլնեցի Կարապետ եպիսկոպոսը, որ 1726 Փետրուար 27ին, Մայր եկեղեցւոյ մէջ 12 եպիսկոպոսներով կաթողիկոս կ'օծուի մեծ հանդիսաւորութեամբ: Երեք օր վերջ «12 Մարտ» նորընտիր Հայրապետը, եպիսկոպոս կ'օծէ Պոլսոյ Պատրիարք Յովհաննէս Կոլոտ վարդապետը:
Կոլոտի կեանքի հատորը ծաւալուն է ու պերճաբան: Ան մեզի կը ներկայանայ մերթ իբր յանդուգն բարենորոգիչ կամ անխոնջ շինարար, մերթ իբր հեռատես քաղաքաքէտ գործիչ կամ ներհուն գրասէր: Այս բոլոր մարզերէն ներս ալ ան նախախնամական դեր ունեցած է ԺԷ. դարու Արեւմտահայ կեանքին մէջ:
Իր բազմակողմանի ձեռքերուն քով կայ և կը մնայ այն մէկը՝ զոր Կոլոտ իրաւամբ կ'արժեցնէ իբր անբասիր ու նուիրեալ հայ հոգեւորական: Ամրտօլի երբեմնի խոնարհ վարդապետն է ան, որ բարձրագոյն պաշտօնի բարձունքէն ալ չ'ուզեր անտեսել կրօնքի ու հաւատքի ճշմարիտ սերմանող մը ըլլալու աւագ պարտականութիւնը:
Իր հաղորդական բնաւորութեամբ, խոհականութեամբ ու գիտակից վարուելակերպով կը գնահատուի ու կը սիրուի Սուլթան Ահմէթ Գ. և Սուլթան Մահմուտ Ա. կայսրերէն, անոնց Եպարքոսներէն ու Պետական բարձր պաշտօնատարներէն, կը սիրուի ու կը յարգուի ժողովրդային բոլոր խաւերէն և օտար շրջանակներէն:
1741 Փետրուար 12ին, Կոլոտ Պատրիարք կը վախճանի 63 տարեկան, երբ դեռ ազգը շատ բաներ կ'ակնկալէր իր հովուապետէն, անոր անվիճելի փորձառութիւններէն:
Մեծահանդէս կը թաղուի Ղալաթիոյ Ս. Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ աւագ դրան հարաւային կողմը: Կոլոտ մասնաւոր սէր ու հոգածութիւն ունեցած է այս պատմական եկեղեցիին հանդէպ, որուն վերաշինութեան աշխատանքներուն անձամբ հսկած է նոյնիսկ, անուանի ճարտարապետ Սարգիս Խալֆային հետ: Ս. Լուսաւորիչ եկեղեցին երբ կրկին կը վերաշինուի 1965ին, մեծանուն Պատրիարքին գերեզմանը կը տեղափոխուի ու կ'ամփոփուի զանգակատան ներքեւ յատկապէս շինուած դամբարանին մէջ:

1-Սեպտեմբեր-2010 Չորեքշաբթի
Իսթանպուլ