Thursday, September 16, 2010

«Ե» ԵՐԵՄԻԱ ՎԱՐԴԱՊԵՏ

Ծնած է մօտաւորապէս ԺԷ. դարու վերջերը: 1719ին «Տէր Երեմիա» բացատրութեամբ կը յիշուի Զենոբ Գլակի յիշատակարանին մէջ: Յաջորդիւ, 1720ին, Երուսաղէմի թիւ 1917 ձեռագրին ստացողի յիշատակարանին մէջ ալ «նորանուէր աբեղայ» ըլլալով յիշուած է: Իսկ 1723ին լոյս տեսած «Հարանց վարք»ին յիշատակարանին համեմատ, նոյն տարին վարդապետ ձեռնադրուած պիտի ըլլայ:
1725ին Պոլսէն Երուսաղէմ գացած միջոցին, Իզմիրի առջեւ ընկղմած ուխտաւորներու նաւուն մէջ գտնուող, Ստանպօլցի Երեմիա վրդ. մը յիշուած է («Միաբանք և Այցելուք», էջ՝ 137-138): Կը խորհինք թէ այս անձը նոյնն է վերոյիշեալին հետ, որովհետեւ այնուհետեւ իր յիշատակութեան չենք հանդիպիր: