Tuesday, February 8, 2011

ՊՈԼԻՍ ԱՅՑԵԼԱԾ ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՆԵՐ

Ս. ՄԵԾՆ ՆԵՐՍէՍ Ա «353-373»

Սուրբ Մեծն Ներսէս Ա Կաթողիկոս, ըստ Մովսէս Խորենացիի և բազմաթիւ այլ պատմիչներու, Պոլիս եկած է դաւանական վէճերու պատճառաւ, Բիւզանդիոնի Վաղես Կայսեր կողմէ աքսորուած, իսկ Մեծն Թէոդոսի կողմէ ազատ արձակուելէ յետոյ, տեղւոյն եպիսկոպոսներէն ժողովի մը ընթացքին մեծ պատիւներ ընդունած է: Աւանդութեան համաձայն, Մեծն Ներսէս Հայրապետի ութամսայ աքսորավայրը եղած է Իշխանած Կղզիներէն Փլաթին «այսօրուայ անունով՝ Եասսըատա»:


ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ Բ ԳԱԲԵՂԵԱՆ «557-574»

Յովհաննէս Բ Կաթողիկոսը, պարսից տիրապետութեան դէմ բռնկած ապստամբութենէն յետոյ «571 թ.», եպիսկոպոսներու և կրտսեր «Կարմիր» Վարդան Զօրավարի գլխաւորած հայազգի իշխանազուններու ընկերակցութեամբ Պոլիս կուգայ, ուր 574 թուին կը վախճանի: Ենթադրելով, որ վախճանեալ հայրապետին ընկերացող եպիսկոպոսներէն և իշխաններէն ոմանք Պոլիս բնակութիւն հաստատած են, պատմիչներէն ոմանք Պոլսահայ առաջին համայնքի կազմաւորման սկիզբը այդ թուականներուն կը տեղաւորեն: Ըստ այսմ, Պոլսահայ համայնքը և թերեւս քաղաքին առաջին եպիսկոպոսութիւնը 1495 տարուան պատմութիւն ունի:


ՊԵՏՐՈՍ Ա ԳԵՏԱԴԱՐՁ «1019-1058»

11-րդ դարուն բիւզանդացիները կը ջանային իրենց իշխանութիւնը տարածել Հայ Եկեղեցւոյ վրայ և ամէն առիթով կը միջամտէին անոր ներքին գործերուն: Հասկնալով կաթողիկոսութեան բարոյական ուժը, Անիի գրաւման ժամանակ բիւզանդացիներուն բարեկամ Պետրոս Ա Գետադարձ Կաթողիկոսը Պոլիս հրաւիրեցին: Հայրապետը քանի մը տարի ապրեցաւ կայսրութեան մայրաքաղաքին մէջ հսկողութեան ներքեւ և արգելական էր մինչեւ 1051, երբ ազատ արձակուեցաւ Կոստանդին Մոնոմախոս կայսեր և Միքայէլ Կերուլարիոս պատրիարքին օրով: Հայրապետը 1058 թուականին կը վախճանի Սեբաստիոյ մէջ:


ԽԱՉԻԿ Բ ԱՆԵՑԻ «1058-1065»

Յաջորդն էր Պետրոս Գետադարձ Կաթողիկոսին և կիսեց միեւնոյն ճակատագիրը: Պոլիս կը հրաւիրուի Կոստանդին ԺԱ Տուկիծ կայսեր հրամանաւ և կը մատնուի նեղութեանց և ծանր ճնշումներու, որպէսզի Հայոց կաթողիկոսութիւնը ենթարկէ Պոլսոյ Յունաց Պատրիարքութեան: Հայրապետը կը համբերէ նեղութիւններուն և ճնշումներուն դէմ կը դնէ «զոր մինչեւ յիմ ժամանակ չէ լեալ, և ոչ ես հաւանիմ» կարգախօսով: 1059-1062 թուականներուն Պոլիս կը մնայ արգելական վիճակի և նուաստացուցիչ պայմաններու մէջ: Պոլսէն մեկնելէ երեք տարի ետք, 1065-ին Թաւբլուրի «Սեբաստիոյ՝ Տարէնտէ գաւառը» մէջ կը վախճանի:


ՓԻԼԻՊՊՈՍ Ա ԱՂԲԱԿԵՑԻ «1633-1655»

Փիլիպպոս Ա Աղբակեցի «Պաշքալէցի», աւելի քան հազար տարի յետոյ, հայրապետական յատուկ առաքելութեամբ 1652 թուականին Պոլիս կը ժամանէ, վերջ տալու համար բնիկ պոլսահայերու և ներքին գաւառներէն եկած գաղթականներու միջեւ շարունակուող սուր պայքարին: Փիլիպպոս Ա Հայրապետը կը հաշտեցնէ կողմերը և իր բարոյական ազդեցութեամբ ութ ամսուայ ընթացքին վճարել կուտայ քաղաքին վեց գլխաւոր եկեղեցիներու 40.000 ղրուշի հսկայական պարտքը:


ՅԱԿՈԲ Դ ՋՈՒՂԱՅԵՑԻ «1655-1680»

Յակոբ Դ Ջուղայեցին, Պոլսահայերու ամենասիրելի «Հոգեւոր Տէրը», Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ 6 հոգեւորական և 6 աշխարհիկ գործիչներու մասնակցութեամբ գումարուած խորհրդակցական ժողովէ մը յետոյ, 1678 թուականի վերջերուն Պոլիս կը ժամանէ ի գլուխ ազգային պատուիրակութեան մը: Յակոբ Ջուղայեցիի նպատակն էր Պոլսէն Եւրոպա անցնիլ Եւրոպացի Քրիստոնեաներէն Հայոց համար օժանդակութիւն հայթայթելու միտումով:

Հայրապետը, նուիրապետական ինչ ինչ հարցերու բերմամբ երկու տարի Պոլիս կը մնայ, կը հիւանդանայ և 2 Օգոստոս 1680 թուականին այստեղ կը վախճանի: Կը թաղուի Բերայի գերեզմանատունը, իսկ վերջնոյն ապասեփականացման պատճառաւ, աճիւնները կը փոխադրուին Բերայի Ս. Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ բակը: Յակոբ Դ Ջուղայեցիի շիրիմին կը վերագրուին բազմաթիւ հրաշքներ: Պոլսահայոց ամենանուիրական ուխտատեղիներէն մէկը դարձած է իր գերեզմանը, ուր ամէն Երեքշաբթի ուխտաւորներ կը յաճախեն Հայրապետի բարեխօսութեան դիմելու համար:


ԿԱՐԱՊԵՏ Բ ՈՒԼՆԵՑԻ «1726-1729»

Յովհաննէս Թ Բաղիշեցի «ԿՈԼՈՏ» Պատրիարքի նախագահութեամբ Պոլսոյ Պատրիարքարանին մէջ գումարուած ազգային ժողովի որոշմամբ, Անգարայի վիճակաւոր Կարապետ Եպիսկոպոս՝ Պոլիս կը հրաւիրուի և 27 Փետրուար 1726 թուականին 12 եպիսկոպոսաց ձեռամբ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս կ'օծուի Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ: Յաջորդիւ, Կարապետ Բ Կաթողիկոս եպիսկոպոս կը ձեռնադրէ Կոլոտ Պատրիարքը և մէկուկէս տարի Պոլսոյ մէջ մնալէ յետոյ, 1728-ին կը ժամանէ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին և կը բազմի Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի գահուն վրայ:




ՎԱԶԳԷՆ Ա ՇԻՆԱՐԱՐ «1955-1995»

Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռին համբաւաւոր արմաշական գահակալներէն Երջանկայիշատակ Գարեգին Ա Տրապիզոնցիի «1951-1961» վերջին օծման և յուղարկաւորութեան առթիւ Պոլիս կը ժամանէ 4 Յուլիս 1961 թուականին:
Թուրքիոյ Նախագահ Ճեմալ Կիւրսէլի և Իսթանպուլի Կուսակալ Րէֆիկ Թուլկայի կողմէ կ'ընդունուի մեծ պատիւներով: Երջանկայիշատակ Գարեգին Ա Պատրիարքի յուղարկաւորութենէն յետոյ Հայրապետական այցելութիւններ կը շնորհէ գլխաւոր թաղերու եկեղեցական համայնքներուն: Սգաւոր պոլսահայութիւնը մեծապէս կը մխիթարուի Ամենայն Հայոց Հայրապետի ներկայութեամբ:
Վազգէն Ա Կաթողիկոս, 16 օր տեւող հայրապետական այցելութենէն յետոյ կը վերադառնայ Մայր Աթոռ, ուր մինչեւ իր կեանքի վախճանը խանդավառութեամբ կը պատմէր Իսթանպուլի մէջ իր գտած ջերմ ընթունելութիւնը: Եպիսկոպոս ձեռնադրած և արքութեան պատիւ շնորհած է Շնորհք Ա Պատրիարքին «1961-1990», Տ. Գարեգին Բ Պատրիարքին, Տ. Շահան Արք. Սվաճեանին և Տ.Մեսրոպ Բ Մութաֆեան Պատրիարքին:


ԳԱՐԵԳԻՆ Ա ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ «1996»

Կաթողիկոսը Պոլիս ժամանեց որպէս հիւրը Օրթոտոքս Եկեղեցւոյ Տիեզերական Տ.Տ. Բարթոլոմէոս Ա Պատրիարքին:
Յունաց Պատրիարքութեան հետ պաշտօնական շփումներն աւարտելէ ետք, Վեհափառ Կաթողիկոսը հիւրասիրուեցաւ Գարեգին Բ Պատրիարք Հօր կողմէ:
Գարեգին Ա Կաթողիկոսը 12 Մայիսին նախագահեց Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի հիմնադրութեան 535-ամեակի հանդիսութիւններուն:

ՅԻՍՈՒՍ ԱՄԵՆԱԿԱՐՈՂ Է
ԻՍԿ ԻՐ ԵԿԵՂԵՑԻՆ՝ ՅԱՒԻՏԵՆԱԿԱՆ

Յիսուս ամէն բան կրնար ընել, Ան ամենակարող Աստուած էր: Բայց մարդիկ ընտրեց՝ տասներկու առաքեալները, Եօթանասուներկու աշակերտները: Ուղարկեց և ինքն ալ գործեց մարդոց մէջ:
Մեր ազգն ալ պէտք ունի կամաւոր ծառայութիւն ստանձնել գիտցող անձերու:
Եթէ երբեք մենք կազմակերպութիւններ չունենանք մեր գաղութներու մէջ, մենք իբրեւ ազգ կորսուած ենք:
Եթէ ես փոքր ժամանակս դպրաց դասու անդամ չըլլայի մեր գիւղի եկեղեցւոյ մէջ, եկեղեցական չէի դառնար:
Եթէ երբեք մեր շատ մը կազմակերպութիւնները չըլլային, ի՞նչպէս մեր ազգը պիտի դիմանար արտասահմանի մէջ:
Պետութի՞ւն ունէինք մենք. ո՞վ պահեց մեր լեզուն, կազմակերպութիւնները պահեցին:
Անոնցմէ գլխաւորագոյնը Եկեղեցին է: Կազմակերպութիւնները, սակայն, կու գան և ժամանակներու հետ կ'երթան, բայց Եկեղեցին յաւիտենական է, կը մնայ:
«Գարեգին Ա Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս»


ԳԱՐԵԳԻՆ Բ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏ «2006»

Գարեգին Բ Հայրապետը, Օրթոտոքս Եկեղեցւոյ Տիեզերական Տ. Տ. Բարթոլոմէոս Ա Պատրիարքի և Պոլսոյ Հայոց Պատրիարք Մեսրոպ Բ Մութաֆեանի հրաւէրով 2006 թուականին Իսթանպուլ այցելեց:

ՕՐՀՆԵՐԳ ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ

Ամեն հայի սրտից բխած,
Լսիր այս ձայնն, ո՜վ Աստուած.

Երկար կեանք տուր Հայրապետին,
Երկար օրեր Հայոց Հօր.

Տէ՜ր անսասան պահիր դու միշտ,
Քո իսկ հիմնած Մայր Աթոռ:



Քաղեց՝ Շուշան Գորտոնճիեան
8–Փետրուար–2011 Երեքշաբթի
Իսթանպուլ

Wednesday, January 5, 2011

ԳԱԶԱԶ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱՄԻՐԱ ՊԷԶՃԵԱՆ


Հայ ձկնորսներ կապոյտ Վոսփորի ափին նստած իրենց ուռկանները կը նորոգէին: Հայ տղեկ մը աննպատակ անոնց շուրջը կը թափարէր: Փորձառու և իմաստուն ձկնորս մը տղան իր մօտ կանչեց ու խիստ ձայնով անոր հարցուց.
-Դպրոցի պահուն ի՞նչ գործ ունիս փողոցները:
Ձկնորսը, տղուն պատասխանը չսպասեց: Անոր երեսին ապտակ մը զարկաւ ու ըսաւ.
-Անմիջապէս դպրոց վազէ:
Տղան, անպատասխան դպրոց վազեց:
Տարիներ անցան: Ձկնորսը ծերացած էր: Գործէն քաշուած Պոլսոյ խաղաղ ու աղքատ թաղերէն մէկուն մէջ կ'ապրէր:
Օր մը երկու ոստիկաններ ներկայացան ծերուկ ձկնորսին և ըսին.
-Մեծ Նախարարին հրամանով եկանք: Քեզի, անոր քով պիտի տանինք:
Ձկնորսը այլայլեցաւ այս անակնկալ հրաւէրէն: Հաւանական պատիժի մը վախն ու սարսափը սրտին մէջ, ֆէսը գլուխը դրաւ և լուռ հնազանդութեամբ ոստիկաններուն հետեւեցաւ: Անոնք, Մեծ Նախարարին գրասենեակը հասան: Հոն, պետական մեծամեծ պաշտօնեաներով լեցուն էր: Ձկնորսը Մեծ Նախարարին սենեակը մտաւ: Մեծ Նախարարը, աղքատ ու ծերուկ ձկնորսին մօտ գնաց և անոր ձեռքին համբոյր մը դրոշմեց:
Մեծ Նախարարը սապէս ըսաւ.
-Ահա այս օրհնեալ ձեռքին բարի ապտակը զիս մարդ ըրաւ: Ես, անոր առջեւ կը խոնարհիմ:
Ձկնորսը, տարիներ առաջ ծովեզերքը թափառող տղեկը յիշեց:
Մեծ Նախարարը ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱՄԻՐԱ ՊԷԶՃԵԱՆՆ էր:

Յարութիւն Ամիրա Պէզճեան, 10-Ապրիլ-1771 թուականին Պոլսոյ Ենիգաբու թաղին մէջ ծնաւ և 3-Յունուար-1834 թուականին Պոլսոյ Ենիգաբու թաղին մէջ մեռաւ: Իր մայրն ու հայրն ալ նոյն տան մէջ մեռած էին:
Յարութիւն Պէզճեանի հօրը անունն է պէզճի հաճի Պողոս աղա կարսեցի: Պողոս աղա կտաւի վաճառական էր: Մօրը անունն է Վառվառէ, երկու քոյրերուն անուններն են՝ Համասփիւռ և Մարիամ:
Ան, Գումգաբուի դպրատան մէջ յաճախեցաւ: 1783-ին մետաքսավաճառի մը մօտ աշխատեցաւ և 1795 թուականին հօրը աջակցութեամբ իր մետաքսավաճառի խանութը բացաւ:
Պէզճեան, նշանաւոր Տիւզեան ընտանիքը ճանչցաւ և անոնց հետ միասին աշխատիլ սկսաւ: Այդ օրերուն Օսմանեան Պալատական անդամներու հետ ծանօթացաւ: Ան, Բ. Մահմուտի դրամական ու սեփական խորհրդականը և շատ մտերիմ բարեկամը եղաւ:
Գազազ Ամիրա Յարութիւն Պէզճեան, Օսմանեան Պալատին մէջ Հայ հասարակութեան ներկայացուցիչը եղաւ:
5-Սեպտեմբեր-1819 թուականին հայոց մեծամեծներուն յատկացուած Ամիրա տիտղոսին տիրացաւ: Փողերանոցի վերատեսուչ կարգուեցաւ:
Պէզճեան, վերանորոգիչն է Գարթալի Սուրբ Նշան Եկեղեցւոյ: Ան, եկեղեցւոյ պարտէզին մէջ աղբիւր մըն ալ շինել տուաւ: Տէօվլէթ Վարպետ, Սուրբ Նշան եկեղեցւոյ և եկեղեցւոյ կից դպրոցին նորոգութեան ճարտարապետն է:
Յարութիւն Պէզճեան, 1820 թուականին Գումգաբուի մէջ հիմնեց աղջկանց արհեստանոց մը, ուր կը շինուէր եկեղեցական զգեստներ: 1824-ին հիմնեց Բերայի աղջկանց ասեղնագործութեան վարժարանը:
1826 թուականին Գէորգ Դպիրի աննման պարսկահայ ընդարձակ բառարանին մեկենասը եղաւ: Այս բառարանը Օրթագիւղ Պողոս Արապեան տպարանին մէջ տպուեցաւ:
1828 թուականին վերակառուցուեցաւ Մայր եկեղեցին: «Եկեղեցին, 1826 թուականին հրդեհէն աւերուած էր»: Նոյն թուականին ուսումնարան մըն ալ վերակառուցուեցաւ, որ ապագային Պէզճեան Մայր Վարժարան կոչուած է:
Այս շինութեան ծախսին կէսը ինք վճարեց և միւս կէսն ալ ժողովուրդէն ու ամիրաներէն հանգանակուեցաւ:
Գազազ Յարութիւն 1829 թուականին Թուրք և Ռուս պատերազմին Պոլսոյ մէջ յառաջ եկած սովին վերջ տալու համար, արմտիքի գիները ազատ ձգել տուաւ: Այս գործին մէջ յաջողելուն պատճառաւ ալ Սուլթանէն Մուրասսա անուն պատուանշանը ստացաւ:
Ան, պաշտօնական հրովարտակ «ֆէրման» ստանալով հիմնարկէք դրաւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցին: 1833 թուականին հիւանդանոցի շինութիւնը աւարտեցաւ: 1834 թուականին՝ Գազազ Ամիրա Պէզճեանի մահուընէ վերջ, հիւանդանոցին պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ:
Պէզճեան, կարգ մը նենգամիտ խաղերու պատճառաւ Լիմնի Կղզի աքսորուեցաւ: Ան, աքսորուելէ առաջ ուղիղ յանձնեց փողերանոցին հաշիւները: Տարի մը վերջ, աքսորէն Պոլիս վերադարձաւ և դարձեալ փոխերանոցին գլուխը անցաւ:
Պէզճեան, Հիւնքար Իսքէլէսիի դաշնագրութենէն վերջ հայ սեղանաւոր ամիրաներէ 11 միլիոն ոսկի հաւաքեց: Ան, Ռուսիոյ պատերազմական ծախսը պայմանաժամէն առաջ յաջողեցաւ վճարել: Այս առթիւ Սուլթան Մահմուտէն «ԹԱՍՖԻՐԻ ՀԻՒՄԱՅՈՒՆ» անուն ամենաբարձր շքանշանը ստացաւ:
Այսօր «սիրօզ» ըսուած անողոք հիւանդութիւնը կրծել սկսաւ մեծ հայուն մարմինը: Օսմանեան մեծազօր կայսրութեան Սուլթանն ու բոլոր իսլամներու Խալիֆան, հայ Ամիրային հիւանդտես երթալու որոշում տուաւ: Սուլթան Մահմուտ, երբ Յարութիւն Ամիրա Պէզճեանը հիւանդ անկողինին մէջ տեսաւ շատ յուզուեցաւ:
3-Յունուար-1834 թուականին Գազազ Յարութիւն Ամիրա Պէզճեան յաւիտեան բաժնուեցաւ այս աշխարհէն: Ան, շատ սիրեց Մայր Եկեղեցին: Անոր մարմինը, մեծահանդէս թաղումով Մայր Եկեղեցւոյ կից Սուրբ Յարութեան տաճարը իր կենդանութեանը պատրաստուած դամբանին մէջ ամփոփուեցաւ:


Զանազան աղբիւրներէ քաղեց՝ Շուշան Գորտոնճիեան
3-Յունուար-2011 Երկուշաբթի
Իսթանպուլ

Tuesday, December 14, 2010

ՃԱՐՏԱՐԱՊԵՏ ՊԱԼԵԱՆՆԵՐՈՒ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ

Պոլսոյ մէջ գտնուող նշանաւոր շէնքերու շինութեան գրեթէ բոլորին վրայ Պալեաններու ստորագրութիւնը կը տեսնենք :
Պալեան ընտանիքը, ԺԹ. դարու մէջ Օսմանեան ճարտարապետութեան կարեւոր անձերը եղած են: Անոնք՝ հայր, զաւակ ու եղբայր իրար յաջորդելով չորս սերունդ մասնայատուկ ճարտարապետներ հասցուցած են:
Պալեան ընտանիքը Կեսարացի է: Պալեան մականունը առաջին գործածող անձը, Պալի Գալֆային «բանուորապետ» մանչը Գրիգոր Գալֆան «բանուորապետ» եղած է: Պալի Գալֆային «բանուորապետ» մասին ծանօթութիւն մը չկայ, սակայն գիտենք թէ՝ իր դամբանը Պաղլարպաշի հայոց գերեզմանատունն է:
Ճարտարապետ Պալեաններ, իրար հետեւելով արդիւնաբեր և գործօն կեանք մը ապրած են: Պալեան անունը երկրին մէջ և նոյնիսկ երկրէն դուրս լսուելու պատճառ դարձած է՝ մեծ քանակութեամբ և խոշոր շէնքերուն պատկերացումն և իրագործումը, մասնայատուկ ճարտարապետութեան իրաւասու անձնականութիւնը, կարողութիւն և իրենց ապրած շրջանին փափաքները դիմագրաւելու յատկութիւնն ու ներդաշնակութիւնը:
Պալեանները, այս յաջողութիւնը թերեւս պարտական են՝ ճարտարապետութեան ասպարէզի սովորոյթի մը մէջ մասնայատուկ ճարտարապետ և մասնայատուկ գլխաւոր ճարտարապետութիւնը սերունդէ-սերունդ շարունակելու: Նոյն անունը փոխադրել, նախորդին ազդեցութիւնն և յաջողողութիւնը գործածելու առաւելութիւն, սերունդէ-սերունդ փոխադրուող մտափորձութեան կուտակումը Պալեաններու յաջողութեան ծրագիրը բարձրացնելու պատճառ դարձած է:
Պալեան ընտանիքին առաջին երեք սերունդ ճարտարապետները, այս ասպարէզին ամենէն նուրբ և կարեւոր կէտերը աւանդական մէթոտներով և սանդուխին առաջին աստիճանէն սկսելով սորված են: ԺԹ. դարուն մէջտեղը պայմանները ձեւափոխուած է: Կարապետ Պալեան այս ձեւափոխութիւնը զատորոշելով իր մանչ զաւակները համաչափ դաստիարակութեան ուղղած է: ԺԹ. դարու մէջտեղը Պալեաններու գործունէութեան որակը շատ աւելի բարձր մակարդակի հասած է: Այդ պատճառաւ ալ կ'ըսեն թէ՝ Կարապետ Պալեան, ընտանիքին փականք անհատը եղած է:
Նիկողոս և Սարգիս Պալեաններ, Ֆրանսայի ճարտարապետութեան ակադէմիայի մէջ ուսանած են: Անոնք, Պոլսոյ մէջ գտնուող նշանաւոր շէնքերու շինութիւնը ՍԷՆԴ-ՊԱՐՊԷ կամ ԷՔՕԼ ՏԸ ՊԷՕՔՍ-ԱՐԴՍ ձեւի վերածած են:

1) ԳՐԻԳՈՐ ՊԱԼԵԱՆ «1764-1831»

Ան, Պալեան ընտանիքին ամենակարեւոր անհատն է: Գրիգոր Պալեան, իր հօրը անունը «Պալի», մականուն ըլլալով գործածել սկսած է: Ան, ճարտարապետ Մինաս Գալֆային փեսան և ճարտարապետ Յովհաննէս Ամիրա Սէրվերեանին աներհայրն է:
1800 թուականին ճարտարապետ Մինաս Գալֆային դուստրը Սողոմէյի հետ ամուսնացած է: Անոնք, Կարապետ անուն մանչ զաւակով մը բախտաւորուած են: Կարապետն ալ ճարտարապետ եղած է:
Գրիգոր Պալեան, Բ. Մահմուտի հետ լաւ բարեկամութիւն ունեցած է: Գրիգոր Գալֆան, համայնքի խնդիրներով սպաղած և եկեղեցական հարցերը լուծելու աշխատած է:
Գրիգոր Գալֆան, Սկիւտար, Պիւլպիւլտէրէսի անուն թաղին մէջ ապրած է: Ան, սոխակ թռչունը շատ սիրելուն և իր տան մէջ հոգալուն պատճառաւ, իր բնակած թաղին անունը Պիւլպիւլտէրէսի կոչած են: «Սոխակ թռչունին թրքերէն իմաստը՝ Պիւլպիւլ է»: 1831-ին Սկիւտարի մէջ մեռած է: Իր դամբանը Պաղլարպաշի գերեզմանատան մէջ կը գտնուի:
Գրիգոր Գալֆան երիտասարդ տարիքի մէջ մեծ պատասխանատուութիւններու տէր կանգնելով գործօն և արդիւնաբեր աշխատանք մը ցոյց տուած է: Անոր այս արդիւնաբեր աշխատանքները Գ. Սէլիմի շրջանին կը հանդիպի: Ան, այս շրջանին ամենակարեւոր հասարակութեան շէնքերու շինութեան ճարտարապետը ըլլալով ճանչցուած է: Գրիգոր Գալֆային, շէնքերու շինութեան ցուցակին մէջ կը գտնուի՝ 2 խոշոր ջրաթումբ, 6 զօրանոց, 6 պալատ, մզկիթ մը, 2 վարչական շէնք, 4 ապարանք և 2 եկեղեցի:
Գրիգոր Պալեանի գլխաւոր հեղինակութիւններն են՝ Սարայպուրնույի Պալատը «այրած է», Պէշիկթաշի Պալատը «փլցուցած են», Պէյլէրպէյի Պալատ «Ենիջերիները այրած են», Վալիտէ Սուլթան Պալատ, Տէֆթէրտար Պալատ «Հալիջ», Այնալըգավաքի Ապարանքը, Նուսրէթիյէյի զօրանոցը և շուրջի շէնքերը, Տավութփաշայի զօրանոցը, Փէրայի զօրանոցը, Տարփանէ-ի Ամիրէ, Վալիտէ ջրաթումբ «Պահջէգիւղ», Թոփուզլու ջրաթումբ «Պահջէգիւղ» և Եանկըն ապարանք «Պէյազըթ»:

2) ՍԻՆԵՔԷՐԻՄ ՊԱԼԵԱՆ «1768-1833»



Ճարտարապետ Սինեքէրիմ Պալեան, Պալի Գալֆային մանչը և Գրիգոր Ամիրա Պալեանին եղբայրն է: Սինեքէրիմ Պալեանի մասին շատ քիչ ծանօթութիւն ունինք: Ան, Բեթղեհէմի մէջ մեռած է: Իր դամբանը Բեթղեհէմի հայոց գերեզմանատան մէջ կը գտնուի:
Սինեքէրիմ Պալեանի շինած շէնքերուն մասին շատ ծանօթութիւն մը չունինք: Ան, Պէյազըթ Հրդեհ Աշտարակին ճարտարապետն է:
Սինեքէրիմ Պալեան, Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ ճարտարապետն է: «1824-1825»










3) ԿԱՐԱՊԵՏ ԱՄԻՐԱ ՊԱԼԵԱՆ «1800-1866»

Կարապետ Ամիրա Պալեան, Գրիգոր Ամիրա Պալեանին մանչն է: Անոր, երիտասարդութեան և ուսման մասին ծանօթութիւն մը չունինք: Գրիգոր Պալեան 1831-ին մեռնելէ վերջ, Կարապետ Պալեան իր հօրը տեղը անցած է:
Սուրբ Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցի շինութիւնը, Կարապետ Ամիրա Պալեանի առաջին գործը եղած է:
Կարապետ Պալեան, ոչ թէ միայն ճարտարապետութեամբ այլ՝ իր բարերարութիւններով ալ հայ ազգին ծառայած և օգտակար եղած է: Ան, Նազելի Պապաեանի հետ ամուսնացած և 10 զաւակ ունեցած է: Անոր, մանչ զաւակները՝ Նիկողոս, Սարգիս, Յակոբ և Սիմոն Պալեաններ մասնայատուկ ճարտարապետներ ըլլալով աշխատած են:
Կարապետ Ամիրա Պալեան, Պէշիկթաշի հայոց գերեզմանատան մէջ թաղուած է, սակայն իր դամբանը կորսուած է:
Կարապետ Պալեան, Տօլմապահջէ Պալատին ճարտարապետը ըլլալով կը յիշուի: Ան, Բ. Մահմուտ, Ապտիւլազիզ և Ապտիւլմէճիտ թագաւորներու շրջանին ճարտարապետը եղած է: Անոր, ամենէն արդիւնաբեր աշխատութիւնները, Թագաւոր Ապտիւլմէճիտի շրջանին կը հանդիպի:
Կարապետ Պալեան, մօտաւորապէս 30 տարուայ աշխատութեան շրջանին՝ 7 պալատ, 4 գործատուն, զօրանոց մը, մզկիթ մը, 2 հիւանդանոց, 3 դպրոց, 2 ջրաթումբ, 7 եկեղեցի և շատ մը բնակարաններ ծրագրելով կառուցած է:
Կարապետ Ամիրա Պալեանի շինած նշանաւոր շէնքերու ցանկը հետեւեալն է:
Տօլմապահջէ Պալատ, Զոյգ Պալատներ «Էյիւպ, ներկայիս գոյութիւն չունի», Ճէմիլէ և Միւնիրէ Սուլթան Պալատներ «Ֆընտըքլը, ներկայիս՝ Ճարտարապետ Սինան Համալսարանի շէնքը», Ջըրաղան Պալատ «հինը, ներկայիս գոյութիւն չունի», Հիւնքար Ապարանք «Իզմիթ, ներկայիս թանգարան», Պայընտըր Ապարանքի նորոգութիւնը «Տօլմապահջէ, ներկայիս գոյութիւն չունի», Եըլտըզ Ապարանք «Ներկայիս գոյութիւն չունի», Կիւմիւշսու զօրանոց «Ներկայիս՝ Պոլսոյ Գիտարուեստական Համալսարանի շէնքը», Գուլէլի Ձիաւոր զինուորներու զօրանոց «Ներկայիս՝ զինուորական դպրոց», Տօլմապահջէ Մզկիթ, Բ. Մահմուտի Շիրիմը «Ջէմպէրլիթաշ», Մէքթէպ-ի Հարպիյէ «Ներկայիս՝ Զինուորական Թանգարան», Սիբահի Օճախ «Հարպիյէ, ներկայիս գոյութիւն չունի», Թէրքոսի Հիմնարկները «Թէրքոս», Գիրազլը Ջրաթումբ «Պահջէգիւղ», Բ. Մահմուտ Ջրաթումբ, Իզմիտի Ջուխատունը, Հէրէքէյի գործատունը, Պաքրգիւղի կտաւի գործատունը, Պէյքոզի կաշիյի գործատունը, Զէյթինպուրնու Երկաթ ու Պողպատի գործատունը, Ս. Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցը, Ս. Յակոբ Եկեղեցին, Ս. Աստուածածին Եկեղեցին «Պէշիկթաշ» Երեւման Ս. Խաչ Եկեղեցին «Գուրուչէշմէ» Ս. Երրոդութեան Եկեղեցին «Բերա, Յովհաննէս Սէրվերեանի հետ միասին», Սէմերճեան-Ճեմարան Վարժարան «Սկիւտար»:

4) ՆԻԿՈՂՈՍ ՊԱԼԵԱՆ «1826-1858»

Նիկողոս Ամիրա Պալեան, Կարապետ Ամիրա Պալեանին մանչն է: Ան, Պալեան ընտանիքի՝ համաչափ դաստիարակութիւն ուսանած առաջին անհատն է:
Նիկողոս Պալեան, Փարիզի Սէնդ-Պարպէ գոլէժին մէջ ուսանած է: Ան, այդ գոլէժին նշանաւոր դաստիարակիչ ճարտարապետ Հ. Լապրուստինի սիրական աշակերտը եղած է: Նիկողոս Պալեան այս ասպարէզին մէջ կարճ կեանք մը ապրած է, սակայն շատ արդիւնաբեր աշխատութիւններ ունեցած է:
Նիկողոս Պալեանի գործերը հետեւեալներն են:
Տօլմապահջէ Պալատին մէջ հիւրանոց մը և երկու Թագաւորութեան Դռները, Ըհլամուր Ապարանք, Կէօքսու Ապարանք, Թոփհանէ Ժամացոյցի Աշտարակը, Տօլմապահջէ Ժամացոյցի աշտարակը:



5) ՍԱՐԳԻՍ ՊԱԼԵԱՆ «1831-1899»

Ան, թէ՛ մասնայատուկ ճարտարապետ և թէ՛ պետութեան գլխաւոր ճարտարապետ տիտղոսներու տիրացած է: Սարգիս Պալեան, Կարապետ Ամիրա Պալեանին մանչն է:
1843-ին իր եղբայրը Նիկողոս Պալեանի հետ միասին Պոլիսէն Փարիզ ուսանելու գացած են: Նիկողոս Պալեան Փարիզի մէջ հիւանդացած է: Սարգիս Պալեան, եղբօրը հիւանդութեան պատճառաւ միջոց մը իր ուսումը դադրեցնելու պարտաւոր մնացած է:
Ան, Փարիզի մէջ Սէնդ-Պարպէ Գոլէժը աւարտած է: Էգօլ Սանդրալի մէջ ուսանած և Էքօլ Տը Պէօքս Արդսէն 1855 թուականին շրջանաւարտ ըլլալէ վերջ Պոլիս վերադարձած է:
Սարգիս Պալեան, Փարիզի մէջ թէ՛ ճարտարապետութիւն և թէ՛ ճարտարագէտութիւն դաստիարակած է: Կարգ մը մեքենագիտութեան ստեղծագործութիւններ ըրած և այս ստեղծագործութիւններուն պետական արտօնագիրն ալ առած է:
Սարգիս Պալեան, գեղարուեստը սիրած և զբաղած է: Ան գծագրութիւն և երաժշտոթիւն սիրած է: Ան, Քրիստոֆ Քոլոմպ անուն օփերա մը յօրինած է:
Սարգիս Պալեան, երկաթուղիի շինութեան, մետաղի աշխատութեան ևլն. առանձնաշնորհութիւն վայելած է, սակայն այս համարձակութեան պատճառաւ իր մասին դատ բացուած և Փարիզ աքսորուած է: Տասը տարի վերջ, Յակոբ Փաշա Գազազեանի հրամանով Պոլիս վերադարձած է: Իր կեանքին վերջին օրերը Գուրուչէշմէ Կղզիի բնակարանին մէջ անցուցած է:
Սարգիս Պալեան, ազդեցիկ բարձր նկարագրով հետաքրքրական կեանք մը ապրած է: Երաժշտութիւն, ճարտարապետութիւն, ճարտարագէտութիւն, նկարչութիւն և բազմաթիւ աշխատութեան ասպարէզներու մէջ զարմանալի կարողութիւն մը ցոյց տուած է:
Իր շինած շէնքերուն մէջ հինգ հազար կամ վեց հազար աշխատաւոր աշխատցուցած է: Ան, որակը բարձր և զարմանալի արագութեամբ կառոյցներ իրագործած է:
Սարգիս Պալեան նշանաւոր բարեկամներ ալ ունեցած է: Թագուհի Էօժէնին և Յովհաննէս Այվազովսկին իր լաւ բարեկամները եղած են:
Յովհաննէս Այվազովսկի, Սարգիս Պալեանին Գուրուչէշմէ Կղզիի բնակարանին մէջ ամիս մը հիւրասիրուած և Թագաւոր Ապտիւլազիզին Տօլմապահջէ Պալատի համար ապսպրած իւղաներկ նկարները պատրաստած է:

Սարգիս Պալեանի գլխաւոր գործերը հետեւեալներն են:
Պէյլէրպէյի Պալատ, Ջըրաղան Պալատ, Ատիլէ Սուլթան Պալատ «Գանտիլլի», Եըլտըզ Պալատ, Ջատըր Ապարանք, Մալթա Ապարանք, Շալէ Ապարանք «երկրորդ մաս», Ջիթ Ապարանք, Չաղլաեան Ապարանք «Քաղըթհանէ», Այազաղա Ապարանք «Մասլաք», Քալէնտէր Ապարանք, Զինճիրլիքոյու Ապարանք, Թոքատ Ապարանք «Պէյքօզ», Ալէմտաղ Որսի Ապարանք, Ապտիւլազիզ Որսի Ապարանք «Վալիտէպաղ և Այազաղա», Սուլթան Ջիֆթլիք Ապարանք «Իզմիթ», Աքարէթներ, Վալիտէ Մզկիթ «Աքսարայ», Քաղըթհանէ Մզկիթ, Հարպիյէ Նախարարութեան Շէնք, Պահարիյէ Նախարարութեան Շէնք, Կիւմիւշսու զօրանոց, Մաջքա զինանոց, Մաջքա ոստիկանատուն, Կալաթասարայ Վարժարան, Մաքրուխեան Վարժարան «Պէշիկթաշ», Համիտիյէ Ժամացոյցի Աշտարակ «Տիգրան Գալֆա Ճիւպէրեանի հետ միասին»:

6) ՅԱԿՈԲ ՊԱԼԵԱՆ «1837-1875»
Յակոբ Պալեան, Կարապետ Ամիրա Պալեանին մանչը և Սարգիս Պալեանին եղբայրն է: Փարիզի մէջ Սէնդ-Պարպէ Գոլէժին ճարտարապետութեան բաժինէն շրջանաւարտ եղած է:
Ան, հօրը մեռնելէն վերջ, Սարգիս Պալեանի հետ միասին աշխատիլ սկսած է: Սարգիս Պալեան գործի յարաբերութիւններն և շէնքերու աշխատութիւնները կարաւարած, իսկ Յակոբ Պալեան այս գործերուն պատկերացման ու ծրագրի պատասխանատուութեան տէր կանգնած է:
Յակոբ Պալեան, մատենագրութիւն ու թատրոն սիրած և հետաքրքրուած է: Ֆրանսերէն և ֆրանսական մատենագրութիւնը լաւ սորված է: Յակոբ Պալեան, լուսամիտ անձ մը ըլլալով ճանցուած է: Ան, Փարիզի մէջ մեռած է:

7) ՍԻՄՈՆ ՊԱԼԵԱՆ «1846-1894»

Ան, Կարապետ Ամիրա Պալեանին մանչն է:
Սիմոն Պալեան, Եւրոպայի դպրոցներու մէջ ուսանած է, սակայն իր ուսանած դպրոցներու անուններուն մասին ծանօթութիւն մը չկայ:
Սիմոն Պալեան, Սարգիս Պալեանի հետ միասին աշխատած է:
Ան, լաւ գծագրիչ մըն է: Ան, ջրաներկի գիտարուեստական մասնագիտութեամբ, Պալեաններու աշխատանոցին մէջ ծրագրուած շինութիւններու երեւոյթը գծած է:
Իր ճարտարապետութեան շէնքերը հետեւեալներն են:
Մաջքա Զինանոց, Մաջքա Ոստիկանատուն, Եըլտըզ Ապարանք:

8) ԼԵՒՈՆ ՊԱԼԵԱՆ «ԺԹ. ԴԱՐ»

Ան, Նիկողոս Ամիրա Պալեանին մանչն է: Լեւոն Պալեան, Պալեան ընտանիքի վերջին սերունդ ճարտարապետն է: Ան, Փարիզի Էքօլ Տը Պէօքս Արդսի մէջ ճարտարապետութիւն ուսանած է: Իր մասին ուրիշ ծանօթութիւն մը չկայ:

Քաղեց ու թարգմանեց՝ Շուշան Գորտոնճիեան
10-Դեկտեմբեր-2010 Ուրբաթ
Իսթանպուլ

Tuesday, October 19, 2010

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԿՈԼՈՏ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ


Կիլիկեան Հայոց թագաւորութեան անկումէն յետոյ 1375-ին, իբր հետեւանք Փոքր Ասիոյ ամէն կողմերը կատարուող արշաւանքներու, կրօնական և մշակութային դրական գործունէութիւնը տակաւ առ տակաւ նուազեցաւ ու գրեթէ կասեցաւ մեր մէջ: Պատերազմները ոչ միայն արգելք կ'ըլլային ուսմունքով պարապելու այլ նաեւ կը ստիպէին մեր ժողովուրդը գաղթել ուրիշ երկիրներ: Այնպէս որ ԺԵ. և ԺԶ. դարերը կը նկատուին «բոլորովին անկման դարեր» ամբողջ Արեւելքի համար: ԺԵ. դարուն մեր եկեղեցական պատմութեան մէջ պատահեցաւ երկու կարեւորագոյն դէպքեր. առաջինը 1441 թուին Հայրապետական Աթոռին իր սկզբնական կեդրոնը, Ս. Էջմիածին փոխադրուիլն է Կիլիկիայէն, ուր քայքայիչ քաղաքական ու կրօնական ազդակներ վտանգած էին անոր գոյութիւն և գործունէութիւնը: Երկրորդը՝ Օսմանեան Կայսրութեան նոր մայրաքաղաքին՝ Կ. Պոլսոյ մէջ 1461-ին Հայ Եկեղեցւոյ Պատրիարքական նոր Աթոռի մը հաստատուիլն էր: Երկու դէպքերն ալ, որքան ալ խաւար այդ դարերուն մէջ յոյսի դռներ բացած էին Հայ ժողովուրդի սիրտերուն մէջ, սակայն դժբախտաբար իրենց սկզբնական շրջանին մէջ գրեթէ ոչինչ ունին շինիչ և մխիթարական: Ընդհակառակը լեցուն են սրտմաշուք դէպքերով և խռովիչ կացութեամբ մը, որոնք արտաքին ազդակներէ աւելի ներքին պատճառներու ծնունդ են: Մեր խօսքը մասնաւորելով Օսմանեան նոր մայրաքաղաքին մէջ հիմնուած եկեղեցական նոր կեդրոնի մասին, կը հաստատենք, որ անոր առաջին դարը կը յատկացուի նոր պայմաններու յարմարելու և նոր շրջանակին մէջ տեղաւորուելու աշխատանքներուն: Իսկ յաջորդ դարուն կը սկսի քանդիչ սովորութիւն մը, որ գրեթէ ամբողջութեամբ կը ծծէ այս Պատրիարքութեան հոգեւոր ու բարոյական կենսունակութիւնը: Այդ յոռի և քանդիչ սովորութիւնը եղաւ՝ Պատրիարքական իշխանութիւնը մէկը միւսին ձեռքէն խլելու խելայեղ մոլուցքը, ազդեցիկ ամիրաներու մեղսակցութեամբ և նախաձեռնութեամբ: 1600 թուականէն մինչեւ Կոլոտի Պատրիարքութիւնը, 115 տարիներու ընթացքին, Պատրիարքական Աթոռ ելած և իջած են 55 դէմքեր 60-70 անգամ, միջին հաշուով հազիւ երկու կամ երեք տարի պատրիարքութիւն ընելով: Հետեւաբար Պատրիարքութեան հիմնումին առաջին 250 տարիներու ընթացքին շատ քիչ է դրական ու շինիչ կրօնական ու մշակութային գործերով պարապողներուն թիւը:

Այս ընդհանուր մթութեան մէջ կը նշմարուի լոյսի նշոյլ մը Ամրտօլուի Վանքէն, Տարօն գաւառի մէջ –ուրկէ եկած էր նաեւ Ս. Մեսրոպ- որ ի վերջոյ բաւական պիտի ըլլար նոր և բոցավառ պայծառութիւն մը տալու Ս. Մեսրոպի վառած ջահին: ԺԸ. դարուն սկիզբները Տարօնէն կայծեր կը նետուին Իսթանպուլ, Երուսաղէմ և մինչեւ իսկ Էջմիածին, և ազգային ու մշակութային կեանքը նոր ուղիի մէջ կը մտնէ: 1711ին Իսթանպուլի հորիզոնին վրայ կ'երեւի նոր դէմք մը, որ իր իմացական լոյսովը ու հոգիի ջերմութեամբը կը համակէ ամէնքը, և մշակութային կեանքը պատահական ու անհատական ճիգերէ կ'ազատագրէ և կը կապէ համայնքային շարժումի մը: ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԿՈԼՈՏՆ է այդ լուսաւոր դէմքը որ գալով Բաղէշի Ամրտօլուի և Ս. Կարապետի վանքերէն, մաքրեց նախ ճայռոտած կտուցը պատրոյգին մեր մշակոյթին առկայծող կանթեղին, նոր բոց և կեանք տուաւ անոր, և ստոյգ անկումէ փրկեց Երուսաղէմի և Կ. Պոլսոյ Պատրիարքական Աթօռները, զօրացնելով նաեւ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինը:

Եթէ մեր նոր ժամանակներու վերազարթնումի նահապետը Ամրտօլուի վանահայր ՎԱՐԴԱՆ ԲԱՂԻՇԵՑԻՆ է, Արեւմտահայութեան վերազարթնումի հայրը անկասկած Վարդանի հոգեւոր որդին՝ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԿՈԼՈՏ ՊԱՏՐԻԱՐՔՆ է, որուն կը պատկանի յաւերժական ու անկապտելի փառքը Արեւմտահայութեան մտաւորական վերածնունդը սկսած ըլլալու, անոր իմացական և հոգեւոր նոր կեդրոնին՝ Իսթանպուլի մէջ:
Բաղիշեցի այս վարդապետը, ըլլալով հանդերձ ամէնէն պայծառ դէմքը Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքներուն, միաժամանակ կարեւոր երեւոյթ մըն է, իբրեւ անոր վերազարթնումի մեծագոյն ռահվիրան:

Սրբակենցաղ վանական, քաջ քարոզիչ վարդապետ, ճարպիկ գործիչ և արդիւնաշատ մշակ, ու կատարելութեան տիպարին մօտեցող անձ մըն է Յ. Կոլոտ: Ամրացուց նախ Հայաստանեայց Եկեղեցին իր նիւթական ու հոգեւոր կառուցուածքին մէջ, Իսթանպուլէն մինչեւ Երուսաղէմ: Յաջողեցաւ խաղաղեցնել իր հօտը և վերջ տալ սպառիչ խռովութեանց և վատնիչ մսխումներու, և լարել իր ժողովուրդին նիւթական ու բարոյական կարողութիւնները՝ շինարար գործերու համար: 1715ին բացաւ Սկիւտարի իր հռչակաւոր «ԴԱՍԱՏՈՒՆԸ» և հասցուց մեծ թիւով աշակերտութիւն: Թարգմանել տուաւ Արեւմտեան լեզուներէն բազմաթիւ աստուածաբանական, քարոզչական, հովուական, փլիսոփայական, գիտական ու մեկնողական տարողութեամբ գիրքեր: Այսու Կոլոտ հիմնած եղաւ մեր Երրորդ Թարգմանական դպրոցը, Ոսկեդարէն ու Արծաթի դարէն յետոյ: Զարկ տուաւ տպագրութեան՝ մշակոյթի արծարծման եւ ընթերցումի տարածման այդ կարեւոր գործին: Կարճ ժամանակի մը մէջ հրապարակը ողողուեցաւ –այդ օրերու չափանիշով- բազմահատոր գիրքերով, որոնք մատչելի եղան ոչ միայն Իսթանպուլի և իր անմիջական շրջանակին, այլ նաեւ մինչեւ իսկ Երուսաղէմ և Էջմիածին: Ազգային լուսաւորութեան համար Կոլոտ չբաւականացաւ լոկ թարգմանչական գործով, այլ Տարօնի իր նախկին դպրոցներէն, Ս. Կարապետէն, Ամրտօլիէն, Գլակէն և այլ վանքերէն բերել տուաւ հազուագիւտ ձեռագիրներ, մեր մատենագրութեան թանկարժէք գանձերը, և բազմագրել տուաւ զանոնք ընդօրինակութեան կարօտ ազգ մը նախ լաւ պէտք է ճանչնայ ինքզինքը, իր անցեալի մշակութային արժէքներուն մէջ: Իր թարգմանածոյ գրչագրեալ և տպագրեալ գործերով կազմեց ՄԱՏԵՆԱԴԱՐԱՆ մը, զոր ժառանգ ձգեց իր դպրոցին, և որ մինչեւ մեր ժամանակները շարունակած է իր գոյութիւնը և օգտակարութիւնը:

Իր աշակերտները շարունակեցին անոր սկսած մտաւորական շարժումը, որուն առատ նիւթ մատակարարեցին Մխիթար Սեբաստացիի կրկնակ Միաբանութիւնները՝ Արեւմուտքի ընձեռած խաղաղ ու բարոյապէս նպաստեցին -թէ՛ Պոլսոյ և թէ՛ Վենետիկի մէջ- Իսթանպուլահայ ամիրաներն ու ժողովուրդը՝ իրենց մեկնաբանութեամբ, քաջալերութեամբ և ընթերցասիրութեամբ: Կոլոտով սկսած այս մտաւորական շարժումը իր ծաղկումի և փառքի ճամբուն մէջ մտաւ արդէն ԺԹ. դարուն, երբ Սահմանադրական Սերունդին ճիգերով աւելի ուժեղացաւ, տալու համար իր մեծագոյն արդիւնքները ԺԹ. դարու վերջերը և մեր դարուն սկիզբները: Այս շարժումը թափանցեց նաեւ մինչիւ հեռաւոր խորերը և խուլ անկիւնները գաւառներուն: Իսկ կեդրոնին մէջ կերտեց մեր Արեւմտահայ Արդի Գրականութեան Ոսկեդարը:

Յովհաննէս Կոլոտ Բաղիշեցի Պատրիարքը Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքներու շարքին մէջ դէմքն է: Մարդու մը մեծութիւնը կը չափուի իր կեանքով, գործունէութեամբ, արգասիքով և արտաբերած ոգիով: Այս բոլորին մէջ ալ Յովհաննէս Կոլոտ պատրիարք կը գտնուի գերազանց դիրքի վրայ:
Խոր յարգանք ու խանդաղատանք իր յիշատակին: Պատիւ այն ժողովուրդին որ ծնաւ՝ զայն:
Փառք Անեղին Աստուծոյ որ Իր Հոգիով լեցուն զայն և ղրկեց մեզի:

ՇՆՈՐՀՔ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ԳԱԼՈՒՍՏԵԱՆ
ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՈՑ ԹՈՒՐՔԻՈՅ
ԻՍԹԱՆՊՈՒԼ-1978

Monday, October 11, 2010

ԿՈԼՈՏ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻ ՕՐՈՎ ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԻ ՄԷՋ ՎԵՐԱՇԻՆՈՒԱԾ ԿԱՄ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՈՒԱԾ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐ

Երանաշնորհ Յովհաննէս Կոլոտ Պատրիարք նշանաւոր հանդիսացած է նաեւ իբր շինարար: Իր օրով գոյութիւն ուեցող Պոլսոյ գրեթէ բոլոր հայկական եկեղեցիները վերաշինուած կամ վերանորոգուած են: Նկատի առնելով որ, իր օրով ալ այս նպատակով արտօնութիւն ձեռք բերելը բաւական դժուար էր, և շինութեան համար յատկացուած ժամանակամիջոցն ալ խիստ սահմանափակ, կարելի է երեւակայել թէ որքա՜ն մեծ ջանքեր ու զոհողութիւններ պահանջած են այդ վերակառուցումները, առանց խօսքն ընելու դեռ նիւթական հսկայ ծախսերուն, որոնք մեծ դժուարութիւններով ապահովուած են, յաճախ եկեղեցիները պարտքի տակ ձգելով: Բարեբախտաբար այս մարզին մէջ բազմերախտ Պատրիարքին զօրավիգ հանդիսացած են՝ արքունի ճարտարապետ Կեսարացի Սարգիս Խալֆայի (մեռած՝ 1 Մարտ 1737ին), արքունի ճարտարապետ Կեսարացի Մելիտոն Արապօղլուի (մեռած՝ 1742 տարւոյ Սեպտ.ին կամ Հոկտ.ին), արքունի վաճառապետ Ակնցի Սեղբեստրոս Ամիրա Երեւանենցի (մեռած՝ 5 Փետր. 1754ին) նման արքունիքին մէջ ազդեցիկ եղող ազգային մեծ դէմքեր:

Ա.- Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑԻ
1718ին պատահած մեծ հրդեհի մը հետեւանքով այրելէ ետք՝ յաջորդ տարին վերաշինուած է Կոլոտ ու Շղթայակիր Պատրիարքներու ջանքերով և Սեղբոս Ամիրայի, Արապօղլուի, Յարութիւն Ամիրա Հովուեանի ու Սարգիս Խալֆայի աջակցութեամբ: Շինութիւնը աւարտած է 70 օրուան մէջ: Կառուցուած են երեք եկեղեցիներ, որոնցմէ միջինը՝ Ս. Աստուածածին, հարաւայինը՝ Ս. Յակոբ, իսկ հիւսիսայինն ալ Ս. Սարգիս անուանուած է: Շղթայակիր Պատրիարք գիշերանց օծած է զանոնք: Այդ թուականէն սկսեալ տաճարը «Մայր Եկեղեցի» կոչուած է («Պատմութիւն Ստանպօլոյ», Ա. հատ. էջ՝ 231):

Բ.- Ս. ԳԷՈՐԳ
Նորոգուած է 1722ին հրամանառութեամբ և վերակացութեամբ Արապօղլու Մելիտոն Խալֆայի: Այս շինութեան ընթացքին Ս. Երրորդութեան ձօնուած եկեղեցի մը աւելցուած է Կոլոտ Պատրիարքի կողմէ (Հաննա վրդ., էջ՝ 170):

Գ.- Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ՕՐԹԱԳԻՒՂԻ
Ի հիմանէ վերաշինուած է 1726ին: Օծումը կատարուած է ի ներկայութեան նորընտիր Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Կարապետ Ուլնեցիի: Կոլոտ Պատրիարք նորաշէն եկեղեցին կոչած է «Խնդրակատար Ս. Աստուածածին»: Աջակողմեան և ձախակողմեան երկու խորաններուն Գաբրիէլ և Միքայէլ հրեշտակապետներուն անունը տուած, հարաւային կողմն ալ Ս. Կիրակոսի անունով խորան մը շինել տուած է: Իրեն գործակցած են վերոյիշեալ բազմերախտ ազգայինները: Տաճարը նախապէս կրած է Ս. Կիրակոսի անունը:

Դ.- Ս. ԿԱՐԱՊԵՏ
Հնութեան պատճառով ի հիմանէ շինուած է 1727ին: Արքունական հրամանը ստացած և ճարտարապետը եղած է վերոյիշեալ Սարգիս Խալֆան: Հաննա վրդ. նորաշէն եկեղեցին կ'անուանէ «զարմանասքանչ շինուածովք ներքոյ և արտաքոյ» («Պատմութիւն Երուսաղեմի», էջ՝ 164):

Ե.- Ս. ԽԱՉ ՍԿԻՒՏԱՐԻ
Ըստ Սարգիս դպրի նոյնպէս ի հիմանէ վերաշինուած է 1727ին: Ճարտարապետը՝ Գուզկունճուք բնակող վերոյիշեալ Սարգիս Խալֆան պիտի ըլլայ («Պատմութիւն Ստանպօլոյ», հտ. Գ., էջ՝ 76):

Զ.- Ս. ՍՏԵՓԱՆՆՈՍ ԽԱՍԳԻՒՂԻ
Այս եկեղեցին հիմնուած է 1703ին («Պատմութիւն Ստանպօլոյ», հտ. Բ., էջ՝ 427): Մեզի ծանօթ առաջին հիշատակութիւնը կատարուած է 1705ին, թէ՛ Ս. Եղիայի և թէ՛ Ս. Ստեփաննոսի անունով, ձեռագիրի մը մէջ գտնուող երկու տարբեր յիշատակագրութիւններու մէջ: Կոլոտի օրով վերաշինուած է 1727ին, ըստ Գէորգ Դպիր Պալաթեցիի (Ձեռագիր թիւ 779 Վիեննայի Մխիթարեանց Մատենադարանին, թղ. 90ա): Տօքթ. Վ. Թորգոմեան վերաշինութեան 1728ին (նշ. աշխ. էջ՝ 425), իսկ Հրանդ Ասատուր ալ 1729ին կատարուած ըլլալը յիշատակած են («Կ. Պօլսոյ Հայերը», էջ՝ 132): Շինութեան արտօնագիրը ստացած է Հաճի Յարութիւն Թէվէքէլլիօղլու:

Է.- Ս. ՀՐԵՇՏԱԿԱՊԵՏ
Այրած է 16 Յուլիս 1729ին: 70 օրուան մէջ վերաշինուած է յաջորդ տարի, եռապատիկ աւելի ընդարձակ՝ քան նախկինը: Շինութեան արտօնութիւնը ստացած է Սեղբոս Ամիրա: Ճարտարապետը եղած է Արապօղլու Մելիտոն, որ եկեղեցիին մօտ կառուցած է քարուկիր փառաւոր բնակարան մը (Հաննա վրդ., էջ՝ 167-168, նաև «Կ. Պօլսոյ Հայերը», էջ՝ 132):

Ը.- Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ՂԱԼԱԹԻՈՅ
Այրած է 1731ին, Ս. Գր. Լուսաւորչի Պահքի օրերուն: Շինութեան արտօնագիրը առնուած է 15 Դեկտ. 1732ին, ձեռամբ Սեղբոս Ամիրայի: Շինութեան գլխաւոր ճարտարապետը եղած է քարուկիր, կամարակապ կապարածածկ փառաւոր ու աննման շէնք մը: Իսկ քովի երկուքը փայտաշէն կառուցուած են: Ներքին պատերը զարդարուած են սուրբերու պատկերներով, զորս գծած է Կեսարացի հռչակաւոր արքունի նկարիչ Բարսեղի եղբայրը՝ Եսայի Ծաղկարար: Օծումը կատարուած է 1733 տարւոյ Ս. Գր. Լուսաւորչի Խոր Վիրապ մուտքի տօնին օրը, ձեռամբ Կոլոտ Պատրիարքի («Պատմութիւն Ստանպօլոյ» էջ՝ 488-492, նաև «Կ. Պօլսոյ Հայերը», էջ՝ 132-133):

Thursday, September 16, 2010

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԿՈԼՈՏ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐԸ


Երջանկայիշատակ Յովհաննէս Կոլոտ Պատրիարք նշանաւոր հանդիսացած է նաեւ իր հասցուցած բազմաթիւ աշակերտներով, որոնցմէ շատեր, թէ՛ իր կենդանութեան, և թէ՛ մահուընէ ետք կարեւոր ծառայութիւններ մատուցած են Հայ ազգին, Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ և Հայ մշակոյթին: Ասոնց մեծամասնութեան կեանքն ու գործերը առաւել կամ նուազ չափով հանրածանօթ են. սակայն ոմանք ալ պատմութեան թանձր մշուշին և նոյնիսկ խաւարին տակ թողուած են, և միայն անունները ծանօթ են: Եթէ բազմերախտ մշակութային գործիչ Սարգիս Դպիր Սարրաֆ-Յովհաննէս-Հովուեան
«1730-1805» ջանադիր եղած չըլլար անոնց ցանկը պատրաստելու, ոմանց անուններն անգամ անծանօթ պիտի մնային:
1735ին Պոլսոյ մէջ ընդօրինակուած Երուսաղէմի թիւ 407 ձեռագրին յիշատակարանին մէջ, Կոլոտ Պատրիարքի աշակերտներուն մասին հետեւեալ շահեկան տողերը արձանագրուած են:

«Քանզի այս վարդապետ Յովհաննէս յորժամ նստաւ ի Կ. Պոլիս, իւր բարեսէր բարուքն կարգեաց դպրոցս և ժողովեաց բազում ուշիմ մանկունս ըստ Սրբոց հարցն Սահակայ և Մեսրոպայ, և ետ ընթեռնուլ զհանճարս փիլիսոփայական արհեստից, և ի գիրս Աստուածային Կտակարանացն՝ Հնոց և Նորոց, և բազում վարդապետք ելին փարթամացեալք իմաստութեամբ և քարոզութեամբ իբրեւ զարեգակունս փայլէին ընդ ամենայն աշխարհս Հայոց»:

Սարգիս Դպրի վերոյիշեալ ցանկը լոյս տեսած է Կիւլէսէրեանի «1868-1936» 1904ին Վիեննայի մէջ լոյս տեսած «Կոլոտ Յովհաննէս Պատրիարք» մենագրութեան մէջ «էջ՝ 70-72»:

7-Սեպտեմբեր-2010 Երեքշաբթի
Իսթանպուլ

«Ա.» ԱԴԱՄ ԱՐՔ. «1710-1776»

Ծնած է մօտաւորապէս 1710ին և վախճանած՝ Երուսաղեմ 1776ին:
Վարած է Երուսաղեմի Աթոռին Րումելիի և Խրիմի նուիրակութիւնը և այդ առթիւ 1735ին ժողովրդային նուիրատուութեամբ Ս. Յակոբայ վանքին համար շինել տուած է ոսկեայ և ականազարդ սկիհ մը (Ձեռագիր թիւ 532 Երուսաղէմի, նաեւ «Միաբանք և Այցելուք» էջ՝ 9-10): 1751ին Արքեպիսկոպոս և Խրիմու առաջնորդ եղած միջոցին նորոգած է տեղւոյն Ս. Խաչ աթոռանիստ վանքը («Կենս. Սարգիս Արք. ի Սարրաֆեան» էջ՝ 384): 1772 Նոյ. ի սկիզբը Իսմայիլէն Պոլիս եկած է «անդ. էջ՝ 327»:
1734ին Պոլսոյ մէջ լոյս տեսած և Կոլոտ Պատրիարքի աշակերտներուն բանաստեղծութիւնները պարունակող տաղարանին մէջ իր տաղերուն ալ կը հանդիպինք: Սոյն թուականին իբր աբեղայ յիշուած է («Կ. Պոլսոյ Հայերը և իրենց պատրիարքները», էջ՝ 136):
1746ին Ակնայ առաջնորդ ըլլալով կը յիշուի Ադամ վարդապետ մը, որ հաւանաբար նոյնն է այս անձին հետ («Միաբանք և Այցելուք», էջ՝ 376, նաեւ «Հայ Հանրագիտակ», էջ՝ 34ա):