Wednesday, June 22, 2011

ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆ ԸՆՏԱՆԻՔ


Գարակէօզեան ընտանիքը, Պոլսոյ պատուական Հայ ընտանիքներէն մէկն է: Անոնց ընտանեկան արմատները Վանէն Պոլիս եկան: Ընտանիքին ամենահին անդամը Յովհաննէս Աղա Գարակէօզեանն է: Ան, Պոլիս հաստատուելէ վերջ կտաւի վաճառական Պետրոս Աճեմօղլուի հետ աշխատեցաւ և հարուստացաւ:
Յովհաննէս Գարակէօզեանին ինը զաւակներուն անուններն են՝ Նեկտար, Նազարէթ, Ելմոնէ, Գրիգոր, Էֆթիք, Բիւզանդ, Տիգրան, Կարապետ, Յովսէփ: Յովհաննէս Գարակէօզեանի հանրածանօթ զաւակը Տիգրան Գարակէօզեանն է:

Տիգրան Գարակէօզեան 1834 թուականին Պոլսոյ Մուսալլա թաղին մէջ ծնաւ: Գարակէօզեան ընտանիքը առեւտրական կեանքի մէջ շատ յաջող էին: Անոնք, կարճ ժամանակի մը մէջ իրենց գործը մեծցնելով միջազգային հրապարակ բացուեցան: Մէնջըսթէր, Թէպրիզի նման կարեւորագոյն տեղեր իրենց գործին պատկանող մասնաճիւղեր բացին:

Տիգրան Գարակէօզեան 1896 թուականին մեռաւ: Ան, ընկերային կեանք մը չունեցաւ, սակայն իր եղբայրները շարունակ ընկերային կեանքով մէջ մէջի ապրեցան:

Գրիգոր Գարակէօզեան 1870 թուականէն ի վեր Մարմնական Երեսփոխան անդամութեան, Պէյօղլու Սուրբ Երրորդութեան եկեղեցւոյ Կալուածներու Յանձնախումբի գանձապահութեան և «Պետութեան» Կեդրոնական Պարտքերու Յանձնախումբի անդամութեան օժանդակեց: Գրիգոր Գարակէօզեանին բուն արհեստը ոսկերչութիւն էր: Ան, երկար տարիներ զինուորական բանակին և Ծովային Նախարարութեան ծառայելուն պատճառաւ պետութեան կողմէ կարգ մը շքանշաններով մեծարուեցաւ:

Կարապետ Գարակէօզեան, Պէյօղլու Սուրբ Երրորդութեան եկեղեցւոյ Կալուածներու Յանձնախումբի և Պարտքերու Յանձնախումբի անդամութիւններէ զատ, Ընդհանուր Խորհրդարանի երրորդ նախարարութիւն, Գաւառ Յանձնախումբի և Մարմնական Խորհրդարանի անդամութեան պաշտօններու մէջ ալ ծառայեց: Գարակէօզեան եղբայրներէն Բիւզանդ, Գրիգոր և Տիգրան չամուսնացան: Նազարէթը ամուսնացաւ և Թագւոր, Եդուարդ, Ազնիւ, Արամ անուն չորս զաւակ ունեցաւ: Թագւոր Գարակէօզեան, Պէրպէրեան Վարժարան յաճախած է: Ան, իր եղբայրը Եդուարդին հետ միասին դրամատուն մը հիմնեցին:

Թագւոր Գարակէօզեան, 1894 թուականին Էսաեան Վարժարանի Ուսման Յանձնախումբի անդամութեան և 1895 թուականին Պէյօղլու Հայ Եկեղեցիներու Վարչութեան Կազմի գանձապահութեան ընտրուեցաւ:
Եդուարդ Գարակէօզեան, Ռոպերթ Քոլէճի մէջ իր զարգացումը ամբողջացնելէ վերջ ոսկերչութեան արհեստը ընտրեց: Ան, Կեդրոնական Վարժարանի Հաստատութեան Վարչութեան Կազմի անդամներէն եղաւ: Ան, Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Պոլսոյ ճիւղին ատենապետութեան պաշտօնավարեց: Գարակէօզեան ընտանիքին կտակը իրականացնելու համար, Գարակէօզեան Որբանոցին Հիմնարկութեան թուականէն սկսելով՝ Որբանոցին հիմնադիր, ժառանգութեան յանձնաժողովի և Հիմնարկի վարչութեան պաշտօնավարեց:

Արամ Գարակէօզեան, ուսումնասիրութեան և լեզուաբանութեան մասին յօդուածներ կը գրէր: Ան, ընտանիքին բոլոր անդամներուն նման առեւտուրի մէջ շատ յաջողեցաւ: Արամ Գարակէօզեան, Գալֆաեան Որբանոցին Խնամակալներէն էր:

Կարապետ Գարակէօզեան, Սրբուհի Փափազեանի հետ ամուսնացաւ: Անոնք, Արշակ և Միհրան անուն երկու զաւակ ունեցան: Արշակ, Ռոպերթ Քոլէճ յաճախեցաւ: Սանասարեան Հիմնարկի գանձապահութեան, Մարմնական Երեսփոխան անդամութեան, Սուրբ Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցին Վարչութեան Յանձնախումբի ատենադպրութեան և Հայկական Բարեգործական Ըմդհանուր Միութեան Վարչութեան Յանձնախումբի Ատենապետութեան պաշտօնավարեց:

Միհրան Գարակէօզեան, տասնըչորս տարեկան մեռած տղուն յիշատակին 1922 թուականին «Հաուըրտ Գարակէօզեան Հօմ»ը կազմակերպեց: Այս Հիմնարկութիւնը աւելի վերջ Ֆրանսա փոխադրուեցաւ: Միհրան Գարակէօզեան, Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Վարչութեան Յանձնախումբի գանձապահութեան պաշտօնավարեց:

Գարակէօզեան եղբայրներու ամենափոքրը Յովսէփ Աղան Աղաւնի Անդրէասեանի հետ ամուսնացաւ և չորս զաւակ ունեցաւ: Անոնց չորս զաւակէն Սարգիս Գարակէօզեանը, Գալֆաեան Որբանոցին Խնամակալութեան անդամ և Գարակէօզեան Որբանոցին Վարչութեան Յանձնախումբի պատուակալ անդամութեան պաշտօնավարեց:
Բիւզանդ Գարակէօզեանին երիտասարդ մահը, ընտանիքը կը տխրեցնէ: Նազարէթ, Կարապետ, Գրիգոր, Յովսէփ և Տիգրան Գարակէօզեան եղբայրներ Բիւզանդի յիշատակին, ընտանիքին ժառանգութեան՝ անոր բաժինով արհեստանոց մը բանալու որոշում տուին:

1874 թուականին, երջանկայիշատակ Ներսէս Բ Պոլսեցի Վարժապետեան Պատրիարք Հօր օգնութիւններով պէտք եղած բոլոր գործերը կարգադրեցին: Թաքսիմի հին Հայոց Գերեզմանատան մէջ, արհեստանոցին հողը յատկացնելու համար արտօնութիւն առին:


Այս միջոցին, Կարապետ և Նազարէթ Գարակէօզեան եղբայրներ յաջորդաբար մեռան: Այդ պատճառաւ արհեստանոցին հիմնարկութիւնը ուշացաւ: Դէպքը երկարաձգուեցաւ: Աւելի վերջ Տիգրան Գարակէօզեանի մահով «1896» այս արհեստանոցի խնդիրը դարձեալ յիշուեցաւ: Իրաւագէտ Յակոբ Յակոբեանի կողմէ, երջանկայիշատակ Մատթէոս Գ Պոլսեցի Իզմիրլեան «1894» Պատրիարք Հօր կտակագիր մը կը մատուցուի: Այս կտակագիրը, Տիգրան Գարակէօզեանը ողջ եղած ժամանակ պատրաստած էր: Ամբողջութեամբ գաղտնի պահուած վկայագիրով մը այս դէպքը դարձեալ յիշուեցաւ:

Տիգրան Գարակէօզեան, իր սեփական՝ դրամական հարստութեան մէկ մասը այս արհեստանոցին հիմնարկութեան և ապագային համար նուիրեց: Երկար ժողովներէ վերջ, ոչ թէ արհեստանոց այլ որբանոց մը հիմնելու որոշում առնուեցաւ:

Որբանոցը, կամ Ետիգուլէ Սուրբ Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցի հողերուն վրայ կամ թէ Սկիւտարի Պալեան Հիմնարկին պատկանող հողերուն վրայ շինել որոշեցին: Այս որբանոցը, Սուրբ Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցի որբանոցին շարունակութիւնն է: Վերջապէս, հիւանդանոցի մը համար շինուած շէնք մը գնեցին: Որբանոցին այս շէնքը կը գտնուի՝ Շիշլի, Ապիտէ-ի Հիւրրիյէթ Պողոտա, թիւ 228/1:

Տիգրան Գարակէօզեան Որբանոցին կառոյցը 1913 թուականին վերջացաւ: Որբանոցը, ընտանիքին անունով յիշուող ամենակարեւոր մնայուն երկն է: Որբանոցը բացուեցաւ՝ 1913 թուականին Սուրբ Փրկիչ Հիւանդանոցին մէջ գտնուող, Սուրբ Յակոբ Որբանոցէն եկած հարիւրէ աւելի որբերով: Այդ պատճառաւ ալ Գարակէօզեան Որբանոցը, Սուրբ Յակոբ Որբանոցին շարունակութիւնը ըլլալով կը տեսնուի: Ռուս Բժիշկ Բլէսքոֆի կողմէ հիւանդանոց ըլլալով շինուած շէնքը, ծախու առնուելէ վերջ ճարտարապետ Աւետիս և Սարգիս Փէքմէզեաններու կողմէ դպրոցական շէնքի վերածուեցաւ:

Գարակէօզեան Որբանոցը, 7/Սեպտեմբեր/1913 թուականին կրթութեան և ուսուցման սկսաւ: Իսկ պաշտօնական բացման հանդիսութիւնը կատարուեցաւ՝ 29/Նոյեմբեր/1913 թուականին:
Յարգանք՝ Գարակէօզեան ընտանիքին:


******
Իմ հոգեւոր մայրս, «Առաքինազարդ Մայրապետ Հռիփսիմէ Սասունեան» Գարակէօզեան Որբանոցի մասին սապէս յիշատակ մը կը պատմէր:
Գարակէօզեան Որբանոցը 1913 թուականին հիմնուելէ և ուսուցման սկսելէ վերջ, Որբանոցին Խնամակալները Գալֆաեան Որբանոց կ'այցելեն:
Անոնք, Առաքինազարդ Քրիստինէ Մայրապետ Փափազեանէն «1902-1919», կ'ուզեն երկու Քոյր, որպէսզի Գարակէօզեան Որբանոցի որբուկները հոգան:
Առաքինազարդ Մայրը այս խնդրանքը անմիջապէս կ'ընդունի և Քոյրերը ժամանակամիջոց մը կը հոգան Գարակէօզեան Որբանոցի որբուկները:
Յարգանք՝ մեր ազգին ծառայող բոլոր մայրապետներուն և քոյրերուն:
Աստուած Անոնց Հոգիները Թող Լուսաւորէ:


Գարակէօզեան Ընտանիքին պատմութեան աղբիւրն է «ՄԻՆԻ ՏԷՎ»: Թարգմանեց՝ Շուշան Գորտոնճիեան
22-Յունիս-2011 Չորեքշաբթի
Իսթանպուլ

Wednesday, April 27, 2011

«ԵԹԷ» ՍԷՐ, «ՈՐՈՎՀԵՏԵՒ» ՍԷՐ, «ՓՈԽԱՐԷՆ» ՍԷՐ


Աշխարհի ամենամեծ սովին պատճառը, «ՓՈԽԱՐԷՆ...» տեսակի սիրոյ բաւականաչափ գոյութիւն չունենալն է:
Ճաբոնացի Մասումի Թոյոթոմէ անուն մտաւորականը սիրոյ մասին սապէս կ'ըսէ ու կը հարցնէ.
-Աշխարհի վրայ ամէն անհատ սիրուիլ կ'ուզէ: Ի՞նչ է սէրը, ո՞ւր կը գտնուի, արդեօ՞ք իմաստը գիտենք:
Ճաբոնացի մտաւորականը սիրոյ մասին կը սկսի պատմել:
-Երեք տեսակ սէր կայ: Առաջին տեսակն է՝ «ԵԹԷ...» ով սկսող սէրը:
Օրինակ.
«Եթէ բարի ըլլաս, հայրդ ու մայրդ քեզի շատ կը սիրեն»:
«Եթէ յաջող ու անհրաժեշտ անձ մը ըլլաս, քեզի կը սիրեմ»:
«Եթէ ամուսինս ըլլալով իմ կարիքները հոգաս, քեզի կը սիրեմ»:
-Կեանքի մէջ այս տեսակ սիրոյ շատ կը հանդիպինք, կ'ըսէ Թոյոթոմէ և կը շարունակէ.
Պայմանաւորուած սէր... փոխադարձութիւն սպասող սէր...: Սիրող անհատը կը գործադրէ այս տեսակի սէրը, որպէսզի իր պահանջքները ձեռք ձգէ: Այս տեսակ սիրոյ շարժառիթն ու կերպը եսասէրութիւն է: Ուրիշներուն վնաս կրնայ հասցնել: Ամուսնութիւններու մեծամասնութիւնը «ԵԹԷ...» ձեւ սիրոյ վրայ հիմնուելուն պատճառաւ շատ կարճ կը տեւէ: Երիտասարդները կը սիրահարուին, ոչ թէ այդ պահուան իրարու դէմ զգացած իսկական վիճակին, այլ՝ երեւակայական չափազանցուած վիպապաշտ կերպարանքին և այդ սէրէն յոյս կը սպապեն: Երբ իրենց սպասած յոյսը չիրականանայ, յուսախաբութեան կը մատնուին և վերջապէս սէրը կը վերածուի խորշանքի:
Մօր և հօր, իր զաւկին հանդէպ ունեցած ամենաբարի ու անմեղ սիրոյ մէջն անգամ՝ «ԵԹԷ...» ով սկսող սէրը կրնանք տեսնել:
Մտաւորականը սապէս օրինակ մը կուտայ:
«Երիտասարդ մը, իր հայրը երջանկացնելու համար համալսարանի մէջ ուսանիլ կը սկսի: Ան, դժբախտաբար իր դասերուն մէջ յաջող չըլլար և հօրը երեսը նայելու կ'ամչնայ:
Երիտասարդը, իր վիշտը մեղմացնելու համար արձակուրդի կ'երթայ և շաբաթ մը վերջ տուն կը վերադառնայ:
Երիտասարդին հայրը, տղուն բարկանալով կ'ըսէ.
-Թէ՛ դասերուդ մէջ յաջող չես և թէ՛ արձակուրդի կ'երթաս:
Երիտասարդը, հօրը կը պատասխանէ.
-Հայր, դուն պատմած էիր թէ երբ ինքզինքդ լաւ չզգայիր արձակուրդի կ'երթայիր:
Երիտասարդին հայրը, աւելի սաստիկ կը բարկանայ և տղուն երեսին ապտակ մը կը փակցնէ: Տղան, քանի մը ժամ վերջ անձնասպան կ'ըլլայ:
Լրագիրները կը գրէին, թէ երիտասարդը շատ կարճ ժամանակի մը մէջ ջղային տագնապի ենթարկուելուն պատճառաւ անձնասպան եղած է: Անոնք, կը սխալէին:
Երիտասարդը կ'անդրադառնայ, թէ հօրը սէրը կախում ունի՝ բարձր մակարդակի ակնկալութիւններով:
Իրականութիւնը սա է: Մարդիկ աւելի բարձր որակի սէր մը կը բնտրեն, «ԵԹԷ...»ով սկսող սիրոյ մէջ: Շատ լաւ պէտք է գիտնալ, թէ այս սիրոյ գոյութիւնը ո՞ւր կրնանք բնտրել: Այս երիտասարդ տղուն կեանքին նման՝ երբ մեռնելու կամ ապրելու միջեւ նախնտրութիւն մը ընել ուզենք, այս բնտրուած սէրը մեր կենցաղին մէջ շատ կարեւոր դեր կրնայ խաղալ:
Երկրորդ տեսակի սէրը կը սկսի «ՈՐՈՎՀԵՏԵՒ...»ով:
Մտաւորական Թոյոթոմէն այս տեսակ սիրոյ մասին սապէս բացատրութիւն մը կուտայ:
Այս տեսակի սիրոյ մէջ անհատը, կամ շատ լաւ մէկն է, կամ լաւ բանի մը տէրն է, կամ թէ լաւ բան մը ըրած ըլլալուն համար է որ կը սիրուի: Այսինքն, անհատը յատկութիւններ ունենալուն պատճառաւ է, որ ուրիշներու կողմէ կը սիրուի:
Օրինակ.
«Քեզի կը սիրեմ, որովհետեւ շատ գեղեցիկ ես»:
«Քեզի կը սիրեմ, որովհետեւ շատ հարուստ և հռչակաւոր մէկն ես»:
«Քեզի կը սիրեմ, որովհետեւ շատ վստահելի մէկն ես»:
Մտաւորական Թոյոթոմէն կ'ըսէ.
-Մարդիկ, կը նախնտրեն ոչ թէ «ԵԹԷ...» տեսակի սէրը, այլ՝ «ՈՐՈՎՀԵՏԵՒ...» ով սկսող սէրը:
ԵԹԷ...» տեսակի սէրը, պայմանաւոր ակնկալութենէ կախում ունենալուն համար է որ մեծ և ծանր բեռի կը վերածուի: Մինչդեռ, ձեր սքանչելի յատկութիւններուն պատճառաւ ուրիշներու կողմէ սիրուիլ շատ գեղեցիկ բան մըն է: Ձեր հոգիին գոհացումն է:
«ՈՐՈՎՀԵՏԵՒ...» տեսակի սիրոյ մէջ կը տեսնենք, մարդոց՝ իրենց բնական ձեւով սիրուելու կերպը: Մարդիկ կը նախնտրեն, բնական ձեւով սիրուիլ: Այս տեսակ սիրոյ մէջ բեռ չկայ: Այդ պատճառաւ ալ անձը ինքզինքը հանգիս կը զգայ: Մինչդեռ քիչ մը խորունկ մտածելու ըլլանք, պիտի տեսնենք որ «ՈՐՈՎՀԵՏԵՒ...»ով և «ԵԹԷ...»ով սկսող երկու ձեւ սիրոյ մէջ տարբերութիւն մը չկայ: «ՈՐՈՎՀԵՏԵՒ...»ով սկսող սէրն ալ մարդոց վրայ շատ մեծ բեռ կրնայ ըլլալ: Մարդ արարածը շարունակ կ'ուզէ, թէ աւելի շատ անհատի կողմէ սիրուիլ: Իրեն հիացողներուն թիւը բարձրացնելու համար կը ճգտի: Երբ սիրոյ որակը աւելի բարձր մէկը մէջտեղ ելլէ, անհատը կը վախնայ որ իր սիրելիները այլեւս զինքը չի պիտի սիրեն: Այսպէսով մարդոց միջեւ մրցում մը կը սկսի:
Օրինակ.
«Ընտանիքին ամենափոքր աղջիկը նորածին եղբայրը կը նախանձի և կը վշտանայ»:
«Կինը, ամուսինին երիտասարդ ու գեղեցիկ քարտուղարուհին կը նախանձի և կը վշտանայ»:
Մտաւորական Թոյոթոմէ կը հարցնէ.
-Հետեւաբար, այս տեսակ սիրոյ մէջ, ինչպիսի՞ վստահութեան զգացում մը կրնանք գտնել:
Մտաւորական Թոյոթոմէ իր հարցումը կը պատասխանէ ու կ'ըսէ.
-«ՈՐՈՎՀԵՏԵՒ...»ով սկսող սիրոյ մէջն ալ իրական ու ամուր սէրը գտնել անկարելի է:
Ահաւասիկ, այս տեսակի սիրոյ մէջ, մարդոց հոգեկան տպաւորութիւնը անվստահելի դարձնող երկու պատճառ եւս...
Առաջինը.
«Այս մարդը ինծի կը սիրէ, բայց շարունակ ինծի կը մտածէ՞»:
Անհատը շարունակ այս մտածումով կ'ապրի ու կը վախնայ:
Իւրաքանչիւր անհատ երկու կողմնատեսք ունի: Մէկը արտաքին արտայայտութիւնը, իսկ միւսը միմիայն իր սորվածը:
«Եթէ ինծի երեսի վրայ ձգէ...» ահաւասիկ, անհատին վախը հոս մէջտեղ կ'ելլէ:
Իսկ երկրորդը.
«Եթէ օր մը ձեւափոխուիմ և մարդիկ ինծի սիրելէ դադրին...» հոս կը տեսնենք անհատին մտահոգութիւնը:
Օրինակ մը.
«Գեղեցիկ աղջկան մը դէմքը, հրդեհի պատճառաւ կ'այրի: Երբ աղջկան դէմքը տգեղ վիճակի կը վերածուի, խօսեցեալը զինքը երեսի վրայ կը ձգէ ու քովէն կը հեռանայ: Ալ աւելի ցաւալին սա է՝ աղջկան երեսի տգեղութեան պատճառաւ, նոյն քաղաքի մէջ բնակող մայրն ու հայրը իրենց զաւակը հիւանդանոցին մէջ չեն այցելած»:
Սէրը հիմնուած էր գեղեցկութեան վրայ: Երբ գեղեցկութիւնը վերջացաւ, սէրն ալ վերջացաւ: Աղջիկը, սաստիկ կը յուզուի և ամիս մը վերջ կը մեռնի:
Ճաբոնացի մտաւորականը սապէս կ'ըսէ.
-Աշխարհի մէջ ապրող մարդոց մեծամասնութիւնը «ՈՐՈՎՀԵՏԵՒ...» տեսակի սէրը կը նախնտրեն: Սակայն այս տեսակի սէրը, մարդոց մտավախութիւն կը պատճառէ:
Շատ լաւ, այժմ իսկական, առանց վախի ու կասկածի սէրը ո՞րն է:
Սիրոյ երրորդ տեսակը կը սկսի «ՓՈԽԱՐԷՆ...»ով:
Մտաւորական Թոյոթոմէն իր կարծիքը կը յայտնէ ու կ'ըսէ.
Ահաւասիկ ամենաճիշդ և ամենաուղիղ սէրը «ՓՈԽԱՐԷՆ...»ով սկսող սէրն է:
Երրորդ տեսակի սէրը, պայմանաւոր խօսքէ մը կախում չունենալուն և փոխադարձ անակնկալներ չսպասուելուն պատճառաւ է որ «ԵԹԷ...» տեսակի սիրոյ հետ չի բախտատուիր:
Սիրուած անհատը, հմայիչ յատկութեան մը չի վստահիր և մանաւանդ այսպիսի բանի մը գոյութիւնն անգամ նկատի չառներ: Այդ պատճառաւ «ՓՈԽՐԱԷՆ...»ով սկսող սէրը, «ՈՐՈՎՀԵՏԵՒ...» տեսակի սիրոյ ալ չի նմանիր:
Այս երրորդ տեսակի սիրոյ մէջ, մարդ արարածը ոչ թէ «Բան մը ըլլալուն համար» այլ՝ «Բան մը ըլլալուն փոխարէն» կը սիրուի:
Որքան հրաշալի բան մը, այնպէս չէ՞:
«ՓՈԽԱՐԷՆ...» սէր:
«Էսմէրալտան շատ լաւ գիտէր, թէ Գուասիմիտոն կռնակը կուզ մը ունէր և աշխարհի ամենատգեղ մարդն էր: Այս կացութեան փոխարէն, Էսմէրալտան սիրեց Գուասիմիտոն»:
«Պատուական, չքնաղ ու հարուստ երիտասարդն ալ շատ լաւ գիտէր, թէ Էսմէրալտան գնչու էր: Ան, այս կացութեան փոխարէն սիրեց Էսմէրալտան»:
Անհատը, աշխարհի ամենատգեղ, ամենախեղճ և ամենաթշուառ մարդը կրնայ ըլլալ, սակայն այս կացութեան փոխարէն կը սիրուի:
Ի հարկէ, այս տեսակի սիրոյ հանդիպելու պայմանաւ...:
Մարդ արարածը, «ՓՈԽԱՐԷՆ...» տեսակի սիրոյ արժանանալու համար բարի, հրապուրիչ և հարուստ դիրք մը ունենալու ցանկութիւնը չունի:
Անհատը, իր թերութիւններուն, տգէտութիւններուն, վատ բնաւորութիւններուն կամ թէ վատ անցեալին փոխարէն կը սիրուի: Այսինքն, անհատը իր բնական ձեւով կը սիրուի: «ՓՈԽԱՐԷՆ...» տեսակի սէրը, լրիւ անարժէք ձեւի նման կը տեսնուի, սակայն ամենէն արժէքաւոր ձեւի նման կը սիրուի:
Ճաբոնացի մտաւորական Թոյոթոմէ կ'ըսէ.
-Ահաւասիկ, այս տեսակի սէրը ձեր հոգիին ցանկութիւնն ու սաստիկ ծարաւն է:
Անդրադառնաք կամ թէ չանդրադառնաք այս տեսակի սէրը, ձեզի համար շատ աւելի կարեւոր է՝ ուտելիք, խմելիք, հագնելիք, տուն, ընտանիք, հարստութիւն, յաջողութիւն և հռչակաւոր ըլլալէ :
Ճաբոնացի մտաւորական Թոյոթոմէն այս նիւթի մասին, ինչպէ՞ս այսքան վստահ կը խօսի:
Իր արդարութիւնը ապացուցանելու համար, ձեզ կը հրաւիրէ քննութեան մը:
Ան կ'ըսէ.
-Սա հարցումս պատասխանեցէք:
«Եթէ աշխարհի մէջ որեւէ մէկը ձեզի կարեւորութիւն չի տար և չի սիրեր, ուտելիքի, հագուելիքի, տան, ընտանիքի, հարստոթեան և յաջողութեան մէջ ձեր հետաքրքիր վիճակը յուսահատութեան չէր վերածուե՞ր:
Հետեւաբար, դուք ձեզի չէիք հարցներ, թէ «Ի՞նչ օգուտ մը ունիմ, որ իմ կեանքը շարունակեմ»:
Մտաւորական Թոյոթոմէն կը շարունակէ.
-Խնդրեմ մտածեցէք: Իմանաք թէ ձեր շատ սիրած մէկը, ձեզի միմիայն իր շահը մտածելով կը սիրէ եղեր...: Աշխարհը յանկարծ ձեր գլուխը չէր կործանե՞ր: Այդ պահուն կեանքը ձեզի անիմաստ չէր գա՞ր:
Ենթադրենք, որ սովորական կեանք մը ունիք և սովորական կ'ապրիք: Սակայն օր մը իսկական, խորունկ և հեշտաւէտ սէրը գտնելու յոյսը չունենայիք, ձեր կեանքին մնացած մասը ինչպէ՞ս կ'ապրէիք:
Այս հարցումը մտաւորական Թոյոթոմէն սապէս կը պատասխանէ.
-Այսպիսիներ, կամ բոլորովին յուսահատութեան մատնուելով անձնասպան կ'ըլլան և կամ թէ ապրող մեռելի մը կը դառնան:
Թոյոթոմէն, ամրացնելով կ'արդարացնէ «ՓՈԽԱՐԷՆ...» տեսակի սէրն ու կ'ըսէ.
-Այսօր ձեր կեանքը շարունակելու ամենակարեւոր պատճառը՝ կամ սա պահուս «ՓՈԽԱՐԷՆ...» տեսակի սէրը կ'ապրիք կամ թէ այս սէրը գտնելու հաւատքը ունիք:
Մտաւորական Թոյոթոմէ, քիչ մը յուսահատ կը վերջացնէ իր խօսակցութիւնը:
-Այսօր, հասարակութիւնը գոհացնող «ՓՈԽԱՐԷՆ...» տեսակի սէրը գտնել շատ դժուար է: Որովհետեւ ամէն ոք սիրոյ կարիքը կը զգայ... Ոչ ոք աւելին չունի, որպէսզի ուրիշին տայ:
Մեր մօտ գտնուող անհատէն կը սպասենք, որպէսզի այս տեսակի սէրէն քիչ մը մեզի տայ: Մինչդեռ, ան ալ նոյն բանը ուրիշներէ կը սպասէ:
Շատ լաւ, այս աշխարհի մէջ որչա՞փ սէր կայ:
Մտաւորականին համաձայն, մեր սովը քիչ մը դադրեցնելու չափ... և կամ թէ ճաշէ առաջ մեր ախորժակը բացող համեմի մը չափ: Այս փոքրիկ համը մեզի կը դրդէ ու կը քաջալերէ, ալ աւելի ահաւոր սիրոյ սովի մը: Ահաւասիկ մեր սիրոյ պահանջքին չափը, այս փոքրիկ համեմը շատ լաւ կը պատմէ: Անվերջանալի պահանջքով մը կը սպասենք ճաշին գալը, որպէսզի մեզի կշտացնէ:
Ո՞ւր մնաց:
Բոլորը այսքան...
Մտաւորականը, այս նիւթը ակնբախ, ցայտուն նախադասութիւնով մը կը վերջացնէ.
Յաւիտեան՝ «ՓՈԽԱՐԷՆ...» սիրուելու մաղթանքներով:

Շուշան Գորտոնճիեան
27-Ապրիլ-2011 Չորեքշաբթի
Իսթանպուլ

Monday, April 4, 2011

ՄԵԾ ՊԱՀՔԻ ՄԱՍԻՆ




ԲՈՒՆ ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆ:

Բարեկենդաններուն գլխաւորն և իսկապէս բարեկենդան կը նկատուի՝ Մեծ Պահքը յառաջող վերջին ուտիքի կիրակին, որուն կը յաջորդէ Մեծ Պահքը: Այդ կիրակի օրը Զատիկէն եօթը շաբաթ յառաջ է: Այժմ սովորութիւն է և սովորութիւնն ալ նոր չէ, որ ոչ թէ միայն Բուն Բարեկենդանի կիրակին, այլ և բովանդակ անոր նախընթաց եօթնեակն ամբողջովին բարեկենդան կը նկատուի և բարեկենդանի շաբաթ կը կոչուի:

*****

ՄԵԾ ՊԱՀՔ:

Եկեղեցւոյ օրինադրած պահքերուն ամենէն երկարը Մեծ Պահք անունն առած է: Բուն Բարեկենդանի յաջորդ երկուշաբթիէն սկսեալ մինչեւ Աւագ Շաբաթ օր կը տեւէ 48 օր շարունակ, կամ եօթը եօթնեակներու միջոց: Մեծ Պահքին այժմեան իմացուած կերակուրներու պահքէն զատ ծոմ ալ պիտի պահուի՝ շաբաթ ու կիրակի օրերէն զատ: Լուսաւորչի Մուտն ի վիրապի տօնին բաց պատարագը Սիմէոն Կաթողիկոսի կարգադրութեամբ սկսած է... Մեծ Պահոց յատկանիշներն են վարագոյրին փակ մնալը -որով բոլոր ժողովուրդը իբր ապաշխարող կը նկատուի, գոց պատարագը- որով ժամաւորները հին ժամանակի արտաքին գաւթի մէջ ապաշխարողներուն կը հաւասարին և Արեւագալի, Ճաշու և Խաղաղականի յատուկ երգերը- որոնք կերպով մը պատարագի հանդիսութեան տեղը բռնած կ'ըլլան:

*****
ԾՈՄ:

Եկեղեցւոյ նախնական սովորութեան մէջ պահք կոչուածը կերակուր չուտելն էր, հետեւաբար կ'իմացուէր ինչ որ այժմ մենք կ'իմանանք ծոմ բառով: Իսկ երբ բոլորովին անօթի մնալ չկրցողներու ներուեցաւ թեթեւ և չկշտացնող բանջարեղէն ուտել՝ առանց պահեցողութիւնը աւրուած սեպելու, պահք բառին իմաստը սեպհականուեցաւ մսեղէն ու կենդանական կերակուրներէ զգուշանալով՝ բուսեղէններով շատանալու և ծոմ բառը գործածուեցաւ առանց ուտելու պահեցողութեան: Եկեղեցւոյ մէջ պահքէն զատ ծոմ ալ կը պահուի Առաջաւորաց հինգ օրերուն և Մեծ Պահքի իւրաքանչիւր եօթնեկին առաջին հինգ օրերուն, «ներառեալ Աւագ Ուրբաթն ու Աւագ Շաբաթը՝ մինչեւ Ճրագալոյցի պատարագի աւարտին» շաբաթ ու կիրակի օրերէն զատ, իսկ մնացեալ բոլոր պահքերը ծոմ չունին: Ծոմ պահելու օրերը պատարագ մատուցանելն ալ կը խափանուի:
Պահք բառին ճիշդ իմաստն է զգուշանալ, ինքզինքը բանէ մը զրկել, ժուժկալել և առաջին ժամանակներու և Հին Կտակարանի ու Աւետարանի մէջ պահքը կը նշանակէր պարզապէս կերակուրէ զգուշանալ, չուտել, ծոմ բռնել: Պողոս Առաքեալին թոյլտւութիւնը, որ բոլորովին անսուաղ կենալ չկրցող տկարը կարենայ քիչ մը բանջար ուտել (Հռոմ. 14.2), որ է կատարեալ սնունդ չտուող կերակուր մը, սկսաւ կամաց-կամաց ընդարձակուիլ և թեթեւ կերակուրներով սնանիլը սկսաւ պահք կոչուիլ և պահքն եղաւ կերակուրներու տեսակին վրայ հիմնուած ժուժկալութիւն մը: Առաջ միայն բանջարեղէնները ներուեցան, յետոյ ընդեղէնք, վերջապէս բուսականներէ քամուած հիւթը, ինչպէս ձէթ... եւայլն: Մեր եկեղեցին այժմ պահքին սահման դրած է բուսական արտադրութիւնները, միակ ու բացառիկ յաւելուած ընդունելով մեղրը՝ որ կենդանական կիթ մըն է:

*****

ԱՐՏԱՔՍՄԱՆ ԿԻՐԱԿԻ:

Մեծ Պահոց կիրակիներէն իւրաքանչիւրը խորհրդաւոր անուն մը կը կրէ՝ օրուան աւետարաններէն առնուած: Երկրորդ կիրակին տեղ-տեղ կը գտնենք Արտաքսման անունով կոչուած, որ և կը հաստատուի Ներսէս Շնորհալիի գրած շարականին իմաստէն: Արդէն գիտենք թէ Բուն Բարեկենդանին, այսինքն Մեծ Պահոց առաջին կիրակին, կը յիշատակուի նախամարդոց Դրախտի կեանքը, ըստ այսմ երկրորդ կիրակին ալ Դրախտէ արտաքսուիլը կը յիշատակուի:

ՄԱՂԱՔԻԱ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՕՐՄԱՆԵԱՆ
«ԾԻՍԱԿԱՆ ԲԱՌԱՐԱՆ»

ԻՆՉՊԷ՞Ս ՊԱՀԵԼ

«Ինչո՞ւ մենք պահեցողութիւն կ'ընենք ու դուն չես տեսներ. Կը խոնարհեցնենք մեր անձերը ու դուն լուր չես ունենար»:
Աստուած կը պատասխանէ.
«Որովհետեւ ձեր պահքի օրերուն դուք ձեր անձնական կամքին միայն կը ծառայէք»:
«Ձեր ձեռքին տակ գտնուած ստորադասներուն բիրտ վերաբերմունք ցոյց կուտաք»:
«Ձեր պահեցողութիւնը կ'առաջնորդէ ձեզ հակառակութեանց և կռիւներուն կը ծեծէք խեղճերը»:
«Ի՞նչ պէտք ունիմ ես այդպիսի պահքերու: Երբ ինծի կը ներկայանաք ձեր ձայնը ինծի լսելի դարձնելու համար. անշուշտ թէ պիտի չլսեմ ձեզի»:
«Այդպիսի պահք չէ իմ ուզածս և ոչ ալ այդպիսի օր երբ մարդ ինքզինքը կը խոնարհեցնէ, որովհետեւ եթէ քու պարանոցդ խոնարհեցնես եղէզի պէս ու քուրձ հագնիս և մոխիր տարածես քու ներքեւըդ, այդ ալ պահք չեմ կոչեր ես, ոչ ալ ընդունելի օր, կըսէ Տէրը: Այլ այս է իմ ուզած պահքս.

-Անարդարութեան կնճիռը քակէ:
-Վաճառքի ատեն գործադրուած խարդախութեանց վերջ տուր:
-Նեղութեան և բռնութեան մատնուածները ազատէ:
-Անիրաւ մուրհակները պատռէ:
-Հացդ բրդէ անօթիներուն:
-Անտուն մնացած աղքատները տունդ տար:
-Եթէ ցնցոտիներով մէկու մը հանդիպիս հագուեցուր զայն:
-Այն ատեն քու լոյսդ արշալոյսի պէս պիտի ծագի:
-Առողջութիւնը շուտով պիտի հասնի քեզի:
-Արդարութիւնը քու առջեւէդ պիտի քալէ:
-Եւ Աստուծոյ Փառքը քեզ պիտի շրջապատէ:
-Այն ատեն Աստուծոյ պիտի կանչես ու Ան պիտի լսէ քեզի:
-Մինչ դուն կը խօսիս, Ան պիտի ըսէ. «Հոս եմ ես»:
-Եթէ հեռացնես քեզմէ անարդարութիւնը.
-Ու եթէ սպառնական մատդ ետ քաշես.
-Ու վերջ տաս տրտունջի խօսքերուդ.
-Եթէ հացդ սիրայօժար անօթիներուն տաս.
-Եթէ կարօտեալները կշտացնես.
-Այն ատեն լոյսդ պիտի ծագի խաւարի մէջ:
-Եւ Աստուած միշտ քեզ հետ պիտի ըլլայ.
-Ու անձդ իր փափաքներուն պիտի տիրանայ.
-Եւ ոսկորներդ պիտի զուարթանան.
-Եւ դուն ջրալից պարտէզի մը պէս պիտի ըլլաս.
-Աղբիւրի մը պէս ուրկէ ջուրը չպակսիր:

ԵՍ. ԾԸ. 3-11

Քաղեց՝ Շուշան Գորտոնճիեան
4-Ապրիլ-2011 Երկուշաբթի
Իսթանպուլ

Tuesday, February 8, 2011

ՊՈԼԻՍ ԱՅՑԵԼԱԾ ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՆԵՐ

Ս. ՄԵԾՆ ՆԵՐՍէՍ Ա «353-373»

Սուրբ Մեծն Ներսէս Ա Կաթողիկոս, ըստ Մովսէս Խորենացիի և բազմաթիւ այլ պատմիչներու, Պոլիս եկած է դաւանական վէճերու պատճառաւ, Բիւզանդիոնի Վաղես Կայսեր կողմէ աքսորուած, իսկ Մեծն Թէոդոսի կողմէ ազատ արձակուելէ յետոյ, տեղւոյն եպիսկոպոսներէն ժողովի մը ընթացքին մեծ պատիւներ ընդունած է: Աւանդութեան համաձայն, Մեծն Ներսէս Հայրապետի ութամսայ աքսորավայրը եղած է Իշխանած Կղզիներէն Փլաթին «այսօրուայ անունով՝ Եասսըատա»:


ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ Բ ԳԱԲԵՂԵԱՆ «557-574»

Յովհաննէս Բ Կաթողիկոսը, պարսից տիրապետութեան դէմ բռնկած ապստամբութենէն յետոյ «571 թ.», եպիսկոպոսներու և կրտսեր «Կարմիր» Վարդան Զօրավարի գլխաւորած հայազգի իշխանազուններու ընկերակցութեամբ Պոլիս կուգայ, ուր 574 թուին կը վախճանի: Ենթադրելով, որ վախճանեալ հայրապետին ընկերացող եպիսկոպոսներէն և իշխաններէն ոմանք Պոլիս բնակութիւն հաստատած են, պատմիչներէն ոմանք Պոլսահայ առաջին համայնքի կազմաւորման սկիզբը այդ թուականներուն կը տեղաւորեն: Ըստ այսմ, Պոլսահայ համայնքը և թերեւս քաղաքին առաջին եպիսկոպոսութիւնը 1495 տարուան պատմութիւն ունի:


ՊԵՏՐՈՍ Ա ԳԵՏԱԴԱՐՁ «1019-1058»

11-րդ դարուն բիւզանդացիները կը ջանային իրենց իշխանութիւնը տարածել Հայ Եկեղեցւոյ վրայ և ամէն առիթով կը միջամտէին անոր ներքին գործերուն: Հասկնալով կաթողիկոսութեան բարոյական ուժը, Անիի գրաւման ժամանակ բիւզանդացիներուն բարեկամ Պետրոս Ա Գետադարձ Կաթողիկոսը Պոլիս հրաւիրեցին: Հայրապետը քանի մը տարի ապրեցաւ կայսրութեան մայրաքաղաքին մէջ հսկողութեան ներքեւ և արգելական էր մինչեւ 1051, երբ ազատ արձակուեցաւ Կոստանդին Մոնոմախոս կայսեր և Միքայէլ Կերուլարիոս պատրիարքին օրով: Հայրապետը 1058 թուականին կը վախճանի Սեբաստիոյ մէջ:


ԽԱՉԻԿ Բ ԱՆԵՑԻ «1058-1065»

Յաջորդն էր Պետրոս Գետադարձ Կաթողիկոսին և կիսեց միեւնոյն ճակատագիրը: Պոլիս կը հրաւիրուի Կոստանդին ԺԱ Տուկիծ կայսեր հրամանաւ և կը մատնուի նեղութեանց և ծանր ճնշումներու, որպէսզի Հայոց կաթողիկոսութիւնը ենթարկէ Պոլսոյ Յունաց Պատրիարքութեան: Հայրապետը կը համբերէ նեղութիւններուն և ճնշումներուն դէմ կը դնէ «զոր մինչեւ յիմ ժամանակ չէ լեալ, և ոչ ես հաւանիմ» կարգախօսով: 1059-1062 թուականներուն Պոլիս կը մնայ արգելական վիճակի և նուաստացուցիչ պայմաններու մէջ: Պոլսէն մեկնելէ երեք տարի ետք, 1065-ին Թաւբլուրի «Սեբաստիոյ՝ Տարէնտէ գաւառը» մէջ կը վախճանի:


ՓԻԼԻՊՊՈՍ Ա ԱՂԲԱԿԵՑԻ «1633-1655»

Փիլիպպոս Ա Աղբակեցի «Պաշքալէցի», աւելի քան հազար տարի յետոյ, հայրապետական յատուկ առաքելութեամբ 1652 թուականին Պոլիս կը ժամանէ, վերջ տալու համար բնիկ պոլսահայերու և ներքին գաւառներէն եկած գաղթականներու միջեւ շարունակուող սուր պայքարին: Փիլիպպոս Ա Հայրապետը կը հաշտեցնէ կողմերը և իր բարոյական ազդեցութեամբ ութ ամսուայ ընթացքին վճարել կուտայ քաղաքին վեց գլխաւոր եկեղեցիներու 40.000 ղրուշի հսկայական պարտքը:


ՅԱԿՈԲ Դ ՋՈՒՂԱՅԵՑԻ «1655-1680»

Յակոբ Դ Ջուղայեցին, Պոլսահայերու ամենասիրելի «Հոգեւոր Տէրը», Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ 6 հոգեւորական և 6 աշխարհիկ գործիչներու մասնակցութեամբ գումարուած խորհրդակցական ժողովէ մը յետոյ, 1678 թուականի վերջերուն Պոլիս կը ժամանէ ի գլուխ ազգային պատուիրակութեան մը: Յակոբ Ջուղայեցիի նպատակն էր Պոլսէն Եւրոպա անցնիլ Եւրոպացի Քրիստոնեաներէն Հայոց համար օժանդակութիւն հայթայթելու միտումով:

Հայրապետը, նուիրապետական ինչ ինչ հարցերու բերմամբ երկու տարի Պոլիս կը մնայ, կը հիւանդանայ և 2 Օգոստոս 1680 թուականին այստեղ կը վախճանի: Կը թաղուի Բերայի գերեզմանատունը, իսկ վերջնոյն ապասեփականացման պատճառաւ, աճիւնները կը փոխադրուին Բերայի Ս. Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ բակը: Յակոբ Դ Ջուղայեցիի շիրիմին կը վերագրուին բազմաթիւ հրաշքներ: Պոլսահայոց ամենանուիրական ուխտատեղիներէն մէկը դարձած է իր գերեզմանը, ուր ամէն Երեքշաբթի ուխտաւորներ կը յաճախեն Հայրապետի բարեխօսութեան դիմելու համար:


ԿԱՐԱՊԵՏ Բ ՈՒԼՆԵՑԻ «1726-1729»

Յովհաննէս Թ Բաղիշեցի «ԿՈԼՈՏ» Պատրիարքի նախագահութեամբ Պոլսոյ Պատրիարքարանին մէջ գումարուած ազգային ժողովի որոշմամբ, Անգարայի վիճակաւոր Կարապետ Եպիսկոպոս՝ Պոլիս կը հրաւիրուի և 27 Փետրուար 1726 թուականին 12 եպիսկոպոսաց ձեռամբ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս կ'օծուի Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ: Յաջորդիւ, Կարապետ Բ Կաթողիկոս եպիսկոպոս կը ձեռնադրէ Կոլոտ Պատրիարքը և մէկուկէս տարի Պոլսոյ մէջ մնալէ յետոյ, 1728-ին կը ժամանէ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին և կը բազմի Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի գահուն վրայ:




ՎԱԶԳԷՆ Ա ՇԻՆԱՐԱՐ «1955-1995»

Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռին համբաւաւոր արմաշական գահակալներէն Երջանկայիշատակ Գարեգին Ա Տրապիզոնցիի «1951-1961» վերջին օծման և յուղարկաւորութեան առթիւ Պոլիս կը ժամանէ 4 Յուլիս 1961 թուականին:
Թուրքիոյ Նախագահ Ճեմալ Կիւրսէլի և Իսթանպուլի Կուսակալ Րէֆիկ Թուլկայի կողմէ կ'ընդունուի մեծ պատիւներով: Երջանկայիշատակ Գարեգին Ա Պատրիարքի յուղարկաւորութենէն յետոյ Հայրապետական այցելութիւններ կը շնորհէ գլխաւոր թաղերու եկեղեցական համայնքներուն: Սգաւոր պոլսահայութիւնը մեծապէս կը մխիթարուի Ամենայն Հայոց Հայրապետի ներկայութեամբ:
Վազգէն Ա Կաթողիկոս, 16 օր տեւող հայրապետական այցելութենէն յետոյ կը վերադառնայ Մայր Աթոռ, ուր մինչեւ իր կեանքի վախճանը խանդավառութեամբ կը պատմէր Իսթանպուլի մէջ իր գտած ջերմ ընթունելութիւնը: Եպիսկոպոս ձեռնադրած և արքութեան պատիւ շնորհած է Շնորհք Ա Պատրիարքին «1961-1990», Տ. Գարեգին Բ Պատրիարքին, Տ. Շահան Արք. Սվաճեանին և Տ.Մեսրոպ Բ Մութաֆեան Պատրիարքին:


ԳԱՐԵԳԻՆ Ա ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ «1996»

Կաթողիկոսը Պոլիս ժամանեց որպէս հիւրը Օրթոտոքս Եկեղեցւոյ Տիեզերական Տ.Տ. Բարթոլոմէոս Ա Պատրիարքին:
Յունաց Պատրիարքութեան հետ պաշտօնական շփումներն աւարտելէ ետք, Վեհափառ Կաթողիկոսը հիւրասիրուեցաւ Գարեգին Բ Պատրիարք Հօր կողմէ:
Գարեգին Ա Կաթողիկոսը 12 Մայիսին նախագահեց Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի հիմնադրութեան 535-ամեակի հանդիսութիւններուն:

ՅԻՍՈՒՍ ԱՄԵՆԱԿԱՐՈՂ Է
ԻՍԿ ԻՐ ԵԿԵՂԵՑԻՆ՝ ՅԱՒԻՏԵՆԱԿԱՆ

Յիսուս ամէն բան կրնար ընել, Ան ամենակարող Աստուած էր: Բայց մարդիկ ընտրեց՝ տասներկու առաքեալները, Եօթանասուներկու աշակերտները: Ուղարկեց և ինքն ալ գործեց մարդոց մէջ:
Մեր ազգն ալ պէտք ունի կամաւոր ծառայութիւն ստանձնել գիտցող անձերու:
Եթէ երբեք մենք կազմակերպութիւններ չունենանք մեր գաղութներու մէջ, մենք իբրեւ ազգ կորսուած ենք:
Եթէ ես փոքր ժամանակս դպրաց դասու անդամ չըլլայի մեր գիւղի եկեղեցւոյ մէջ, եկեղեցական չէի դառնար:
Եթէ երբեք մեր շատ մը կազմակերպութիւնները չըլլային, ի՞նչպէս մեր ազգը պիտի դիմանար արտասահմանի մէջ:
Պետութի՞ւն ունէինք մենք. ո՞վ պահեց մեր լեզուն, կազմակերպութիւնները պահեցին:
Անոնցմէ գլխաւորագոյնը Եկեղեցին է: Կազմակերպութիւնները, սակայն, կու գան և ժամանակներու հետ կ'երթան, բայց Եկեղեցին յաւիտենական է, կը մնայ:
«Գարեգին Ա Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս»


ԳԱՐԵԳԻՆ Բ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏ «2006»

Գարեգին Բ Հայրապետը, Օրթոտոքս Եկեղեցւոյ Տիեզերական Տ. Տ. Բարթոլոմէոս Ա Պատրիարքի և Պոլսոյ Հայոց Պատրիարք Մեսրոպ Բ Մութաֆեանի հրաւէրով 2006 թուականին Իսթանպուլ այցելեց:

ՕՐՀՆԵՐԳ ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ

Ամեն հայի սրտից բխած,
Լսիր այս ձայնն, ո՜վ Աստուած.

Երկար կեանք տուր Հայրապետին,
Երկար օրեր Հայոց Հօր.

Տէ՜ր անսասան պահիր դու միշտ,
Քո իսկ հիմնած Մայր Աթոռ:



Քաղեց՝ Շուշան Գորտոնճիեան
8–Փետրուար–2011 Երեքշաբթի
Իսթանպուլ

Wednesday, January 5, 2011

ԳԱԶԱԶ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱՄԻՐԱ ՊԷԶՃԵԱՆ


Հայ ձկնորսներ կապոյտ Վոսփորի ափին նստած իրենց ուռկանները կը նորոգէին: Հայ տղեկ մը աննպատակ անոնց շուրջը կը թափարէր: Փորձառու և իմաստուն ձկնորս մը տղան իր մօտ կանչեց ու խիստ ձայնով անոր հարցուց.
-Դպրոցի պահուն ի՞նչ գործ ունիս փողոցները:
Ձկնորսը, տղուն պատասխանը չսպասեց: Անոր երեսին ապտակ մը զարկաւ ու ըսաւ.
-Անմիջապէս դպրոց վազէ:
Տղան, անպատասխան դպրոց վազեց:
Տարիներ անցան: Ձկնորսը ծերացած էր: Գործէն քաշուած Պոլսոյ խաղաղ ու աղքատ թաղերէն մէկուն մէջ կ'ապրէր:
Օր մը երկու ոստիկաններ ներկայացան ծերուկ ձկնորսին և ըսին.
-Մեծ Նախարարին հրամանով եկանք: Քեզի, անոր քով պիտի տանինք:
Ձկնորսը այլայլեցաւ այս անակնկալ հրաւէրէն: Հաւանական պատիժի մը վախն ու սարսափը սրտին մէջ, ֆէսը գլուխը դրաւ և լուռ հնազանդութեամբ ոստիկաններուն հետեւեցաւ: Անոնք, Մեծ Նախարարին գրասենեակը հասան: Հոն, պետական մեծամեծ պաշտօնեաներով լեցուն էր: Ձկնորսը Մեծ Նախարարին սենեակը մտաւ: Մեծ Նախարարը, աղքատ ու ծերուկ ձկնորսին մօտ գնաց և անոր ձեռքին համբոյր մը դրոշմեց:
Մեծ Նախարարը սապէս ըսաւ.
-Ահա այս օրհնեալ ձեռքին բարի ապտակը զիս մարդ ըրաւ: Ես, անոր առջեւ կը խոնարհիմ:
Ձկնորսը, տարիներ առաջ ծովեզերքը թափառող տղեկը յիշեց:
Մեծ Նախարարը ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱՄԻՐԱ ՊԷԶՃԵԱՆՆ էր:

Յարութիւն Ամիրա Պէզճեան, 10-Ապրիլ-1771 թուականին Պոլսոյ Ենիգաբու թաղին մէջ ծնաւ և 3-Յունուար-1834 թուականին Պոլսոյ Ենիգաբու թաղին մէջ մեռաւ: Իր մայրն ու հայրն ալ նոյն տան մէջ մեռած էին:
Յարութիւն Պէզճեանի հօրը անունն է պէզճի հաճի Պողոս աղա կարսեցի: Պողոս աղա կտաւի վաճառական էր: Մօրը անունն է Վառվառէ, երկու քոյրերուն անուններն են՝ Համասփիւռ և Մարիամ:
Ան, Գումգաբուի դպրատան մէջ յաճախեցաւ: 1783-ին մետաքսավաճառի մը մօտ աշխատեցաւ և 1795 թուականին հօրը աջակցութեամբ իր մետաքսավաճառի խանութը բացաւ:
Պէզճեան, նշանաւոր Տիւզեան ընտանիքը ճանչցաւ և անոնց հետ միասին աշխատիլ սկսաւ: Այդ օրերուն Օսմանեան Պալատական անդամներու հետ ծանօթացաւ: Ան, Բ. Մահմուտի դրամական ու սեփական խորհրդականը և շատ մտերիմ բարեկամը եղաւ:
Գազազ Ամիրա Յարութիւն Պէզճեան, Օսմանեան Պալատին մէջ Հայ հասարակութեան ներկայացուցիչը եղաւ:
5-Սեպտեմբեր-1819 թուականին հայոց մեծամեծներուն յատկացուած Ամիրա տիտղոսին տիրացաւ: Փողերանոցի վերատեսուչ կարգուեցաւ:
Պէզճեան, վերանորոգիչն է Գարթալի Սուրբ Նշան Եկեղեցւոյ: Ան, եկեղեցւոյ պարտէզին մէջ աղբիւր մըն ալ շինել տուաւ: Տէօվլէթ Վարպետ, Սուրբ Նշան եկեղեցւոյ և եկեղեցւոյ կից դպրոցին նորոգութեան ճարտարապետն է:
Յարութիւն Պէզճեան, 1820 թուականին Գումգաբուի մէջ հիմնեց աղջկանց արհեստանոց մը, ուր կը շինուէր եկեղեցական զգեստներ: 1824-ին հիմնեց Բերայի աղջկանց ասեղնագործութեան վարժարանը:
1826 թուականին Գէորգ Դպիրի աննման պարսկահայ ընդարձակ բառարանին մեկենասը եղաւ: Այս բառարանը Օրթագիւղ Պողոս Արապեան տպարանին մէջ տպուեցաւ:
1828 թուականին վերակառուցուեցաւ Մայր եկեղեցին: «Եկեղեցին, 1826 թուականին հրդեհէն աւերուած էր»: Նոյն թուականին ուսումնարան մըն ալ վերակառուցուեցաւ, որ ապագային Պէզճեան Մայր Վարժարան կոչուած է:
Այս շինութեան ծախսին կէսը ինք վճարեց և միւս կէսն ալ ժողովուրդէն ու ամիրաներէն հանգանակուեցաւ:
Գազազ Յարութիւն 1829 թուականին Թուրք և Ռուս պատերազմին Պոլսոյ մէջ յառաջ եկած սովին վերջ տալու համար, արմտիքի գիները ազատ ձգել տուաւ: Այս գործին մէջ յաջողելուն պատճառաւ ալ Սուլթանէն Մուրասսա անուն պատուանշանը ստացաւ:
Ան, պաշտօնական հրովարտակ «ֆէրման» ստանալով հիմնարկէք դրաւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցին: 1833 թուականին հիւանդանոցի շինութիւնը աւարտեցաւ: 1834 թուականին՝ Գազազ Ամիրա Պէզճեանի մահուընէ վերջ, հիւանդանոցին պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ:
Պէզճեան, կարգ մը նենգամիտ խաղերու պատճառաւ Լիմնի Կղզի աքսորուեցաւ: Ան, աքսորուելէ առաջ ուղիղ յանձնեց փողերանոցին հաշիւները: Տարի մը վերջ, աքսորէն Պոլիս վերադարձաւ և դարձեալ փոխերանոցին գլուխը անցաւ:
Պէզճեան, Հիւնքար Իսքէլէսիի դաշնագրութենէն վերջ հայ սեղանաւոր ամիրաներէ 11 միլիոն ոսկի հաւաքեց: Ան, Ռուսիոյ պատերազմական ծախսը պայմանաժամէն առաջ յաջողեցաւ վճարել: Այս առթիւ Սուլթան Մահմուտէն «ԹԱՍՖԻՐԻ ՀԻՒՄԱՅՈՒՆ» անուն ամենաբարձր շքանշանը ստացաւ:
Այսօր «սիրօզ» ըսուած անողոք հիւանդութիւնը կրծել սկսաւ մեծ հայուն մարմինը: Օսմանեան մեծազօր կայսրութեան Սուլթանն ու բոլոր իսլամներու Խալիֆան, հայ Ամիրային հիւանդտես երթալու որոշում տուաւ: Սուլթան Մահմուտ, երբ Յարութիւն Ամիրա Պէզճեանը հիւանդ անկողինին մէջ տեսաւ շատ յուզուեցաւ:
3-Յունուար-1834 թուականին Գազազ Յարութիւն Ամիրա Պէզճեան յաւիտեան բաժնուեցաւ այս աշխարհէն: Ան, շատ սիրեց Մայր Եկեղեցին: Անոր մարմինը, մեծահանդէս թաղումով Մայր Եկեղեցւոյ կից Սուրբ Յարութեան տաճարը իր կենդանութեանը պատրաստուած դամբանին մէջ ամփոփուեցաւ:


Զանազան աղբիւրներէ քաղեց՝ Շուշան Գորտոնճիեան
3-Յունուար-2011 Երկուշաբթի
Իսթանպուլ

Tuesday, December 14, 2010

ՃԱՐՏԱՐԱՊԵՏ ՊԱԼԵԱՆՆԵՐՈՒ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ

Պոլսոյ մէջ գտնուող նշանաւոր շէնքերու շինութեան գրեթէ բոլորին վրայ Պալեաններու ստորագրութիւնը կը տեսնենք :
Պալեան ընտանիքը, ԺԹ. դարու մէջ Օսմանեան ճարտարապետութեան կարեւոր անձերը եղած են: Անոնք՝ հայր, զաւակ ու եղբայր իրար յաջորդելով չորս սերունդ մասնայատուկ ճարտարապետներ հասցուցած են:
Պալեան ընտանիքը Կեսարացի է: Պալեան մականունը առաջին գործածող անձը, Պալի Գալֆային «բանուորապետ» մանչը Գրիգոր Գալֆան «բանուորապետ» եղած է: Պալի Գալֆային «բանուորապետ» մասին ծանօթութիւն մը չկայ, սակայն գիտենք թէ՝ իր դամբանը Պաղլարպաշի հայոց գերեզմանատունն է:
Ճարտարապետ Պալեաններ, իրար հետեւելով արդիւնաբեր և գործօն կեանք մը ապրած են: Պալեան անունը երկրին մէջ և նոյնիսկ երկրէն դուրս լսուելու պատճառ դարձած է՝ մեծ քանակութեամբ և խոշոր շէնքերուն պատկերացումն և իրագործումը, մասնայատուկ ճարտարապետութեան իրաւասու անձնականութիւնը, կարողութիւն և իրենց ապրած շրջանին փափաքները դիմագրաւելու յատկութիւնն ու ներդաշնակութիւնը:
Պալեանները, այս յաջողութիւնը թերեւս պարտական են՝ ճարտարապետութեան ասպարէզի սովորոյթի մը մէջ մասնայատուկ ճարտարապետ և մասնայատուկ գլխաւոր ճարտարապետութիւնը սերունդէ-սերունդ շարունակելու: Նոյն անունը փոխադրել, նախորդին ազդեցութիւնն և յաջողողութիւնը գործածելու առաւելութիւն, սերունդէ-սերունդ փոխադրուող մտափորձութեան կուտակումը Պալեաններու յաջողութեան ծրագիրը բարձրացնելու պատճառ դարձած է:
Պալեան ընտանիքին առաջին երեք սերունդ ճարտարապետները, այս ասպարէզին ամենէն նուրբ և կարեւոր կէտերը աւանդական մէթոտներով և սանդուխին առաջին աստիճանէն սկսելով սորված են: ԺԹ. դարուն մէջտեղը պայմանները ձեւափոխուած է: Կարապետ Պալեան այս ձեւափոխութիւնը զատորոշելով իր մանչ զաւակները համաչափ դաստիարակութեան ուղղած է: ԺԹ. դարու մէջտեղը Պալեաններու գործունէութեան որակը շատ աւելի բարձր մակարդակի հասած է: Այդ պատճառաւ ալ կ'ըսեն թէ՝ Կարապետ Պալեան, ընտանիքին փականք անհատը եղած է:
Նիկողոս և Սարգիս Պալեաններ, Ֆրանսայի ճարտարապետութեան ակադէմիայի մէջ ուսանած են: Անոնք, Պոլսոյ մէջ գտնուող նշանաւոր շէնքերու շինութիւնը ՍԷՆԴ-ՊԱՐՊԷ կամ ԷՔՕԼ ՏԸ ՊԷՕՔՍ-ԱՐԴՍ ձեւի վերածած են:

1) ԳՐԻԳՈՐ ՊԱԼԵԱՆ «1764-1831»

Ան, Պալեան ընտանիքին ամենակարեւոր անհատն է: Գրիգոր Պալեան, իր հօրը անունը «Պալի», մականուն ըլլալով գործածել սկսած է: Ան, ճարտարապետ Մինաս Գալֆային փեսան և ճարտարապետ Յովհաննէս Ամիրա Սէրվերեանին աներհայրն է:
1800 թուականին ճարտարապետ Մինաս Գալֆային դուստրը Սողոմէյի հետ ամուսնացած է: Անոնք, Կարապետ անուն մանչ զաւակով մը բախտաւորուած են: Կարապետն ալ ճարտարապետ եղած է:
Գրիգոր Պալեան, Բ. Մահմուտի հետ լաւ բարեկամութիւն ունեցած է: Գրիգոր Գալֆան, համայնքի խնդիրներով սպաղած և եկեղեցական հարցերը լուծելու աշխատած է:
Գրիգոր Գալֆան, Սկիւտար, Պիւլպիւլտէրէսի անուն թաղին մէջ ապրած է: Ան, սոխակ թռչունը շատ սիրելուն և իր տան մէջ հոգալուն պատճառաւ, իր բնակած թաղին անունը Պիւլպիւլտէրէսի կոչած են: «Սոխակ թռչունին թրքերէն իմաստը՝ Պիւլպիւլ է»: 1831-ին Սկիւտարի մէջ մեռած է: Իր դամբանը Պաղլարպաշի գերեզմանատան մէջ կը գտնուի:
Գրիգոր Գալֆան երիտասարդ տարիքի մէջ մեծ պատասխանատուութիւններու տէր կանգնելով գործօն և արդիւնաբեր աշխատանք մը ցոյց տուած է: Անոր այս արդիւնաբեր աշխատանքները Գ. Սէլիմի շրջանին կը հանդիպի: Ան, այս շրջանին ամենակարեւոր հասարակութեան շէնքերու շինութեան ճարտարապետը ըլլալով ճանչցուած է: Գրիգոր Գալֆային, շէնքերու շինութեան ցուցակին մէջ կը գտնուի՝ 2 խոշոր ջրաթումբ, 6 զօրանոց, 6 պալատ, մզկիթ մը, 2 վարչական շէնք, 4 ապարանք և 2 եկեղեցի:
Գրիգոր Պալեանի գլխաւոր հեղինակութիւններն են՝ Սարայպուրնույի Պալատը «այրած է», Պէշիկթաշի Պալատը «փլցուցած են», Պէյլէրպէյի Պալատ «Ենիջերիները այրած են», Վալիտէ Սուլթան Պալատ, Տէֆթէրտար Պալատ «Հալիջ», Այնալըգավաքի Ապարանքը, Նուսրէթիյէյի զօրանոցը և շուրջի շէնքերը, Տավութփաշայի զօրանոցը, Փէրայի զօրանոցը, Տարփանէ-ի Ամիրէ, Վալիտէ ջրաթումբ «Պահջէգիւղ», Թոփուզլու ջրաթումբ «Պահջէգիւղ» և Եանկըն ապարանք «Պէյազըթ»:

2) ՍԻՆԵՔԷՐԻՄ ՊԱԼԵԱՆ «1768-1833»



Ճարտարապետ Սինեքէրիմ Պալեան, Պալի Գալֆային մանչը և Գրիգոր Ամիրա Պալեանին եղբայրն է: Սինեքէրիմ Պալեանի մասին շատ քիչ ծանօթութիւն ունինք: Ան, Բեթղեհէմի մէջ մեռած է: Իր դամբանը Բեթղեհէմի հայոց գերեզմանատան մէջ կը գտնուի:
Սինեքէրիմ Պալեանի շինած շէնքերուն մասին շատ ծանօթութիւն մը չունինք: Ան, Պէյազըթ Հրդեհ Աշտարակին ճարտարապետն է:
Սինեքէրիմ Պալեան, Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ ճարտարապետն է: «1824-1825»










3) ԿԱՐԱՊԵՏ ԱՄԻՐԱ ՊԱԼԵԱՆ «1800-1866»

Կարապետ Ամիրա Պալեան, Գրիգոր Ամիրա Պալեանին մանչն է: Անոր, երիտասարդութեան և ուսման մասին ծանօթութիւն մը չունինք: Գրիգոր Պալեան 1831-ին մեռնելէ վերջ, Կարապետ Պալեան իր հօրը տեղը անցած է:
Սուրբ Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցի շինութիւնը, Կարապետ Ամիրա Պալեանի առաջին գործը եղած է:
Կարապետ Պալեան, ոչ թէ միայն ճարտարապետութեամբ այլ՝ իր բարերարութիւններով ալ հայ ազգին ծառայած և օգտակար եղած է: Ան, Նազելի Պապաեանի հետ ամուսնացած և 10 զաւակ ունեցած է: Անոր, մանչ զաւակները՝ Նիկողոս, Սարգիս, Յակոբ և Սիմոն Պալեաններ մասնայատուկ ճարտարապետներ ըլլալով աշխատած են:
Կարապետ Ամիրա Պալեան, Պէշիկթաշի հայոց գերեզմանատան մէջ թաղուած է, սակայն իր դամբանը կորսուած է:
Կարապետ Պալեան, Տօլմապահջէ Պալատին ճարտարապետը ըլլալով կը յիշուի: Ան, Բ. Մահմուտ, Ապտիւլազիզ և Ապտիւլմէճիտ թագաւորներու շրջանին ճարտարապետը եղած է: Անոր, ամենէն արդիւնաբեր աշխատութիւնները, Թագաւոր Ապտիւլմէճիտի շրջանին կը հանդիպի:
Կարապետ Պալեան, մօտաւորապէս 30 տարուայ աշխատութեան շրջանին՝ 7 պալատ, 4 գործատուն, զօրանոց մը, մզկիթ մը, 2 հիւանդանոց, 3 դպրոց, 2 ջրաթումբ, 7 եկեղեցի և շատ մը բնակարաններ ծրագրելով կառուցած է:
Կարապետ Ամիրա Պալեանի շինած նշանաւոր շէնքերու ցանկը հետեւեալն է:
Տօլմապահջէ Պալատ, Զոյգ Պալատներ «Էյիւպ, ներկայիս գոյութիւն չունի», Ճէմիլէ և Միւնիրէ Սուլթան Պալատներ «Ֆընտըքլը, ներկայիս՝ Ճարտարապետ Սինան Համալսարանի շէնքը», Ջըրաղան Պալատ «հինը, ներկայիս գոյութիւն չունի», Հիւնքար Ապարանք «Իզմիթ, ներկայիս թանգարան», Պայընտըր Ապարանքի նորոգութիւնը «Տօլմապահջէ, ներկայիս գոյութիւն չունի», Եըլտըզ Ապարանք «Ներկայիս գոյութիւն չունի», Կիւմիւշսու զօրանոց «Ներկայիս՝ Պոլսոյ Գիտարուեստական Համալսարանի շէնքը», Գուլէլի Ձիաւոր զինուորներու զօրանոց «Ներկայիս՝ զինուորական դպրոց», Տօլմապահջէ Մզկիթ, Բ. Մահմուտի Շիրիմը «Ջէմպէրլիթաշ», Մէքթէպ-ի Հարպիյէ «Ներկայիս՝ Զինուորական Թանգարան», Սիբահի Օճախ «Հարպիյէ, ներկայիս գոյութիւն չունի», Թէրքոսի Հիմնարկները «Թէրքոս», Գիրազլը Ջրաթումբ «Պահջէգիւղ», Բ. Մահմուտ Ջրաթումբ, Իզմիտի Ջուխատունը, Հէրէքէյի գործատունը, Պաքրգիւղի կտաւի գործատունը, Պէյքոզի կաշիյի գործատունը, Զէյթինպուրնու Երկաթ ու Պողպատի գործատունը, Ս. Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցը, Ս. Յակոբ Եկեղեցին, Ս. Աստուածածին Եկեղեցին «Պէշիկթաշ» Երեւման Ս. Խաչ Եկեղեցին «Գուրուչէշմէ» Ս. Երրոդութեան Եկեղեցին «Բերա, Յովհաննէս Սէրվերեանի հետ միասին», Սէմերճեան-Ճեմարան Վարժարան «Սկիւտար»:

4) ՆԻԿՈՂՈՍ ՊԱԼԵԱՆ «1826-1858»

Նիկողոս Ամիրա Պալեան, Կարապետ Ամիրա Պալեանին մանչն է: Ան, Պալեան ընտանիքի՝ համաչափ դաստիարակութիւն ուսանած առաջին անհատն է:
Նիկողոս Պալեան, Փարիզի Սէնդ-Պարպէ գոլէժին մէջ ուսանած է: Ան, այդ գոլէժին նշանաւոր դաստիարակիչ ճարտարապետ Հ. Լապրուստինի սիրական աշակերտը եղած է: Նիկողոս Պալեան այս ասպարէզին մէջ կարճ կեանք մը ապրած է, սակայն շատ արդիւնաբեր աշխատութիւններ ունեցած է:
Նիկողոս Պալեանի գործերը հետեւեալներն են:
Տօլմապահջէ Պալատին մէջ հիւրանոց մը և երկու Թագաւորութեան Դռները, Ըհլամուր Ապարանք, Կէօքսու Ապարանք, Թոփհանէ Ժամացոյցի Աշտարակը, Տօլմապահջէ Ժամացոյցի աշտարակը:



5) ՍԱՐԳԻՍ ՊԱԼԵԱՆ «1831-1899»

Ան, թէ՛ մասնայատուկ ճարտարապետ և թէ՛ պետութեան գլխաւոր ճարտարապետ տիտղոսներու տիրացած է: Սարգիս Պալեան, Կարապետ Ամիրա Պալեանին մանչն է:
1843-ին իր եղբայրը Նիկողոս Պալեանի հետ միասին Պոլիսէն Փարիզ ուսանելու գացած են: Նիկողոս Պալեան Փարիզի մէջ հիւանդացած է: Սարգիս Պալեան, եղբօրը հիւանդութեան պատճառաւ միջոց մը իր ուսումը դադրեցնելու պարտաւոր մնացած է:
Ան, Փարիզի մէջ Սէնդ-Պարպէ Գոլէժը աւարտած է: Էգօլ Սանդրալի մէջ ուսանած և Էքօլ Տը Պէօքս Արդսէն 1855 թուականին շրջանաւարտ ըլլալէ վերջ Պոլիս վերադարձած է:
Սարգիս Պալեան, Փարիզի մէջ թէ՛ ճարտարապետութիւն և թէ՛ ճարտարագէտութիւն դաստիարակած է: Կարգ մը մեքենագիտութեան ստեղծագործութիւններ ըրած և այս ստեղծագործութիւններուն պետական արտօնագիրն ալ առած է:
Սարգիս Պալեան, գեղարուեստը սիրած և զբաղած է: Ան գծագրութիւն և երաժշտոթիւն սիրած է: Ան, Քրիստոֆ Քոլոմպ անուն օփերա մը յօրինած է:
Սարգիս Պալեան, երկաթուղիի շինութեան, մետաղի աշխատութեան ևլն. առանձնաշնորհութիւն վայելած է, սակայն այս համարձակութեան պատճառաւ իր մասին դատ բացուած և Փարիզ աքսորուած է: Տասը տարի վերջ, Յակոբ Փաշա Գազազեանի հրամանով Պոլիս վերադարձած է: Իր կեանքին վերջին օրերը Գուրուչէշմէ Կղզիի բնակարանին մէջ անցուցած է:
Սարգիս Պալեան, ազդեցիկ բարձր նկարագրով հետաքրքրական կեանք մը ապրած է: Երաժշտութիւն, ճարտարապետութիւն, ճարտարագէտութիւն, նկարչութիւն և բազմաթիւ աշխատութեան ասպարէզներու մէջ զարմանալի կարողութիւն մը ցոյց տուած է:
Իր շինած շէնքերուն մէջ հինգ հազար կամ վեց հազար աշխատաւոր աշխատցուցած է: Ան, որակը բարձր և զարմանալի արագութեամբ կառոյցներ իրագործած է:
Սարգիս Պալեան նշանաւոր բարեկամներ ալ ունեցած է: Թագուհի Էօժէնին և Յովհաննէս Այվազովսկին իր լաւ բարեկամները եղած են:
Յովհաննէս Այվազովսկի, Սարգիս Պալեանին Գուրուչէշմէ Կղզիի բնակարանին մէջ ամիս մը հիւրասիրուած և Թագաւոր Ապտիւլազիզին Տօլմապահջէ Պալատի համար ապսպրած իւղաներկ նկարները պատրաստած է:

Սարգիս Պալեանի գլխաւոր գործերը հետեւեալներն են:
Պէյլէրպէյի Պալատ, Ջըրաղան Պալատ, Ատիլէ Սուլթան Պալատ «Գանտիլլի», Եըլտըզ Պալատ, Ջատըր Ապարանք, Մալթա Ապարանք, Շալէ Ապարանք «երկրորդ մաս», Ջիթ Ապարանք, Չաղլաեան Ապարանք «Քաղըթհանէ», Այազաղա Ապարանք «Մասլաք», Քալէնտէր Ապարանք, Զինճիրլիքոյու Ապարանք, Թոքատ Ապարանք «Պէյքօզ», Ալէմտաղ Որսի Ապարանք, Ապտիւլազիզ Որսի Ապարանք «Վալիտէպաղ և Այազաղա», Սուլթան Ջիֆթլիք Ապարանք «Իզմիթ», Աքարէթներ, Վալիտէ Մզկիթ «Աքսարայ», Քաղըթհանէ Մզկիթ, Հարպիյէ Նախարարութեան Շէնք, Պահարիյէ Նախարարութեան Շէնք, Կիւմիւշսու զօրանոց, Մաջքա զինանոց, Մաջքա ոստիկանատուն, Կալաթասարայ Վարժարան, Մաքրուխեան Վարժարան «Պէշիկթաշ», Համիտիյէ Ժամացոյցի Աշտարակ «Տիգրան Գալֆա Ճիւպէրեանի հետ միասին»:

6) ՅԱԿՈԲ ՊԱԼԵԱՆ «1837-1875»
Յակոբ Պալեան, Կարապետ Ամիրա Պալեանին մանչը և Սարգիս Պալեանին եղբայրն է: Փարիզի մէջ Սէնդ-Պարպէ Գոլէժին ճարտարապետութեան բաժինէն շրջանաւարտ եղած է:
Ան, հօրը մեռնելէն վերջ, Սարգիս Պալեանի հետ միասին աշխատիլ սկսած է: Սարգիս Պալեան գործի յարաբերութիւններն և շէնքերու աշխատութիւնները կարաւարած, իսկ Յակոբ Պալեան այս գործերուն պատկերացման ու ծրագրի պատասխանատուութեան տէր կանգնած է:
Յակոբ Պալեան, մատենագրութիւն ու թատրոն սիրած և հետաքրքրուած է: Ֆրանսերէն և ֆրանսական մատենագրութիւնը լաւ սորված է: Յակոբ Պալեան, լուսամիտ անձ մը ըլլալով ճանցուած է: Ան, Փարիզի մէջ մեռած է:

7) ՍԻՄՈՆ ՊԱԼԵԱՆ «1846-1894»

Ան, Կարապետ Ամիրա Պալեանին մանչն է:
Սիմոն Պալեան, Եւրոպայի դպրոցներու մէջ ուսանած է, սակայն իր ուսանած դպրոցներու անուններուն մասին ծանօթութիւն մը չկայ:
Սիմոն Պալեան, Սարգիս Պալեանի հետ միասին աշխատած է:
Ան, լաւ գծագրիչ մըն է: Ան, ջրաներկի գիտարուեստական մասնագիտութեամբ, Պալեաններու աշխատանոցին մէջ ծրագրուած շինութիւններու երեւոյթը գծած է:
Իր ճարտարապետութեան շէնքերը հետեւեալներն են:
Մաջքա Զինանոց, Մաջքա Ոստիկանատուն, Եըլտըզ Ապարանք:

8) ԼԵՒՈՆ ՊԱԼԵԱՆ «ԺԹ. ԴԱՐ»

Ան, Նիկողոս Ամիրա Պալեանին մանչն է: Լեւոն Պալեան, Պալեան ընտանիքի վերջին սերունդ ճարտարապետն է: Ան, Փարիզի Էքօլ Տը Պէօքս Արդսի մէջ ճարտարապետութիւն ուսանած է: Իր մասին ուրիշ ծանօթութիւն մը չկայ:

Քաղեց ու թարգմանեց՝ Շուշան Գորտոնճիեան
10-Դեկտեմբեր-2010 Ուրբաթ
Իսթանպուլ

Tuesday, October 19, 2010

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԿՈԼՈՏ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ


Կիլիկեան Հայոց թագաւորութեան անկումէն յետոյ 1375-ին, իբր հետեւանք Փոքր Ասիոյ ամէն կողմերը կատարուող արշաւանքներու, կրօնական և մշակութային դրական գործունէութիւնը տակաւ առ տակաւ նուազեցաւ ու գրեթէ կասեցաւ մեր մէջ: Պատերազմները ոչ միայն արգելք կ'ըլլային ուսմունքով պարապելու այլ նաեւ կը ստիպէին մեր ժողովուրդը գաղթել ուրիշ երկիրներ: Այնպէս որ ԺԵ. և ԺԶ. դարերը կը նկատուին «բոլորովին անկման դարեր» ամբողջ Արեւելքի համար: ԺԵ. դարուն մեր եկեղեցական պատմութեան մէջ պատահեցաւ երկու կարեւորագոյն դէպքեր. առաջինը 1441 թուին Հայրապետական Աթոռին իր սկզբնական կեդրոնը, Ս. Էջմիածին փոխադրուիլն է Կիլիկիայէն, ուր քայքայիչ քաղաքական ու կրօնական ազդակներ վտանգած էին անոր գոյութիւն և գործունէութիւնը: Երկրորդը՝ Օսմանեան Կայսրութեան նոր մայրաքաղաքին՝ Կ. Պոլսոյ մէջ 1461-ին Հայ Եկեղեցւոյ Պատրիարքական նոր Աթոռի մը հաստատուիլն էր: Երկու դէպքերն ալ, որքան ալ խաւար այդ դարերուն մէջ յոյսի դռներ բացած էին Հայ ժողովուրդի սիրտերուն մէջ, սակայն դժբախտաբար իրենց սկզբնական շրջանին մէջ գրեթէ ոչինչ ունին շինիչ և մխիթարական: Ընդհակառակը լեցուն են սրտմաշուք դէպքերով և խռովիչ կացութեամբ մը, որոնք արտաքին ազդակներէ աւելի ներքին պատճառներու ծնունդ են: Մեր խօսքը մասնաւորելով Օսմանեան նոր մայրաքաղաքին մէջ հիմնուած եկեղեցական նոր կեդրոնի մասին, կը հաստատենք, որ անոր առաջին դարը կը յատկացուի նոր պայմաններու յարմարելու և նոր շրջանակին մէջ տեղաւորուելու աշխատանքներուն: Իսկ յաջորդ դարուն կը սկսի քանդիչ սովորութիւն մը, որ գրեթէ ամբողջութեամբ կը ծծէ այս Պատրիարքութեան հոգեւոր ու բարոյական կենսունակութիւնը: Այդ յոռի և քանդիչ սովորութիւնը եղաւ՝ Պատրիարքական իշխանութիւնը մէկը միւսին ձեռքէն խլելու խելայեղ մոլուցքը, ազդեցիկ ամիրաներու մեղսակցութեամբ և նախաձեռնութեամբ: 1600 թուականէն մինչեւ Կոլոտի Պատրիարքութիւնը, 115 տարիներու ընթացքին, Պատրիարքական Աթոռ ելած և իջած են 55 դէմքեր 60-70 անգամ, միջին հաշուով հազիւ երկու կամ երեք տարի պատրիարքութիւն ընելով: Հետեւաբար Պատրիարքութեան հիմնումին առաջին 250 տարիներու ընթացքին շատ քիչ է դրական ու շինիչ կրօնական ու մշակութային գործերով պարապողներուն թիւը:

Այս ընդհանուր մթութեան մէջ կը նշմարուի լոյսի նշոյլ մը Ամրտօլուի Վանքէն, Տարօն գաւառի մէջ –ուրկէ եկած էր նաեւ Ս. Մեսրոպ- որ ի վերջոյ բաւական պիտի ըլլար նոր և բոցավառ պայծառութիւն մը տալու Ս. Մեսրոպի վառած ջահին: ԺԸ. դարուն սկիզբները Տարօնէն կայծեր կը նետուին Իսթանպուլ, Երուսաղէմ և մինչեւ իսկ Էջմիածին, և ազգային ու մշակութային կեանքը նոր ուղիի մէջ կը մտնէ: 1711ին Իսթանպուլի հորիզոնին վրայ կ'երեւի նոր դէմք մը, որ իր իմացական լոյսովը ու հոգիի ջերմութեամբը կը համակէ ամէնքը, և մշակութային կեանքը պատահական ու անհատական ճիգերէ կ'ազատագրէ և կը կապէ համայնքային շարժումի մը: ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԿՈԼՈՏՆ է այդ լուսաւոր դէմքը որ գալով Բաղէշի Ամրտօլուի և Ս. Կարապետի վանքերէն, մաքրեց նախ ճայռոտած կտուցը պատրոյգին մեր մշակոյթին առկայծող կանթեղին, նոր բոց և կեանք տուաւ անոր, և ստոյգ անկումէ փրկեց Երուսաղէմի և Կ. Պոլսոյ Պատրիարքական Աթօռները, զօրացնելով նաեւ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինը:

Եթէ մեր նոր ժամանակներու վերազարթնումի նահապետը Ամրտօլուի վանահայր ՎԱՐԴԱՆ ԲԱՂԻՇԵՑԻՆ է, Արեւմտահայութեան վերազարթնումի հայրը անկասկած Վարդանի հոգեւոր որդին՝ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԿՈԼՈՏ ՊԱՏՐԻԱՐՔՆ է, որուն կը պատկանի յաւերժական ու անկապտելի փառքը Արեւմտահայութեան մտաւորական վերածնունդը սկսած ըլլալու, անոր իմացական և հոգեւոր նոր կեդրոնին՝ Իսթանպուլի մէջ:
Բաղիշեցի այս վարդապետը, ըլլալով հանդերձ ամէնէն պայծառ դէմքը Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքներուն, միաժամանակ կարեւոր երեւոյթ մըն է, իբրեւ անոր վերազարթնումի մեծագոյն ռահվիրան:

Սրբակենցաղ վանական, քաջ քարոզիչ վարդապետ, ճարպիկ գործիչ և արդիւնաշատ մշակ, ու կատարելութեան տիպարին մօտեցող անձ մըն է Յ. Կոլոտ: Ամրացուց նախ Հայաստանեայց Եկեղեցին իր նիւթական ու հոգեւոր կառուցուածքին մէջ, Իսթանպուլէն մինչեւ Երուսաղէմ: Յաջողեցաւ խաղաղեցնել իր հօտը և վերջ տալ սպառիչ խռովութեանց և վատնիչ մսխումներու, և լարել իր ժողովուրդին նիւթական ու բարոյական կարողութիւնները՝ շինարար գործերու համար: 1715ին բացաւ Սկիւտարի իր հռչակաւոր «ԴԱՍԱՏՈՒՆԸ» և հասցուց մեծ թիւով աշակերտութիւն: Թարգմանել տուաւ Արեւմտեան լեզուներէն բազմաթիւ աստուածաբանական, քարոզչական, հովուական, փլիսոփայական, գիտական ու մեկնողական տարողութեամբ գիրքեր: Այսու Կոլոտ հիմնած եղաւ մեր Երրորդ Թարգմանական դպրոցը, Ոսկեդարէն ու Արծաթի դարէն յետոյ: Զարկ տուաւ տպագրութեան՝ մշակոյթի արծարծման եւ ընթերցումի տարածման այդ կարեւոր գործին: Կարճ ժամանակի մը մէջ հրապարակը ողողուեցաւ –այդ օրերու չափանիշով- բազմահատոր գիրքերով, որոնք մատչելի եղան ոչ միայն Իսթանպուլի և իր անմիջական շրջանակին, այլ նաեւ մինչեւ իսկ Երուսաղէմ և Էջմիածին: Ազգային լուսաւորութեան համար Կոլոտ չբաւականացաւ լոկ թարգմանչական գործով, այլ Տարօնի իր նախկին դպրոցներէն, Ս. Կարապետէն, Ամրտօլիէն, Գլակէն և այլ վանքերէն բերել տուաւ հազուագիւտ ձեռագիրներ, մեր մատենագրութեան թանկարժէք գանձերը, և բազմագրել տուաւ զանոնք ընդօրինակութեան կարօտ ազգ մը նախ լաւ պէտք է ճանչնայ ինքզինքը, իր անցեալի մշակութային արժէքներուն մէջ: Իր թարգմանածոյ գրչագրեալ և տպագրեալ գործերով կազմեց ՄԱՏԵՆԱԴԱՐԱՆ մը, զոր ժառանգ ձգեց իր դպրոցին, և որ մինչեւ մեր ժամանակները շարունակած է իր գոյութիւնը և օգտակարութիւնը:

Իր աշակերտները շարունակեցին անոր սկսած մտաւորական շարժումը, որուն առատ նիւթ մատակարարեցին Մխիթար Սեբաստացիի կրկնակ Միաբանութիւնները՝ Արեւմուտքի ընձեռած խաղաղ ու բարոյապէս նպաստեցին -թէ՛ Պոլսոյ և թէ՛ Վենետիկի մէջ- Իսթանպուլահայ ամիրաներն ու ժողովուրդը՝ իրենց մեկնաբանութեամբ, քաջալերութեամբ և ընթերցասիրութեամբ: Կոլոտով սկսած այս մտաւորական շարժումը իր ծաղկումի և փառքի ճամբուն մէջ մտաւ արդէն ԺԹ. դարուն, երբ Սահմանադրական Սերունդին ճիգերով աւելի ուժեղացաւ, տալու համար իր մեծագոյն արդիւնքները ԺԹ. դարու վերջերը և մեր դարուն սկիզբները: Այս շարժումը թափանցեց նաեւ մինչիւ հեռաւոր խորերը և խուլ անկիւնները գաւառներուն: Իսկ կեդրոնին մէջ կերտեց մեր Արեւմտահայ Արդի Գրականութեան Ոսկեդարը:

Յովհաննէս Կոլոտ Բաղիշեցի Պատրիարքը Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքներու շարքին մէջ դէմքն է: Մարդու մը մեծութիւնը կը չափուի իր կեանքով, գործունէութեամբ, արգասիքով և արտաբերած ոգիով: Այս բոլորին մէջ ալ Յովհաննէս Կոլոտ պատրիարք կը գտնուի գերազանց դիրքի վրայ:
Խոր յարգանք ու խանդաղատանք իր յիշատակին: Պատիւ այն ժողովուրդին որ ծնաւ՝ զայն:
Փառք Անեղին Աստուծոյ որ Իր Հոգիով լեցուն զայն և ղրկեց մեզի:

ՇՆՈՐՀՔ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ԳԱԼՈՒՍՏԵԱՆ
ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՈՑ ԹՈՒՐՔԻՈՅ
ԻՍԹԱՆՊՈՒԼ-1978