Thursday, April 22, 2010

ԿԵԱՆՔԻ ԱՊՐՈՒՄՆԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ ՄՏԱԾՈՒՄՆԵՐ





Քաոսը բնութեան օրէնք մըն էր: Իսկ կարգուսարքը մարդ արարածին երազը:
ՀԷՆՐԻ ԷՏԸՄՍ

Քաոսը մեր ուղեղին մէջ բարդութիւն ստեղծող որեւէ բանի մը անունն է:
ՃՈՐՃ ՍԱՆԹԱՅԱՆԱ

Քաոսը ամենալաւ ընկերս է:
ՊՈՊ ՏԸՅԼԱՆ

Իսկական հետազօտութիւնը քաոսով, այսինքն սխալ և խենթ ու խելառ շինծու տեղեր երթալով կը սկսի:
ՇՈՒՔ ՓԱԼԱՆՅՈՒՔ

Քաղաքակրթութիւնը կարգ կանոնով կը սկսի, ինքնիշխանութեամբ կ'աճի և քաոսով կը մեռնի:
ՎԻԼ ՏԻՒՐԱՆԹ

Քաոսը կենցաղ կը ստեղծէ, իսկ կարգուսարքը սովորութիւն յառաջ կը բերէ:
ՀԷՆՐԻ ՊՐՕՔՍ ԱՏԱՄՍ

Քաոսին ստեղծած ծիածանի մը մէջ կ'ապրինք:
ԲԱՈՒԼ ՔԷԶԱՆ

Պատերազմի վայրը, երկարատեւ քաոսի մթնոլորտ մըն է: Ան, որ իր և իր թշնամիին քաոսը կը քննէ, անպայման կը շահի:
ՆԱԲՈԼԷՈՆ ՊՈՆԱԲԱՐԹ

Արուեստը քաոսի դէմ շահուած յաղթանակ մըն է:
ՃՈՆ ՇԷՎԷՐ

Քաոս կը նշանակէ, մեր ուսումը մերժել: Քաոսը ուղիղ տրամաբանել պէտք է:
ԷՄԻԼ ՔՈՐԱՆ

Ես, քաոսը կ'ընդունիմ: Չեմ գիտեր, ան ինծի պիտի ընդունի, թէ ոչ:
ՊՈՊ ՏԸՅԼԱՆ

Իմացականութիւն կը նշանակէ, քաոսի և գաղտնիքի գրաւում:
ՕԹԹՕ ՎԷՆԻՆԿԷՐ

Քաոսի միջավայրին մէջ, քաոսը ծիծաղելի գտնել անտեղի է: Իսկ կարգուսարքին մէջի քաոսը ծիծաղելի է:
ՍԹԻՎ ՄԱՐԹԻՆ

Քաոսը շատ կը սիրենք, որովհետեւ իրականութեան մէջ կարգուսարքը վերստին կազմել կը սիրենք:
Մ. Ս. ԷՍՔԷՐ

Պարող արուեստագէտի մը կեանք տալու համար, մեր հոգիին մէջ քաոսի կարիքը կը զգանք:
ՖՐԷՏԷՐԻՔ ՆԷԹԶՔ

Միտքը երբ իր մէջ կը չէզոքանայ և ճշմարտութիւններէ կը հեռանայ, միմիայն քաոս կը ստեղծէ:
ԷՏԻԹ ՀԱՄԻԼԹՈՆ

Քաղեց ու թարգմանեց՝ Շուշան Գորտոնճիեան
20-Ապրիլ-2010 Երեքշաբթի
Իսթանպուլ

Thursday, April 8, 2010

ՍԷՐ




Ատենօք ծեր նուագածու մը կար: Ան, այնքան ծեր էր, որ կարծես ծերութեան շրջանն անցընելէ ետք վերստին կը մանկանար:
Ծերուկ նուագածուին ձեռքը գաւազան մը, թեւին տակն ալ իր ջութակը փոշոտ ճամբաներու վրայ կը քալէր: Ան, շատ մը երկիրներու ու շատ մը ժողովուրդներու երգերէն կը նուագէր: Ծերուկը, հին ու նոր, տխուր և զուարթ երգեր կ'երգէր: Այդ երգերուն նիւթն ու իսկական իմաստը սէրն էր:
Ոմանք կը ծաղրէին բարի ծերուկին և անոր «Խենթ Նուագածու» կը կոչէին: Ոմանք գլխիկոր ճամբանին կը շարունակէին, ոմանք կը ժպտէին բարի ու յուսադրիչ ժպիտով մը, ուրիշներ ալ սրտնեղած մէկդի կը դառնային:
Միմիայն մանուկներն էին, որ բարի ծերուկը շատ կը սիրէին:
Մանուկները, բարի ծերուկին իմաստուն աչուկներով կը նայէին: Ծերուկին պատկամը միայն անոնք կը հասկնային:
Ամէն անոնք որ անձկութեան ու վարանումի մէջ էին, բարի ծերուկին կը դիմէին: Ան, իր երգերով կը մխիթարէր զանոնք:
Բարի ծերուկ նուագածուն, իր սիրելիներուն կը նուագէր և կ'երգէր: Իր սիրելիները, անոր երգերուն մէջ միեւնոյն խրատն ու միեւնոյն խորհուրդը կը ստանային:
ՍԷՐ ՈՒ ՍԷՐ:
Կ’ուզեմ այս գրութիւնս Աւետիք Իսահակեանի գրած ժողովրդական երաժշտութիւնով մը վերջացնել:

ՍԻՐԵՑԻ ԵԱՐՍ ՏԱՐԱՆ

Սիրեցի, եարս տարան,
Եարա տուին ու տարան:
-Էս ի՞նչ զուլում աշխարհ է,
Պոկեցին սիրտս, տարան:

Ցաւս խորն է, ճար չկայ,
Ճար կայ, ճար անող չկայ,
-Էս ի՞նչ զուլում աշխարհ է,
Սրտցաւ ընկեր չկայ:

Լաւ օրերս գնացին,
Ափսոս ասին, գնացին:
-Էս ի՞նչ զուլում աշխարհ է,
Սեւ դարդերս մնացին...

Շուշան Գորտոնճիեան
8-Ապրիլ-2010 Հինգշաբթի
Իսթանպուլ

Wednesday, March 24, 2010

ՍՈՒՐԲ ԶԱՏԻԿ







ՁԵԶ և ՄԵԶ ՄԵԾ ԱՒԵՏԻՍ

ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ

Յիսուս՝ մեր փրկիչը, իր խաչելութեամբ ու թափած արիւնով մեր մեղքերուն քաւութիւնը ապահովեց:
Աստուծմէ ողորմութիւն ընդունելու պայմանները պարզ, արդար և բանաւոր են: Տէրը դժուարին բաներ չի պահանջեր մեզմէ՝ որպէսզի կարող ըլլանք մեր մեղքերուն թողութիւնն առնելու: Պէտք չունինք երկար և տաժանելի ուխտագնացութիւններ ընելու կամ ցաւագին ապաշխարանքներ քաշելու՝ հաճոյ ըլլալու համար երկինքի Աստուծոյն կամ քաւելու մեր անօրէնութիւնները. այլ ան որ կը խոստովանի և մէկդի կը ձգէ իր յանցանքը, ողորմութիւն կը գտնէ:
Մեր արարիչը ո՛չ թէ կուզէ մեր տառապիլը տեսնել այլ կը փափաքի մեզ երջանիկ տեսնել: Ան կը փափաքի որ երջանկութեան դուռ փակող տառապանքներէն և յուսախաբութիւններէն հեռու մնանք:
Ան մեզմէ կը պահանջէ կատարել միայն այն պարտականութիւնները որոնք մեր քայլերը պիտի առաջնորդեն երանութեանց բարձրութիւններու որոնց երբեք կարող չէ հասնիլ անհնազանդը:
Հոգիին ճշմարիտ, ուրախալի կեանքն է իր մէջ կազմուած ունենալ Քրիստոսը՝ փառաց յոյսը:
Մենք, մեր կամքը հպատակեցնելով Քրիստոսի, մեր կեանքին մէջ կատարեալ փոփոխութիւն յառաջ կրնանք բերել:
Այս փոփոխութեամբ մենք վերէն կը հաղորդուինք զօրութեամբ մը, որ մեզ կը պահէ հաստատուն հանցնուած Աստուծոյ, որպէսզի ապրինք նոր կեանք մը՝ հաւատքի կեանքը:

Դարերու ընթացքին, սերունդէ սերունդ սովորութիւններ կը փոխանցուին, որոնք մաս կը կազմեն մեր մշակոյթին:
Զատկուայ առթիւ հաւկիթ ներկել ու հաւկթախաղ կազմակերպել այդպիսի սովորութիւններէն են:
Ըստ Տաթեւացիին հաւկիթը երկրին նմանութիւնն է: Կեղեւը կը ներկայացնէ երկինք, սպիտակուցը՝ ջուրը, դեղինը երկիրը:
Ըստ ընկերեալ սովորութեան հաւկիթը կարմիրի կը ներկուի և անցեալին այդ կ'ըլլար որդան կարմիրով: Հաւկիթին կարմիր գոյնի ներկուիլը կը խորհրդանշէ ամբողջ աշխարհին մեղքերէ բրկութիւնը՝ Քրիստոսի արեամբ:
Կարմիր հաւկիթը մեր ափին մէջ, եռանդով ու քաջութեամբ կը կրկնենք դարերու Յաղթական երգը:
Քրիստոս Յարեաւ ի Մեռելոց
Օրհնեալ է Յարութիւնն Քրիստոսի

Քաղեց՝ Շուշան Գորտոնճիեան
23-Մարտ-2010 Երեքշաբթի
Իսթանպուլ

Monday, March 8, 2010

ՔԻԼԻՄԱՆԺԱՌՕ ԼԵՌԸ








Քիլիմանժառօ լեռը, 97 քմ. երկայնութեամբ և 64 քմ. լայնութեամբ Ափրիկէ Ցամաքամասին վրայ կը գտնուի:

Քիլիմանժառօ լեռը, Էքուատօրին մօտաւորապէս 340 քմ. Հարաւ կը գտնուի:

Հիւսիսային-Արեւելեան Թանզանիոյ հողամասին վրայ, Տար Էս Սալաամ քաղաքին մօտաւորապէս 500 քմ. Հիւսիս-Արեւմուտք և Վիքթորիա Լճին մօտաւորապէս 560 քմ. Հարաւ-Արեւելք գտնուող Քիլիմանժառօ լեռը մարած հրաբուխ մըն է:

Գիպօն՝ 5895 մեթր, Մավենզին՝ 5149 մեթր և Շիրան՝ 3962 մեթր, Քիլիմանժառօ լերան ամենաբարձր գագաթներն են:

Քիլիմանժառօ լերան կատարը ձիւներով ծածկուած է: Քիլիմաժառօ լերան ստորոտը սառնագետեր կան: Վերջին տարիներուն ջերմութիւնը բարձրացած է: Եթէ ջերմութիւնը բարձրանալ շարունակէ, 50 տարուայ ընթացքին ձիւները բոլորովին պիտի հալին:

Քիլիմանժառօ լերան գիւղերուն մէջ եգիպտացորեն, սուրճ և պանան կը մշակուի:

Քիլիմանժառօ լերան անտառներուն մէջ բնակչութիւնը շատ քիչ է: Անտառներուն մէջ կարելի է տեսնել զանազան կենդանիներու և բոյսերու տեսակներ:



Շուշան Գորտոնճիեան

7-Մարտ-2010 Կիրակի

Իսթանպուլ

Tuesday, March 2, 2010

ԱՆՏԵԱՆ ԼԵՌՆԱՇՂԹԱՅ






Հարաւային Ամերիկայի մէջ, Վենեզուէլա, Գոլոմպիա, Էքուատօր, Փերու, Պոլիվիա, Արժանթին և Չիլիի հողամասերուն վրայ գտնուող, Խաղաղական Ովկիանոսին զուգահեռ Հիւսիսէն Հարաւ շուրջ 7000 քմ. երկարող Անտեան լեռները աշխարհի ամենաերկայն լեռնաշղթան է:

Ագօնգակուան 6962 մեթր բարձրութեամբ Անտեան լեռնաշղթային ամենաբարձր լեռն է: Անտեան լեռները 60 միլիոն տարի առաջ կազմուած են: Անտեան լեռնաշղթային վրայ մօտաւորապէս 5000մ. 3000մ. և 2000մ. բարձրութեամբ լեռներ կան:

Անտեան լեռնաշղթային վրայ ինչպէս մարած, նոյնպէս ալ տակաւին ժայթքող հրաբուխներ կը գտնուին: Հարաւային և Կեդրոնական Փերու, Հարաւային Չիլի, Էքուատօր և Գոլոմպիայի հողերուն վրայ 70 ժայթքող հրաբուխներ կը գտնուին:

Անտեան լեռներու ծովու մակարդակէն 914 մեթր բարձրութեան վրայ գտնուող վայրերուն օդի բարեխառնութիւնը մօտաւորապէս 24-էն 28-ի միջեւ կը փոխուի:

Անտեան լեռներու վրայ կարելի է տեսնել զանազան կենդանիներու և բոյսերու տեսակներ:

Անտեան լեռներու հողերէն արծաթ, կապար, զինկ, կլայեկ, պղինձ, ածուխ, երկաթ, զմրուխտ, և ոսկիի մետաղներ կը հանեն: Իսկ քարիւղով հարուստ են Արեւելեան հողամասերը:

Անտեան լեռնաշղթային վրայ կ'ապրին զանազան ցեղերու պատկանող բնակիչներ: Էքուատօրի, Պոլիվիայի և Փերույի բնակիչներուն մեծամասնութիւնը Կարմրամորդ ցեղին կը պատկանին:

Արժանթինի և Չիլիի Անտերու մէջ բնակչութիւնը քիչ է: Իսկ Կեդրոնական և Հիւսիսային Անտերու մէջ բնակչութիւնը խիտ է:



Շուշան Գորտոնճիեան

2-Մարտ-2010 Երեքշաբթի

Իսթանպուլ

Friday, February 26, 2010

ՖՈՒԺԻԵԱՄԱ ԼԵՌԸ






Ֆուժիեամա լեռը, Ճաբոնիոյ ամենաբարձր լեռն է:

Ֆուժիեամա լեռը, մայրաքաղաք Թոքիոյին 115 քմ. Հարաւ-արեւմուտք գտնուող մարած հրաբուխ մըն է: Ֆուժիեաման, երրորդ երկրաբանութեան շրջանին կազմուած է: Ֆուժիեամա լերան խարիսխը 40 քմ. շրջագիծ ունի, իսկ բարձրութիւնը 3776 մ. է:

Ֆուժիեամա լեռը, վերջին անգամ 1707 թուականին ժայթքեցաւ: Հրաբուխէն ելած մոխիիրները, Թոքիօն 15սմ. հաստութեամբ ծածկեցին:

Ֆուժիեամայի Հիւսիսային մասի գետերու գնացքը հրաբուխէն ելած մոխիր ու լաւաներով փակուելուն հետեւանք լիճեր գոյացած են:

Ֆուժիեաման, բանաստեղծներու և նկարիչներու ներշնչման աղբիւրն է: Այս լեռը, Շինթոիզմին՝ Ճաբոն ազգային կրօնքին, սրբազան վայրն է, որով կրօնական արժէք ալ ունի: Ճաբոնացիներ ու կարգ մը ուրիշ ազգերու պատկանող Շինթոիստներ, Յուլիս և Օգոստոս ամիսներուն իրենց կրօնական պարտականութիւնը կատարելու համար մինչեւ կատար կը մագլցին:



Շուշան Գորտոնճիեան

26-Փետրուար-2010 Ուրբաթ

Իսթանպուլ

Sunday, February 21, 2010

ԷՎԷՐԷՍՏ





Էվէրէստը՝ 8850 մեթր բարձրութեամբ, երկրագունդի ամենաբարձր գագաթն է: Էվէրէստ գագաթը, Հիմալաեա լեռներու մէջ մօտաւորապէս Հիւսիսային լայնութեամբ 28 աստիճան, Արեւելեան երկայնութեամբ 87 աստիճան, Չինաստանի և Նէբալի սահմանագծին վրայ կը գտնուի:

Էվէրէստի ջերմութիւնը -70 աստիճան ըլլալուն, անոր բարձր կողերուն վրայ որեւէ բոյս չի բուսանիր և կենդանի չապրիր:

Էվէրէստի վրայ ամառնային մուսոններու տեղացուցած ձիւնը, հովի պատճառով կը մանրանայ և կը տարածուի: Այս տարածուած ձիւնը, շոգիացման գծին վրայ ըլլալուն, ընդհանրապէս Էվէրէստի սառնագետերը սնուցանող խոշոր սառնագունդեր չի կազմուիր, որով Էվէրէստի սառնագետերը սնուցող ակերը լեռներէն յաճախ փրթող ձիւնագունդերն են: Ձմեռը, Էվէրէստ լերան Հիւսիս-Արեւմտեան կողմէ փչող հովերը, անոր գագաթնամասի ձիւնը կը ցրուէ, այդ պատճառաւ ալ գագաթը մերկ երեւոյթ մը կը ստանայ:

Էվէրէստ լերան գլխաւոր սառնակոյտերն են՝ Գանկշանկ, Արեւելեան և Արեւմտեան Ռօնկպուք, Բումօրի և Խումպու:

Թիպէթի ճամբան բացուելէ վերջ, մարզիկներ 1920 թուականին Էվէրէստ լեռը կրցան մագլցիլ: 1953 թուականէն վերջ, զանազան երկիրներ մարզական խումբերու զօրավիգ հանդիսացան և այս խումբերը յաջողեցան հասնիլ Էվէրէստ լերան գագաթնակէտը:



Շուշան Գորտոնճիեան

20-Փետրուար-2010 Շաբաթ

Իսթանպուլ