Tuesday, December 14, 2010

ՃԱՐՏԱՐԱՊԵՏ ՊԱԼԵԱՆՆԵՐՈՒ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ

Պոլսոյ մէջ գտնուող նշանաւոր շէնքերու շինութեան գրեթէ բոլորին վրայ Պալեաններու ստորագրութիւնը կը տեսնենք :
Պալեան ընտանիքը, ԺԹ. դարու մէջ Օսմանեան ճարտարապետութեան կարեւոր անձերը եղած են: Անոնք՝ հայր, զաւակ ու եղբայր իրար յաջորդելով չորս սերունդ մասնայատուկ ճարտարապետներ հասցուցած են:
Պալեան ընտանիքը Կեսարացի է: Պալեան մականունը առաջին գործածող անձը, Պալի Գալֆային «բանուորապետ» մանչը Գրիգոր Գալֆան «բանուորապետ» եղած է: Պալի Գալֆային «բանուորապետ» մասին ծանօթութիւն մը չկայ, սակայն գիտենք թէ՝ իր դամբանը Պաղլարպաշի հայոց գերեզմանատունն է:
Ճարտարապետ Պալեաններ, իրար հետեւելով արդիւնաբեր և գործօն կեանք մը ապրած են: Պալեան անունը երկրին մէջ և նոյնիսկ երկրէն դուրս լսուելու պատճառ դարձած է՝ մեծ քանակութեամբ և խոշոր շէնքերուն պատկերացումն և իրագործումը, մասնայատուկ ճարտարապետութեան իրաւասու անձնականութիւնը, կարողութիւն և իրենց ապրած շրջանին փափաքները դիմագրաւելու յատկութիւնն ու ներդաշնակութիւնը:
Պալեանները, այս յաջողութիւնը թերեւս պարտական են՝ ճարտարապետութեան ասպարէզի սովորոյթի մը մէջ մասնայատուկ ճարտարապետ և մասնայատուկ գլխաւոր ճարտարապետութիւնը սերունդէ-սերունդ շարունակելու: Նոյն անունը փոխադրել, նախորդին ազդեցութիւնն և յաջողողութիւնը գործածելու առաւելութիւն, սերունդէ-սերունդ փոխադրուող մտափորձութեան կուտակումը Պալեաններու յաջողութեան ծրագիրը բարձրացնելու պատճառ դարձած է:
Պալեան ընտանիքին առաջին երեք սերունդ ճարտարապետները, այս ասպարէզին ամենէն նուրբ և կարեւոր կէտերը աւանդական մէթոտներով և սանդուխին առաջին աստիճանէն սկսելով սորված են: ԺԹ. դարուն մէջտեղը պայմանները ձեւափոխուած է: Կարապետ Պալեան այս ձեւափոխութիւնը զատորոշելով իր մանչ զաւակները համաչափ դաստիարակութեան ուղղած է: ԺԹ. դարու մէջտեղը Պալեաններու գործունէութեան որակը շատ աւելի բարձր մակարդակի հասած է: Այդ պատճառաւ ալ կ'ըսեն թէ՝ Կարապետ Պալեան, ընտանիքին փականք անհատը եղած է:
Նիկողոս և Սարգիս Պալեաններ, Ֆրանսայի ճարտարապետութեան ակադէմիայի մէջ ուսանած են: Անոնք, Պոլսոյ մէջ գտնուող նշանաւոր շէնքերու շինութիւնը ՍԷՆԴ-ՊԱՐՊԷ կամ ԷՔՕԼ ՏԸ ՊԷՕՔՍ-ԱՐԴՍ ձեւի վերածած են:

1) ԳՐԻԳՈՐ ՊԱԼԵԱՆ «1764-1831»

Ան, Պալեան ընտանիքին ամենակարեւոր անհատն է: Գրիգոր Պալեան, իր հօրը անունը «Պալի», մականուն ըլլալով գործածել սկսած է: Ան, ճարտարապետ Մինաս Գալֆային փեսան և ճարտարապետ Յովհաննէս Ամիրա Սէրվերեանին աներհայրն է:
1800 թուականին ճարտարապետ Մինաս Գալֆային դուստրը Սողոմէյի հետ ամուսնացած է: Անոնք, Կարապետ անուն մանչ զաւակով մը բախտաւորուած են: Կարապետն ալ ճարտարապետ եղած է:
Գրիգոր Պալեան, Բ. Մահմուտի հետ լաւ բարեկամութիւն ունեցած է: Գրիգոր Գալֆան, համայնքի խնդիրներով սպաղած և եկեղեցական հարցերը լուծելու աշխատած է:
Գրիգոր Գալֆան, Սկիւտար, Պիւլպիւլտէրէսի անուն թաղին մէջ ապրած է: Ան, սոխակ թռչունը շատ սիրելուն և իր տան մէջ հոգալուն պատճառաւ, իր բնակած թաղին անունը Պիւլպիւլտէրէսի կոչած են: «Սոխակ թռչունին թրքերէն իմաստը՝ Պիւլպիւլ է»: 1831-ին Սկիւտարի մէջ մեռած է: Իր դամբանը Պաղլարպաշի գերեզմանատան մէջ կը գտնուի:
Գրիգոր Գալֆան երիտասարդ տարիքի մէջ մեծ պատասխանատուութիւններու տէր կանգնելով գործօն և արդիւնաբեր աշխատանք մը ցոյց տուած է: Անոր այս արդիւնաբեր աշխատանքները Գ. Սէլիմի շրջանին կը հանդիպի: Ան, այս շրջանին ամենակարեւոր հասարակութեան շէնքերու շինութեան ճարտարապետը ըլլալով ճանչցուած է: Գրիգոր Գալֆային, շէնքերու շինութեան ցուցակին մէջ կը գտնուի՝ 2 խոշոր ջրաթումբ, 6 զօրանոց, 6 պալատ, մզկիթ մը, 2 վարչական շէնք, 4 ապարանք և 2 եկեղեցի:
Գրիգոր Պալեանի գլխաւոր հեղինակութիւններն են՝ Սարայպուրնույի Պալատը «այրած է», Պէշիկթաշի Պալատը «փլցուցած են», Պէյլէրպէյի Պալատ «Ենիջերիները այրած են», Վալիտէ Սուլթան Պալատ, Տէֆթէրտար Պալատ «Հալիջ», Այնալըգավաքի Ապարանքը, Նուսրէթիյէյի զօրանոցը և շուրջի շէնքերը, Տավութփաշայի զօրանոցը, Փէրայի զօրանոցը, Տարփանէ-ի Ամիրէ, Վալիտէ ջրաթումբ «Պահջէգիւղ», Թոփուզլու ջրաթումբ «Պահջէգիւղ» և Եանկըն ապարանք «Պէյազըթ»:

2) ՍԻՆԵՔԷՐԻՄ ՊԱԼԵԱՆ «1768-1833»



Ճարտարապետ Սինեքէրիմ Պալեան, Պալի Գալֆային մանչը և Գրիգոր Ամիրա Պալեանին եղբայրն է: Սինեքէրիմ Պալեանի մասին շատ քիչ ծանօթութիւն ունինք: Ան, Բեթղեհէմի մէջ մեռած է: Իր դամբանը Բեթղեհէմի հայոց գերեզմանատան մէջ կը գտնուի:
Սինեքէրիմ Պալեանի շինած շէնքերուն մասին շատ ծանօթութիւն մը չունինք: Ան, Պէյազըթ Հրդեհ Աշտարակին ճարտարապետն է:
Սինեքէրիմ Պալեան, Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ ճարտարապետն է: «1824-1825»










3) ԿԱՐԱՊԵՏ ԱՄԻՐԱ ՊԱԼԵԱՆ «1800-1866»

Կարապետ Ամիրա Պալեան, Գրիգոր Ամիրա Պալեանին մանչն է: Անոր, երիտասարդութեան և ուսման մասին ծանօթութիւն մը չունինք: Գրիգոր Պալեան 1831-ին մեռնելէ վերջ, Կարապետ Պալեան իր հօրը տեղը անցած է:
Սուրբ Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցի շինութիւնը, Կարապետ Ամիրա Պալեանի առաջին գործը եղած է:
Կարապետ Պալեան, ոչ թէ միայն ճարտարապետութեամբ այլ՝ իր բարերարութիւններով ալ հայ ազգին ծառայած և օգտակար եղած է: Ան, Նազելի Պապաեանի հետ ամուսնացած և 10 զաւակ ունեցած է: Անոր, մանչ զաւակները՝ Նիկողոս, Սարգիս, Յակոբ և Սիմոն Պալեաններ մասնայատուկ ճարտարապետներ ըլլալով աշխատած են:
Կարապետ Ամիրա Պալեան, Պէշիկթաշի հայոց գերեզմանատան մէջ թաղուած է, սակայն իր դամբանը կորսուած է:
Կարապետ Պալեան, Տօլմապահջէ Պալատին ճարտարապետը ըլլալով կը յիշուի: Ան, Բ. Մահմուտ, Ապտիւլազիզ և Ապտիւլմէճիտ թագաւորներու շրջանին ճարտարապետը եղած է: Անոր, ամենէն արդիւնաբեր աշխատութիւնները, Թագաւոր Ապտիւլմէճիտի շրջանին կը հանդիպի:
Կարապետ Պալեան, մօտաւորապէս 30 տարուայ աշխատութեան շրջանին՝ 7 պալատ, 4 գործատուն, զօրանոց մը, մզկիթ մը, 2 հիւանդանոց, 3 դպրոց, 2 ջրաթումբ, 7 եկեղեցի և շատ մը բնակարաններ ծրագրելով կառուցած է:
Կարապետ Ամիրա Պալեանի շինած նշանաւոր շէնքերու ցանկը հետեւեալն է:
Տօլմապահջէ Պալատ, Զոյգ Պալատներ «Էյիւպ, ներկայիս գոյութիւն չունի», Ճէմիլէ և Միւնիրէ Սուլթան Պալատներ «Ֆընտըքլը, ներկայիս՝ Ճարտարապետ Սինան Համալսարանի շէնքը», Ջըրաղան Պալատ «հինը, ներկայիս գոյութիւն չունի», Հիւնքար Ապարանք «Իզմիթ, ներկայիս թանգարան», Պայընտըր Ապարանքի նորոգութիւնը «Տօլմապահջէ, ներկայիս գոյութիւն չունի», Եըլտըզ Ապարանք «Ներկայիս գոյութիւն չունի», Կիւմիւշսու զօրանոց «Ներկայիս՝ Պոլսոյ Գիտարուեստական Համալսարանի շէնքը», Գուլէլի Ձիաւոր զինուորներու զօրանոց «Ներկայիս՝ զինուորական դպրոց», Տօլմապահջէ Մզկիթ, Բ. Մահմուտի Շիրիմը «Ջէմպէրլիթաշ», Մէքթէպ-ի Հարպիյէ «Ներկայիս՝ Զինուորական Թանգարան», Սիբահի Օճախ «Հարպիյէ, ներկայիս գոյութիւն չունի», Թէրքոսի Հիմնարկները «Թէրքոս», Գիրազլը Ջրաթումբ «Պահջէգիւղ», Բ. Մահմուտ Ջրաթումբ, Իզմիտի Ջուխատունը, Հէրէքէյի գործատունը, Պաքրգիւղի կտաւի գործատունը, Պէյքոզի կաշիյի գործատունը, Զէյթինպուրնու Երկաթ ու Պողպատի գործատունը, Ս. Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցը, Ս. Յակոբ Եկեղեցին, Ս. Աստուածածին Եկեղեցին «Պէշիկթաշ» Երեւման Ս. Խաչ Եկեղեցին «Գուրուչէշմէ» Ս. Երրոդութեան Եկեղեցին «Բերա, Յովհաննէս Սէրվերեանի հետ միասին», Սէմերճեան-Ճեմարան Վարժարան «Սկիւտար»:

4) ՆԻԿՈՂՈՍ ՊԱԼԵԱՆ «1826-1858»

Նիկողոս Ամիրա Պալեան, Կարապետ Ամիրա Պալեանին մանչն է: Ան, Պալեան ընտանիքի՝ համաչափ դաստիարակութիւն ուսանած առաջին անհատն է:
Նիկողոս Պալեան, Փարիզի Սէնդ-Պարպէ գոլէժին մէջ ուսանած է: Ան, այդ գոլէժին նշանաւոր դաստիարակիչ ճարտարապետ Հ. Լապրուստինի սիրական աշակերտը եղած է: Նիկողոս Պալեան այս ասպարէզին մէջ կարճ կեանք մը ապրած է, սակայն շատ արդիւնաբեր աշխատութիւններ ունեցած է:
Նիկողոս Պալեանի գործերը հետեւեալներն են:
Տօլմապահջէ Պալատին մէջ հիւրանոց մը և երկու Թագաւորութեան Դռները, Ըհլամուր Ապարանք, Կէօքսու Ապարանք, Թոփհանէ Ժամացոյցի Աշտարակը, Տօլմապահջէ Ժամացոյցի աշտարակը:



5) ՍԱՐԳԻՍ ՊԱԼԵԱՆ «1831-1899»

Ան, թէ՛ մասնայատուկ ճարտարապետ և թէ՛ պետութեան գլխաւոր ճարտարապետ տիտղոսներու տիրացած է: Սարգիս Պալեան, Կարապետ Ամիրա Պալեանին մանչն է:
1843-ին իր եղբայրը Նիկողոս Պալեանի հետ միասին Պոլիսէն Փարիզ ուսանելու գացած են: Նիկողոս Պալեան Փարիզի մէջ հիւանդացած է: Սարգիս Պալեան, եղբօրը հիւանդութեան պատճառաւ միջոց մը իր ուսումը դադրեցնելու պարտաւոր մնացած է:
Ան, Փարիզի մէջ Սէնդ-Պարպէ Գոլէժը աւարտած է: Էգօլ Սանդրալի մէջ ուսանած և Էքօլ Տը Պէօքս Արդսէն 1855 թուականին շրջանաւարտ ըլլալէ վերջ Պոլիս վերադարձած է:
Սարգիս Պալեան, Փարիզի մէջ թէ՛ ճարտարապետութիւն և թէ՛ ճարտարագէտութիւն դաստիարակած է: Կարգ մը մեքենագիտութեան ստեղծագործութիւններ ըրած և այս ստեղծագործութիւններուն պետական արտօնագիրն ալ առած է:
Սարգիս Պալեան, գեղարուեստը սիրած և զբաղած է: Ան գծագրութիւն և երաժշտոթիւն սիրած է: Ան, Քրիստոֆ Քոլոմպ անուն օփերա մը յօրինած է:
Սարգիս Պալեան, երկաթուղիի շինութեան, մետաղի աշխատութեան ևլն. առանձնաշնորհութիւն վայելած է, սակայն այս համարձակութեան պատճառաւ իր մասին դատ բացուած և Փարիզ աքսորուած է: Տասը տարի վերջ, Յակոբ Փաշա Գազազեանի հրամանով Պոլիս վերադարձած է: Իր կեանքին վերջին օրերը Գուրուչէշմէ Կղզիի բնակարանին մէջ անցուցած է:
Սարգիս Պալեան, ազդեցիկ բարձր նկարագրով հետաքրքրական կեանք մը ապրած է: Երաժշտութիւն, ճարտարապետութիւն, ճարտարագէտութիւն, նկարչութիւն և բազմաթիւ աշխատութեան ասպարէզներու մէջ զարմանալի կարողութիւն մը ցոյց տուած է:
Իր շինած շէնքերուն մէջ հինգ հազար կամ վեց հազար աշխատաւոր աշխատցուցած է: Ան, որակը բարձր և զարմանալի արագութեամբ կառոյցներ իրագործած է:
Սարգիս Պալեան նշանաւոր բարեկամներ ալ ունեցած է: Թագուհի Էօժէնին և Յովհաննէս Այվազովսկին իր լաւ բարեկամները եղած են:
Յովհաննէս Այվազովսկի, Սարգիս Պալեանին Գուրուչէշմէ Կղզիի բնակարանին մէջ ամիս մը հիւրասիրուած և Թագաւոր Ապտիւլազիզին Տօլմապահջէ Պալատի համար ապսպրած իւղաներկ նկարները պատրաստած է:

Սարգիս Պալեանի գլխաւոր գործերը հետեւեալներն են:
Պէյլէրպէյի Պալատ, Ջըրաղան Պալատ, Ատիլէ Սուլթան Պալատ «Գանտիլլի», Եըլտըզ Պալատ, Ջատըր Ապարանք, Մալթա Ապարանք, Շալէ Ապարանք «երկրորդ մաս», Ջիթ Ապարանք, Չաղլաեան Ապարանք «Քաղըթհանէ», Այազաղա Ապարանք «Մասլաք», Քալէնտէր Ապարանք, Զինճիրլիքոյու Ապարանք, Թոքատ Ապարանք «Պէյքօզ», Ալէմտաղ Որսի Ապարանք, Ապտիւլազիզ Որսի Ապարանք «Վալիտէպաղ և Այազաղա», Սուլթան Ջիֆթլիք Ապարանք «Իզմիթ», Աքարէթներ, Վալիտէ Մզկիթ «Աքսարայ», Քաղըթհանէ Մզկիթ, Հարպիյէ Նախարարութեան Շէնք, Պահարիյէ Նախարարութեան Շէնք, Կիւմիւշսու զօրանոց, Մաջքա զինանոց, Մաջքա ոստիկանատուն, Կալաթասարայ Վարժարան, Մաքրուխեան Վարժարան «Պէշիկթաշ», Համիտիյէ Ժամացոյցի Աշտարակ «Տիգրան Գալֆա Ճիւպէրեանի հետ միասին»:

6) ՅԱԿՈԲ ՊԱԼԵԱՆ «1837-1875»
Յակոբ Պալեան, Կարապետ Ամիրա Պալեանին մանչը և Սարգիս Պալեանին եղբայրն է: Փարիզի մէջ Սէնդ-Պարպէ Գոլէժին ճարտարապետութեան բաժինէն շրջանաւարտ եղած է:
Ան, հօրը մեռնելէն վերջ, Սարգիս Պալեանի հետ միասին աշխատիլ սկսած է: Սարգիս Պալեան գործի յարաբերութիւններն և շէնքերու աշխատութիւնները կարաւարած, իսկ Յակոբ Պալեան այս գործերուն պատկերացման ու ծրագրի պատասխանատուութեան տէր կանգնած է:
Յակոբ Պալեան, մատենագրութիւն ու թատրոն սիրած և հետաքրքրուած է: Ֆրանսերէն և ֆրանսական մատենագրութիւնը լաւ սորված է: Յակոբ Պալեան, լուսամիտ անձ մը ըլլալով ճանցուած է: Ան, Փարիզի մէջ մեռած է:

7) ՍԻՄՈՆ ՊԱԼԵԱՆ «1846-1894»

Ան, Կարապետ Ամիրա Պալեանին մանչն է:
Սիմոն Պալեան, Եւրոպայի դպրոցներու մէջ ուսանած է, սակայն իր ուսանած դպրոցներու անուններուն մասին ծանօթութիւն մը չկայ:
Սիմոն Պալեան, Սարգիս Պալեանի հետ միասին աշխատած է:
Ան, լաւ գծագրիչ մըն է: Ան, ջրաներկի գիտարուեստական մասնագիտութեամբ, Պալեաններու աշխատանոցին մէջ ծրագրուած շինութիւններու երեւոյթը գծած է:
Իր ճարտարապետութեան շէնքերը հետեւեալներն են:
Մաջքա Զինանոց, Մաջքա Ոստիկանատուն, Եըլտըզ Ապարանք:

8) ԼԵՒՈՆ ՊԱԼԵԱՆ «ԺԹ. ԴԱՐ»

Ան, Նիկողոս Ամիրա Պալեանին մանչն է: Լեւոն Պալեան, Պալեան ընտանիքի վերջին սերունդ ճարտարապետն է: Ան, Փարիզի Էքօլ Տը Պէօքս Արդսի մէջ ճարտարապետութիւն ուսանած է: Իր մասին ուրիշ ծանօթութիւն մը չկայ:

Քաղեց ու թարգմանեց՝ Շուշան Գորտոնճիեան
10-Դեկտեմբեր-2010 Ուրբաթ
Իսթանպուլ