Friday, June 11, 2010

ՍՈՒՐԲ ՍԱՀԱԿ և ՍՈՒՐԲ ՄԵՍՐՈՊ




Հայ Եկեղեցւոյ օրհներգու քնարը իր ամենէն զգայուն թելերը կը շարժէ, առոյգ և ցնծուն ներդաշնակութիւնները ընծայելու Թարգմանչաց յիշատակին, որուն երփներանգ ճառագայթներուն բոյլքը ա՜յնքան գեղեցկապէս կը շողայ երկու շքեղ դէմքերու վրայ:
Ի՜նչ խորհուրդաւոր, հմայիչ բան մը ունի յիշատակին ոսկի թելը, որ անցեալին մէջ երկարելով՝ անոր փայլուն գոհարներովը կ'ընդելուզէ ինքզինքը:
Մեր եկեղեցական յիշատակներուն ամենէն սրտագինը և կենդանին՝ Սահակայ և Մեսրոպայ նախաձեռնութեամբ ծաղկած գրական գործունէութիւնն է: Տիեզերական յատկանիշ մը չունի անիկա, այլ փոքրիկ ժողովուրդի մը հոգեւոր և մտաւոր պէտքերուն գոհացումն է: Աւետարանի իմաստութիւնը կը բեղմնաւորէ զայն, որուն գրական համայնքը կրօնական ձուլուած մըն է:
Թարգմանչաց հոյլը կեդրոնն է այդ հոգեւոր վերածնութեան, որ իր ազդեցութեան շրջանակը կ'ընդլայնէ մեր Եկեղեցւոյ ամբողջ տարեգրութեանց մէջ: Գրական ոյժերու այլազան քանակութիւն մը խտացած է հոն, բայց դարերու փոշին ծածկած է անոնց գործը և աննշմար թողուցած անոնց ճշգրիտ դիմագծութիւնը:
Այդ գրական փունջին է՜ն շքեղ ու անուշահոտ ծաղիկներն են Սահակ և Մեսրոպ, սիրակցորդ հոգիներ, հրաշալի միտքեր,խստակրօն կրօնաւորներ: Ո՛չ իր հայեցողական զմայլումները, ո՛չ իր հոգեսէր տենչերուն կրակները չկրցան պահել Հացեկացի վարդապետը իր մենաւորի խցիկին մէջ, այլ հանճարին ուժգին սլացքը՝ ժողովուրդին հոգեւոր պէտքին ստիպողականութեանը հետ, դուրս մղեց զայն իր մենարանէն, դէպի իր գործունեայ կեանքի կոչումները: Բայց հոգեկան ի՜նչ մեծութիւն, որ ժողովուրդին բարոյական վատթարացումը և տգեղութիւնները հակազդեցիկ ոյժով մը չընկրկեցին զայն նորէն դէպի իր ճգնարանը, վասնզի հանճարները չեն վախնար քաոսներու վրայ նայելէ:
Աւետարանը հայացնելու պէտքը միակ խթանըն եղաւ այդ սաւառնումին, որուն սխրալի փթթումն է մեր դասական գրականութիւնը: Սակայն մտաւորական այդ տենդոտ գործունէութիւնը վայրկենական ոգեւորութեան մը արդիւնքը չէ, այլ երեք չորս դարերու ճիգերու կուտակում մը, որ գերազանցապէս կը ծաղկի Սահակայ և Մեսրոպայ մէջ: Վասնզի բարձրագոյն կրօնք մը խորունկ արմատներ ձգած է հոն, և առաջին առիթով, կատարելագործուած լեզուի մը կը հանդիպինք, իր յստակութեամբն ու ճոխութեամբը նշանակելի:
Այսուհանդերձ, Աստուածաշունչի թարգմանութիւնը իսկապէս, քրիստոնէութեան արդիւնաւոր ներգործութեան պսակն եղաւ մեզի համար: Հայ Եկեղեցին արտաքին և հեռաւոր մարմին մը պիտի մնար, առանց ուղղակի շփուելու իր ժողովուրդին կեանքին հետ, ցորչափ Աստուծոյ Խօսքը խեցփեկ ասորերէնի և յունարէնի անթափանցիկ ծածկոյթովը հասնէր իրեն և հայ հաւատաւորը անկարող ըլլար՝ առանց միջնորդի՝ արտայայտել իր հոգիին բխումները, իրենց թարմութեամբը, ջերմութեամբը և ներշնչումովը:
Ահա թէ ինչո՞ւ Գիրին գիւտը որ թէեւ մեզմէ աւելի օժտուած և քաղաքակրթուած ազգերու կեանքին մէջ մեծագոյն թուական մը չի ներկայացներ սակայն կենսական պայման մը եղաւ մեր Եկեղեցւոյ ինքնակացութեան և մեր հոգեւոր զարգացման համար:
Ուրեմն, քրիստոնէութեան պարգեւն է մեր գրականութիւնը: Եւ կրօնական ներշնչումը ա՛յնքան հզօր, թափանցիկ ու շինիչ եղած է մեր ցեղին համար, որ լայնօրէն կ'ոգեւորէ մեր մտաւորականութիւնը: Այդ ծաւալուն, մտաւորական ոյժը կարծես թէ այլամերժօրէն իր մէջ ընկլուզած է ամբողջ մարդը, ու ատոր համար, հայեցի գրական արժէքաւոր արտադրութիւններուն ատաղձը կրօնական է ընդհանրապէս:
Ինչո՞ւ տխրիլ թէ գրական ինքնատիպ նշխար մը չունինք յայտնապէս Ս. Սահակի և Ս. Մեսրոպի ընծայուած, թէպէտեւ իրենց աշխատութեան բաժինը մեծագոյնն ըլլայ Ս. Գրոց թարգմանութեան մէջ. միթէ իրենց ներշնչումներուն վայրկենական բիւրեղացումը անբաւական և աննշանակ պիտի չըլլա՞ր ցոլացընելու իրենց անհուն և մաքուր հոգին որ դարեր կը լեցնէ: Մեր եկեղեցականութեան ոգին կազմող երկթերթի մատեաններն են անոնք. զոյգ հայելիները ուր կը ցոլանայ իտէալ կրօնաւորութիւնը:
Ո՜րքան ներշնչում, ո՜րքան հաւատք կը ճառագայթէ իրենց լուսաւոր դիմագիծերէն. ժամանակի անջրպետը գեղեցկացուցած է զանոնք:
Ի՜նչ պիտի ըլլայ մեր սրտագին նուէրը իրենց յիշատակին: Նրբակերտ արձաններու բարձրաքանդակները շա՜տ անարժան և սահմանափակ պաշտամունք մըն են իրենց յաւերժացմանը համար: Վասնզի ժամանակի ամենածախ ժանիքը դիւրաւ մը պիտի փշրէր այդ ձիւնափայլ մարմարները: Անոնց արժանի յուշարձանը թո՛ղ մեր գիտակցութիւնն ըլլայ, որ այբուբենով կը խօսի մեր մէջ:

ՀԱՐՄԱԿ
«Մեսրոպ վրդ. Նարոյեան»
Արմաշ, 1 Յուլիս 1902

Շուշան Գորտոնճիեան
10-Յունիս-2010 Հինգշաբթի
Իսթանպուլ

Wednesday, May 26, 2010

ԿԵԱՆՔԻ ԱՊՐՈՒՄՆԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ ՄՏԱԾՈՒՄՆԵՐ




Քաղաքագէտի մը լրատուամիջոցէն գանգատիլը, նաւապետի մը ծովէն գանգատելուն կը նմանի:
ԷՆՕՇ ԲՕՎԷԼ

Ժողովրդավարութեան որակն ու լրագրողի մասնագիտութեան որակը երկար և մանրամասն յարաբերութիւն է:
ՊԻԼ ՄՈՅԷՐՍ

Լրատուամիջոցը, մեր կեանքին արուեստական նայուածք համաչափելու և հակաճառութեան արժանիքներ բաղադրելու համար կայ:
ՄԱՐՇԱԼ ՄՔԼՈՒՀԱՆ

Շարժանկար, ձայնասփիւռ, հեռատեսիլ, պարբերաթերթեր «անզգուշութեան դպրոցներ են»: Մարդ արարածը կոյրի պէս կը նայի, մտիկ չըրած կը լսէ:
ՌՈՊԷՐԹ ՊՐԷՍՕՆ

Ոչ մի բան չկարդացող անձը, միմիայն լրագիր կարդացող անձէ աւելի ուսեալ է:
ԹՈՄԱՍ ՃԷՖՐՍՕՆ

Ես, ամէն ոքի հաւասարութեան կը հաւատամ: Ի բաց առեալ լուր հաղորդողներէն և լուսանկարիչներէն:
ԿԱՆՏԻ

Ով որ կը քննէ լրատուամիջոցը և լուսապատկերները, նաեւ կը քննէ մշակոյթը:
ԱԼԷՆ ԿԻՆՍՊԷՐԿ

Անցեալ դարու վերջաւորութեան, աշխարհի լրատուամիջոցը հինգ հոգի կը քննէր: Մարդիկ, այս դէպքը մեծ ոգեւորութեամբ դիմաւորեցին: Պատճառը հեռատեսիլներն էին, որովհետեւ անոնք այդպէս կ'ուզէին:
ՄԻՇԷԼ ՄՕՐ

Լրագրողի մասնագիտութեան և մատենագրութեան միջեւ տարբերութիւնը սա է.
Լրագիրները կարելի չէ ընթերցանել, իսկ մատենագրութիւնը ընթերցող չունի:
ՕՍՔԱՐ ՎԻԼՏ

Հեռատեսիլը շատ շինիչ կը գտնեմ: Երբ մէկը հեռատեսիլը կը բանայ, ես անմիջապէս ուրիշ սենեակ մը կ'անցնիմ և լաւ գիրք մը կը կարդամ:
ԿՐՈՒՇՕ ՄԱՐՔՍ

Ըստ իս, լրագրողներ, հեծանիւի արկածի մը և քաղաքակրթութեան մը կործանումի միջեւ մեծ տարբերութիւնը չեն կրնար զանազանել:
ԺՈՐԺ ՊԷՐՆԱՐՏ ՇԱՎ

Չորս զանազան լրագիր, հազար ձիաւոր զինուորէ աւելի մեծ վտանք կը ստեղծէ:
ՆԱԲՈԼԷՈՆ ՊՈՆԱԲԱՐԹ

Լրատուամիջոցը մի ատեր: Լրատուամիջոցին ինքն եղիր:
ՃԷԼԼՕ ՊԻԱՖՐԱ

Քաղեց ու թարգմանեց՝ Շուշան Գորտոնճիեան
25-Մայիս-2010 Երեքշաբթի
Իսթանպուլ

Tuesday, May 11, 2010

ԿԵԱՆՔԻ ԱՊՐՈՒՄՆԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ ՄՏԱԾՈՒՄՆԵՐ





Կեանքի մէջ ամենագէշ կսկիծները, ոչ թէ կորուստներէ կամ անբախտութիւններէ, այլ վախերէ յառաջ կու գան:
ԱՐԹԻՒՐ ՔՐԻՍՏՈՖՐ ՊԷՆՍՕՆ

Յուսահատ վախ, անվախ յոյս չկայ:
ՊԱՐՈՒՇ ՍԲԻՆՕԶԱ

Վախը, նոյնիսկ անմիտներուն ալ խելք կու տայ:
ՀԵՂԻՆԱԿԸ ԱՆԾԱՆՕԹ

Մեր վախին կէսը անտեղի է: Իսկ վախին միւս կէսը արժանապատուութիւն կը ոչնչացնէ:
ՔՐԻՍՏԻԱՆ ՊՕՎԷ

Աշխարհի մէջ միմիայն կը վախնամ, վախէն:
ՄԻՇԷԼ ՏԸ ՄՕՆԹԷՅՆ

Երբեք ձեր վախերէն խրատ մի առնէք:
ԱՆՏՐԷ ՃԷՔՍԸՆ

Այս մոլորակին մէջ, միմիայն մարդ արարածէն պէտք է վախնալ:
ՔԱՐԼ ՃՈՒՆԿ

Աշխարհը երկու բանէ պէտք է ազատի: Վախ և տգիտութիւն:
ՃԱՆ ՄԱՍԱՐՅՔ

Վախը այնպիսի փորձառութիւն մըն է, որ գնել անկարելի է:
ԱՆԹՈՆԻ ԲՐԻՔ

Երբ քաղաքականութեան վախով կը սկսիս, յիմարութիւնով կը վերջանաս:
ՔՈԼԷՐԻՏԺԷ

Ապագային վախկոտ աչքով նայիլ, անվստահութիւն կը պատճառէ :
Է. Հ. ՀԱՐՐԻՄԱՆ

Աշխարհի մէջ, միմիայն երկու ուժ կը յաջողի մարդ արարածը միացնել: Վախ և շահ:
ՆԱԲՈԼԷՈՆ ՊՈՆԱԲԱՐԹ

Իրականութեան մէջ վախը զէնք մըն է:
ԵԱՆ ՐՈՒՇ

Մեծագոյն մարդը, վախերէ և կասկածներէ փրկուած անձն է:
ՔՕՆՖԻՉՅԻՒՍ

Մարդ արարածը սարսափելի կացութեան կը մատնեն՝ ոչ թէ միւս աշխարհի տեղը, այլ այս աշխարհի շահերը:
ԷՏԷՆ ՓԻԼԻՓՕԹՍ

Ստէպ զօրաւոր վախ մը, կարծիք յայտնելէ շատ աւելի ազդեցիկ կ'ըլլայ:
ԷՏԿԱՐ ՎԱԹՍՕՆ ՀՈՎ

Երբ ճշմարտութեան հետ կը ծանօթանաս, վախերդ կը գունատին:
ՖՐԱՆՔ ԹՅԿԷՐ

Քաղեց ու թարգմանեց՝ Շուշան Գորտոնճիեան
11-Մայիս-2010 Երեքշաբթի
Իսթանպուլ

Thursday, May 6, 2010

ՇՆՈՐՀԱՒՈՐ ՄԱՅՐԵՐՈՒ ՕՐ


ՇՆՈՐՀԱՒՈՐ ՄԱՅՐԵՐՈՒ ՕՐ

ՄԱՅՐՍ

Մեր յոյսի դուռն է մայրս,
Մեր տան մատուռն է մայրս,
Մեր օրօրոցն է մայրս,
Մեր տան ամրոցն է մայրս,
Մեր հերն ու մերն է մայրս,
Մեր ճորտն ու տէրն է մայրս,
Մեր տան անտունն է մայրս,
Մեր արծիւի բոյնն է մայրս,
Մեր տան ծառան է մայրս,
Մեր տան արքան է մայրս,
Մեր տան անճարն է մայրս,
Մեր դեղ ու ճարն է մայրս,
Մեր ծարաւ քոյրն է մայրս,
Մեր տան անքունն է մայրս,
Մեր անուշ քունն է մայրս,
Մեր տան ճրագն է մայրս,
Մեր արեգակն է մայրս:
Մայրս, մեր հացն է մայրս,
Մեր տան Աստուածն է մայրս...

Մօրս սրտին հետ աշխարհն եմ չափել՝
Էլի մեծ էր նա, մեծ էր ու անգին
Արեւ աչքերի լոյսն է նա թափել՝
Լուսնակ դառնալով՝ որդոց օրօրոցին...
Եւ հիմա քիչ է, թէ աչքերս տամ,
Թէ սիրտս հանեմ ու տամ մայրիկիս
Ախ, մայր երգելուց ի՞նչպէս կշտանամ,
Մայրս պատկերն է մայր հայրենիքիս:

Շիրազ

ՆՈՐԱ-ԵՐԱԶին մեծմայրիկը՝ Շուշան Գորտոնճիեան
6-Մայիս-2010 Հինգշաբթի
Իսթանպուլ

Sunday, May 2, 2010

ԿԵԱՆՔԻ ԱՊՐՈՒՄՆԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ ՄՏԱԾՈՒՄՆԵՐ


Հաճելի խօսակցութեամբ, գեղեցիկ ժամանակ անցընել արուեստ մըն է: Իսկ բարեկամութեան ամենալաւ գաղտնիքը մտիկ ընելն է:
ՄԱԼՔՈԼՄ ՖՕՐՊԷՍ

Հնազանդիլ, ոեւէ մէկը համոզելու ամենալաւ գաղտնիքն է:
ՏԷԱՆ ՐՈՒՍՔ

Երբ կը խօսիմ, գիտութիւնս է որ կը կրկնեմ: Իսկ երբ մտիկ կ'ընեմ, բաներ մը կը սորվիմ:
ՃԱՐԷՏ ՍԲԱՐՔՍ

Իրականութեան մէջ ոչ ոք իրար մտիկ կ'ընէ: Պատճառը հասկնալու համար, ժամանակամիջոց մը մտիկ ընել աշխատեցէք:
ՄԻԿՆՈՆ ՄԷՔԼՕԺԼԻՆ

Նախ և առաջ ուրիշը հասկնալու աշխատեցէք, որպէսզի ուրիշն ալ ձեզի լաւ հասկնայ:
ՍԹԷՖԱՆ Ռ. ՔՈՎԷՅ

Մեր հինգ զգայարանքներէն մէկն ալ լսելն է: Սակայն մտիկ ընել արուեստ մըն է:
ՖՐԱՆՔ ԹՅԿԷՐ

Խօսելու համար անպատճառ զարգացում պէտք է ունենալ: Իսկ մտիկ ընելու համար պէտք է իմաստուն ըլլալ:
ՕԼԻՎԷՐ ՎԷՆՏԷԼ ՀՈԼՄՍ

Բնութիւնը, մեր խօսակցութեան կրկնապատիկը տուաւ: Համեստ ըլլալու համար մէկ լեզու և երկու ականջ:
ԷՓԻՔԹԷԹՈՒՍ

Ինծի ծանօթ, յաջող բարեկամներ ունիմ: Անոնց մեծամասնութիւնը շատ չեն խօսիր, այլ մտիկ կ'ընեն:
ՊԷՐՆԱՐՏ Մ. ՊԱՐՈՒՀ

Անձայնութիւնը մեծ ուժի մը աղբիւրն է:
ԼԱՕ ԹԶՈՒ

Յոտնկայս խօսելու համար պէտք է քաջասիրտ ըլլալ: Կարեւորը այն է, որ նոյն քաջասրտութեամբ նստիլ և ուրիշները մտիկ ընել:
ՎԻՆՍԹՕՆ ՋՈՒՐՋԻԼ

Խօսողը կը սերմանէ, մտիկ ընողը կը հնձէ:
ԱՐԺԱՆԹԻՆԻ ԱՌԱԾ

Լաւ ունկնդիր մը եղէք, որպէսզի ձեր ականջները ձեզի հարց չ'ստեղծեն:
ՖՐԱՆՔ ԹՅԿԷՐ

Մտիկ ըրէք, պիտի սորվիք: Մտիկ ըրէք, պիտի շահիք: Պիտի շահիք՝ ոչ թէ միայն դրամ, այլ յարգանք:
ՀԱՐՎԷՅ ՄԱՔԱՅ

Ամէն ոք սուտ կը խօսի: Կարեւոր չէ, որովհետեւ մտիկ ընող չկայ:
ՎԻԼՍՕՆ ՄԻՆԶԷՐ

Չխօսուածը լսել, հաղորդակցութեան ամենակարեւոր տարրն է:
ԲԷԹԷՐ Ֆ. ՏՐՈՒՔԷՐ

Մեծ եսասէրներ փոքր ականջներ կ'ունենան:
ՌՈՊԷՐԹ ՇՈՒԼԼԷՐ

Քաղեց ու թարգմանեց՝ Շուշան Գորտոնճիեան
1-Մայիս-2010 Շաբաթ
Իսթանպուլ

Thursday, April 22, 2010

ԿԵԱՆՔԻ ԱՊՐՈՒՄՆԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ ՄՏԱԾՈՒՄՆԵՐ





Քաոսը բնութեան օրէնք մըն էր: Իսկ կարգուսարքը մարդ արարածին երազը:
ՀԷՆՐԻ ԷՏԸՄՍ

Քաոսը մեր ուղեղին մէջ բարդութիւն ստեղծող որեւէ բանի մը անունն է:
ՃՈՐՃ ՍԱՆԹԱՅԱՆԱ

Քաոսը ամենալաւ ընկերս է:
ՊՈՊ ՏԸՅԼԱՆ

Իսկական հետազօտութիւնը քաոսով, այսինքն սխալ և խենթ ու խելառ շինծու տեղեր երթալով կը սկսի:
ՇՈՒՔ ՓԱԼԱՆՅՈՒՔ

Քաղաքակրթութիւնը կարգ կանոնով կը սկսի, ինքնիշխանութեամբ կ'աճի և քաոսով կը մեռնի:
ՎԻԼ ՏԻՒՐԱՆԹ

Քաոսը կենցաղ կը ստեղծէ, իսկ կարգուսարքը սովորութիւն յառաջ կը բերէ:
ՀԷՆՐԻ ՊՐՕՔՍ ԱՏԱՄՍ

Քաոսին ստեղծած ծիածանի մը մէջ կ'ապրինք:
ԲԱՈՒԼ ՔԷԶԱՆ

Պատերազմի վայրը, երկարատեւ քաոսի մթնոլորտ մըն է: Ան, որ իր և իր թշնամիին քաոսը կը քննէ, անպայման կը շահի:
ՆԱԲՈԼԷՈՆ ՊՈՆԱԲԱՐԹ

Արուեստը քաոսի դէմ շահուած յաղթանակ մըն է:
ՃՈՆ ՇԷՎԷՐ

Քաոս կը նշանակէ, մեր ուսումը մերժել: Քաոսը ուղիղ տրամաբանել պէտք է:
ԷՄԻԼ ՔՈՐԱՆ

Ես, քաոսը կ'ընդունիմ: Չեմ գիտեր, ան ինծի պիտի ընդունի, թէ ոչ:
ՊՈՊ ՏԸՅԼԱՆ

Իմացականութիւն կը նշանակէ, քաոսի և գաղտնիքի գրաւում:
ՕԹԹՕ ՎԷՆԻՆԿԷՐ

Քաոսի միջավայրին մէջ, քաոսը ծիծաղելի գտնել անտեղի է: Իսկ կարգուսարքին մէջի քաոսը ծիծաղելի է:
ՍԹԻՎ ՄԱՐԹԻՆ

Քաոսը շատ կը սիրենք, որովհետեւ իրականութեան մէջ կարգուսարքը վերստին կազմել կը սիրենք:
Մ. Ս. ԷՍՔԷՐ

Պարող արուեստագէտի մը կեանք տալու համար, մեր հոգիին մէջ քաոսի կարիքը կը զգանք:
ՖՐԷՏԷՐԻՔ ՆԷԹԶՔ

Միտքը երբ իր մէջ կը չէզոքանայ և ճշմարտութիւններէ կը հեռանայ, միմիայն քաոս կը ստեղծէ:
ԷՏԻԹ ՀԱՄԻԼԹՈՆ

Քաղեց ու թարգմանեց՝ Շուշան Գորտոնճիեան
20-Ապրիլ-2010 Երեքշաբթի
Իսթանպուլ

Thursday, April 8, 2010

ՍԷՐ




Ատենօք ծեր նուագածու մը կար: Ան, այնքան ծեր էր, որ կարծես ծերութեան շրջանն անցընելէ ետք վերստին կը մանկանար:
Ծերուկ նուագածուին ձեռքը գաւազան մը, թեւին տակն ալ իր ջութակը փոշոտ ճամբաներու վրայ կը քալէր: Ան, շատ մը երկիրներու ու շատ մը ժողովուրդներու երգերէն կը նուագէր: Ծերուկը, հին ու նոր, տխուր և զուարթ երգեր կ'երգէր: Այդ երգերուն նիւթն ու իսկական իմաստը սէրն էր:
Ոմանք կը ծաղրէին բարի ծերուկին և անոր «Խենթ Նուագածու» կը կոչէին: Ոմանք գլխիկոր ճամբանին կը շարունակէին, ոմանք կը ժպտէին բարի ու յուսադրիչ ժպիտով մը, ուրիշներ ալ սրտնեղած մէկդի կը դառնային:
Միմիայն մանուկներն էին, որ բարի ծերուկը շատ կը սիրէին:
Մանուկները, բարի ծերուկին իմաստուն աչուկներով կը նայէին: Ծերուկին պատկամը միայն անոնք կը հասկնային:
Ամէն անոնք որ անձկութեան ու վարանումի մէջ էին, բարի ծերուկին կը դիմէին: Ան, իր երգերով կը մխիթարէր զանոնք:
Բարի ծերուկ նուագածուն, իր սիրելիներուն կը նուագէր և կ'երգէր: Իր սիրելիները, անոր երգերուն մէջ միեւնոյն խրատն ու միեւնոյն խորհուրդը կը ստանային:
ՍԷՐ ՈՒ ՍԷՐ:
Կ’ուզեմ այս գրութիւնս Աւետիք Իսահակեանի գրած ժողովրդական երաժշտութիւնով մը վերջացնել:

ՍԻՐԵՑԻ ԵԱՐՍ ՏԱՐԱՆ

Սիրեցի, եարս տարան,
Եարա տուին ու տարան:
-Էս ի՞նչ զուլում աշխարհ է,
Պոկեցին սիրտս, տարան:

Ցաւս խորն է, ճար չկայ,
Ճար կայ, ճար անող չկայ,
-Էս ի՞նչ զուլում աշխարհ է,
Սրտցաւ ընկեր չկայ:

Լաւ օրերս գնացին,
Ափսոս ասին, գնացին:
-Էս ի՞նչ զուլում աշխարհ է,
Սեւ դարդերս մնացին...

Շուշան Գորտոնճիեան
8-Ապրիլ-2010 Հինգշաբթի
Իսթանպուլ