Ծնած պիտի ըլլայ մօտաւորապէս ԺԷ. դարու վերջերը: 1719ին նոյնպէս «Տէր Թովմաս» ըլլալով յիշուած է Զենոբ Գլակի յիշատակարանին մէջ: 1720ին ալ, Երուսաղէմի թիւ 1917 ձեռագրին ստացողի յիշատակարանին մէջ, «նորանուէր աբեղայ» յիշուած է: Իսկ 1723ին լոյս տեսած «Հարանց վարք»ին յիշատակարանին համեմատ, նոյն տարին պէտք է որ վարդապետ ձեռնադրուած ըլլայ: Եպիսկոպոս ձեռնադրուած է 1726 տարւոյ Մարտ ամսուն սկիզբները Պոլսոյ մէջ Կարապետ Ուլնեցի Կաթողիկոսէն («Կ. Պոլսոյ Հայերը», էջ՝ 130, նաեւ Կիւլէսէրեան «Կոլոտ», էջ՝ 27):
1734ին Պոլսոյ մէջ լոյս տեսած տաղարանին մէջ իր ալ տաղերուն կը հանդիպինք: Նոյնպէս 1768ին Պոլիս տպագրուած Պաղտասար Դպրի Տաղարանին մէջ, «Թ. Վ.» սկզբնատառերով տաղերու հեղինակն ալ շատ հաւանաբար ինքն է: