Tuesday, October 19, 2010

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԿՈԼՈՏ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ


Կիլիկեան Հայոց թագաւորութեան անկումէն յետոյ 1375-ին, իբր հետեւանք Փոքր Ասիոյ ամէն կողմերը կատարուող արշաւանքներու, կրօնական և մշակութային դրական գործունէութիւնը տակաւ առ տակաւ նուազեցաւ ու գրեթէ կասեցաւ մեր մէջ: Պատերազմները ոչ միայն արգելք կ'ըլլային ուսմունքով պարապելու այլ նաեւ կը ստիպէին մեր ժողովուրդը գաղթել ուրիշ երկիրներ: Այնպէս որ ԺԵ. և ԺԶ. դարերը կը նկատուին «բոլորովին անկման դարեր» ամբողջ Արեւելքի համար: ԺԵ. դարուն մեր եկեղեցական պատմութեան մէջ պատահեցաւ երկու կարեւորագոյն դէպքեր. առաջինը 1441 թուին Հայրապետական Աթոռին իր սկզբնական կեդրոնը, Ս. Էջմիածին փոխադրուիլն է Կիլիկիայէն, ուր քայքայիչ քաղաքական ու կրօնական ազդակներ վտանգած էին անոր գոյութիւն և գործունէութիւնը: Երկրորդը՝ Օսմանեան Կայսրութեան նոր մայրաքաղաքին՝ Կ. Պոլսոյ մէջ 1461-ին Հայ Եկեղեցւոյ Պատրիարքական նոր Աթոռի մը հաստատուիլն էր: Երկու դէպքերն ալ, որքան ալ խաւար այդ դարերուն մէջ յոյսի դռներ բացած էին Հայ ժողովուրդի սիրտերուն մէջ, սակայն դժբախտաբար իրենց սկզբնական շրջանին մէջ գրեթէ ոչինչ ունին շինիչ և մխիթարական: Ընդհակառակը լեցուն են սրտմաշուք դէպքերով և խռովիչ կացութեամբ մը, որոնք արտաքին ազդակներէ աւելի ներքին պատճառներու ծնունդ են: Մեր խօսքը մասնաւորելով Օսմանեան նոր մայրաքաղաքին մէջ հիմնուած եկեղեցական նոր կեդրոնի մասին, կը հաստատենք, որ անոր առաջին դարը կը յատկացուի նոր պայմաններու յարմարելու և նոր շրջանակին մէջ տեղաւորուելու աշխատանքներուն: Իսկ յաջորդ դարուն կը սկսի քանդիչ սովորութիւն մը, որ գրեթէ ամբողջութեամբ կը ծծէ այս Պատրիարքութեան հոգեւոր ու բարոյական կենսունակութիւնը: Այդ յոռի և քանդիչ սովորութիւնը եղաւ՝ Պատրիարքական իշխանութիւնը մէկը միւսին ձեռքէն խլելու խելայեղ մոլուցքը, ազդեցիկ ամիրաներու մեղսակցութեամբ և նախաձեռնութեամբ: 1600 թուականէն մինչեւ Կոլոտի Պատրիարքութիւնը, 115 տարիներու ընթացքին, Պատրիարքական Աթոռ ելած և իջած են 55 դէմքեր 60-70 անգամ, միջին հաշուով հազիւ երկու կամ երեք տարի պատրիարքութիւն ընելով: Հետեւաբար Պատրիարքութեան հիմնումին առաջին 250 տարիներու ընթացքին շատ քիչ է դրական ու շինիչ կրօնական ու մշակութային գործերով պարապողներուն թիւը:

Այս ընդհանուր մթութեան մէջ կը նշմարուի լոյսի նշոյլ մը Ամրտօլուի Վանքէն, Տարօն գաւառի մէջ –ուրկէ եկած էր նաեւ Ս. Մեսրոպ- որ ի վերջոյ բաւական պիտի ըլլար նոր և բոցավառ պայծառութիւն մը տալու Ս. Մեսրոպի վառած ջահին: ԺԸ. դարուն սկիզբները Տարօնէն կայծեր կը նետուին Իսթանպուլ, Երուսաղէմ և մինչեւ իսկ Էջմիածին, և ազգային ու մշակութային կեանքը նոր ուղիի մէջ կը մտնէ: 1711ին Իսթանպուլի հորիզոնին վրայ կ'երեւի նոր դէմք մը, որ իր իմացական լոյսովը ու հոգիի ջերմութեամբը կը համակէ ամէնքը, և մշակութային կեանքը պատահական ու անհատական ճիգերէ կ'ազատագրէ և կը կապէ համայնքային շարժումի մը: ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԿՈԼՈՏՆ է այդ լուսաւոր դէմքը որ գալով Բաղէշի Ամրտօլուի և Ս. Կարապետի վանքերէն, մաքրեց նախ ճայռոտած կտուցը պատրոյգին մեր մշակոյթին առկայծող կանթեղին, նոր բոց և կեանք տուաւ անոր, և ստոյգ անկումէ փրկեց Երուսաղէմի և Կ. Պոլսոյ Պատրիարքական Աթօռները, զօրացնելով նաեւ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինը:

Եթէ մեր նոր ժամանակներու վերազարթնումի նահապետը Ամրտօլուի վանահայր ՎԱՐԴԱՆ ԲԱՂԻՇԵՑԻՆ է, Արեւմտահայութեան վերազարթնումի հայրը անկասկած Վարդանի հոգեւոր որդին՝ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԿՈԼՈՏ ՊԱՏՐԻԱՐՔՆ է, որուն կը պատկանի յաւերժական ու անկապտելի փառքը Արեւմտահայութեան մտաւորական վերածնունդը սկսած ըլլալու, անոր իմացական և հոգեւոր նոր կեդրոնին՝ Իսթանպուլի մէջ:
Բաղիշեցի այս վարդապետը, ըլլալով հանդերձ ամէնէն պայծառ դէմքը Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքներուն, միաժամանակ կարեւոր երեւոյթ մըն է, իբրեւ անոր վերազարթնումի մեծագոյն ռահվիրան:

Սրբակենցաղ վանական, քաջ քարոզիչ վարդապետ, ճարպիկ գործիչ և արդիւնաշատ մշակ, ու կատարելութեան տիպարին մօտեցող անձ մըն է Յ. Կոլոտ: Ամրացուց նախ Հայաստանեայց Եկեղեցին իր նիւթական ու հոգեւոր կառուցուածքին մէջ, Իսթանպուլէն մինչեւ Երուսաղէմ: Յաջողեցաւ խաղաղեցնել իր հօտը և վերջ տալ սպառիչ խռովութեանց և վատնիչ մսխումներու, և լարել իր ժողովուրդին նիւթական ու բարոյական կարողութիւնները՝ շինարար գործերու համար: 1715ին բացաւ Սկիւտարի իր հռչակաւոր «ԴԱՍԱՏՈՒՆԸ» և հասցուց մեծ թիւով աշակերտութիւն: Թարգմանել տուաւ Արեւմտեան լեզուներէն բազմաթիւ աստուածաբանական, քարոզչական, հովուական, փլիսոփայական, գիտական ու մեկնողական տարողութեամբ գիրքեր: Այսու Կոլոտ հիմնած եղաւ մեր Երրորդ Թարգմանական դպրոցը, Ոսկեդարէն ու Արծաթի դարէն յետոյ: Զարկ տուաւ տպագրութեան՝ մշակոյթի արծարծման եւ ընթերցումի տարածման այդ կարեւոր գործին: Կարճ ժամանակի մը մէջ հրապարակը ողողուեցաւ –այդ օրերու չափանիշով- բազմահատոր գիրքերով, որոնք մատչելի եղան ոչ միայն Իսթանպուլի և իր անմիջական շրջանակին, այլ նաեւ մինչեւ իսկ Երուսաղէմ և Էջմիածին: Ազգային լուսաւորութեան համար Կոլոտ չբաւականացաւ լոկ թարգմանչական գործով, այլ Տարօնի իր նախկին դպրոցներէն, Ս. Կարապետէն, Ամրտօլիէն, Գլակէն և այլ վանքերէն բերել տուաւ հազուագիւտ ձեռագիրներ, մեր մատենագրութեան թանկարժէք գանձերը, և բազմագրել տուաւ զանոնք ընդօրինակութեան կարօտ ազգ մը նախ լաւ պէտք է ճանչնայ ինքզինքը, իր անցեալի մշակութային արժէքներուն մէջ: Իր թարգմանածոյ գրչագրեալ և տպագրեալ գործերով կազմեց ՄԱՏԵՆԱԴԱՐԱՆ մը, զոր ժառանգ ձգեց իր դպրոցին, և որ մինչեւ մեր ժամանակները շարունակած է իր գոյութիւնը և օգտակարութիւնը:

Իր աշակերտները շարունակեցին անոր սկսած մտաւորական շարժումը, որուն առատ նիւթ մատակարարեցին Մխիթար Սեբաստացիի կրկնակ Միաբանութիւնները՝ Արեւմուտքի ընձեռած խաղաղ ու բարոյապէս նպաստեցին -թէ՛ Պոլսոյ և թէ՛ Վենետիկի մէջ- Իսթանպուլահայ ամիրաներն ու ժողովուրդը՝ իրենց մեկնաբանութեամբ, քաջալերութեամբ և ընթերցասիրութեամբ: Կոլոտով սկսած այս մտաւորական շարժումը իր ծաղկումի և փառքի ճամբուն մէջ մտաւ արդէն ԺԹ. դարուն, երբ Սահմանադրական Սերունդին ճիգերով աւելի ուժեղացաւ, տալու համար իր մեծագոյն արդիւնքները ԺԹ. դարու վերջերը և մեր դարուն սկիզբները: Այս շարժումը թափանցեց նաեւ մինչիւ հեռաւոր խորերը և խուլ անկիւնները գաւառներուն: Իսկ կեդրոնին մէջ կերտեց մեր Արեւմտահայ Արդի Գրականութեան Ոսկեդարը:

Յովհաննէս Կոլոտ Բաղիշեցի Պատրիարքը Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքներու շարքին մէջ դէմքն է: Մարդու մը մեծութիւնը կը չափուի իր կեանքով, գործունէութեամբ, արգասիքով և արտաբերած ոգիով: Այս բոլորին մէջ ալ Յովհաննէս Կոլոտ պատրիարք կը գտնուի գերազանց դիրքի վրայ:
Խոր յարգանք ու խանդաղատանք իր յիշատակին: Պատիւ այն ժողովուրդին որ ծնաւ՝ զայն:
Փառք Անեղին Աստուծոյ որ Իր Հոգիով լեցուն զայն և ղրկեց մեզի:

ՇՆՈՐՀՔ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ԳԱԼՈՒՍՏԵԱՆ
ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՈՑ ԹՈՒՐՔԻՈՅ
ԻՍԹԱՆՊՈՒԼ-1978