Wednesday, December 24, 2008

ԿԱՏՈՒՆ և ԻՐ ՁԱԳԵՐԸ





Կը պատմեն, թէ կատուն իր ձագերուն ուղիղ քալել կը սորվեցնէր, բայց ինքը ծուռ կը քալէր: Ձագերը, իրենց մայրը օրինակ կ'առնէին ու անոր նման կը քալէին:
Երբ մայրը պատժելու սպառնալիքով անոնց ստիպեց ուղիղ քալել, ձագերը ըսին.
-Մենք քեզ օրինակ կ'առնենք: Դուն ինչպէս որ կը քալես, մենք ալ նոյնպէս կը քալենք:
Մայր մը իր զաւակներուն ուղեցոյցն է: Զաւակի մը իրականութիւններ միմիայն խրատականներով բացատրել բաւարար չէ: Պէտք է մայրն ալ իր խրատածը գործադրէ:
Տղան, մօրը հայելին է:
Մայր մը, միմիայն այս թանկագին հայելին դիտելով, իր գեղեցկութիւնը կրնայ տեսնել:
Մայր կատու, քու ձագերդ որքա՜ն խելացի են: Անոնք ըսին.
-Դուն ինչպէս որ կը քալես, մենք ալ նոյնպէս կը քալենք:

Շուշան Գորտոնճիեան
20-Դեկտեմբեր-2008 Շաբաթ
Իսթանպուլ

Wednesday, December 17, 2008

Ո՞Վ ՍՈՐՎԵՑՈՒՑ




Առիւծը, գայլն ու աղուէսը լաւ բարեկամներ են:

Օր մը որսէ վերադարձան՝ խոյ մը, ոչխար մը ու գառնուկ մը որսած:

Առիւծը, գայլը փորձելու համար ըսաւ.

-Որսը մեր մէջ բաժնէ:

Գայլը պատասխանեց.


-Ո՛վ թագաւոր, թող Աստուած մեր մէջ բաժնէ: Ես, խոյը քեզի, ոչխարը ինծի, գառնուկն ալ աղուէսին տալու ձեւով բաժնել կը մտածեմ:

Առիւծը զարմացաւ և գայլին գլխուն զարկաւ: Այնպէս մը զարկաւ, որ անոր աչքերը դուրս ինկան: Գայլը նստաւ ու լալ սկսաւ:

Առիւծը, աղուէսին դարձաւ ու ըսաւ.


-Այս կենդանիները մեր մէջ բաժնէ:
Աղուէսը սապէս պատասխանեց.
-Ո՛վ թագաւոր, թող Աստուած մեր մէջ բաժնէ: Խոյը քեզ նախաճաշ, ոչխարը քեզ ցերեկուայ ճաշ, գառնուկն ալ երեկոյեան կերակուրդ թող ըլլայ: Ես այսպէս բաժնել կը մտածեմ:
Առիւծը քմծիծաղով աղուէսին հարցուց.
-Օ՛ ողորմելի, ո՞վ քեզ այսպէս ճիշդ բաժնել սորվեցուց:
Աղուէսը պատասխանեց.
-Գայլին դուրս ինկած աչքերը:
''Այս աշխարհը զօրաւորներու աշխարհն է'' կ'ըսուի: Որքա՛ն ճիշդ է:

Շուշան Գորտոնճիեան
16-Դեկտեմբեր-2008 Երեքշաբթի
Իսթանպուլ

Monday, December 15, 2008

ՊԱՏԵՐԱԶՄԻՆ ՊԱՏՃԱՌԸ






Մարդ մը իր խանութին մէջ մեղր կը ծախէր:
Օր մը կաթիլ մը մեղր գետին ինկաւ: Մեղու մը եկաւ ու այդ կաթիլին վրայ թռչիլ սկսաւ: Խանութպանին կատուն մտածեց.
-Պէտք չէ որ այդ կաթիլ մը մեղրը մեղուին կերցնեմ:
Անմիջապէս վրան յարձակեցաւ ու բռնեց: Այս դէպքը շուն մը տեսաւ և կատուն խեղդեց: Խանութպանն ալ շունը սպաննեց: Շունը դրացի գիւղէն էր: Շան տէրը երբ լսեց, եկաւ ու խանութպանը սպաննեց: Երբ երկու գիւղերու բնակիչները այս դէպքը իմացան, իրարու դէմ պատերազմիլ սկսան: Այնպէս մը պատերազմեցան, որ միմիայն մէկ հոգի ողջ մնաց:
Պատերազմին պատճառը կաթիլ մը մեղր էր:
Այս առակը մեզի ցոյց կուտայ, թէ աննշան, անկարեւոր բաներու համար կը պատերազմինք:
Եկէք, քիչ մը մտածենք:
Երբ կը ծնինք՝ թագաւորական պալատի մը մէջ, կամ ամենախեղճուկ խրճիթի մը երդիքին տակ, կը ծնինք բոլորովին մերկ: Մեր կարճատեւ կեանքի վերջաւորութեան միայն այն բաները կը ձքենք, որ ըրած ենք իրարու:
Եկէք, բարիք ընելու առիթ ստեղծենք: Այս աշխարը իր տէրը ունի եւ այդ տէրը Աստուած է: Ան միշտ ուշադիր կը հսկէ հոս ապրողներուն վրայ: Կեանքը շատ կարճ է եւ ով որ օրը գայ ու մեկնի հոսկէ, իր ըրածը կը մնայ ետին՝ լաւ կամ գէշ...
Կաթիլ մը մեղրի համար աշխատէ, շահէ ու երջանկացիր, բայց առանց ուրիշներու երջանկութեան ու խաղաղութեան ընթացքը փոխելու:

Շուշան Գորտոնճիեան
7- Դեկտեմբեր- 2008 Կիրակի
Իսթանպուլ

Thursday, December 4, 2008

ԱՐԱԳԻԼՆԵՐՆ ՈՒ ԿՐԻԱՆ




Լճակի մը եզերք կրիայ մը ու երկու արագիլներ կ'ապրէին: Անոնք մտերիմ ընկերներ էին: Միասին ուրախ ու երջանիկ օրեր կ'անցնէին:
Օր մը անձրեւները դադրեցան եւ երկիրը սով ու երաշտ պատահեցաւ: Արեւու ճառագայթները փոքրիկ լիճը կամաց կամաց ցամաքացուցին:
Երբ արագիլները այդ բոլորը տեսան, որոշեցին ուրիշ երկիր գաղթել:
Կրիային մօտ երթալով ըսին.
-Թէեւ մեզի համար քեզմէ բաժնուիլը շատ դժուար է, սակայն փրկուելու համար ուրիշ ճար չունինք:
Կրիան տխուր տխուր պատասխանեց.
-Սիրելի՛ բարեկամներ, դուք շատ լաւ գիտէք, թէ ես ձեզմէ աւելի ջրի պահանջ ունիմ: Եթէ այս լճակը բոլորովին ցամքի, վստահ եմ որ ես կը մեռնիմ: Սակայն ձեր կարօտը զիս աւելի շուտ կը մեռցնէ: Խնդրեմ ճար մը գտէք եւ զիս ալ ձեզի հետ տարէք:
Արագիլները ըսին.
-Կ'ուզէինք քեզ ալ մեր հետ տանիլ: Բայց մենք քեզ շատ լաւ կը ճանչնանք: Դուն երբեք ընկերներուդ խրատները լուրջօրէն մտիկ չես ըներ:
-Ես սիրով ձեր ըսածներուն կ'ենթարկուիմ, խոստացաւ կրիան:
Արագիլները վերջապէս համոզուեցան: Փայտէ կտոր մը գտնելով կրիային մօտ եկան ու ըսին.
-Դուն այս փայտին մէջտեղը բերնովդ պիտի բռնես: Մենք ալ երկու ծայրերը պիտի բռնենք: Այսպէսով երեքս միասին պիտի թռչինք: Մեզ տեսնողներ պիտի ըլլան, հարցումներ պիտի հարցնեն, չ'ըլլայ որ բերանդ բանաս ու անոնց պատասխանես:
Կրիան համաձայնեցաւ: Բերնովը ամուր բռնեց փայտի կտորը եւ միասնաբար օդ բարձրացան:
Անոնք թռչելով գիւղերու եւ քաղաքներու վրայէն անցան: Թռչող կրիային տեսնող մարդիկ բացագանչեցին.
-Այս ի՞նչ ժամանակներու հասանք, կրիաներն ալ կը թռչին:
Այս բոլոր բացագանչութիւնները կրիան լսեց, սակայն լուռ մնաց ու պատասխան չտուաւ: Ի վերջոյ չդիմացաւ եւ պատասխանելու համար բերանը բացաւ.
-Լաւ կ'ընեմ: Դուք ձեր աչքերուն չէք հաւատար...
Բայց դեռ խօսքը չէր վերջացուցած, սկսաւ վար իյնալ: Արագիլները ցաւով դիտեցին կրիային մահը եւ մտածեցին:
-Բարի խրատներ տալ ընկերոջ պարտականութիւնն է: Սակայն, աւա՛ղ, միայն իմաստուններն են, որ այդ խրատները մտիկ կ'ընեն:

Շուշան Գորտոնճիեան
1-Դեկտեմբեր-2008 Երկուշաբթի
Իսթանպուլ

Wednesday, November 19, 2008

ՄԻԱՄԻՏՆ ՈՒ ԽՈՐԱՄԱՆԿԸ




Անցեալին երկու վաճառականներ կային, մին խորամանկ ու ճարպիկ էր, միւսը՝ միամիտ ու բարի:
Օր մը ճամբորդութեան ընդացքին, ճամբան սնտուկ մը ոսկի գտան:
Միամիտը առաջարկեց սնտուկի պարունակութիւնը կիսել: Սակայն խորամանկը առարկեց ու ըսաւ.
-Պէտք չէ որ ոսկին կիսենք: Մեր ծախսերուն համար մէջէն քիչ մը առնենք, յետոյ ալ մնացածը ապահով տեղ մը պահենք:
Միամիտը համաձայնեցաւ: Քիչ մը ոսկի վերցուցին ու մնացածը ծառի մը տակ թաղեցին: Յաջորդ օր խորամանկը սնտուկը ծառին տակէն հանելով տուն տարաւ:
Օր մը միամիտը դրամի կարիք ունեցաւ: Ընկերոջը մօտ գնաց ու ըսաւ.
-Եկուր սնտուկէն քիչ մը ոսկի առնենք: Դրամի պէտք ունիմ:
Գացին ծառին մօտ, սկսան հողը փորել, սակայն սնտուկը չգտան: Խորամանկը աղմուկ - աղաղակ բարձրացուց, զայրացած ընկերոջ վրայ յարձակեցաւ:
-Հաստատ, ոսկիները դուն գողցած ես: Մեզմէ զատ ոչ-ոք ոսկիներուն տեղը չէր գիտեր:
Խեղճ միամիտը երդումներ ըրաւ, թէ ինք անտեղեակ է: Բայց անօգուտ: Ի վերջոյ, խորամանկը դատարան դիմեց:
-Ո՞վ կը հաստատէ, թէ ընկերդ ոսկին գողցած է: Վկայ ունի՞ս:
Հարց տուաւ դատաւորը:
-Այն ծառը, որուն տակ սնտուկը թաղած էինք, այդ մասին կրնայ վկայել:
Պատասխանեց խորամանկը:
Դատաւորը զարմացաւ: Երկար ու երկար զրուցելէ յետոյ որոշեց յաջորդ օր երթալ և ծառին վկայութիւնը լսել:
Խորամանկը տուն վազեց ու իր հօր մօտ նստելով ըսաւ.
-Եթէ ինձ օգնես և իմ ըսածները կատարես, մենք կը հարստանանք:
Հայրը շուարեցաւ և իր տղուն ըսածները չհասկցաւ: Խորամանկը վազեց իր սենեակը ու սնտուկ մը ոսկին իր հօրը առջեւ թափելով ըսաւ:
-Տես', այս հարստութիւնը մերը պիտի ըլլայ:
-Իսկ ես ի՞նչ պէտք է ընեմ:
Հարց տուաւ հայրը:
Խորամանկը պատասխանեց.
-Ծառը, ուր ոսկիները պահած էինք, մեծ խոռոչ մը ունի: Դուն գիշերը կ'երթաս ու այդ խոռոչին մէջ կը պահուըտիս: Ծառին վկայութիւնը լսելու համար, վաղը դատաւորը հոն պիտի գայ: Դուն պիտի ըսես. «Այո՝, ես ինքս տեսայ, որ այդ մարդը եկաւ ու ոսկիները առաւ»:
Ծերունին իր տղուն խրատեց հեռու մնալ այդպիսի անազնիւ գործէ, ու ըսաւ, թէ խարդախը ինքն է և փորձանքի մէջ իյնալով կրնայ խայտառակուիլ: Սակայն որդին իր հօր խրատները մտիկ չըրաւ ու ըսաւ.
-Հայրիկ, մենք քիչ տանջանքով մեծ գործ մը պիտի կարգադրենք: Երջանիկ ու հանգիստ կեանք մը պիտի ապրինք:
Ի վերջոյ հայրական սէրն ու ոսկիի փայլը ծերունիին աչքը կուրացուցին: Որոշեց իր զաւկին օգնել:
Հետեւեալ օր դատաւորը, խումբ մը անձերով ծառին մօտ եկաւ: Ծառին հետ խօսիլ սկսաւ: Նախ մատովը միամիտ վաճառականը ցոյց տուաւ ու հարցուց.
-Ծառ, այս մարդը սնտուկը գողցա՞ւ: Դուն այսպէս բան մը տեսա՞ր:
Յանկարծ ծառը խօսիլ սկսաւ.
-Այո', այս մարդը օր մը հոս եկաւ, մտահոգ վիճակով հողը փորեց ու սնտուկը առաւ:
Դատաւորը ապշեցաւ: Մտածեց. «Ծառը չի խօսիր, ասոնք խորամանկութիւն կ'ընեն»:
Ծառին մօտեցաւ, քիչ մը գննելէ յետոյ հրամայեց, ծառը այրել:
Խեղճ ծերունին կեանքը փրկելու համար ծառին խոռոչէն դուրս ելաւ: Յետոյ գլխիկոր ու ամօթահար կանգնեցաւ դատաւորին առջեւ:
Ըսաւ.
-Այս մարդը անմեղ է: Իմ որդիս խարդախ մըն է: Բոլորս խաբեց, որպէսզի սնտուկ մը ոսկիին տիրանայ:
Այս խոստովանութենէն յետոյ, ծերունին, ամօթէն և իր որդւոյն խայտառակութեան չդիմանալով հոգին աւանդեց:
Դատաւորը հրամայեց խորամանկը մտրակահարելու տանչել:
Հետեւեալ օր ան, որ ինքզինք ճարպիկ ու խելացի կը համարէր, իր հօր անշունչ մարմինը շալկած տուն վերադարձաւ:
«Խայտառակ ըլլալու արժանի են բոլոր անոնք, որոնք կը դաւաճանեն իրենց հաւատարիմ ընկերոջ»:

Շուշան Գորտոնճիեան
10-Նոյեմբեր-2008 Երկուշաբթի
Իսթանպուլ

Monday, June 16, 2008

ԾՈՎԱՍՏՂ




Գիշեր մը ծովուն վրայ մեծ փոթորիկ ելած էր եւ ձկնորսները ետ չէին վերադարձած: Անոնց ընտանիքները ծովեզերքը հաւաքուած էին: Յոյս ունէին, թէ իրենց ամուսինները, եղբայրները, հայրերը, կամ ազգականները պիտի վերադառնան: Բոլորը միասնաբար կ'աղօթէին, որպէսզի անոնք վերադառնան:


Ծովեզերքը իրարանցում մը կար: Մարդիկ աջ ու ձավ կը վազվզէին, զիրար կը մխիթարէին: Այսպէսով ժամեր անցան: Սակայն ոչ լուր, ոչ ալ վերադարձող կար: Գիշերուայ փոթորիկը հազարաւոր ծովաստղեր ծովեզերքի աւազին վրայ նետած էր:

Այդ միջոցին տասը տարեկան տղայ մը ծովաստղերը մէկ մէկ ծով կը նետէր:Երբ ծերուկ մը տղուն ըրածը տեսաւ, քովը մօտեցաւ ու հարցուց.

-Դուն այստեղ ի՞նչ կ'ընես:

-Պապիկ, այս ծովաստղերը ազատելու համար զանոնք ծով կը նետեմ:

Ծերուկը քմծիծաղով պատասխանեց.

Ելի'ր, տունդ գնա': Այս հազարաւոր ծովաստղերուն ո՞ր մէկը պիտի ազատես:

Փոքրիկ տղան ծռեցաւ, ծովաստղ մը բռնեց ու իր բոլոր ուժովը զայն ամենահեռուները, ծովուն խորունկը նետելէ յետոյ ծերունիին դառնալով ըսաւ.



Տեսա՞ր, ահա' այս մէկը ազատեցի:




Երբ համայնքային հաստատութիւններէ ներս ժողովներ կը գումարուին կամ միութեան մը մէջ հանդիսութիւն տեղի կ'ունենայ, դժբախտաբար բնաւ հայերէն չի խօսուիր: Ոչ թէ փողոցը կամ հասարակած վայրերու մէջ բայց մեր համայնքային հաւաքոյթներու ընթացքին հայերէն խօսելու վարժութիւնը պէտք է ձեռք բերենք:Այս կացութիւնը հայախօսերուս մտահոգութիւն կը պատճառէ:

Հինգ տարի առաջ որոշում մը առի: Մեր համայնքային հաստատութիւններէն մէկուն մէջ հայերէն դասաւանդել ուզեցի: Վերջապէս յաջողեցայ: Հայերէն խօսիլ, կարդալ ու գրել չգիտցող երիտասարդներու դասաւանդել սկսայ: Չգիտցողը շատ է, բայց իմ աշակերտներս քիչ են:

Քանի մը ամիս առաջ բարեկամս այցելութեան եկած էր: Մտերիմ խօսակցութեան մը ընթացքին հարցուց.

-Դո՞ւն Պեզճեան Սանուց Միութեան մէջ հայերէն կը դասաւանդես:

-Այո', ըսի:

Հարցուց.

-Աշակերտներդ քանի՞ հոգի են:

Պատասխանեցի.

-Տասը հոգի են:

Զայրացած, երեսս նայելով սապէս ըսաւ:

-Դո՞ւն տասը հոգիի համար է որ միութիւն կ'երթաս: Կարժէ՞ այսքան քիչ հոգիի դասաւանդել: Դուն ո՞ր մէկը պիտի փրկես: Ես յուսահատ եմ:

Բարեկամիս պատասխանեցի.

-Այո', ես տասը հոգիի համար հոն կ'երթամ: Բայց ոչ թէ տասը հոգի, եթէ նոյնիսկ մէկ հոգի ալ հայերէն սորվելու փափաքը ուենայ ես դարձեալ հոն պիտի երթամ: Որովհետեւ այդ մէկ հոգին պիտի փրկեմ: Անոր մեր ոսկեղնիկ տառերը եւ հայերէն լեզուն պիտի սորվեցնեմ:

Կարժէ', կարժէ': Կը հաւատամ որ սրբազան գործ մը կ'ընեմ:



Այո', սիրելիներ: Եթէ անձ մը իր մայրենի լեզուն սորվելու փափաքը ունի, ինչո՞ւ չարժէ: Վերի պատմութիւնը, որպէս օրինակ, բարեկամիս պատմեցի:

Այսօր իմ տասը երիտասարդներս ''Տէրունական Աղօթքը'' գիտեն: Այսօր իմ երիտասարդներս մեր ոսկեղնիկ տառերուն ծանօթացած են: Այսօր իմ երիտասարդներս գրել, կարդալ ու խօսիլ սորված են:

Միթէ ասկէ աւելի մեծ երջանկութիւն կրնայ ըլլա՞լ: Ձեզի չեմ գիտեր, սակայն ինծի համար չկայ:

Սուրբ Գրքին մէջ Աստուծոյ խօսքը կ'ըսէ.

''Քու ժառանքութիւնդ ուրիշին հետ բաժնէ'':

Այս ժառանքութիւնը մի միայն նիւթական ժառանքութիւնը չէ: Բարոյական ի՛նչ ի՛նչ ժառանքութիւններ ունինք:

Այո', մենք բոլորս ալ Աստուծոյ խօսքը յարգենք ու ամէն առիթով մեր ժառանքութիւնէն ուրիշներուն բաժին հանենք:

Ծովաստղերը ազատելու նման:




Շուշան Գորտոնճիեան

5- Մայիս- 2008 Երկուշաբթի

Իսթանպուլ

Thursday, May 8, 2008

ԵՐԿՈՒ ԸՆԿԵՐՆԵՐ




Երբ ես ու եղբայրս փոքր էինք, մեծմայրս մեզի բարին ու շիտակը սորվեցնելու նպատակով առակներ ու իմաստալից պատմութիւններ կը պատմէր:
Ահա', յիշողութեանս մէջ քանդակուած այդ պատմութիւններէն մին կ'ուզեմ ձեզի փոխանցել:

Անցեալին, հեռաւոր երկրի մը մէջ երկու մտերիմ ընկերներ կապրէին: Այս անբաժան երիտասարդները ջերմ սիրով մը իրարու կապուած էին:
Օր մը այս երիտասարդներէն մին, տագնապալից դէպքի մը պահուն ոճիր մը կը գործէ: Կը ձերբակալուի: Դատաւորութեան ընթացքին չկարենալով ինքզինքը պաշտպանել, մահուան կը դատապարտուի: Երբ երիտասարդը իր մահավճիռը կը լսէ, դատաւորին կ'աղաչէ որ քիչ մը ատեն զինք ազատ ձգէ, որպէսզի իր կարգ մը գործերը կարգադրէ:Բայց կը մերժուի ու բանտ կը տարուի: Քանի մը անգամ եւս խնդրագիր կը ներկայացնէ, սակայն ի զուր:
Երբ իր ընկերը այս կը լսէ, Արդարութեան կը ներկայանայ եւ կը խնդրէ որ զինքը բանտարկեն, մինչեւ որ ընկերը իր գործերը կարգի դնէ:
Երբ թագաւորը այս առաջարկը կը լսէ շատ կը յուզուի ու անոր կ'ըսէ.
-Դուն ճշմարիտ ասպետ մըն ես: Քու անձնուիրութիւնդ զիս հիացուց: Սակայն ի՞նչ պիտի ընենք եթէ քու ընկերդ չվերադառնայ:
Երիտասարդը դէմքը երկինք բարձրացնելով կը պատասխանէ.
-Բարեկամիս տեղ պատրաստ եմ սիրայօժար ես կախաղան ելլելու:
Այս երդման վրայ բանտարկեալ երիտասարդը կ'արձակուի:
Պայմանաժամը կը վերջանայ: Կախաղանի օրը կը հասնի, քանի մը վայրկեան ալ կ'անցնի, սակայն բանտարկեալ երիտասարդը չի գար: Անմեղ երիտասարդը պիտի կախէին:
Վեհաշուք բան մը կը տեսնուի անմեղ երիտասարդին կեցուածքին մէջ: Ան խաղաղ ու անշարժ է:
Ժողովուրդը անձկութեան մէջ, թագաւորը վրդոված...:
Յանկարծ բանտարկեալ երիտասարդը հեռուէն վազելով բազմութիւնը կը ճեղքէ ու իր ընկերոջը կողքին, ճիշդ կախաղանին դիմաց կը կայնի:
Բազմութիւնը կը սկսի խելայեղօրէն ծափահարել: Թագաւորը լալու չափ զգածուած է: Երիտասարդին կը հարցնէ.
-Մենք վախցանք թէ պիտի չգաս: Ի՞նչպէս կ'ըլլայ որ ճիշդ ատենին յօժարեցար վերադառնալ, երբ կրնայիր փախչիլ ու ազատիլ կախաղանէն:
Երիտասարդը ձեռքը կուրծքին տանելով կ'աղաղակէ.
-Օ՛, այդպէս բան չըլլար: Անկարելի էր ինծի համար անհաւատարիմ գտնուիլ մէկու մը որ պատրաստ էր իմ տեղս մեռնելու:
Այդ ի՞նչ վայրկեան... յուզումը աննկարագրելի է: Ամենուն աչքերուն մէջ արցունք կը լեցուի: Բազմութիւնը ուրախութենէն կուլայ: Թագաւորը ոտքի ելլալով կը յայտարարէ.
-Այս երկու երիտասարդին անձնուիրութիւնը ու հաւատարմութիւնը կը ստիպեն զիս ազատ արձակել երկուքն ալ:
Ժողովուրդը.
-Կեցցէ' Արքան...Կեցցէ' Արքան...
կը պոռայ եւ կը խուժէ դէպի կախաղան: Իրենց ուսերուն վրայ կ'առնեն այս երկու երիտասարդ բարեկամները: Մեծ պողոտայէն անցնելով կը սկսին ծափով ու ցնծութեամբ աղաղակել.
-Անձնուէր՝ երիտասարդին պէս, հաւատարիմ՝ երիտասարդին պէս:

Ահա', իրական կեանքէ կենդանի օրինակ մը:
Քսանեւմէկերորդ դարու մէջ այս պատմութեան առջեւ մենք, հեշտասէր, գաղջ եւ թուլամիտ հաւատացեալներս պէտք է կարմրինք ամօթով:
Պէտք է այս օրինակելի պատմուածքին առջեւ ծունկի գալ գլխիկոր ու խղճահար:
Դժբախտաբար այսօր այլեւս ոչ բարեկամութիւն, ոչ ընկերութիւն մնացած է: Մարդիկ իրարու հետ կը բարեկամանան: Այո՝, կը բարեկամանան բայց մեծամասնութիւնը կը տեսնեմ որ կեղծ բարեկամութիւն է:
Մեր բարեկամութիւնը ըլլայ ջերմ սիրով, ինչպէս Դաւիթ ու Յովնաթան:

Շուշան Գորտոնճիեան
29-Ապրիլ-2008 Երեքշաբթի
Իսթանպուլ