Monday, January 23, 2012
ՏԵԱՌՆԸՆԴԱՌԱՋ
ՂՈՒԿԱՍ 2.22-24:
«Երբ լրացան անոնց սրբագործման օրերը, Մովսէսի օրէնքին համաձայն՝ Երուսաղէմ տարին զայն՝ Տիրոջ ներկայացնելու համար, ինչպէս գրուած էր Տիրոջ Օրէնքին մէջ.
«Ամէն արու զաւակ, որ արգանդ կը բանայ, Տիրոջ սուրբը պիտի կոչուի»:
Եւ Տիրոջ Օրէնքին մէջ ըսուածին համաձայն՝ ընծայ պէտք է տալ զոյգ մը տատրակ կամ աղաւնիի երկու ձագեր»:
Մովսէս մարգարէի համաձայն Յովսէփ և Մարիամ քառասնօրեայ Յիսուսը տաճար տարին՝ Տիրոջ առջև հանելու «Տեառն ընդ առաջ»: Այնտեղ էր Սիմէոն անունով մէկը, որուն խոստացուած էր մահ չտեսնել մինչեւ Օծեալ Փրկչի գալը: Ան ընդառաջ գալով, զրկեց մանուկը և գոհութիւն ու փառք տուաւ Աստուծոյ, որ զինք արժանի դարձուց տեսնելու Փրկիչը:
Ան օրհնեց Մանուկը և ըսաւ.
«Հիմա արձակէ քու ծառադ, ով Տէր, քու խօսքիդ համեմատ՝ խաղաղութեամբ: Որովհետեւ իմ աչքերս տեսան քու փրկութիւնդ, որ պատրաստեցիր բոլոր ազգերու համար»:
Հետեւաբար, Տեառնընդառաջը կը հանդիպի Փետրուարի 14- ին (Յունուարի 6+40 օր) և անշարժ տօն է: Որպէս տէրունական տօն՝ Փետրուարի 13-ի երեկոյան կը կատարուի նախատօնակ: Աւանդապահ հայեր մոմեր վառելով եկեղեցւոյ Սուրբ Սեղանի մոմէն, զանոնք տուն կը տանին՝ իրենց ընտանիքը այդ լոյսով լուսաւորելու ձգտումով: Քրիստոս աշխարհի լոյսն է՝ և վառած մոմերն ալ ատոր խորհուրդը:
Յիսուսի քառասնօրեայ ընծայումը որեւէ կապ չունի հեթանոսական կրակի պաշտամունքին հետ: Առաւել, մեր նախահայրերը այնպէս ըրեր են, որ հեթանոս այդ սովորութիւնը վերնայ: Ինչպէս գիտենք, հեթանոսական այդ տօնը կապուած է արեւի և կրակի պաշտամունքի հետ: Եկեղեցին կ'արգիլէ կրակավառութիւնը ա՛յդ իմաստով. «Խոտելի է շրջելն զհրով» կը թելադրէ Տօնացոյցը: Ճանչնալով Կենդանի Արեգակն ու Կենդանի Կրակը « Լոյսը» մեր ընծայումը պիտի ուղղենք դէպի Քրիստոս, այլ ոչ թէ նիւթական ինչ-ինչ բաներու:
Իսկ եկեղեցիներու բակը վառուած կրակը ցոյց կուտայ մեր հին և նոր կեանքը: Անցեալին կը ծառայէինք նիւթին «կրակը»՝ որ ամէն ինչ կ'այրէ և կ'ոչնչացնէ՝ աննպատակ և անիմաստ:
Ինչքա՜ն այդպիսի գործեր ըրեր ենք և ժամանակ վատներ: Այդ՝ մարդու կեանքն է առանց Քրիստոսի: Իսկ հիմա «մարդու կեանքը Քրիստոսի հետ» կը ծառայենք իսկական, Կենդանի Կրակին, Լոյսին (Եկեղեցին): Խորհուրդը հետեւեալն է. մենք հիմա պիտի ընտրենք, թէ որուն ծառայելու ենք՝ նիւթին թէ Արարչին, եղծանելի կրակին, թէ Կենդանի Կրակին. ահա Ան՝ Կենդանի Կրակը, այսօր Տաճար բերուեցաւ, քառասնօրեայ, որպէսզի յաւիտենականութեան դռները բացուին, որոնք փակուած էին մեղքի պատճառով:
Մովսէս մարգարէի՝ հրեաներու առաջնորդի բացակայութեան ժամանակ ժողովուրդը հաւաքեց իր ունեցած ոսկին ու ձուլեց հորթի նման կուռք մը ու սկսաւ պաշտել: Ինչպէս Տեառնընդառջի պատմութեան, այդպէս ալ այստեղ նոյն խորհուրդն է՝ անեղծ Աստուծոյ փառքը և եղծանելի ոսկեայ հորթը: Ո՞րն ընտրել. Կենդանի Աստուածն, թէ՞ ոսկի հորթը, Կենդանի Քրիստոսը «Կենդանի Կրակը», թէ՞ եղծանելի կրակը:
Երբ կը բացակայի Աստուծոյ Խօսքը «Մովսէս մարգարէն՝ որպէս Օրէնքի հիմնադիր» ժողովուրդը կը մոլորի և կ'իյնայ նիւթապաշտութեան գիրկը «ոսկի հորթը՝ որպէս հարստութեան, նիւթի խորհուրդ»:
Մեր ժամանակներուն ալ նման իրավիճակներ կը յայտնուին: Զրկուելով Աստուծոյ Խօսքէն՝ մարդ ուզէ թէ չուզէ կ'իյնայ ոսկեայ հորթի իշխանութեան տակ, կը դառնայ նիւթապաշտ, արծաթասէր, կրակապաշտ, համայնապաշտ, աթէիստ և այլն: Ոսկեայ հորթէն ազատելու մէկ ճամբայ կայ միայն, մարդոց պէտք է վերադարձնել իրենց կորսնցուցածը՝ Աստուծոյ Խօսքը՝ Աստուածաշունչը և ամէն բան իր տեղը կուգայ:
Ծնելէ 40 օր յետոյ մանուկները տաճար տանելու և Աստուծոյ նուիրելու սովորութիւնը քրիստոնէական Եկեղեցւոյ մէջ ալ մնաց: Այս է պատճառը, որ մայրերը որդեծնութենէն յետոյ 40 օր կը հանգստանան, իսկ քառասունքի վերջին օրը, իրենց մանուկը գրկած, կ'երթան եկեղեցի և յատուկ արարողութեամբ զայն կը նուիրեն Աստուծոյ: Այդ գեղեցիկ արարողութիւնը կը կոչուի Քառասունք:
Ջերմեռանդ մայրերը Տեառնընդառաջի տօնին իրենց փոքրիկները տաճար կը տանին՝ Յիսուս Մանկան ընծայման յիշատակին հաղորդակից դարձնելու համար:
Հայ քրիստոնեայ ընտանիքներուն մէջ քրիստոնէական զգացումով որքա՜ն լեցուն երեւոյթ է սա. մանուկներու Աստուծոյ նուիրուիլն ու կրօնքի սրբութեամբ ապրիլն ու աճիլը:
«Քրիստոնէական, Էջ 124, Երեւան»
Մեծմօրս յիշատակներէն.
Իմ տղայութեան օրերուն՝ այսօրուայ նման, տօնածառը մէջտեղէն կը վերցնէինք Տեառնընդառաջի օր:
Կաղանդի գիշեր, տօնածառին քով կը տեղաւորէինք սեղանիկ մը: Այդ սեղանիկին վրայ կ'ըլլար, անուշապուր, զէրտէ, չէօրեք և թարմ ու չոր պտուղներ:
Այդ տարիներուն Պոլսոյ հայաշատ թաղերու մէջ գտնուող ծաղարանները կը շինէին, տատրակ և աղաւնիի ձեւ չէօրեք մը: Երկու թռչունին մարմինն ու կտուցները իրար փակչած ձեւով շինուած չէօրեք մըն էր: Դժբախտաբար, ծաղարանները այդ չէօրեքը այլեւս չեն շիներ ու չեն ծախեր: Այդ չէօրէքն ալ անպայման մեր տօնածառի քով պատրաստուած սեղանիկին վրայ կ'ըլլար:
Կաղանդ, Ս. Ծնունդ, Ս. Զատիկ և ուրիշ տաղաւարի օրերուն մեծմայրս անպայման կը խրատէր մեզ: Ան կ'ըսէր. «Աստուած կը հետապնդէ հոգիները, որպէսզի անոնք իսկապէս պատկանին Իրեն:
Երկու գլխաւոր միջոցներ կան այս կռուազան աշխարհի վրայ խաղաղութիւն սփռելու համար:
Առաջինն է՝ ոխ չպահել: Երկրորդն է՝ ձեզմէ պահանջուածէն աւելին ընել:
Մարմնին համար ըլլայ, թէ մտքին՝ ոխը մահացու թոյն մըն է:
Երջանիկ են անոնք, որոնք կը սորվին մոռնալ փոքր վիրաւորանքները և ներել՝ աւելի մեծ յանցանքները»:
Մեծմայրս այս խրատականներէ վերջ կը պատմէր իր աւանդական հէքեաթը:
Շատ հին դարերուն ազնիւ, բարի և քաջ թիկնապահ մը կ'ապրէր: Ան շնորհազրկուած էր թագաւորէն, որովհետեւ գողութեամբ ամբաստաներ էին զինքը:
Թիկնապահը Ս. Ծննդեան գիշերը իր տան պարտէզին մէջ, կեռասէնիի մը մօտ ծունկի կուգայ և աղօթել կը սկսի:
Այդ գիշեր ամէն կողմ ձիւնով ծածկուած էր: Երբ իր աղօթքը կը վերջանայ ոտքի կ'ելլէ և ապշած կը մնայ: Հակառակ ամէն կողմ ծածկող ձիւնին, կեռասենին խոշոր – խոշոր կեռասներով բեռնաւորուած էր:
Թիկնապահը զարմացած կը վազէ իր կնոջը մօտ և կը պատմէ անոր եղելութիւնը:
Թիկնապահին կինն ալ շատ կը զարմանյ և կ'ըսէ.
« Այս եղելութիւնը նշան մըն է, թէ Աստուած քեզի հետ է: Քանի մը խոշոր կողովներու մէջ լեցուր այդ կեռասները և գնա թագաւորին մօտ: Թագաւորը, անշուշտ որ կը լսէ քու դատդ»:
Թիկնապահը, կողովներուն մէջ կը լեցնէ կեռասները և ճամբայ կ'ելլէ: Երբ պալատին կը մօտենայ, գլխաւոր պահակը կը հարցնէ.
« Ի՞նչ գործ ունիս հոս»:
«Թագաւորին կեռաս բերած եմ», կ'ըսէ թիկնապահը:
Կը ծիծաղի գլխաւոր պահակը և կ'ըսէ.
«Խե՜նթ մարդ, տարւոյ այս եղանակին կե՞ռաս կ'ըլլայ»:
Թիկնապահը կը բանայ իր կողովները և գլխաւոր պահակին ցոյց կուտայ հրաշալի կեռասները:
Գլխաւոր պահակը կը տեսնէ կեռասները և թիկնապահին կ'ըսէ.
«Շատ լաւ, կրնաս անցնիլ: Պայմանաւ որ խոստանաս ինծի, թէ թագաւորը ինչ վարձատրութիւն որ տայ քեզի, մէկ երրորդը տաս ինծի»:
Թիկնապահը նախ կը հակառակի այդ կարգադրութեան դէմ, սակայն տեսնելով որ հակառակիլը անօգուտ է կը խոստանայ և կը մտնէ պալատէն ներս:
Թիկնապահը կը հանդիպի թագաւորին գլխաւոր սենեակապետին: Սենեակապետը կը հարցնէ թիկնապահին.
«Ի՞նչ գործ ունիս հոս»:
«Թագաւորին կեռաս բերած եմ», կ'ըսէ թիկնապահը:
Թագաւորին սենեակապետը կը շուարի, սակայն երբ կը տեսնէ սքանչելի կեռասները կը թոյլատրէ որպէսզի թիկնապահը ներս մտնէ: Թագաւորին սենեակապետը, թիկնապահին սապէս կ'ըսէ.
«Շատ լաւ, կրնաս անցնիլ: Պայմանաւ որ խոստանաս ինծի, թէ թագաւորը ինչ վարձատրութիւն որ տայ քեզի, մէկ երրորդը տաս ինծի:
Թիկնապահը ճարահատ կը խոստանայ գլխաւոր սենեակապետին:
Թիկնապահը հասած էր թագաւորի առանձնադահլիճն առաջնորդող ներբանցքին առջեւ: Թագաւորին գլխաւոր թիկնապահը տեսնելով անոր կեռասները, կը համոզուի թէ թագաւորը շատ գոհ մնալով մեծապէս պիտի վարձատրէ այդ մարդը: Ան, թիկնապահին հետ սակարկութեան կը նստի և կ'ըսէ:
«Թոյլատրէ որպէսզի ես մտնեմ թագաւորին մօտ: Ինչ որ ստանամ մէկ երրորդը կուտամ քեզ»:
Թագաւորէն շնորհազրկուած թիկնապահը կը պատասխանէ.
«Երկու երրորդը խոսդացած եմ ուրիշներուն»:
Գլխաւոր թիկնապահը կ'ուզէ, թագաւորին վարձատրութեան մէկ երրորդը:
«Մէկ երրորդը խոստանալու պարագային բան չի մնար ինծի», կ'ըսէ մարդը:
Դժբախտաբար թագաւորին գլխաւոր թիկնապահը կը յամառի իր տեսակէտին վրայ: Մարդը կը տեսնէ որ ճար չունի, կը խոստանայ և կը մտնէ արքային մօտ:
Արքան հիացած կ'ըսէ.
« Այս ինչ հրաշալի և զարմանալի բան: Ս. Ծնունդի շրջանին կեռա՜ս, պատմէ՛ տեսնենք ատոր պատմութիւնը»:
Մարդը կը պատմէ ամէն ինչ և կը բացատրէ թագաւորին: Թագաւորը կը հասկնայ, թէ թիկնապահը զրպարտութեան զոհ գացած էր:
Թագաւորը կը հարցնէ շնորհազրկուած թիկնապահին.
«Այս կեռասներուն փոխարէն ի՞նչ կ'ուզես»:
Շնորհազրկուած թիկնապահը կը պատասխանէ.
«Տէր արգայ, եթէ հաճիք գաւազանի տասնըութ փառաւոր հարուած պիտի ուզեմ ձեզմէ»:
Արգան շուարած կը պատասխանէ.
«Ես քեզի ծեծ քաշելու ի՞նչ պէտք ունիմ»:
«Այդ ձողին հարուածները ինծի չէ որ պիտի հասնին: Մինչեւ ձեր ներկայութեան արժանանալս երեք պահակի ձեռքէ անցայ: Ամէն մէկը ձեր վարձատրութեան մէկ երրորդը պահանչեց, որպէսզի իրեն տամ»:
Թագաւորը խնդալով պատասխանեց.
«Անշուշտ որ անոնք իրենց վարձատրութիւնը պիտի ստանան»:
Թագաւորը, անհաւատարիմ և ագահ պահակները իր մօտ կանչեց: Իր ներկայութեան բրնածեծ ըրաւ զանոնք ու անմիջապէս արձակեց պաշտօնէ:
Շնորհազրկուած թիկնապահն ու իր կինը դարձեալ պալատ հրաւիրուեցան: Անոնք, թագաւորին օգնեցին, որպէսզի ան շրջապատուի նոր ու հաւատարիմ պաշտօնեաներով:
Շուշան Գորտոնճիեան
23-Յունուար-2012 Երկուշաբթի
Իսթանպուլ