Wednesday, June 22, 2011
ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆ ԸՆՏԱՆԻՔ
Գարակէօզեան ընտանիքը, Պոլսոյ պատուական Հայ ընտանիքներէն մէկն է: Անոնց ընտանեկան արմատները Վանէն Պոլիս եկան: Ընտանիքին ամենահին անդամը Յովհաննէս Աղա Գարակէօզեանն է: Ան, Պոլիս հաստատուելէ վերջ կտաւի վաճառական Պետրոս Աճեմօղլուի հետ աշխատեցաւ և հարուստացաւ:
Յովհաննէս Գարակէօզեանին ինը զաւակներուն անուններն են՝ Նեկտար, Նազարէթ, Ելմոնէ, Գրիգոր, Էֆթիք, Բիւզանդ, Տիգրան, Կարապետ, Յովսէփ: Յովհաննէս Գարակէօզեանի հանրածանօթ զաւակը Տիգրան Գարակէօզեանն է:
Տիգրան Գարակէօզեան 1834 թուականին Պոլսոյ Մուսալլա թաղին մէջ ծնաւ: Գարակէօզեան ընտանիքը առեւտրական կեանքի մէջ շատ յաջող էին: Անոնք, կարճ ժամանակի մը մէջ իրենց գործը մեծցնելով միջազգային հրապարակ բացուեցան: Մէնջըսթէր, Թէպրիզի նման կարեւորագոյն տեղեր իրենց գործին պատկանող մասնաճիւղեր բացին:
Տիգրան Գարակէօզեան 1896 թուականին մեռաւ: Ան, ընկերային կեանք մը չունեցաւ, սակայն իր եղբայրները շարունակ ընկերային կեանքով մէջ մէջի ապրեցան:
Գրիգոր Գարակէօզեան 1870 թուականէն ի վեր Մարմնական Երեսփոխան անդամութեան, Պէյօղլու Սուրբ Երրորդութեան եկեղեցւոյ Կալուածներու Յանձնախումբի գանձապահութեան և «Պետութեան» Կեդրոնական Պարտքերու Յանձնախումբի անդամութեան օժանդակեց: Գրիգոր Գարակէօզեանին բուն արհեստը ոսկերչութիւն էր: Ան, երկար տարիներ զինուորական բանակին և Ծովային Նախարարութեան ծառայելուն պատճառաւ պետութեան կողմէ կարգ մը շքանշաններով մեծարուեցաւ:
Կարապետ Գարակէօզեան, Պէյօղլու Սուրբ Երրորդութեան եկեղեցւոյ Կալուածներու Յանձնախումբի և Պարտքերու Յանձնախումբի անդամութիւններէ զատ, Ընդհանուր Խորհրդարանի երրորդ նախարարութիւն, Գաւառ Յանձնախումբի և Մարմնական Խորհրդարանի անդամութեան պաշտօններու մէջ ալ ծառայեց: Գարակէօզեան եղբայրներէն Բիւզանդ, Գրիգոր և Տիգրան չամուսնացան: Նազարէթը ամուսնացաւ և Թագւոր, Եդուարդ, Ազնիւ, Արամ անուն չորս զաւակ ունեցաւ: Թագւոր Գարակէօզեան, Պէրպէրեան Վարժարան յաճախած է: Ան, իր եղբայրը Եդուարդին հետ միասին դրամատուն մը հիմնեցին:
Թագւոր Գարակէօզեան, 1894 թուականին Էսաեան Վարժարանի Ուսման Յանձնախումբի անդամութեան և 1895 թուականին Պէյօղլու Հայ Եկեղեցիներու Վարչութեան Կազմի գանձապահութեան ընտրուեցաւ:
Եդուարդ Գարակէօզեան, Ռոպերթ Քոլէճի մէջ իր զարգացումը ամբողջացնելէ վերջ ոսկերչութեան արհեստը ընտրեց: Ան, Կեդրոնական Վարժարանի Հաստատութեան Վարչութեան Կազմի անդամներէն եղաւ: Ան, Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Պոլսոյ ճիւղին ատենապետութեան պաշտօնավարեց: Գարակէօզեան ընտանիքին կտակը իրականացնելու համար, Գարակէօզեան Որբանոցին Հիմնարկութեան թուականէն սկսելով՝ Որբանոցին հիմնադիր, ժառանգութեան յանձնաժողովի և Հիմնարկի վարչութեան պաշտօնավարեց:
Արամ Գարակէօզեան, ուսումնասիրութեան և լեզուաբանութեան մասին յօդուածներ կը գրէր: Ան, ընտանիքին բոլոր անդամներուն նման առեւտուրի մէջ շատ յաջողեցաւ: Արամ Գարակէօզեան, Գալֆաեան Որբանոցին Խնամակալներէն էր:
Կարապետ Գարակէօզեան, Սրբուհի Փափազեանի հետ ամուսնացաւ: Անոնք, Արշակ և Միհրան անուն երկու զաւակ ունեցան: Արշակ, Ռոպերթ Քոլէճ յաճախեցաւ: Սանասարեան Հիմնարկի գանձապահութեան, Մարմնական Երեսփոխան անդամութեան, Սուրբ Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցին Վարչութեան Յանձնախումբի ատենադպրութեան և Հայկական Բարեգործական Ըմդհանուր Միութեան Վարչութեան Յանձնախումբի Ատենապետութեան պաշտօնավարեց:
Միհրան Գարակէօզեան, տասնըչորս տարեկան մեռած տղուն յիշատակին 1922 թուականին «Հաուըրտ Գարակէօզեան Հօմ»ը կազմակերպեց: Այս Հիմնարկութիւնը աւելի վերջ Ֆրանսա փոխադրուեցաւ: Միհրան Գարակէօզեան, Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Վարչութեան Յանձնախումբի գանձապահութեան պաշտօնավարեց:
Գարակէօզեան եղբայրներու ամենափոքրը Յովսէփ Աղան Աղաւնի Անդրէասեանի հետ ամուսնացաւ և չորս զաւակ ունեցաւ: Անոնց չորս զաւակէն Սարգիս Գարակէօզեանը, Գալֆաեան Որբանոցին Խնամակալութեան անդամ և Գարակէօզեան Որբանոցին Վարչութեան Յանձնախումբի պատուակալ անդամութեան պաշտօնավարեց:
Բիւզանդ Գարակէօզեանին երիտասարդ մահը, ընտանիքը կը տխրեցնէ: Նազարէթ, Կարապետ, Գրիգոր, Յովսէփ և Տիգրան Գարակէօզեան եղբայրներ Բիւզանդի յիշատակին, ընտանիքին ժառանգութեան՝ անոր բաժինով արհեստանոց մը բանալու որոշում տուին:
1874 թուականին, երջանկայիշատակ Ներսէս Բ Պոլսեցի Վարժապետեան Պատրիարք Հօր օգնութիւններով պէտք եղած բոլոր գործերը կարգադրեցին: Թաքսիմի հին Հայոց Գերեզմանատան մէջ, արհեստանոցին հողը յատկացնելու համար արտօնութիւն առին:
Այս միջոցին, Կարապետ և Նազարէթ Գարակէօզեան եղբայրներ յաջորդաբար մեռան: Այդ պատճառաւ արհեստանոցին հիմնարկութիւնը ուշացաւ: Դէպքը երկարաձգուեցաւ: Աւելի վերջ Տիգրան Գարակէօզեանի մահով «1896» այս արհեստանոցի խնդիրը դարձեալ յիշուեցաւ: Իրաւագէտ Յակոբ Յակոբեանի կողմէ, երջանկայիշատակ Մատթէոս Գ Պոլսեցի Իզմիրլեան «1894» Պատրիարք Հօր կտակագիր մը կը մատուցուի: Այս կտակագիրը, Տիգրան Գարակէօզեանը ողջ եղած ժամանակ պատրաստած էր: Ամբողջութեամբ գաղտնի պահուած վկայագիրով մը այս դէպքը դարձեալ յիշուեցաւ:
Տիգրան Գարակէօզեան, իր սեփական՝ դրամական հարստութեան մէկ մասը այս արհեստանոցին հիմնարկութեան և ապագային համար նուիրեց: Երկար ժողովներէ վերջ, ոչ թէ արհեստանոց այլ որբանոց մը հիմնելու որոշում առնուեցաւ:
Որբանոցը, կամ Ետիգուլէ Սուրբ Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցի հողերուն վրայ կամ թէ Սկիւտարի Պալեան Հիմնարկին պատկանող հողերուն վրայ շինել որոշեցին: Այս որբանոցը, Սուրբ Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցի որբանոցին շարունակութիւնն է: Վերջապէս, հիւանդանոցի մը համար շինուած շէնք մը գնեցին: Որբանոցին այս շէնքը կը գտնուի՝ Շիշլի, Ապիտէ-ի Հիւրրիյէթ Պողոտա, թիւ 228/1:
Տիգրան Գարակէօզեան Որբանոցին կառոյցը 1913 թուականին վերջացաւ: Որբանոցը, ընտանիքին անունով յիշուող ամենակարեւոր մնայուն երկն է: Որբանոցը բացուեցաւ՝ 1913 թուականին Սուրբ Փրկիչ Հիւանդանոցին մէջ գտնուող, Սուրբ Յակոբ Որբանոցէն եկած հարիւրէ աւելի որբերով: Այդ պատճառաւ ալ Գարակէօզեան Որբանոցը, Սուրբ Յակոբ Որբանոցին շարունակութիւնը ըլլալով կը տեսնուի: Ռուս Բժիշկ Բլէսքոֆի կողմէ հիւանդանոց ըլլալով շինուած շէնքը, ծախու առնուելէ վերջ ճարտարապետ Աւետիս և Սարգիս Փէքմէզեաններու կողմէ դպրոցական շէնքի վերածուեցաւ:
Գարակէօզեան Որբանոցը, 7/Սեպտեմբեր/1913 թուականին կրթութեան և ուսուցման սկսաւ: Իսկ պաշտօնական բացման հանդիսութիւնը կատարուեցաւ՝ 29/Նոյեմբեր/1913 թուականին:
Յարգանք՝ Գարակէօզեան ընտանիքին:
******
Իմ հոգեւոր մայրս, «Առաքինազարդ Մայրապետ Հռիփսիմէ Սասունեան» Գարակէօզեան Որբանոցի մասին սապէս յիշատակ մը կը պատմէր:
Գարակէօզեան Որբանոցը 1913 թուականին հիմնուելէ և ուսուցման սկսելէ վերջ, Որբանոցին Խնամակալները Գալֆաեան Որբանոց կ'այցելեն:
Անոնք, Առաքինազարդ Քրիստինէ Մայրապետ Փափազեանէն «1902-1919», կ'ուզեն երկու Քոյր, որպէսզի Գարակէօզեան Որբանոցի որբուկները հոգան:
Առաքինազարդ Մայրը այս խնդրանքը անմիջապէս կ'ընդունի և Քոյրերը ժամանակամիջոց մը կը հոգան Գարակէօզեան Որբանոցի որբուկները:
Յարգանք՝ մեր ազգին ծառայող բոլոր մայրապետներուն և քոյրերուն:
Աստուած Անոնց Հոգիները Թող Լուսաւորէ:
Գարակէօզեան Ընտանիքին պատմութեան աղբիւրն է «ՄԻՆԻ ՏԷՎ»: Թարգմանեց՝ Շուշան Գորտոնճիեան
22-Յունիս-2011 Չորեքշաբթի
Իսթանպուլ