Monday, December 5, 2011
ԳԱԼՖԱԵԱՆ ՈՐԲԱՆՈՑ - 21 Նոյեմբեր 1866
Գալֆաեան Որբանոցը մեր համայնքի պատմութեան մէջ ունի իր ինքնուրոյն տեղը, ըլլալով աղջկանց որբանոց: Որբանոցը հիմնուած է 21 Նոյեմբեր 1866 թուականին Սրբուհի Մայրապետ Գալֆաեանի կողմէ: Սրբուհի Մայրապետ հիմնադիրն է նաեւ Գալֆաեան Ուխտի Միաբանութեան:
Անուրանալի է միաբանակից քոյրերու նախախնամական գործունէութիւնը: Անոնք ընտանեզուրկ որբուհիները պատսպարեցին և լաւ կրթութիւն տուին: Այդ որբուհիները ապագային դարձան ընտանիքի օրինակելի մայրեր, օրինակ ունենալով իրենց դաստիարակման ու կրթութեան համար տարուած աշխատանքները:
Ծնաւ 17 Փետրուար 1822 թուականին: Վախճանեցաւ 4 Յուլիս 1889 թուականին:
Սրբուհի Մայրապետ Նշան Գալֆաեան, Գարթալցի համեստ ընտանիքէ մը եկաւ Խասգիւղ: Ան, իր մօրը հետ ամբողջ օրեր ասեղնագործելով աչքի լոյս կը թափեր, որպէսզի ապրեցնէ իրմէ փոքրիկ քոյրերն ու եղբայրները:
Սրբուհին այսքանով չի գոհացաւ, Աստուծոյ նուիրուելու կոչում մը իր մէջ աշխատիլ սկսաւ: Տասնուեօթամեայ Սրբուհիին այդ Աստուածատուր կոչումը իր անձէն ներս աւելի շեշտուեցաւ, երբ ժանտախտի ճիրաններուն մէջ գալարուն անկողին ինկաւ:
Սրբուհիին մայրը Թագուհիի միակ փափաքն էր փեսայ մը ունենալ, որ տէր կանգնէր իր զաւակներուն և անոնց հօրմէն մնացած կալուածին:
Սրբուհի իր հիւանդութեան շրջանին իր մօտ կը կանչէ մայրը և ուխտել կուտայ իրեն, որ եթէ ողջամբ ազատի մահուընէ, չի հակառակի իր որոշման և նուիրէ զինքը Աստուծոյ:
Ո՞ր մայրն է ան, որ իր հոգեհատորը մահուան անկողնին մէջ տեսնէ և չի յարգէ անոր, թերեւս վերջին բաղձանքը:
Վերջապէս Սրբուհիին մայրը կը համոզուի և կ'ընդունի իր աղջկան բաղձանքը:
Սրբուհին այդ օրէն վերջ կամաց կամաց իր առողջութիւնը վերագտնել սկսաւ: Ան իր ամէնէն զարգուն մարմնական գեղեցկութեան և շնորհներուն մէջ, դեռ հազիւ 18 գարուններու տէր, ընդունեց մայրապետական քօղը, ամբողջովին ձեռք քաշելով աշխարհիկ կեանքէ և անոր հրապուրիչ հաճոյքներէն: (1840)
Այդ պահուն ան ունէր 17 աղջիկներ, գրեթէ ամէնքն ալ անճար ընտանիքներու ծոցէն հաւագուած էին:
Թաղին Երեցը, արժանաշնորհ Տ. Գէորգ Ա. Քհնյ. Արծրունի, Սրբուհի Մայրապետը կ'ուզէր ծանօթացնել բարձրաշնորհ Տ. Ներսէս Եպսկ. Վարժապետեանի և Տ. Կարապետ Վրդ. Շահնազարեանի հետ:
Շահնազարեան Վարդապետ որ նոր վերադարձած էր Եւրոպայէն, ի տես քօղածածկ այս եռանդուն «Մայրապետին», կը յորդորէր յանկարծ ու կը ներշնչէ զինքը, ըսելով.
«Աղջիկս, աւելի լաւ է որ, դուն ինքզինքդ նուիրես հայ որբուհիներու դաստիարակութեան, քանզի Եւրոպայի մէջ քեզի պէս «Մայրապետներ» դպրոցներու մէջ աղջիկներ կը դաստիարակեն ու անոնց ֆիզիքական ու բարոյական զարգացման կը հսկեն. այդպէսով աւելի օգտակար կը դառնան իրենց շրջապատին»:
Վարդապետը ճիշդ սրտէն խօսած էր Սրբուհիին ու առինքնած զինքը իր ամբողջ էութեամբ:
Սրբուհիին պատասխանը եղած էր յուսահատ և անճար.
«Հայր Սուրբ, ես ուսում չունիմ որ տղաքներ կրթեմ, հարստութիւն չունիմ որ օգտակար ըլլամ թշուառներուն, ուստի ինչ որ Աստուած պարգեւած է ինծի, կ'ուխտեմ նուիրել Ազգիս...»:
Ու այդ պահուն արդէն իսկ կը հիմնուէր Գալֆաեան Աղջկանց Որբանոցը, այդ եռանդուն, ձեռներէց ու նուիրեալ կնոջ ձեռքով, ինչպէս կը վկայէ պատմութիւնը «17 անտէրունջ որբեր» ապաստան կը գտնէին Որբանոցին մէջ, եթէ արդէն կարելի էր Որբանոց ըսել տան մը մէջ ամփոփուած խումբ մը խլեակներու պատսպարանին: 1865 թուականը կը ցուցնէր տարեցոյցը և Գալֆաեան Տան դուռը գուրգուրոտ ձեռք մը հետեւեալ ցուցատախտակը կը զետեղէր, կարծես իր սրտին մէջ ճնճերող մուրազն ալ պինդ գամելով հոն.
«ՈՐԲԱՆՈՑ ԵՐԻՑ ԱՄԱՑ ԸՆԾԱՅՄԱՆ Ս. ԿՈՒՍԻՆ Ի ՏԱՃԱՐՆ»:
Սրբուհի Մայրապետ՝ ան շնորհալի կինը, քօղը գլուխը, պայուսակն ի ձեռին ամառ ու ձմեռ գիւղէ գիւղ, դուռնէ դուռ վազելով իր որբուհիներուն համար օգնութիւն կը խնդրէր: Օր մըն ալ ապտակուեցաւ չարաչար: Սրբուհի Մայրապետ աւետարանական հեզութեամբ մը, այդ ամբարիշտ հարուածն իջոցնողին ըսաւ.
«Շնորհակալ եմ էֆէնտի, այս ապտակը իմ բաժինս է, հապա խեղճ որբերուս ի՞նչ տանիմ»:
Ան, արդարեւ իւր սիրական որբոց բարւոյն համար, անտրտունջ և սիրայօժար, առաջին օրէն իսկ պատրաստ ու յանձնառու եղած էր մարդկային այդ ամէն տգեղութեանց: Ան ամէն անգամուն սապէս կ'ըսէր.
«Մարդկային փրկութեան համար իւր արիւնը թափող Քրիստոսին անգամ գլխուն փուշէ պսակ դրին, ալ ինծի պէս ողորմելիին խօ՞սքը կ'ըլլայ»:
Որպէս գործնական միտք, Սրբուհի Մայրապետ իր հանգանակած գումարներէն որոշ մաս մը մէկդի դնելով, հաստատութեան համար հասութաբեր կալուած մը գնեց Ղալաթիոյ մէջ:
1870 թուականի գարնան օր մը, Քեաղըտհանէի մէջ որբուհիներու ընկերակցութեամբ կը ներկայանար Սուլթան Ազիզ Կայսեր, ապահովելով 50 ոսկիի նուիրատուութիւն մը ու պետական զանազան յատկացումներ:
Սրբուհի Մայրապետ քսանըչորս տարուան հոգեկան ու մարմնական տաժանակիր աշխատանքներէ վերջ, շաքարախտի ճիրաններուն մատնուած անկողին կ'իյնար 1889 Սեպտեմբերին: Զինքը դարմանող բժիշկներն էին Տօքթ. Ստեփան Փաշա Ասլանեան, Տօքթ. Տիգրան Փաշա Փէշտիմալճեան, Տօքթ. Տիրան Էֆ. Քաբամաճի, Տօքթ. Տէքօսիօ, Տօքթ.Ասլան ևլն.:
Աւելորդ է ըսել թէ ինչ մեծ տառապանք էր այն անշարժութիւնը, որուն կ'ենթարկուէր մէկը, որ համակ կենսունակութիւն, կորով ու խանդ էր: Այս էր դժուարին պարագան Սրբուհի Մայրապետի համար, որու կենսագիրը արդարօրէն կ'ըսէր.
«Օհ, տեսնելու արժանի բան էր այդ միջոցին Մայրապետը, այն արի կինը, մարմնաւորեալ այն գործունէութիւնը, երկաթէ վանդակի մը մէջ շղթայուած առիւծի մը յուսահատական պատկերը կը ներկայացնէր»:
Սրբուհի Մայրապետ պիտի չապրէր: Ինքն ալ կ'զգար մօտալուտ վախճանը և իբր միակ ու գերագոյն վարձատրութիւն իւր բազմամեայ վաստակոց, առանձին նամակաւ մը կը խնդրէ Ամեն. Տ. Խորէն Սրբազան Պատրիարքէ որ բարեհաճի մատրան մը շինութեան հրամանն ստանալով զինքը հոն, իւր հիմնած Հաստատութեան մէջ իսկ թաղել տալու հարկ եղած արտօնութիւնն առնել: Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրն կը հաճի ամէն ինչ կարգադրել ըստ փափաքանաց մահամերց բարերարուհիին:
Արդարեւ կարճատեւ հիւանդութենէ վերջ Սրբուհի Մայրապետ կը թողուր այս աշխարհը 4 Յուլիս 1889 Երեքշաբթի օր, 67 տարեկան հասակին:
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը, 9 Օգոստոս 1889 թուականին Երանուհի Մայրապետը Գալֆաեան Որբանոցի «ՄԱՅՐ-ԽՆԱՄԱԿԱԼ» կը կարգէ:
Երանուհի Մայրապետ Հովհաննէսեան Որբանոցէն հասած որբուհի մը ըլլալով իր յօժար կամքով կ'ընթունի Մայրապետական քօղը:
Ան, 22 Նոյեմբեր 1902 թուականին կը վախճանի և կը թաղուի Հալըճըօղլուի Ազգային Գերեզմանատան մէջ:
Քրիստինէ Մայրապետ, Երանուհի Մայրապետի կաթուածահար ըլլալէն քիչ յետոյ 13 Սեպտեմբեր 1902 թուականին Տեղակալ կը կարգուի Որբանոցին:
Քրիստինէ Մայրապետ սիրով ընդունելով իրեն առաջարկուած այս նուիրական այլ դժուարին պաշտօնը, կուգար Խասգիւղ, ուր նախապէս հաւանաբար չէր այցելած իսկ:
Պէտք է խոստովանիլ թէ, Քրիստինէ Մայրապետի համար նախախնամական տնօրինութիւն մըն էր կարծես Գալֆաեան Որբանոց մուտքը, երկու զինուորեալներու, որոնք աւելորդ է ըսել թէ իր ստանձնած այս պատասխանատու ու դժուարին գործին մէջ իր գլխաւոր ու հաւատարիմ գործակիցները պիտի ըլլային:
Աղաւնի ու Մարիամ Քէօսէեան դեռատի քոյրերն էին անոնք, ըլլալով զաւակները Արաբկիրցի բարեպաշտ ու բազմանդամ ընտանիքի մը: Հակառակ ծնողներու բուռն ընդդիմութեան, ներքին անբացատրելի զգացումէ մը մղեալ նուիրուած էին սրբազան պարտականութեան մը:
Երկու տարի վերջ, Օրմանեան Սրբազանի ձեռամբ Մայրապետական քօղ ու սքեմ կը տրուէր ընծայացու Աղաւնի ու Մարիամ Քէօսէեան քոյրերուն: Անոնք իբրեւ ուխտեալ, անձնուիրաբար կը ծառայէին Որբանոցին մէջ, աջ բազուկը հանդիսանալով Քրիստինէ Մօր:
Օրմանեան Սրբազան իր նախորդ, ու Գալֆաեան Որբանոցի հիմնադրման գլխաւոր սատարողներէն Վարժապետեան Պատրիարքի ու անզուգական Շահնազարեան Վարդապետի նման, լայնօրէն կը գնահատէր Որբանոցին կատարած նախախնամական դերը Հայ իրականութեան մէջ ու նոյնքան օգտակար կը համարէր ուխտեալ Քոյրերու Միաբանութեան մը գոյութիւնը: Ու առ այդ հետեւելով Մայր Մաշտոցի ցուցմունքներուն, կուտար իր հայրական օրհնութիւնը:
26 Յուլիս 1919 թուականին, 17 տարուան տքնաջան ու նոյնիսկ արդիւնաւոր պաշտօնավարութենէ մը վերջ, իր աջքերը կը փակէր Քրիստինէ Մայրապետ Փափազեան, կրելով միեւնոյն ատեն իրեն յանձնուած նուիրական աւանդը լաւագոյն մատակարարած ըլլալու գոհունակութիւնը:
Մահուընէն չորս օր վերջ, Որբանոցի մատրան մէջ տեղի կ'ունենար մեծաշուք յուղարկաւորութիւնը, նախագահութեամբ Անեն. Սրբ. Պատրիարք Հօր, որ իր դամբանականին մէջ լաւագոյն կը պատկերացնէր Քրիստինէ Մայրապետին կեանքն ու գործը:
Իր և ուխտակից Քոյրերու փափաքին համաձայն, Քրիստինէ Մայրապետ Փափազեանի յոգնատանջ մարմինը կ'ամփոփուի Որբանոցի պարտէզին մէջ:
4 Օգոստոս 1919 թուականին Որբանոցի Մատրան մէջ կը կատարուէր Քրիստինէ Մայրապետի մահուան քառասնից լրման Ս. Պատարաքը: Ս. Պատարաքէն վերջ կարդացուեցաւ Պատրիարքական Կոնդակը, որով պաշտօնապէս կը հաստատուէր Աղաւնի Մայրապետի Որբանոցի Մայրութեան պաշտօնը:
Ս. Պատրիարքը Գալֆաեան Որբանոցի Մայրութեան բարձրացուց Քոյր Աղաւնի Քէօսէեանը, որուն նուիրեց այս առթիւ Քրիստինէ Մայրապետի Խաչը, Մատանին ու յորդորական մը ուղղեց որբուհիներուն որ յարգեն իրենց նորընտիր Մայրը, որ իր աննկուն ջանքերով արժանի կ'ըլլար այս պատիւին:
Այսպէսով Քրիստինէ Մօր կը յաջորդէր Աղաւնի Մայրապետ Քէօսէեան, որ ինքն ալ փոքր տարիքէն իսկական նուիրեալ մը ըլլալով, անսայթակ կերպով պիտի տեւակացնէր Իրեն յանձնուած նուիրական աւանդը:
Այսպէս Մայր Աղաւնի, այս նուիրական աւանդը պաշտօնապէս ստանալէ վերջ, կը ձեռնարկէր լուրջ աշխատութեան, ըստ առաջնոյն իրեն գործակից ունենալով Խնամակալութիւնն ու մասնաւորաբար այս վերջիններէն Արամ Գարակէօզեանը, որու ունեցած նուիրումն ու փարումը ամէն գնահատանքէ վեր եղած է միշտ:
Անվարան կարելի է ըսել թէ եղած են ատեններ, երբ Արամ Գարակէօզեանի անունը գրեթէ նոյնացած է Գալֆաեան Որբանոցի անուան հետ: Խիստ պատկարելից են հետեւեալ տողերը, որոնք նուիրուած էին Որբանոցի 68ամեակի առթիւ լոյս ընծայուած գրքոյկին մէջ:
«Հաստատութեան պատմութեան և անոր վերածնունդի գործին հետ կապուած է նաեւ անունը Տիար Արամ Գարակէօզեանի, որդի Տիկ. Վասիլուհի Գարակէօզեանի, որուն եռանդուն աջակիցը եղաւ առաջին իսկ օրէն, անկեղծ նուիրումով:
Արդարեւ, Տիար Արամ Գարակէօզեան ոչ միայն աջակից այլ և հեղինակ ու առաջնորդ եղաւ այս հաստատութեան մէջ կատարուած բոլոր բարեկարգչական և վերաշինական ձեռնարկներուն»: (Էջ 547)
Գալֆաեան Հաստատութիւնը որպէս Որբանոց ու Կրթական, շնորհիւ Մօր, Քոյրերուն ու Խնամակալութեան, մտած էր իր ծիրին մէջ ու անսայթաք կը շարունակէր իր ուղին, իրեն գլխաւոր զօրաւիգ ունենալով ժողովրդային անխառն նուիրաբերումը:
Որպէս Հայաստանեայց Ս. Եկեղեցւոյ նուիրեալներ, անշուշտ թէ Քէօսէեան Քոյրերն ալ պիտի փափաքէին ուխտի երթալ Հայ Երուսաղէմը, Քրիստոսի Ս. Գերեզմանին վրայ դնելու համար իրենց ճակատը:
Արդարեւ երբ վստահ էին թէ քանի մը ամսուան համար սրտակից ձեռքերու պիտի կարենային վստահիլ իրենց յանձնուած Աւանդը, կը ձեռնարկէին այս ուխտակնացութեան ու առ այդ 1932 տարւոյ Մարտին կ'ուղեւորէին դէպի Երուսաղէմ:
Իրենց այցի ճամբուն վրայ միջոց մը կանգ առին Եգիպտոս, այնտեղ լայն շահագրգռութեան առարկա ըլլալով, արժանացան արժանավայել ընդունելութեան:
Եգիպտահայութեան բարոյական ու նիւթական գնահատանքը մեծ կ'ըլլար Գալֆաեան Որբանոցի հանդէպ, որու զոյգ ներկայացուցիչները կը հիւրասիրուէին ազգային շրջանակներու կողմէ:
1932 Մայիսի 19ին երկամսեայ ուղեւորութենէ մը վերջ Իսթանպուլ կը վերադառնային Քէօսէեան Քոյրերը ու կը վերստանային իրենց «Աւանդ»ը անեղծ կերպով:
Երկար ատենէ ի վեր սովորութիւն դարձած էր ամէն տարի տօնել Որբանոցի հիմնարկութեան տարեդարձը Նոյեմբեր 21ին ուրոյն կրօնական ու աշխարհիկ հանդիսութիւններով, որոնց կը նախագահէր օրուան Պատրիարքը:
Այս հանդէսները Որբանոցիս համակիրներու ու բարեկամներու մտերմիկ սեղանի մը շուրջը բոլորուելու առիթը կը ստեղծէին, ուր միեւնոյն ատեն կը գոյանային պայմանադրական նուէրները: Յիշեալ հանդեսները, առաւել կամ նուազ փայլով անխափան կը շարունակուին ցարդ:
Միայն թէ, Հաստատութեան 75ամեակը, որ կը զուգադիպէր 1941ին, Բ. աշխարհամարտի պատճառաւ աւելի քան անշուք անցած էր:
Այսպէս Մայր Աղաւնի Քէօսէեան բարւոք պաշտօնավարութենէ մը վերջ, իր աչքերը կը փակէր 1955 տարւոյ Օգոստոսի 2ին, իր ետին թողլով աւելի քան 55 տարիներու իսկապէս բեղմնաւոր շրջան մը:
Այն բոլոր մեծ սուգերը, որոնք կարծես անմխիթար կը թողուն ողջ մնացողները, կը սփոփուին մասամբ երբ այս վերջիններուն կը յաջորդեն արժանաւորներ, լեցնելով առաջ եկած պարապը:
Գալֆաեան Որբանոցը իր Մեծաւորուհին, իր Մայրը, Աղաւնի Մայրապետ Քէօսէեանը կորսունցուցած էր: Բարեբախտաբար անոր կը յաջորդէր նոյնքան արժանաւոր ու կորովի հարազատը, Քոյր Մարիամ Քէօսէեանը:
Իրականութեան մէջ, Աղաւնի Մայրապետի արժանաւոր յաջորդը, անարժան կը նկատէր ինքզինքը որպէս յաջորդ իր երջանկայիշատակ քրոջ, իր ուժերէն վեր կը գտնէր «Որբանոցի Մայր»ութեան պաշտօնը: Գարեգին Պատրիարք սակայն, քաջ ճանչնալով զայն, կը յուսադրէր զինքը, կ'ամրապնդէր իր կորովը ու ի վերջոյ կը պարտադրէր որ Քոյր Մարիամ ըլլայ Մայրը Գալֆաեան Որբանոցին:
Արդարեւ իր դատումին մէջ չէր վրիպած Գարեգին Պատրիարք ու Մայր Մարիամ Քէօսէեան արժանաւորապէս պահպանեց իրեն յանձնուած սրբազան աւանդը ու որպէս պահապան հրեշտակ իր թեւերը տարածած էր իր քոյրերուն և սանուհիներուն վերեւ: Աւելորդ էր ըսել թէ, Մայր Մայրամ երկար տարիներ գործակցած ըլլալով իր քրոջ, անփորձ մը չէր այս մարզին մէջ ու որոշ էր թէ դժուարութիւն պիտի չկրէր վարչական ու մատակարարական գործերու մէջ:
Մարիամ Աւագ Սարկաւագուհի Քէօսէեանի Ուխտը.
«Կ'ուխտեմ ամբողջ էութեանս վկայութեամբ, մնալ ցմիշտ անսայթաքօրէն հաւատարիմ երջանկայիշատակ հիմնադիր Գալֆաեան Սրբուհի Մօր կտակին, ու չշեղիլ բնաւ անոր պարտադրած հրահանգներէն, հսկելով խղճի մտօք, անոր տրամադրութեանց անթերի գործադրութեան և ջանալով արդիւնաւորել այս բոլոր պայմաններով, Պատրիարքական բարձր հրամանաւ նուատիս յանձնուած պաշտօնը, ի փառս Աստուծոյ, յօգուտ և ի բարգաւաճումն այս նուիրական Տան»:
Մայր Գալֆաեան Որբանոցի և Տան
Մարիամ Աւագ Սարկաւագուհի Քէօսէեան
20 Նոյեմբեր 1955
Գալֆաեան Աղջկանց Որբանոց
ՔՈՅՐ ՆԵՎՐԻԿ ԲԱՍՄԱՆԵԱՆ
«1881-1952»
Գալֆաեան Որբանոցի Քոյրերը մեծ մասամբ նոյնինքն Որբանոցին մէջ հասակ առած Սանուհիներ են, որոնք ներշնչուելով զիրենք խնամող Մայր ու Քոյրերու բարի կենցաղէն, օրինակուելով անոնցմէ, ուզած են հետեւիլ այս վերջիններու հետապնդած զոհաբերումի ու նուիրման ուղիին:
Ասոնցմէ մին էր Քոյր Նեվրիկ Բասմանեան, որ Հաստատութեան սանուհիներէն ըլլալով, փոքր տարիքէն իր մէջ Մայրապետական կոչում զգալով, ուխտած էր նուիրուիլ Որբանոցին ու օգտակար ըլլալ իր նմաններուն:
Այսպէս ան ծնած ըլլալով Սամսոն բարեկեցիկ ծնողքէ, փոքր տարիքէն որբանալով, իր երկու քոյրերուն հետ 1896թուականին կ'ընդունուէր Որբանոց, Երանուհի Մայրապետի օրով:
Իր երկու քոյրերը, աւարտելէ վերջ Հաստատութեան կրթական շրջանը, ամուսնութեան տրուած էին Որբանոցին կողմէ, ինչպէս սովոր էր այն ատեն: Ինք սակայն, երբ այլեւս չափահաս էր, Քրիստինէ Մայրն ու Խնամակալութիւնը, նկատի ունենալով իր բաղձանքը, դիմելով Ս. Պատրիարք Հօր, կը խնդրէին որպէսզի հաճի գոհացում տալ այս վերջնոյն փափաքին, շնորհելով իրեն մայրապետական քօղ:
Արդարեւ 24 Նոյեմբեր 1906 թուականին Հաստատութեան հիմնարկութեան 40.երորդ տարեդարձին հանդիսութեանց ընթացքին, Օրմանեան Պատրիարք յատուկ օրհնութեամբ, Որբանոցի Մատրան մէջ Մայրապետական Քօղ կուտար Քոյր Նեվրիկ Բասմանեանի:
Այդ շրջաններուն Ետիքուլէի Ս. Փրկիչ Ազգ. Հիւանդանոցին մէջ հաստատուած էր երկու տարի տեւողութեամբ հիւանդապահութեան գործնական դասընթացք մը: Քոյր Նեվրիկ հետեւելով յիշեալ դասընթացքին, կ'իւրացնէ այս յոյժ մարդասիրական ասպարէզը ու կը վկայուի համապատասխան վկայականով, որ կը վաւերացուէր Հիւանդանոցի վիրաբուժապետ Տօքթ. Զարդարի ու Տօքթ. Մասիսի կողմէ: Ապա վերադառնալով Որբանոց, այլ պարտականութեանց կողքին մեծապէս օգտակար կ'ըլլայ Հաստատութեան, գուրգուրոտ մօր մը նման խնամելով տկարակազմ որբուհիները:
1918 թուականին, երբ ուրոյն հանդիսութեամբ Քրիստինէ Մայր սարկաւագ կը ձեռնադրուէր, Քոյր Նեւրիկ, Աղաւնի և Մարիամ Քէօսէեան Քոյրերու առընթեր կը ստանար Դպրութեան չորս աստիճանները:
Քոյր Նեվրիկ շնորհիւ իր հեզահամբոյր բնաւորութեան, արժանացած էր իր անմիջական շրջապատի ու Որբանոցի համակիրներու անվերապահ սիրոյն ու յարգանքին:
Տառապագին հիւանդութենէ մը վերջ, որ զինքը անդամալոյծ վիճակի մէջ գամուած կը պահէր անկողնոյն, վայելով սակայն Հաստատութեան Մօր և Քոյրերուն գուրգորանքն ու հոգածութիւնը, Քոյր Նեվրիկ Բասմանեան Յուլիս 1952 թուականին աւանդած էր իր անբիծ հոգին Ազգային Հիւանդանոցին մէջ:
ԱՐՈՒՍԵԱԿ ՄԱՅՐԱՊԵՏ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ
Ան, փոքր տարիքին Գալֆաեան Որբանոց մտնելով, հասակ առած էր Հաստատութեան մաքուր ու տոհմիկ մթնոլորտին մէջ:
Վարժարանին շրջանը կը բոլորէր 1917ին հինգ ընկերուհիներու հետ, տնօրէն ունենալով մեծանուն դաստիարակ Հմայակ Շիշմանեանը:
Ան չափահաս ըլլալէ վերջ, որպէս ընծայացու կը ծառայէր Որբանոցին՝ Մօր ու Քոյրերու կողքին, երբ 26 Նոյեմբեր 1919ին Հաստատութեան 53րդ տարեդարձին, ընդառաջելով իր ջերմ փափաքին ու Խնամակալութեան դիմումին, Տ. Զաւէն Պատրիարք Եղիաեան Մայրապետական քօղ ու օրհնութիւն կը շնորհէր իրեն:
Մայր Արուսեակի յիշատակներէն.
Հազիւ ինը տարեկան էի այն ատեն, երբ 1905 Դեկտեմբերի ցուրտ օր մը, Մայր Քրիստինէ Փափազեան, հանգուցեալ մայրս դարմանող բժիշկին յանձնարարութեամբ մեր տունը եկաւ: Իր երեւումը բարի հրեշտակի մը ազդեցութիւնը գործեց մեր վրայ: Մայրս իր մտահոգութիւնը յայտնեց մեր ապագայի մասին: Մայր Քրիստինէ մխիթարեց զինքը և ապահովցուց խոստանալով տէր կանգնիլ իր երկու զաւակաց:
Գորովալի մայրս չեմ գիտեր թէ ի՞նչ զգաց մեր բաժանումի պահուն ու մենք երկու գառնուկներ, ձեռք ձեռքի ու անգիտակից ներս մտանք դռնէ մը, որուն հրապուրիչ մուտքը, ծառեր ու ծաղիկներ, տղոց ուրախ խաղերնու զուարթաձայն երգերը ամէն ինչ մոռցնել տուին մեզ: Գիշերները միայն, մթութեան ու լռութեան մէջ մտքով կը թռչէի մեր համեստ տունը ու կը կարծէի դեռ գտնել անուշիկ մայրիկս պառկած անկողինին մէջ:
Տարիներ վերջ, երբ դեռ ուսանող, պարագան ներկայացաւ որ նուիրումի ուխտս յայտնեմ Մայր Աղաւնիի միջոցաւ, Մայր Քրիստինէ խանդաւառուած «Արդէն կը գուշակէի» ըսաւ ու յիշեց այն բարի օրը, ուր հանդիպած էր մօրս և կրկնեց այն օրուան անոր ըսած խօսքը. «Մայր իմ, մեծ աղջիկս առ, օր մը անոր խերը կը տեսնես» և աւելցուց. «Օրհնեալ ըլլայ, որքան իրաւունք ունի եղեր»:
Օրհնեալ ըլլայ նաեւ յիշատակը իմ թանկագին հոգեւոր Մայրերուս՝ Մայրեր Քրիստինէի, Աղաւնիի և Մարիամի, որոնց տաքուկ շունչին տակ ստացայ հոգեւոր դաստիարակութիւն մը և ուսում, ըլլալով աշխարհի ամենէն երջանիկ արարածներէն մին:
1933 թուականին, երբ Մայր Աղաւնի Քէօսէեան դէպի Երուսաղէմ կատարած իր ուղեւորութենէն վերադարձած էր, կը խնդրէր Նարոյան Պատրիարքէ, որպէսզի իր աջակից Քոյրերուն Դպրութեան աստիճաններ շնորհէ, ի վարձ իրենց բարւոք ու խղճամիտ ծառայութեան:
Արդարեւ նոյն տարւոյ Նոյեմբերի 24ին Հաստատութեան 67.երորդ տարեդարձի առթիւ կատարուած հանդիսութեան պահուն Ս. Պատրիարք Հօր ձեռնադրութեամբ Արուսեակ Մայրապետ և Զարմուհի Մայրապետ կը ստանային Դպրութեան չորս աստիճանները և ուրար կրելու արտօնութիւն, որով իրաւունք կը ստանային ի նկարկելու ու Աւետարան կարդալու Ս. Պատարաքի միջոցին:
Արուսեակ Մայրապետ ստացագիր ի ձեռին, առանց խոնջելու ու տրտնջալու կը դիմէր հաստատութիւնէ հաստատութիւն, որպէս նուէր ապահովելու համար այն բազմապիսի շինուածանիւթերը, որոնք անհրաժեշտ կը նկատուի Որբանոցի շէնքի տեւական նորոգութեանց համար: Այսպէս երբ Արուսեակ Մայրապետ ընդհանրապէս նուազագոյն սակով, կապահովէր որբանոցին ինչ ինչ կարիքները, կը պատահէր բարերարներ որոնք ինքնաբերաբար կը նուիրէին կարեւոր նուէրներ, որոնց ի տես կը մոռնար կարծես իր յոգնութիւնը:
Որբանոցին օգտին կատարած այս ինքնաբուխ նուիրահաւաքման մէջ իր կարեւորագոյն տեղը ունէր անշուշտ Արուսեակ Մայրապետի վայելած լայն ժողովրդականութիւնը ու այս պարագան պատահաբար իրեն յիշեցնողներու, ամենայն համեստութեամբ կը պատասխանէր ան.
«Այս նուէրները ոչ թէ ինձ համար, այլ Գալֆաեանը յատկանշող այս սեւ քօղին համար կուտան» ցոյց տալով իր գլխու մայրապետական սեւ քօղը:
ԶԱՐՄՈՒՀԻ ՄԱՅՐԱՊԵՏ ՄԵՀՐԱՊԵԱՆ
Տեղապահ Սրբազանը և Հաստատութեան Մայրը ծածկեցին մայրապետական սեւ քօղով ծաղկահասակ հայուհիին գլուխը:
Ան վարժարանի շրջանը կ'աւարտէր 1920 թուականին ընկերակից ունենալով հինգ ընկերուհիներ:
Զարմուհի Մայրապետ սկիզբէն ի վեր իր բազմակողմանի ձիրքերը ի սպաս դնելով Որբանոցի սանուհիներուն, ոչ մէկ ջանք կը խնայէր լաւագոյն զարգացման ու դաստիարակման համար, որպէսզի անոնք ըլլան օրինակելի ու համայնքին օգտակար տարրեր:
Ինչպէս իր գործակից Քոյրերը, ան ալ իր բազմակողմանի աշխատութեանց կողքին կը դասաւանդէր հետեւեալ ճիւղերը. թուաբանութիւն, երկրաչափութիւն, գիտութիւն, գծագրութիւն, ձեռագործ, եկեղեցական երգեցողութիւն ևլն.:
Քոյր Զարմուհի իր միաբանակից Քրոջ, Արուսեակի հետ միասնաբար ստացած էր դպրութեան չորս աստիճանները ու Ս. Պատարագի մատուցման պահուն կ'սպասարկէր Ս. Սեղանին:
Զարմուհի Մայրապետ որպէս արուեստագէտ հոգի, միեւնոյն ատեն սիրահար էր նաեւ ծառ ու ծաղիկներու ու Որբանոցի պարտէզներու պատշաճ ու ճաշակաւոր յարդարանքը կը կրէին իր ձեռքին դրոշմը ու հոգածութիւնը:
Զարմուհի Մայրապետի յիշատակներէն.
14 Փետրուար 1918 Տէառընդառաջի օրն էր: Մեր հանգուցեալ Մօր՝ Քրիստինէ և Քոյրեր Աղաւնիի, Մարիամի ու Նեւրիկի դպրութեան չորս աստիճաններ պիտի տրուէր Տ. Գաբրիէլ Արք. Ճէվահիրճեանի ձեռամբ, առ ի վարձատրութիւն իրենց բարւոք ծառայութեան Ազգին Տան:
Առաւօտուն կանուխ արդէն փոքրիկ Մատուռը կը յորդէր հաւատացեալներով: Երգեցողութիւնները մենք սանուհիներս կը կատարէինք առաջնորդութեամբ Որբանոցիս Տնօրէն Հնգց. Հմայակ Էֆ. Շիշմանեանի:
Այդ օրերուն հացը բաժնեչափով «վէսիքա» էր և հազիւ մեր նախաճաշին կը բաւէր: Խեղճ Մայրը և Քոյրերը քանի կը տեսնէին բազմութիւնը, այնքան կ'աւելնար իրենց մտահոգութիւնը, կարեւորը հացն էր, ինչո՞վ պիտի կշտացնէինք առ նուազն մեզի չափ անօթի այդ բազմութիւնը...:
Մեծ է Քրիստոսի զօրութիւնը:
Ու այսպէս ժամերը կը սահէին և մենք կ'սկսինք Խոհուրդ Խորին Անհաս Անսկիզբն երգել:
Յանկարծ դուռը կը զարնուի բնականէն աւելի ուժգին. երկու բեռնակիրներ կողովներ կռնակնին առած կը մտնան ոստիկանի մը հետ ու կը բարձրանան սանդուխներէն վեր:
Ով զարմանք... եղածը հաց էր. այո հաց էր. միթէ հաւատալի՞ք բան էր. ուրկէ՞ կուգար և ո՞վ էր ղրկած արդեօք: Մինչ մենք հետաքրքրութեամբ մտածումներու մէջ էինք, չարաճճիին մէկը անմիջապէս Մատուր կը սպրդի ու կամաց մը ականջնուս կը փսփսայ:
Մեր Հալըճըօղլուի փուռը հացը որոշեալ չափէն նուազ հանած ըլլալուն, բոլորը կը գրաւուին ու շիտակ Որբանոց կը բերուի ոստիկանի մը հսկողութեամբ...:
Այստեղ կ'ուզեմ մեր երախտագիտութիւնը յայտնել յարգելի Նահիյէ Միւտիւրներու ու Քօմիսէրներու, որոնք միշտ իրենց հոգածութեան առարկայ ըրած են Որբանոցը: Ամէն նեղ օրերուն իրենց մարդասիրական բաժինը ունեցած և վազած են օգնելու այս հաստատութեան:
Ս. Պատարագը կը վերջանայ, բոլոր ներկաները ուղղակի ճաշարան կ'երթան իրենց ստամոքսները հանդարտեցնելու համար, որովհետեւ բողոքի ձայներ խունկի հետ խառնուելով կը բարձրանար ու կը կարդացուէր դէմքերու վրայ:
Կերան բոլորն ալ կուշկուտուռ, յագեցան ու մնացեալն ալ մենք կերանք երկու օր. Հայր Աբրահամու տունը, Հայր Աբրահամու սեղանը, ոչ ոք անօթի մնացած է:
Նախախնամութիւնը շատ անգամներ իր զօրութիւնը ցոյց տուած է ինչ ինչ նեղութիւններու ատեն:
Անցեալի այս օրը խոր տպաւորութիւն թողուցած է վրաս: Հինգ հաց և երկու ձուկերու հրաշքը այստեղ, այս Տան մէջ աչքերովս տեսած ու հաւատացած եմ թէ, ձեռք մը կայ որ դէպի բարին կ'առաջնորդէ այն, որ կը քալէ շիտակ ճամբէն և անոր, որուն խիղճը միշտ արթուն է Տիրոջ դատաստանին առջեւ:
Զարմուհի Մայրապետ պատասխան այն հարցումին թէ, որոնք են այն շարժառիթները, որով ընդունած էր մայրապետական քօղը: Սապէս կ'ըսէր.
«Մայրս շատ կանուխէն կորսնցուցած էի: Հայրս՝ Տէր Եղիսէ քհնյ. Մեհրապեան, նահատակուած էր ազգին թողլով երեք որբեր: Եղբայրս (Տէր Շաւարշ քհնյ. Մեհրապեան «Պուէնոս Այրէս») ես և քոյրս, Գալֆաեան և Գարակէօզեան Որբանոցները բացած էին իրենց դռները մեր առջեւ:
Ապրին յաւէտ, մենք մեր տունը գտած էինք, սակայն ամեն անգամ որ ճաշի նստէինք, լալով կուլ կուտայի պատառներս, խորհելով որ բեռ եղած ենք Ազգին: Ես հացը կ'ուտէի, իսկ հացն ալ զիս: Ուստի որոշեցի Մայրապետ ըլլալ, փոխարինելու համար մեզի շռայլուած գուրգուրանքն ու զոհողութիւնը:
Հռիփսիմէ Մայրապետ Սասունեան ծնած է 1928ին Սասունցի ծնողքէ:
Իր նախնական ուսումը կ'ստանայ Դամասկոսի Սուրբ Թարգմանչաց Վարժարանը, որու շրջանը կ'աւարտէ 1945ին:
Նոյն տարւոյ մէջ ընտանեօք կը փոխադրուին Լիբանան, ուր հնարաւորութիւն չունենալով բարձրագոյն ուսման հետեւելու, կը հաճախէ տեղւոյն կարուձեւի վարժարանը, ուրկէ կը վկայուի:
«1953 Մարտի 25ին, կարճ ճամբորդութենէ մը վերջ հասած էի Գալֆաեան Որբանոց ուր դիմաւորուեցայ Միաբանութեան Մօր և Քոյրերու կողմէ: Նախ առաջնորդուեցայ Մատուռ փառք Ամենակալ Տիրոջ, որու շնորհիւ հասած էի նպատակիս: Շուտով ընտելացայ Գալֆաեան Տան:
Ժամանելէս ութը ամիս վերջ Նոյեմբերի 22ին Հաստատութեան Մատրան մէջ կ'ստանայի Մայրապետական Քօղ, Ամենապատիւ Տ. Գարեգին Արք. Խաչատուրեան Պատրիարքի ձեռամբ:
Փոքր տարիքէս Մայրապետական կոչում զգացած եմ մէջս. բայց չեմ կրցած համոզել ծնողքս, որոնք ամէն կերպով կ'ընդդիմանային ինքնաբուխ այս փափաքիս իրագործման:
Ծնողացս դէմ մղած այս պայքարս տեւած էր գրեթէ հինգ տարի, երբ պատահաբար առիթը ունեցայ ծանօթանալու Հայ Կաթողիկէ Մայրապետներու, որոնք իմանալով փափաքս, անմիջապէս զիս ընդունելու պատրաստականութիւն ցոյց տուին...:
Մայրս սակայն, կարծես ահաբեկած դաւանափոխ ըլլալու հեռանկարէն, այս անգամ ալ բուռն ընդդիմութիւն մը ցոյց կուտար, ըսելով թէ, եթէ գոյութիւն ունենար Առաքելական Հայոց Միաբանութիւն մը, սիրով պիտի յանձնէր զիս անոնց:
Ըստ իս սա պարզ պատրուակ մըն էր, տրուած ըլլալով երբ մայրս գիտէր թէ նման Միաբանութիւն մը գոյութիւն չունի, զրկած կ'ըլլար զիս իմ առաջադրութենէս. արդարեւ մայրս ու ես անտեղեակ էինք թէ Իսթանպուլի մէջ գոյութիւն ունէր Գալֆաեան Միաբանութիւն մը...:
Ու բարի զուգադիպութեամբ մը ճիշդ այդ միջոցին կ'իմանայի թէ Իսթանպուլէն Առաքելական Հայ Մայրապետ մը ժամանած է քաղաքս, յանձին Քոյր Արուսեակ Մխիթարեանի:
Մեծ էր ուրախութիւնս ու յաջորդ օրն իսկ փութացի Անթիլիասի Կաթողիոսարանը, ուր հիւրասիրուած էր Քոյր Արուսեակ և յայտնեցի փափաքս:
Այս անգամ յաղթական էի, քանի որ գտած էի ծնողացս ուզածին պէս Հայ Միաբանութիւն մը...: Քոյրը խոստացաւ Իսթանպուլ վերադարձին առաջին առթիւ նկատի առնել դիմումս ու փոխանցել զայն Միաբանութեան Մօր. արդարեւ առաջարկիս ընդունման պատասխանը չուշացաւ, ու մի քանի թղթակցութիւններէ վերջ Իսթանպուլ գալու հրաւէր կ'ստանայի:
Անմիջապէս ճամբորդական ձեւակերպութեանց ձեռնարկեցի. սուրիական հպատակութիւնս կարգ մը դժուարութեանց ծնունդ տուաւ, որոնց բարձումը սակայն տեղի ունեցաւ շնորհիւ Գեր. Շահէ Վրդ. Աճէմեանի, որ ոգի ի բռին ոչ մէկ ջանք խնայեց այդ ուղղութեամբ»:
Մայր Հռիփսիմէ Ա. Սրկ. Սասունեան, ինչպէս անուանակոչած է Կիրակի առաւօտ Գարեգին Ա. Տրապիզոնցի Խաչատուրեան (1951), տուչութեան կրօնական հանդիսութեան պահուն, փոփոխութեան ենթարկելով անոր Արաքսի անունը և շեղում մը ընելով իր նախորդներէն, որոնք հարկ չէին տեսած անուան փոփոխութիւն կատարել:
Գարեգին Պատրիարքի մաղթանքը այս առթիւ խօսած իր քարոզին մէջ, սա եղած էր որ նորընծայ Քոյրը որուն որքան ալ Հռիփսիմէ անունը կուտայ ինք, իր առաքելութեան մէջ չի նահատակուի, Հռիփսիմէ Կոյսին պէս, բայց կրէ անոր սիրտը, իր ծառայութեան ընթացքին այս Հաստատութեան մէջ:
Մայր Հռիփսիմէ Սասունեան օրինակելի, կանոնաւոր և հոգեկեցոյց հաստատութեան մը մէջ ծառայեց շահագործելով Տիրոջ կողմէ իրեն յանձնուած մնասները: Իր վարչական կարողութիւնը ի սպաս դրաւ վարժարանը կանոնաւորապէս կառաւարելու և իւրայատուկ ճարպիկութեամբ ու ճարտարութեամբ յաճախ հանգանակութեան դիմեց սանուհիներու կարիքները մատակարելու համար:
Մայր Հռիփսիմէ սիրեց իր ծառայած հաստատութիւնը: Սիրեց սանուհիները: Կառաւարութեան որոշումով միւս միաբաններու հետ հարկադրուեցաւ բաժնուիլ իր սիրելի Տունէն: Երջանկայիշատակ Շնորհք Պատրիարքի հրաւիրով յաջողապէս աշխատեցաւ Պոլսոյ Պատրիարքարանի մէջ, հաշուապահ և ներքին տնօրէն:
Անցաւ Անթիլիաս: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Երանաշնորհ Գարեգին Բ Կաթողիկոսին օրհնութեամբ Ճիպէյլի Թռչնոց Բոյնին մէջ շարունակեց այն գործունէութիւնը, զոր ունեցած էր Գալֆաեան Տան մէջ: Հոն կորիզը կազմեց Ս. Գայիանէեան Միաբանութիւնը: Առողջական պատճառներով 1996 թուականին վերադարձաւ Իսթանպուլ:
ՔՈՅՐ ԳՈՀԱՐ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ
«1958»
23 Նոյեմբեր 1958՝ Գալֆաեան Որբանոցի 92րդ տարեդարձի հանդիսութեան օրը, Ս. Պատրիարք Հայրը Գարեգին Արք. Տրապիզոնցի Խաչատուրեան (1951), կանոնական ընթերցանութեամբ Գոհարիկի կը շնորհէր Մայրապետական քօղը:
Ան աւարտած էր Պէյրութի «Դպրուհի Յակոբեան» Վարժարանը:
Գալֆաեան Որբանոցի Միաբանութեան Մայրապետներու պատկանող՝ Լանջախաչեր, կոնդակներ, Մայրապետներու ձեռագիրներ և ձեռագործներ ևլն. Պատրիարքարանի Կոլոտ Պատրիարք Թանգարանին մէջ կը ցուցադրուի:
ԿՈՒՍԱՍՏԱՆՆԵՐ ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ
Կը կարծուի, թէ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին միայն Գալֆաեան Քոյրերու Միաբանութիւնն ունեցած է:
Սակայն Հայ Եկեղեցին ուրիշ կուսաստաններ ալ ունեցած է: Անոնք հետեւեալներն են :
ՀՈԳԵԱՑ ՎԱՆՔ
Առաջին Հայ կուսաստանն է, հիմնուած՝ մեր ժողովուրդի առաջին Լուսաւորիչներէն Ս. Բարթողոմէոս Առաքեալի կողմէ: Ըստ աւանդութեան, Ս. Առաքեալը այստեղ բերած է Տիրամօր սրբանկարը և շինած փոքրիկ եկեղեցի մը, զոր անուանած է Ս. Աստուածածին: Հոս ծառայած են Ս. Բարթողոմէոսի աշակերտներ՝ Մարիամ, Աննա, Մարթա կոյսերը:
ՆԵՐՍԷՍԵԱՆ ԿՈՒՍԱՍՏԱՆՆԵՐ
Մեծն Ներսէս Հայրապետ արական վանքերէ զատ հիմնած է նաեւ կուսաստաններ:
ՆՈՐ ՋՈՒՂԱՅԻ Ս. ԿԱՏԱՐԻՆԷ ԿՈՒՍԱՍՏԱՆԸ
Հիմնուած է 1606 թուականին Շահ Աբասի ժամանակ երբ Հայեր բռնի կերպով Ջուղայէ Նոր Ջուղայ գաղթեցին: Աւելի քան քսան կոյսեր միաբանութեան անդամակցած էին:
ԹԻՖԼԻՍԻ Ս. ՍՏԵՓԱՆՆՈՍ ԿՈՒՍԱՍՏԱՆԸ
Այս մէկը հիմնուած է 1727 թուականին Մելիք Աղաբեկ Պեհպութեանցի կողմէ, որ Նոր Ջուղայի Անապատէն երկու կոյսեր հրաւիրած է: Կոյսերը Ս. Կատարինէի Կուսանոցին կարգ ու սարքը կը հաստատեն: Սկիզբները կոյսերու թիւը թէեւ սահմանափակ եղած՝ սակայն աւելի յետոյ հասած է շուրջ տասնեւութի, որոնք եղած են սարկաւագուհիներ: Կուսաստանի բուն նպատակն է եղած որբ և անտէր աղջիկներ խնամել, մեծցնել և ի հարկին օժիտով ամուսնացնել:
ՇՈՒՇԻԻ ԿՈՒՍԱՍՏԱՆԸ
Կը յիշուի նաեւ Շուշիի կուսաստանը ուր միաբանած են 4-5 կոյսեր:
Պէտք է կարեւորութեամբ նշել թէ՝ իւրաքանչիւր կուսաստան ունեցած է իր խոստովանահայր քահանան, որ Ս. Պատարագ կը մատուցանէր:
ՊՐՈՒՍԱ
Պրուսայի թեմին ենթակայ Սէօլէօզ գիւղին մէջ ապրած է Աւագ Սարկաւագուհի Կոյս Նազենի Մ. Կէօզիւմեան: Ձեռնադրուած է երջանկայիշատակ Ստեփանոս Աղաւնի Եպիսկոպոսէն «որ վարած է երկու շրջան Պատրիարքական պաշտօն»: Աշակերտած է գիւղի Տ. Յովհան Քահանային և ապա ուսուցչական պաշտօն վարած՝ գիւղի աղջկանց վարժարանին մէջ: Գիւղի վարժարանը փակուելէն յետոյ, իր տան մէջ երկսեռ վարժարան բացած է: Սակայն առաջնորդ՝ Բարթողոմէոս Արքեպիսկոպոսի օրով կրկին ազգային վարժարանի մէջ պաշտօնի կոչուելով շարունակած է ծառայութիւնը մինչեւ իր մահը «1877»: Նազենի սարկաւագուհին եղած է գիւղին երկսեռ հասարակութեան մեծամասնութեան ուսուցիչը: Թաղուած է եկեղեցականներու յատուկ թաղին մէջ:
ՊԱԼԱԹ
Պալաթու մէջ կը յիշուի կոյս Բրաբիոն Նոտարը, որ ձեռագրեր և շարականները ընդօրինակած և թողած է Պալատու Ս. Հրեշտակապետ Եկեղեցւոյ, ինչպէս նաեւ Արմաշու Չարխափան Ս. Աստուածածին Վանքին:
Ս. ՓՐԿԻՉ
Ս. Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցին մէջ եւս ծառայած են մայրապետներ, որոնք հիւանդներ խնամած են:
ՆԱՌԼԸԳԱԲՈՒ
1918 թուականին կազմուած է Որբախնամ մասնաճիւղ մը, որու ջանքերով 1919 թուականին հիմնուած է որբանոց մը, ուր պատսպառուած են երկսեռ որբեր: Այս հաստատութեան մէջ կը յիշուի Ադրիանուպոլսեցի Աւետուհի Տերունեանը, որ 14 Փետրուար 1919 թուականին մայրապետական քօղ ստացած է, ձեռամբ Գերշ. Տ. Գնել Ս. Եպիսկոպոսի:
Ս. ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ
Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց Վանքի մէջ եւս գտնուած են մայրապետներ, որոնք Ս. Աթոռին ծառայած են, առանց ունենալու սարկաւագութեան կարգ:
Քաղեց՝ Շուշան Գորտոնճիեան
15 Յունիս 1999 Երեքշաբթի
«54799»
Իսթանպուլ