Wednesday, January 5, 2011

ԳԱԶԱԶ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱՄԻՐԱ ՊԷԶՃԵԱՆ


Հայ ձկնորսներ կապոյտ Վոսփորի ափին նստած իրենց ուռկանները կը նորոգէին: Հայ տղեկ մը աննպատակ անոնց շուրջը կը թափարէր: Փորձառու և իմաստուն ձկնորս մը տղան իր մօտ կանչեց ու խիստ ձայնով անոր հարցուց.
-Դպրոցի պահուն ի՞նչ գործ ունիս փողոցները:
Ձկնորսը, տղուն պատասխանը չսպասեց: Անոր երեսին ապտակ մը զարկաւ ու ըսաւ.
-Անմիջապէս դպրոց վազէ:
Տղան, անպատասխան դպրոց վազեց:
Տարիներ անցան: Ձկնորսը ծերացած էր: Գործէն քաշուած Պոլսոյ խաղաղ ու աղքատ թաղերէն մէկուն մէջ կ'ապրէր:
Օր մը երկու ոստիկաններ ներկայացան ծերուկ ձկնորսին և ըսին.
-Մեծ Նախարարին հրամանով եկանք: Քեզի, անոր քով պիտի տանինք:
Ձկնորսը այլայլեցաւ այս անակնկալ հրաւէրէն: Հաւանական պատիժի մը վախն ու սարսափը սրտին մէջ, ֆէսը գլուխը դրաւ և լուռ հնազանդութեամբ ոստիկաններուն հետեւեցաւ: Անոնք, Մեծ Նախարարին գրասենեակը հասան: Հոն, պետական մեծամեծ պաշտօնեաներով լեցուն էր: Ձկնորսը Մեծ Նախարարին սենեակը մտաւ: Մեծ Նախարարը, աղքատ ու ծերուկ ձկնորսին մօտ գնաց և անոր ձեռքին համբոյր մը դրոշմեց:
Մեծ Նախարարը սապէս ըսաւ.
-Ահա այս օրհնեալ ձեռքին բարի ապտակը զիս մարդ ըրաւ: Ես, անոր առջեւ կը խոնարհիմ:
Ձկնորսը, տարիներ առաջ ծովեզերքը թափառող տղեկը յիշեց:
Մեծ Նախարարը ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱՄԻՐԱ ՊԷԶՃԵԱՆՆ էր:

Յարութիւն Ամիրա Պէզճեան, 10-Ապրիլ-1771 թուականին Պոլսոյ Ենիգաբու թաղին մէջ ծնաւ և 3-Յունուար-1834 թուականին Պոլսոյ Ենիգաբու թաղին մէջ մեռաւ: Իր մայրն ու հայրն ալ նոյն տան մէջ մեռած էին:
Յարութիւն Պէզճեանի հօրը անունն է պէզճի հաճի Պողոս աղա կարսեցի: Պողոս աղա կտաւի վաճառական էր: Մօրը անունն է Վառվառէ, երկու քոյրերուն անուններն են՝ Համասփիւռ և Մարիամ:
Ան, Գումգաբուի դպրատան մէջ յաճախեցաւ: 1783-ին մետաքսավաճառի մը մօտ աշխատեցաւ և 1795 թուականին հօրը աջակցութեամբ իր մետաքսավաճառի խանութը բացաւ:
Պէզճեան, նշանաւոր Տիւզեան ընտանիքը ճանչցաւ և անոնց հետ միասին աշխատիլ սկսաւ: Այդ օրերուն Օսմանեան Պալատական անդամներու հետ ծանօթացաւ: Ան, Բ. Մահմուտի դրամական ու սեփական խորհրդականը և շատ մտերիմ բարեկամը եղաւ:
Գազազ Ամիրա Յարութիւն Պէզճեան, Օսմանեան Պալատին մէջ Հայ հասարակութեան ներկայացուցիչը եղաւ:
5-Սեպտեմբեր-1819 թուականին հայոց մեծամեծներուն յատկացուած Ամիրա տիտղոսին տիրացաւ: Փողերանոցի վերատեսուչ կարգուեցաւ:
Պէզճեան, վերանորոգիչն է Գարթալի Սուրբ Նշան Եկեղեցւոյ: Ան, եկեղեցւոյ պարտէզին մէջ աղբիւր մըն ալ շինել տուաւ: Տէօվլէթ Վարպետ, Սուրբ Նշան եկեղեցւոյ և եկեղեցւոյ կից դպրոցին նորոգութեան ճարտարապետն է:
Յարութիւն Պէզճեան, 1820 թուականին Գումգաբուի մէջ հիմնեց աղջկանց արհեստանոց մը, ուր կը շինուէր եկեղեցական զգեստներ: 1824-ին հիմնեց Բերայի աղջկանց ասեղնագործութեան վարժարանը:
1826 թուականին Գէորգ Դպիրի աննման պարսկահայ ընդարձակ բառարանին մեկենասը եղաւ: Այս բառարանը Օրթագիւղ Պողոս Արապեան տպարանին մէջ տպուեցաւ:
1828 թուականին վերակառուցուեցաւ Մայր եկեղեցին: «Եկեղեցին, 1826 թուականին հրդեհէն աւերուած էր»: Նոյն թուականին ուսումնարան մըն ալ վերակառուցուեցաւ, որ ապագային Պէզճեան Մայր Վարժարան կոչուած է:
Այս շինութեան ծախսին կէսը ինք վճարեց և միւս կէսն ալ ժողովուրդէն ու ամիրաներէն հանգանակուեցաւ:
Գազազ Յարութիւն 1829 թուականին Թուրք և Ռուս պատերազմին Պոլսոյ մէջ յառաջ եկած սովին վերջ տալու համար, արմտիքի գիները ազատ ձգել տուաւ: Այս գործին մէջ յաջողելուն պատճառաւ ալ Սուլթանէն Մուրասսա անուն պատուանշանը ստացաւ:
Ան, պաշտօնական հրովարտակ «ֆէրման» ստանալով հիմնարկէք դրաւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցին: 1833 թուականին հիւանդանոցի շինութիւնը աւարտեցաւ: 1834 թուականին՝ Գազազ Ամիրա Պէզճեանի մահուընէ վերջ, հիւանդանոցին պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ:
Պէզճեան, կարգ մը նենգամիտ խաղերու պատճառաւ Լիմնի Կղզի աքսորուեցաւ: Ան, աքսորուելէ առաջ ուղիղ յանձնեց փողերանոցին հաշիւները: Տարի մը վերջ, աքսորէն Պոլիս վերադարձաւ և դարձեալ փոխերանոցին գլուխը անցաւ:
Պէզճեան, Հիւնքար Իսքէլէսիի դաշնագրութենէն վերջ հայ սեղանաւոր ամիրաներէ 11 միլիոն ոսկի հաւաքեց: Ան, Ռուսիոյ պատերազմական ծախսը պայմանաժամէն առաջ յաջողեցաւ վճարել: Այս առթիւ Սուլթան Մահմուտէն «ԹԱՍՖԻՐԻ ՀԻՒՄԱՅՈՒՆ» անուն ամենաբարձր շքանշանը ստացաւ:
Այսօր «սիրօզ» ըսուած անողոք հիւանդութիւնը կրծել սկսաւ մեծ հայուն մարմինը: Օսմանեան մեծազօր կայսրութեան Սուլթանն ու բոլոր իսլամներու Խալիֆան, հայ Ամիրային հիւանդտես երթալու որոշում տուաւ: Սուլթան Մահմուտ, երբ Յարութիւն Ամիրա Պէզճեանը հիւանդ անկողինին մէջ տեսաւ շատ յուզուեցաւ:
3-Յունուար-1834 թուականին Գազազ Յարութիւն Ամիրա Պէզճեան յաւիտեան բաժնուեցաւ այս աշխարհէն: Ան, շատ սիրեց Մայր Եկեղեցին: Անոր մարմինը, մեծահանդէս թաղումով Մայր Եկեղեցւոյ կից Սուրբ Յարութեան տաճարը իր կենդանութեանը պատրաստուած դամբանին մէջ ամփոփուեցաւ:


Զանազան աղբիւրներէ քաղեց՝ Շուշան Գորտոնճիեան
3-Յունուար-2011 Երկուշաբթի
Իսթանպուլ