Monday, April 4, 2011
ՄԵԾ ՊԱՀՔԻ ՄԱՍԻՆ
ԲՈՒՆ ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆ:
Բարեկենդաններուն գլխաւորն և իսկապէս բարեկենդան կը նկատուի՝ Մեծ Պահքը յառաջող վերջին ուտիքի կիրակին, որուն կը յաջորդէ Մեծ Պահքը: Այդ կիրակի օրը Զատիկէն եօթը շաբաթ յառաջ է: Այժմ սովորութիւն է և սովորութիւնն ալ նոր չէ, որ ոչ թէ միայն Բուն Բարեկենդանի կիրակին, այլ և բովանդակ անոր նախընթաց եօթնեակն ամբողջովին բարեկենդան կը նկատուի և բարեկենդանի շաբաթ կը կոչուի:
*****
ՄԵԾ ՊԱՀՔ:
Եկեղեցւոյ օրինադրած պահքերուն ամենէն երկարը Մեծ Պահք անունն առած է: Բուն Բարեկենդանի յաջորդ երկուշաբթիէն սկսեալ մինչեւ Աւագ Շաբաթ օր կը տեւէ 48 օր շարունակ, կամ եօթը եօթնեակներու միջոց: Մեծ Պահքին այժմեան իմացուած կերակուրներու պահքէն զատ ծոմ ալ պիտի պահուի՝ շաբաթ ու կիրակի օրերէն զատ: Լուսաւորչի Մուտն ի վիրապի տօնին բաց պատարագը Սիմէոն Կաթողիկոսի կարգադրութեամբ սկսած է... Մեծ Պահոց յատկանիշներն են վարագոյրին փակ մնալը -որով բոլոր ժողովուրդը իբր ապաշխարող կը նկատուի, գոց պատարագը- որով ժամաւորները հին ժամանակի արտաքին գաւթի մէջ ապաշխարողներուն կը հաւասարին և Արեւագալի, Ճաշու և Խաղաղականի յատուկ երգերը- որոնք կերպով մը պատարագի հանդիսութեան տեղը բռնած կ'ըլլան:
*****
ԾՈՄ:
Եկեղեցւոյ նախնական սովորութեան մէջ պահք կոչուածը կերակուր չուտելն էր, հետեւաբար կ'իմացուէր ինչ որ այժմ մենք կ'իմանանք ծոմ բառով: Իսկ երբ բոլորովին անօթի մնալ չկրցողներու ներուեցաւ թեթեւ և չկշտացնող բանջարեղէն ուտել՝ առանց պահեցողութիւնը աւրուած սեպելու, պահք բառին իմաստը սեպհականուեցաւ մսեղէն ու կենդանական կերակուրներէ զգուշանալով՝ բուսեղէններով շատանալու և ծոմ բառը գործածուեցաւ առանց ուտելու պահեցողութեան: Եկեղեցւոյ մէջ պահքէն զատ ծոմ ալ կը պահուի Առաջաւորաց հինգ օրերուն և Մեծ Պահքի իւրաքանչիւր եօթնեկին առաջին հինգ օրերուն, «ներառեալ Աւագ Ուրբաթն ու Աւագ Շաբաթը՝ մինչեւ Ճրագալոյցի պատարագի աւարտին» շաբաթ ու կիրակի օրերէն զատ, իսկ մնացեալ բոլոր պահքերը ծոմ չունին: Ծոմ պահելու օրերը պատարագ մատուցանելն ալ կը խափանուի:
Պահք բառին ճիշդ իմաստն է զգուշանալ, ինքզինքը բանէ մը զրկել, ժուժկալել և առաջին ժամանակներու և Հին Կտակարանի ու Աւետարանի մէջ պահքը կը նշանակէր պարզապէս կերակուրէ զգուշանալ, չուտել, ծոմ բռնել: Պողոս Առաքեալին թոյլտւութիւնը, որ բոլորովին անսուաղ կենալ չկրցող տկարը կարենայ քիչ մը բանջար ուտել (Հռոմ. 14.2), որ է կատարեալ սնունդ չտուող կերակուր մը, սկսաւ կամաց-կամաց ընդարձակուիլ և թեթեւ կերակուրներով սնանիլը սկսաւ պահք կոչուիլ և պահքն եղաւ կերակուրներու տեսակին վրայ հիմնուած ժուժկալութիւն մը: Առաջ միայն բանջարեղէնները ներուեցան, յետոյ ընդեղէնք, վերջապէս բուսականներէ քամուած հիւթը, ինչպէս ձէթ... եւայլն: Մեր եկեղեցին այժմ պահքին սահման դրած է բուսական արտադրութիւնները, միակ ու բացառիկ յաւելուած ընդունելով մեղրը՝ որ կենդանական կիթ մըն է:
*****
ԱՐՏԱՔՍՄԱՆ ԿԻՐԱԿԻ:
Մեծ Պահոց կիրակիներէն իւրաքանչիւրը խորհրդաւոր անուն մը կը կրէ՝ օրուան աւետարաններէն առնուած: Երկրորդ կիրակին տեղ-տեղ կը գտնենք Արտաքսման անունով կոչուած, որ և կը հաստատուի Ներսէս Շնորհալիի գրած շարականին իմաստէն: Արդէն գիտենք թէ Բուն Բարեկենդանին, այսինքն Մեծ Պահոց առաջին կիրակին, կը յիշատակուի նախամարդոց Դրախտի կեանքը, ըստ այսմ երկրորդ կիրակին ալ Դրախտէ արտաքսուիլը կը յիշատակուի:
ՄԱՂԱՔԻԱ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՕՐՄԱՆԵԱՆ
«ԾԻՍԱԿԱՆ ԲԱՌԱՐԱՆ»
ԻՆՉՊԷ՞Ս ՊԱՀԵԼ
«Ինչո՞ւ մենք պահեցողութիւն կ'ընենք ու դուն չես տեսներ. Կը խոնարհեցնենք մեր անձերը ու դուն լուր չես ունենար»:
Աստուած կը պատասխանէ.
«Որովհետեւ ձեր պահքի օրերուն դուք ձեր անձնական կամքին միայն կը ծառայէք»:
«Ձեր ձեռքին տակ գտնուած ստորադասներուն բիրտ վերաբերմունք ցոյց կուտաք»:
«Ձեր պահեցողութիւնը կ'առաջնորդէ ձեզ հակառակութեանց և կռիւներուն կը ծեծէք խեղճերը»:
«Ի՞նչ պէտք ունիմ ես այդպիսի պահքերու: Երբ ինծի կը ներկայանաք ձեր ձայնը ինծի լսելի դարձնելու համար. անշուշտ թէ պիտի չլսեմ ձեզի»:
«Այդպիսի պահք չէ իմ ուզածս և ոչ ալ այդպիսի օր երբ մարդ ինքզինքը կը խոնարհեցնէ, որովհետեւ եթէ քու պարանոցդ խոնարհեցնես եղէզի պէս ու քուրձ հագնիս և մոխիր տարածես քու ներքեւըդ, այդ ալ պահք չեմ կոչեր ես, ոչ ալ ընդունելի օր, կըսէ Տէրը: Այլ այս է իմ ուզած պահքս.
-Անարդարութեան կնճիռը քակէ:
-Վաճառքի ատեն գործադրուած խարդախութեանց վերջ տուր:
-Նեղութեան և բռնութեան մատնուածները ազատէ:
-Անիրաւ մուրհակները պատռէ:
-Հացդ բրդէ անօթիներուն:
-Անտուն մնացած աղքատները տունդ տար:
-Եթէ ցնցոտիներով մէկու մը հանդիպիս հագուեցուր զայն:
-Այն ատեն քու լոյսդ արշալոյսի պէս պիտի ծագի:
-Առողջութիւնը շուտով պիտի հասնի քեզի:
-Արդարութիւնը քու առջեւէդ պիտի քալէ:
-Եւ Աստուծոյ Փառքը քեզ պիտի շրջապատէ:
-Այն ատեն Աստուծոյ պիտի կանչես ու Ան պիտի լսէ քեզի:
-Մինչ դուն կը խօսիս, Ան պիտի ըսէ. «Հոս եմ ես»:
-Եթէ հեռացնես քեզմէ անարդարութիւնը.
-Ու եթէ սպառնական մատդ ետ քաշես.
-Ու վերջ տաս տրտունջի խօսքերուդ.
-Եթէ հացդ սիրայօժար անօթիներուն տաս.
-Եթէ կարօտեալները կշտացնես.
-Այն ատեն լոյսդ պիտի ծագի խաւարի մէջ:
-Եւ Աստուած միշտ քեզ հետ պիտի ըլլայ.
-Ու անձդ իր փափաքներուն պիտի տիրանայ.
-Եւ ոսկորներդ պիտի զուարթանան.
-Եւ դուն ջրալից պարտէզի մը պէս պիտի ըլլաս.
-Աղբիւրի մը պէս ուրկէ ջուրը չպակսիր:
ԵՍ. ԾԸ. 3-11
Քաղեց՝ Շուշան Գորտոնճիեան
4-Ապրիլ-2011 Երկուշաբթի
Իսթանպուլ