Wednesday, March 25, 2009

ՄԻԱՄԻՏ ՄԱՐԴՆ ՈՒ ԵՐԵՔ ԳՈՂԵՐ




Միամիտ մարդ մը, ոչխար մը գնեց: Պարանը ոչխարին վզին անցուց և իր գիւղը վերադառնալու համար ճամբայ ելաւ: Քանի մը ժամ վերջ, երեք գողեր միամիտ մարդը տեսան: Մարդը խաբել ու ոչխարը ձեռքէն խլելու համար հնարքներ մտածեցին:
Առաջին գողը մարդուն մօտենալով ըսաւ.
-Ո՛վ բարի մարդ, ես մեծ տուն մը ունիմ: Այդ տան հսկելու համար շան մը կարիքը կը զգամ: Քու շունդ ինծի կը ծախե՞ս:
Մարդը պատասխանեց.
-Ես շուն չունիմ:
Գողը ըսաւ.
-Մի՞թէ այս ձեռքինդ շուն չէ:
-Ոչխար է, ոչ թէ շուն. սրտնեղած պատասխանեց միամիտ մարդը և իր ճամբան շարունակեց:
Երկրորդ գողը, միամիտ մարդուն մօտեցաւ եւ ըսաւ.
-Այդ շունը որսի՞ կը տանիս:
Մարդը շուարեցաւ: Կասկածելով ոչխարին նայեցաւ ու առանց պատասխանելու դարձեալ իր ճամբան շարունակեց:
Յետոյ երրորդ գողը միամիտ մարդուն մօտեցաւ, բայց ան ալ՝ իր սուտով չի յաջողեցաւ մարդը խաբել:
Երրորդ գողը իր ընկերներուն դառնալով սապէս ըսաւ.
-Ես զարմացայ: Այս մարդը բարեպաշտ ու խելացի տպաւորութիւնը կը թողու, բայց ինչո՞ւ իր ձեռքի շան համար ոչխար կ'ըսէ: Մի՞թէ շուն պտըտցնելով բարեպաշտ ու Աստուածավախ մարդն իր հոգին ու մարմինը կը պղծէ:
Գողերը, այսպէս անընդհատ նոյն բաները խօսելով շարունակեցին միամիտ մարդուն քովէն քալել:
Գողերէն մին, հանկարծ ծառի մը տակ պառկած կատու մը տեսաւ: Դանդաղկեցուց իր քայլերը ու իր ընկերներէն ետ մնաց: Գետնէն քար մը առաւ և կատուին նետեց: Խեղճ կատուն, այդ ցաւով հեռու փախչեցաւ:
Գողը միամիտ մարդուն քովը եկաւ ու ըսաւ.
-Հիմա համոզուեցա՞ր, որ շուն է: Տեսա՞ր կատուն անկէ վախցաւ ու հեռու փախաւ:
Մարդը զարմանքով փախչող կատուին ետեւէն նայեցաւ ու մտածեց:
«Վաճառականը, որ այս շունը ինծի ծախեց, հաստատ կախարդ էր: Ի՞նչ ըրաւ, որ շունը աչքիս ոչխար կ'երեւի:
Միամիտ մարդը արդէն իսկ համոզուած էր, որ գնածը շուն է: Պարանը քակեց, կենդանին ազատ թողուց եւ իր ճամբան շարունակեց:
Խաբեբայ գողերը ոչխարը առին ու տարին:

Ճշմարիտը խորհիլ, գեղեցիկը զգալ եւ բարին կամենալ. ասոնց միջոցաւ է, որ միտքը կը ճանչնայ գիտակից կեանքին նպատակը:

Շուշան Գորտոնճիեան
18-Մարտ-2009 Չորեքշաբթի
Իսթանպուլ

Sunday, March 15, 2009

ՀԱՊԱ ԴՈ՞ՒՔ




Կը պատմուի, թէ թագաւոր մը շինել տուաւ հսկայ զանգակ մը: Զայն կախել տուաւ աշտարակէն և յայտարարեց ժողովուրդին թէ այդ զանգակը զարնել պիտի տար միայն այն ատեն, երբ ինքզինք ճշմարտապէս երջանիկ զգար:
Ժողովուրդը ի զուր սպասեց այդ զանգակին ձայնին: Տարիներ անցան: Օր մը լուր տարածուեցաւ, թէ թագաւորը մահամերձ հիւանդ էր: Վշտահար ժողովուրդը պալատը շրջապատեց և սկսաւ դառնապէս արտասուել: Թագաւորը լսեց և հնչել տուաւ զանգակը:
Սգաւոր ժողովուրդը ապշած՝ գաղտնիքը հասկնալ ուզեց:
Թագաւորը սապէս պատասխանեց.
-Իմ կեանքին ամբողջ ընթացքին, գիտութիւնս, հարստութիւնս, պալատական զուարճութիւններս ու արքայական փառքս, ոչ մէկ օր չկրցաւ զիս գոհացնել: Մահուանս խայթերը փարատելու աստիճան, այսօր ժողովուրդիս անկեղծ և տաք սէրը զիս երջանիկ կ'ընէ: Ահա թէ ինչու կը հնչէ զանգակը և պիտի հնչէ, մինչեւ որ աչքերս գոցեմ:
Թագաւորը ուրախացաւ իր մահուան խայթերը մոռնալու աստիճան և երջանիկ զգաց ինքզինք, երբ համոզուեցաւ թէ ժողովուրդը զինք կը սիրէր:

Կեանքի մէջ ամենամեծ հարստութիւնը սէրն է: Առանց սիրոյ ոչ մէկ բան իր յաջողութեան գագաթը կրնայ հասնիլ:
Ձեր մօտէն սէրը անցա՞ւ:
Դուք սէրը ճանչցա՞ք:
Ինծի կը հաճիք պատմե՞լ սէրը:

Այո', բոլորիս մօտէն անցաւ սէրը: Արդեօք արժէքաւորեցի՞նք:
Այո', բոլորս ճանչցանք սէրը: Արդեօք թանկագին գոհարեղենի մը նման, մեր սրտի տուփին խորերը կրցա՞նք պատսպարել զայն:
Սէրը կը պատմուի՞: Ոչ', ան միմիայն կը գործադրուի:
Ես այսպէս կը մտածեմ: Հապա դո՞ւք:

Շուշան Գորտոնճիեան
7- Մարտ- 2009 Շաբաթ
Իսթանպուլ

Thursday, January 29, 2009

ԾԵՐՈՒՆԻՆ և ԻՐ ԽԵԼԱՄՈՒՏ ԿԻՆԸ



Ծեր մարդ մը, երիտասարդ ու խելացի կին մը ունէր: Անոնք շատ երջանիկ էին, սակայն զաւակ չ'ունէին:
Ծերունին, որպէսզի իր օճախը վառ մնայ, զաւակ մը ունենալու երազանքը ունէր: Տարիներ կ'անցնէին, սակայն ծերունիին երազանքը չէր իրականանար:
Օր մը, ան ձեռքերը երկինք բարձրացուց, աղօթեց ու խնդրեց, որ Աստուած իրեն արու զաւակ մը պարգեւէ:
Աստուած, ծերունիին աղօթքը լսեց և կարճ ժամանակ մը վերջ իր կինը յղացաւ: Ան շատ ուրախ էր:
Կնոջ ըսաւ.
- Մենք մանչ զաւակ մը պիտի ունենանք: Ես անոր անուն մը պիտի ընտրեմ: Լաւ դաստիարակութիւն պիտի տամ, որպէսզի ան պատուարժան մարդ դառնայ: Կ'ամուսնացնենք, յետոյ զաւակներ կ'ունենայ և այդ երախաները մեր հոգւոյ մխիթարութիւնն ու աչքի լոյսը կը դառնան:
Ծերուկին կինը խելամուտ անձ մըն էր, ըսաւ.
- Նախ և առաջ ծննդաբերեմ, ծննդաբերելէ յետոյ ալ՝ մանչ կը ծնի, թէ ոչ: Եթէ որդի մը ունենանք, այնքան կապրի՞նք, որ անոր երախաները տեսնենք: Քու խօսքերը, մօրս ինծի պատմած մէկ պատմութիւնը կը յիշեցնեն:
Ծերունին հետաքրքրութեամբ հարցուց.
- Մայրդ ի՞նչ պատմած էր:
Կինը պատմել սկսաւ.
- Դարեր առաջ, ճգնաւոր մը առանձին կ'ապրի: Ան վաճառական բարեկամ մը ունի: Այդ վաճառականը, բարի գործ կատարելու և դատաստանի օրը Աստուծոյ ողորմութեան արժանանալու համար, ճգնաւորին ամէն օր քիչ մը մեղր ու քիչ մըն ալ կարագ կը նուիրէ: Ճգնաւորը, կարագին ու մեղրին մէկ մասը կ'ուտէ, իսկ մնացեալը կարասի մը մէջ կը լեցնէ:
Օր մը սապէս կը մտածէ.
«Եթէ այս մեղրն ու կարագը շուկայ տանիմ, լաւ գինով կը ծախեմ: Այդ դրամով ալ հինգ ոչխար կը գնեմ: Այդ ոչխարներէ ամէն ամիս գառնուկ մը կը ծնանի: Ես ալ մեծ հօտի մը տէր կը դառնամ և վերջապէս կը հարստանամ: Հարուստ ընտանիքի մը սիրուն աղջիկը կ'ուզեմ և անոր հետ կ'ամուսնանամ: Կինս ինծի մանչ զաւակ մը կը պարգեւէ: Զաւակս լաւ կը դաստիարակեմ, իսկ եթէ իմ խրատականներս մտիկ չընէ այս ձեռնափայտով անոր լաւ դաս կու տամ»:
Երբ ճգնաւորը այսպէս կ'երազէ, ձեռնափայտը կը բարձրացնէ, որպէսզի իր զաւկին դասը տայ, կարասին կը զարնէ: Կարասը կը կոտրի և մեղրն ու կարագը գետին կը թափին:
Ծերունին, իր կնոջ պատմութիւնը ուշի ուշով մտիկ ըրաւ ու ամօթով մնաց: Այլեւս չեղած բանի մասին չխօսեցաւ:
Միջոց մը վերջ, կինը գեղեցիկ մանչ զաւակ մը աշխարհ բերաւ: Ծերուկը և կինը փառք տուին, որ Աստուած իրենց զաւակ մը պարգեւած է:
Օր մը, կինը երախան ծերունիին յանձնեց և ընկերուհիին այցելութեան գնաց: Հայր ու որդի տան մէջ առանձին մնացին: Այդ միջոցին դրան զանգակը հնչեց: Ծերունին դուռը բացաւ: Դէմը, թագաւորին պատգամաւորը կեցած էր:
Պատգամաւորը ըսաւ.
- Թագաւորը մանչ զաւակ մը ունեցաւ: Քեզ ալ պալատ կը հրաւիրենք, որպէսզի երախային համար միասնաբար աղօթենք:
Ծերունին ըսաւ.
- Ես ալ երախայ մը ունիմ: Կինս տունը չէ: Չեմ կրնար գալ:
- Ոչ', ըսաւ պատգամաւորը և շարունակեց.
- Թագաւորն ու հիւրերը քեզ կը սպասեն:
Ծերունին ճարահատ, իր երախան տան պահապան շնիկին թողուց և պատգամաւորին հետ միասին թագաւորին մօտ գնաց: Քիչ վերջ, մեծ օձ մը սողալով երախային օրօրոցին մօտեցաւ: Պահապան շունը անմիջապէս օձին վրայ յարձակեցաւ և սպաննեց:
Որոշ ժամանակ մը վերջ ծերունին տուն վերադարձաւ: Պահապան շնիկը, արիւնաթաթախ, իր տիրոջ առջեւ կանգնեցաւ՝ իր նուիրածութիւնն ու հաւատարմութիւնը ցոյց տալով: Ծերունին արիւնաթաթախ շնիկը տեսնելով, կարծեց թէ ան իր երախան սպաննած էր: Խելագարուած ծերունին՝ վշտով ու ցաւով, առանց երկար մտածելու, իր ձեռնափայտով խեղճ կենդանին ծեծեց ու մեռցուց: Երախային մօտ վազեց: Զարմանքով քարացաւ, որովհետեւ իր երախան ողջ առողջ օրօրոցին մէջ հօրը կը խնդար: Ծերուկը օրօրոցին կողքին, սատկած օձը տեսաւ և երկու ձեռքը գլխին տանելով սկսաւ լալ ու ողբալ:
« Երանի' որդի չունենայի ու այս անմեղ և հաւատարիմ շնիկս չսպաննէի: Ինչ մեծ վիշտ ու դժբախտութիւն, որ որդուս կեանքը փրկած այս անմեղ ու հաւատարիմ կենդանին, իմ ձեռքերով սպաննեցի»:
Երբ կինը տուն վերադարձաւ, ամուսինը զինքը լալով ու ողբալով դիմաւորեց:
Պատահածը անոր պատմեց: Կինը շատ յուզուեցաւ և յետոյ ծերուկին դառնալով ըսաւ.
- Թող այս դէպքը քեզի դաս ըլլայ: Ով որ իր կեանքի մէջ անհարկի կը շտապի, յաւիտենական չարաչար կը զղջայ:

Շուշան Գորտոնճիեան
16-Յունուար-2009 Ուրբաթ
Իսթանպուլ

Wednesday, January 7, 2009

ՄԵՐ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐԸ


Այս օրերուն ամուսնութեան խնդիրը շատ մեծ հարց մըն է: Բոլոր հայ մայրերու և հայրերու գլխուն մէջ հարցական մը կայ: «Արեօ՞ք, իմ զաւակս հայ աղջկան կամ հայ մանչու մը հետ պիտի կրնայ ամուսնանալ»:
Դժբախտաբար խառն ամուսնութիւններու թիւը աւելցած է: Երիտասարդներ կ'ամուսնանան առանց իրենց ապագան մտածելու: Խառն ամուսնութիւն մը, յետագային ի՞նչ տեսակ վտանքներ պիտի պատճառէ: Երիտասարդը ոչ մի բան մտածելով, կոյր վիճակի մը մէջ, իր ընտանիքը ոտնակոխ ընելու աստիճան կը պայքարի: Վերջապէս կը յաջողի ու կ'ամուսնանայ իր ընտրած այլազգի աղջկան կամ մանչուն հետ:
Քանի մը տարի առաջ էր: Ընկերուհիիս այցելութեան գացած էի: Մտերիմ խօսակցութեան մը ընթացքին, ընկերուհիս ըսաւ.
-Բարեկամուհիիս հարսը հայ չէ, բայց տասը հայ աղջիկէ աւելի լաւ է:
Զայրացայ: Չէի գիտեր, թէ ինչպէս պատասխանէի իրեն:
Միջոց մը վերջ, այս այլազգի հարսը զաւակ մը ունեցաւ: Քանի մը ամիս առաջ լսեցի, որ անոնք անհամաձայնութեան պատճառաւ ամուսնալուծուեր են:
Անհամաձայնութեան պատճառը կրօնքի խնդիրն էր: Երբ իրենց զաւկին մկրտութեան օրը կը հասնի, հարսը չընդունիր, որ իր զաւակը մկրտուի:
Ամոլը ամուսնալուծուեցաւ, սակայն ամենամեծ հարցը ասկէ վերջ պիտի սկսի: Այդ զոյգը, իրենց նոր ճամբայ մը պիտի գծեն: Փոքրիկ տղուն վիճակը ի՞նչ պիտի ըլլայ: Մօրը կրօնքին, թէ ոչ հօրը կրօնքին պիտի պատկանի:
Նախ և առաջ այսպիսի ապրելակերպով, այդ անմեղ փոքրիկ տղուն հոգեկան վիճակը պիտի խանգարուի, յետոյ ալ անլուծելի հարցերու պիտի մատնուի:
Մեր երիտասարդները պէտք է լաւ մտածեն և անկէ յետոյ առողջ որոշումներ առնեն:
Կ'ուզեմ այս գրութիւնս առակով մը վերջացնել:
Ջորիին կը հանդիմանէին այն բանի համար, որ ան էշուն որդին է: Ան, միշտ կը պարծենար, որ ձին իր մայրն է:
Ջորին կը պարտուի այդ վէճի մէջ, քանի որ հօր ցեղը, մօր ցեղէն աւելի կարեւոր է:

Շուշան Գորտոնճիեան
4-Յունուար-2009 Կիրակի
Իսթանպուլ

Saturday, January 3, 2009

ԶԻՍ ՉԵ՞Ս ՅԻՇԵՐ







Դարեր առաջ, մեծ արուեստագէտի մը պարտականութիւն տրուեցաւ տաճարի մը համար Յիսուսի կեանքը ներկայացնող իւղանկար մը պատրաստել:
Երկար տարիներ արուեստագէտը համբերութեամբ պատրաստեց այս նկարը, որուն մէջ կը պակսէր Յիսուս մանուկի և Յուդայի դիմանկարները: Այս երկուքին յարմարագոյն նմանակ մը գտնելու համար ամէն կողմ երկար պրպտումներ կատարեց:
Օր մը, աղքատ թաղի մը մէջ հանդիպեցաւ փոքր մանչուկի մը, որուն դէմքը ցնցեց նկարչին սիրտն ու ամբողջ էութիւնը:
Տղեկը, հին ու աղտոտ հագուստներուն մէջ լուսաւոր և հրեշտակային դէմք մը ունէր: Արուեստագէտը, վերջապէս իր փնտռած դէմքը գտած էր: Տղեկը գնաց նկարչին հետ և մեծ համբերութեամբ նստաւ որպէս օրինակ Յիսուս մանուկին դէմքին:
Այժմ կը մնար Յուդայի դէմքը: Նկարչին տխուր վիճակի լուրը տարածուեցաւ ամէն կողմ: Շատեր կարծելով որ չարութիւն և վատութիւն պատկերացնող դէմք ունին, ներկայացան նկարչին, սակայն ան ոչ մէկն ալ չհաւնեցաւ:
Տարիներ անցան: Ի զուր ան կը փնտռէր մատնիչ Յուդայի արտայայտութեամբ մէկը: Օր մը, մուրացկան մը տեսաւ: Մուրացկանը, դողդոջուն քայլերով գետին փռուեցաւ ու աղաղակեց.
-Գինի՛, գինի՛:
Նկարչին երակներուն մէջէն ահաւոր սարսուր մը անցաւ. այդ կեղտոտ գինովը իր դէմքին վրայ կը կրէր մարդկութեան բոլոր մեղքերը: Վերջապէս գտած էր Յուդան:
Միասին գացին իր աշխատանոցը, ուր գիշեր ցերեկ տենդագին գործի լծուեցաւ՝ լրացնելու համար տարիներէ ի վեր իր անաւարտ գլուխ գործոցը:
Մինչ ինք կ'աշխատէր, գինեմոլը զարմանալի վիճակներէ կ'անցնէր: Նախկին թոյլ վիճակը տեղի տուած էր շփոթ ու շուարուն հեւքի մը, իսկ իր արիւնոտ, կարմրած աչքերը սոսկումով մը գամուած կը մնային իրեն նմանող նկարին վրայ:
Նկարիչը զգալով ենթակային վիճակը, հարցուց, թէ որեւէ կերպով կրնա՞ր իրեն օգնել: Գինեմոլը չկրցաւ զսպել իր արցունքները և դէմքը ձեռքերուն մէջ առած, սկսաւ հեծկլտալ ու ըսել.
-Ուրեմն զիս չե՞ս յիշեր: Ես տարիներ առաջ քեզի օրինակ եղայ որպէս տիպար Յիսուս Մանուկին, իսկ այսօր... Յուդան կը ներկայացնեմ քեզի...

Շուշան Գորտոնճիեան
24-Դեկտեմբեր-2008 Չորեքշաբթի
Իսթանպուլ

Wednesday, December 24, 2008

ԿԱՏՈՒՆ և ԻՐ ՁԱԳԵՐԸ





Կը պատմեն, թէ կատուն իր ձագերուն ուղիղ քալել կը սորվեցնէր, բայց ինքը ծուռ կը քալէր: Ձագերը, իրենց մայրը օրինակ կ'առնէին ու անոր նման կը քալէին:
Երբ մայրը պատժելու սպառնալիքով անոնց ստիպեց ուղիղ քալել, ձագերը ըսին.
-Մենք քեզ օրինակ կ'առնենք: Դուն ինչպէս որ կը քալես, մենք ալ նոյնպէս կը քալենք:
Մայր մը իր զաւակներուն ուղեցոյցն է: Զաւակի մը իրականութիւններ միմիայն խրատականներով բացատրել բաւարար չէ: Պէտք է մայրն ալ իր խրատածը գործադրէ:
Տղան, մօրը հայելին է:
Մայր մը, միմիայն այս թանկագին հայելին դիտելով, իր գեղեցկութիւնը կրնայ տեսնել:
Մայր կատու, քու ձագերդ որքա՜ն խելացի են: Անոնք ըսին.
-Դուն ինչպէս որ կը քալես, մենք ալ նոյնպէս կը քալենք:

Շուշան Գորտոնճիեան
20-Դեկտեմբեր-2008 Շաբաթ
Իսթանպուլ

Wednesday, December 17, 2008

Ո՞Վ ՍՈՐՎԵՑՈՒՑ




Առիւծը, գայլն ու աղուէսը լաւ բարեկամներ են:

Օր մը որսէ վերադարձան՝ խոյ մը, ոչխար մը ու գառնուկ մը որսած:

Առիւծը, գայլը փորձելու համար ըսաւ.

-Որսը մեր մէջ բաժնէ:

Գայլը պատասխանեց.


-Ո՛վ թագաւոր, թող Աստուած մեր մէջ բաժնէ: Ես, խոյը քեզի, ոչխարը ինծի, գառնուկն ալ աղուէսին տալու ձեւով բաժնել կը մտածեմ:

Առիւծը զարմացաւ և գայլին գլխուն զարկաւ: Այնպէս մը զարկաւ, որ անոր աչքերը դուրս ինկան: Գայլը նստաւ ու լալ սկսաւ:

Առիւծը, աղուէսին դարձաւ ու ըսաւ.


-Այս կենդանիները մեր մէջ բաժնէ:
Աղուէսը սապէս պատասխանեց.
-Ո՛վ թագաւոր, թող Աստուած մեր մէջ բաժնէ: Խոյը քեզ նախաճաշ, ոչխարը քեզ ցերեկուայ ճաշ, գառնուկն ալ երեկոյեան կերակուրդ թող ըլլայ: Ես այսպէս բաժնել կը մտածեմ:
Առիւծը քմծիծաղով աղուէսին հարցուց.
-Օ՛ ողորմելի, ո՞վ քեզ այսպէս ճիշդ բաժնել սորվեցուց:
Աղուէսը պատասխանեց.
-Գայլին դուրս ինկած աչքերը:
''Այս աշխարհը զօրաւորներու աշխարհն է'' կ'ըսուի: Որքա՛ն ճիշդ է:

Շուշան Գորտոնճիեան
16-Դեկտեմբեր-2008 Երեքշաբթի
Իսթանպուլ