Thursday, January 29, 2009

ԾԵՐՈՒՆԻՆ և ԻՐ ԽԵԼԱՄՈՒՏ ԿԻՆԸ



Ծեր մարդ մը, երիտասարդ ու խելացի կին մը ունէր: Անոնք շատ երջանիկ էին, սակայն զաւակ չ'ունէին:
Ծերունին, որպէսզի իր օճախը վառ մնայ, զաւակ մը ունենալու երազանքը ունէր: Տարիներ կ'անցնէին, սակայն ծերունիին երազանքը չէր իրականանար:
Օր մը, ան ձեռքերը երկինք բարձրացուց, աղօթեց ու խնդրեց, որ Աստուած իրեն արու զաւակ մը պարգեւէ:
Աստուած, ծերունիին աղօթքը լսեց և կարճ ժամանակ մը վերջ իր կինը յղացաւ: Ան շատ ուրախ էր:
Կնոջ ըսաւ.
- Մենք մանչ զաւակ մը պիտի ունենանք: Ես անոր անուն մը պիտի ընտրեմ: Լաւ դաստիարակութիւն պիտի տամ, որպէսզի ան պատուարժան մարդ դառնայ: Կ'ամուսնացնենք, յետոյ զաւակներ կ'ունենայ և այդ երախաները մեր հոգւոյ մխիթարութիւնն ու աչքի լոյսը կը դառնան:
Ծերուկին կինը խելամուտ անձ մըն էր, ըսաւ.
- Նախ և առաջ ծննդաբերեմ, ծննդաբերելէ յետոյ ալ՝ մանչ կը ծնի, թէ ոչ: Եթէ որդի մը ունենանք, այնքան կապրի՞նք, որ անոր երախաները տեսնենք: Քու խօսքերը, մօրս ինծի պատմած մէկ պատմութիւնը կը յիշեցնեն:
Ծերունին հետաքրքրութեամբ հարցուց.
- Մայրդ ի՞նչ պատմած էր:
Կինը պատմել սկսաւ.
- Դարեր առաջ, ճգնաւոր մը առանձին կ'ապրի: Ան վաճառական բարեկամ մը ունի: Այդ վաճառականը, բարի գործ կատարելու և դատաստանի օրը Աստուծոյ ողորմութեան արժանանալու համար, ճգնաւորին ամէն օր քիչ մը մեղր ու քիչ մըն ալ կարագ կը նուիրէ: Ճգնաւորը, կարագին ու մեղրին մէկ մասը կ'ուտէ, իսկ մնացեալը կարասի մը մէջ կը լեցնէ:
Օր մը սապէս կը մտածէ.
«Եթէ այս մեղրն ու կարագը շուկայ տանիմ, լաւ գինով կը ծախեմ: Այդ դրամով ալ հինգ ոչխար կը գնեմ: Այդ ոչխարներէ ամէն ամիս գառնուկ մը կը ծնանի: Ես ալ մեծ հօտի մը տէր կը դառնամ և վերջապէս կը հարստանամ: Հարուստ ընտանիքի մը սիրուն աղջիկը կ'ուզեմ և անոր հետ կ'ամուսնանամ: Կինս ինծի մանչ զաւակ մը կը պարգեւէ: Զաւակս լաւ կը դաստիարակեմ, իսկ եթէ իմ խրատականներս մտիկ չընէ այս ձեռնափայտով անոր լաւ դաս կու տամ»:
Երբ ճգնաւորը այսպէս կ'երազէ, ձեռնափայտը կը բարձրացնէ, որպէսզի իր զաւկին դասը տայ, կարասին կը զարնէ: Կարասը կը կոտրի և մեղրն ու կարագը գետին կը թափին:
Ծերունին, իր կնոջ պատմութիւնը ուշի ուշով մտիկ ըրաւ ու ամօթով մնաց: Այլեւս չեղած բանի մասին չխօսեցաւ:
Միջոց մը վերջ, կինը գեղեցիկ մանչ զաւակ մը աշխարհ բերաւ: Ծերուկը և կինը փառք տուին, որ Աստուած իրենց զաւակ մը պարգեւած է:
Օր մը, կինը երախան ծերունիին յանձնեց և ընկերուհիին այցելութեան գնաց: Հայր ու որդի տան մէջ առանձին մնացին: Այդ միջոցին դրան զանգակը հնչեց: Ծերունին դուռը բացաւ: Դէմը, թագաւորին պատգամաւորը կեցած էր:
Պատգամաւորը ըսաւ.
- Թագաւորը մանչ զաւակ մը ունեցաւ: Քեզ ալ պալատ կը հրաւիրենք, որպէսզի երախային համար միասնաբար աղօթենք:
Ծերունին ըսաւ.
- Ես ալ երախայ մը ունիմ: Կինս տունը չէ: Չեմ կրնար գալ:
- Ոչ', ըսաւ պատգամաւորը և շարունակեց.
- Թագաւորն ու հիւրերը քեզ կը սպասեն:
Ծերունին ճարահատ, իր երախան տան պահապան շնիկին թողուց և պատգամաւորին հետ միասին թագաւորին մօտ գնաց: Քիչ վերջ, մեծ օձ մը սողալով երախային օրօրոցին մօտեցաւ: Պահապան շունը անմիջապէս օձին վրայ յարձակեցաւ և սպաննեց:
Որոշ ժամանակ մը վերջ ծերունին տուն վերադարձաւ: Պահապան շնիկը, արիւնաթաթախ, իր տիրոջ առջեւ կանգնեցաւ՝ իր նուիրածութիւնն ու հաւատարմութիւնը ցոյց տալով: Ծերունին արիւնաթաթախ շնիկը տեսնելով, կարծեց թէ ան իր երախան սպաննած էր: Խելագարուած ծերունին՝ վշտով ու ցաւով, առանց երկար մտածելու, իր ձեռնափայտով խեղճ կենդանին ծեծեց ու մեռցուց: Երախային մօտ վազեց: Զարմանքով քարացաւ, որովհետեւ իր երախան ողջ առողջ օրօրոցին մէջ հօրը կը խնդար: Ծերուկը օրօրոցին կողքին, սատկած օձը տեսաւ և երկու ձեռքը գլխին տանելով սկսաւ լալ ու ողբալ:
« Երանի' որդի չունենայի ու այս անմեղ և հաւատարիմ շնիկս չսպաննէի: Ինչ մեծ վիշտ ու դժբախտութիւն, որ որդուս կեանքը փրկած այս անմեղ ու հաւատարիմ կենդանին, իմ ձեռքերով սպաննեցի»:
Երբ կինը տուն վերադարձաւ, ամուսինը զինքը լալով ու ողբալով դիմաւորեց:
Պատահածը անոր պատմեց: Կինը շատ յուզուեցաւ և յետոյ ծերուկին դառնալով ըսաւ.
- Թող այս դէպքը քեզի դաս ըլլայ: Ով որ իր կեանքի մէջ անհարկի կը շտապի, յաւիտենական չարաչար կը զղջայ:

Շուշան Գորտոնճիեան
16-Յունուար-2009 Ուրբաթ
Իսթանպուլ

Wednesday, January 7, 2009

ՄԵՐ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐԸ


Այս օրերուն ամուսնութեան խնդիրը շատ մեծ հարց մըն է: Բոլոր հայ մայրերու և հայրերու գլխուն մէջ հարցական մը կայ: «Արեօ՞ք, իմ զաւակս հայ աղջկան կամ հայ մանչու մը հետ պիտի կրնայ ամուսնանալ»:
Դժբախտաբար խառն ամուսնութիւններու թիւը աւելցած է: Երիտասարդներ կ'ամուսնանան առանց իրենց ապագան մտածելու: Խառն ամուսնութիւն մը, յետագային ի՞նչ տեսակ վտանքներ պիտի պատճառէ: Երիտասարդը ոչ մի բան մտածելով, կոյր վիճակի մը մէջ, իր ընտանիքը ոտնակոխ ընելու աստիճան կը պայքարի: Վերջապէս կը յաջողի ու կ'ամուսնանայ իր ընտրած այլազգի աղջկան կամ մանչուն հետ:
Քանի մը տարի առաջ էր: Ընկերուհիիս այցելութեան գացած էի: Մտերիմ խօսակցութեան մը ընթացքին, ընկերուհիս ըսաւ.
-Բարեկամուհիիս հարսը հայ չէ, բայց տասը հայ աղջիկէ աւելի լաւ է:
Զայրացայ: Չէի գիտեր, թէ ինչպէս պատասխանէի իրեն:
Միջոց մը վերջ, այս այլազգի հարսը զաւակ մը ունեցաւ: Քանի մը ամիս առաջ լսեցի, որ անոնք անհամաձայնութեան պատճառաւ ամուսնալուծուեր են:
Անհամաձայնութեան պատճառը կրօնքի խնդիրն էր: Երբ իրենց զաւկին մկրտութեան օրը կը հասնի, հարսը չընդունիր, որ իր զաւակը մկրտուի:
Ամոլը ամուսնալուծուեցաւ, սակայն ամենամեծ հարցը ասկէ վերջ պիտի սկսի: Այդ զոյգը, իրենց նոր ճամբայ մը պիտի գծեն: Փոքրիկ տղուն վիճակը ի՞նչ պիտի ըլլայ: Մօրը կրօնքին, թէ ոչ հօրը կրօնքին պիտի պատկանի:
Նախ և առաջ այսպիսի ապրելակերպով, այդ անմեղ փոքրիկ տղուն հոգեկան վիճակը պիտի խանգարուի, յետոյ ալ անլուծելի հարցերու պիտի մատնուի:
Մեր երիտասարդները պէտք է լաւ մտածեն և անկէ յետոյ առողջ որոշումներ առնեն:
Կ'ուզեմ այս գրութիւնս առակով մը վերջացնել:
Ջորիին կը հանդիմանէին այն բանի համար, որ ան էշուն որդին է: Ան, միշտ կը պարծենար, որ ձին իր մայրն է:
Ջորին կը պարտուի այդ վէճի մէջ, քանի որ հօր ցեղը, մօր ցեղէն աւելի կարեւոր է:

Շուշան Գորտոնճիեան
4-Յունուար-2009 Կիրակի
Իսթանպուլ

Saturday, January 3, 2009

ԶԻՍ ՉԵ՞Ս ՅԻՇԵՐ







Դարեր առաջ, մեծ արուեստագէտի մը պարտականութիւն տրուեցաւ տաճարի մը համար Յիսուսի կեանքը ներկայացնող իւղանկար մը պատրաստել:
Երկար տարիներ արուեստագէտը համբերութեամբ պատրաստեց այս նկարը, որուն մէջ կը պակսէր Յիսուս մանուկի և Յուդայի դիմանկարները: Այս երկուքին յարմարագոյն նմանակ մը գտնելու համար ամէն կողմ երկար պրպտումներ կատարեց:
Օր մը, աղքատ թաղի մը մէջ հանդիպեցաւ փոքր մանչուկի մը, որուն դէմքը ցնցեց նկարչին սիրտն ու ամբողջ էութիւնը:
Տղեկը, հին ու աղտոտ հագուստներուն մէջ լուսաւոր և հրեշտակային դէմք մը ունէր: Արուեստագէտը, վերջապէս իր փնտռած դէմքը գտած էր: Տղեկը գնաց նկարչին հետ և մեծ համբերութեամբ նստաւ որպէս օրինակ Յիսուս մանուկին դէմքին:
Այժմ կը մնար Յուդայի դէմքը: Նկարչին տխուր վիճակի լուրը տարածուեցաւ ամէն կողմ: Շատեր կարծելով որ չարութիւն և վատութիւն պատկերացնող դէմք ունին, ներկայացան նկարչին, սակայն ան ոչ մէկն ալ չհաւնեցաւ:
Տարիներ անցան: Ի զուր ան կը փնտռէր մատնիչ Յուդայի արտայայտութեամբ մէկը: Օր մը, մուրացկան մը տեսաւ: Մուրացկանը, դողդոջուն քայլերով գետին փռուեցաւ ու աղաղակեց.
-Գինի՛, գինի՛:
Նկարչին երակներուն մէջէն ահաւոր սարսուր մը անցաւ. այդ կեղտոտ գինովը իր դէմքին վրայ կը կրէր մարդկութեան բոլոր մեղքերը: Վերջապէս գտած էր Յուդան:
Միասին գացին իր աշխատանոցը, ուր գիշեր ցերեկ տենդագին գործի լծուեցաւ՝ լրացնելու համար տարիներէ ի վեր իր անաւարտ գլուխ գործոցը:
Մինչ ինք կ'աշխատէր, գինեմոլը զարմանալի վիճակներէ կ'անցնէր: Նախկին թոյլ վիճակը տեղի տուած էր շփոթ ու շուարուն հեւքի մը, իսկ իր արիւնոտ, կարմրած աչքերը սոսկումով մը գամուած կը մնային իրեն նմանող նկարին վրայ:
Նկարիչը զգալով ենթակային վիճակը, հարցուց, թէ որեւէ կերպով կրնա՞ր իրեն օգնել: Գինեմոլը չկրցաւ զսպել իր արցունքները և դէմքը ձեռքերուն մէջ առած, սկսաւ հեծկլտալ ու ըսել.
-Ուրեմն զիս չե՞ս յիշեր: Ես տարիներ առաջ քեզի օրինակ եղայ որպէս տիպար Յիսուս Մանուկին, իսկ այսօր... Յուդան կը ներկայացնեմ քեզի...

Շուշան Գորտոնճիեան
24-Դեկտեմբեր-2008 Չորեքշաբթի
Իսթանպուլ

Wednesday, December 24, 2008

ԿԱՏՈՒՆ և ԻՐ ՁԱԳԵՐԸ





Կը պատմեն, թէ կատուն իր ձագերուն ուղիղ քալել կը սորվեցնէր, բայց ինքը ծուռ կը քալէր: Ձագերը, իրենց մայրը օրինակ կ'առնէին ու անոր նման կը քալէին:
Երբ մայրը պատժելու սպառնալիքով անոնց ստիպեց ուղիղ քալել, ձագերը ըսին.
-Մենք քեզ օրինակ կ'առնենք: Դուն ինչպէս որ կը քալես, մենք ալ նոյնպէս կը քալենք:
Մայր մը իր զաւակներուն ուղեցոյցն է: Զաւակի մը իրականութիւններ միմիայն խրատականներով բացատրել բաւարար չէ: Պէտք է մայրն ալ իր խրատածը գործադրէ:
Տղան, մօրը հայելին է:
Մայր մը, միմիայն այս թանկագին հայելին դիտելով, իր գեղեցկութիւնը կրնայ տեսնել:
Մայր կատու, քու ձագերդ որքա՜ն խելացի են: Անոնք ըսին.
-Դուն ինչպէս որ կը քալես, մենք ալ նոյնպէս կը քալենք:

Շուշան Գորտոնճիեան
20-Դեկտեմբեր-2008 Շաբաթ
Իսթանպուլ

Wednesday, December 17, 2008

Ո՞Վ ՍՈՐՎԵՑՈՒՑ




Առիւծը, գայլն ու աղուէսը լաւ բարեկամներ են:

Օր մը որսէ վերադարձան՝ խոյ մը, ոչխար մը ու գառնուկ մը որսած:

Առիւծը, գայլը փորձելու համար ըսաւ.

-Որսը մեր մէջ բաժնէ:

Գայլը պատասխանեց.


-Ո՛վ թագաւոր, թող Աստուած մեր մէջ բաժնէ: Ես, խոյը քեզի, ոչխարը ինծի, գառնուկն ալ աղուէսին տալու ձեւով բաժնել կը մտածեմ:

Առիւծը զարմացաւ և գայլին գլխուն զարկաւ: Այնպէս մը զարկաւ, որ անոր աչքերը դուրս ինկան: Գայլը նստաւ ու լալ սկսաւ:

Առիւծը, աղուէսին դարձաւ ու ըսաւ.


-Այս կենդանիները մեր մէջ բաժնէ:
Աղուէսը սապէս պատասխանեց.
-Ո՛վ թագաւոր, թող Աստուած մեր մէջ բաժնէ: Խոյը քեզ նախաճաշ, ոչխարը քեզ ցերեկուայ ճաշ, գառնուկն ալ երեկոյեան կերակուրդ թող ըլլայ: Ես այսպէս բաժնել կը մտածեմ:
Առիւծը քմծիծաղով աղուէսին հարցուց.
-Օ՛ ողորմելի, ո՞վ քեզ այսպէս ճիշդ բաժնել սորվեցուց:
Աղուէսը պատասխանեց.
-Գայլին դուրս ինկած աչքերը:
''Այս աշխարհը զօրաւորներու աշխարհն է'' կ'ըսուի: Որքա՛ն ճիշդ է:

Շուշան Գորտոնճիեան
16-Դեկտեմբեր-2008 Երեքշաբթի
Իսթանպուլ

Monday, December 15, 2008

ՊԱՏԵՐԱԶՄԻՆ ՊԱՏՃԱՌԸ






Մարդ մը իր խանութին մէջ մեղր կը ծախէր:
Օր մը կաթիլ մը մեղր գետին ինկաւ: Մեղու մը եկաւ ու այդ կաթիլին վրայ թռչիլ սկսաւ: Խանութպանին կատուն մտածեց.
-Պէտք չէ որ այդ կաթիլ մը մեղրը մեղուին կերցնեմ:
Անմիջապէս վրան յարձակեցաւ ու բռնեց: Այս դէպքը շուն մը տեսաւ և կատուն խեղդեց: Խանութպանն ալ շունը սպաննեց: Շունը դրացի գիւղէն էր: Շան տէրը երբ լսեց, եկաւ ու խանութպանը սպաննեց: Երբ երկու գիւղերու բնակիչները այս դէպքը իմացան, իրարու դէմ պատերազմիլ սկսան: Այնպէս մը պատերազմեցան, որ միմիայն մէկ հոգի ողջ մնաց:
Պատերազմին պատճառը կաթիլ մը մեղր էր:
Այս առակը մեզի ցոյց կուտայ, թէ աննշան, անկարեւոր բաներու համար կը պատերազմինք:
Եկէք, քիչ մը մտածենք:
Երբ կը ծնինք՝ թագաւորական պալատի մը մէջ, կամ ամենախեղճուկ խրճիթի մը երդիքին տակ, կը ծնինք բոլորովին մերկ: Մեր կարճատեւ կեանքի վերջաւորութեան միայն այն բաները կը ձքենք, որ ըրած ենք իրարու:
Եկէք, բարիք ընելու առիթ ստեղծենք: Այս աշխարը իր տէրը ունի եւ այդ տէրը Աստուած է: Ան միշտ ուշադիր կը հսկէ հոս ապրողներուն վրայ: Կեանքը շատ կարճ է եւ ով որ օրը գայ ու մեկնի հոսկէ, իր ըրածը կը մնայ ետին՝ լաւ կամ գէշ...
Կաթիլ մը մեղրի համար աշխատէ, շահէ ու երջանկացիր, բայց առանց ուրիշներու երջանկութեան ու խաղաղութեան ընթացքը փոխելու:

Շուշան Գորտոնճիեան
7- Դեկտեմբեր- 2008 Կիրակի
Իսթանպուլ

Thursday, December 4, 2008

ԱՐԱԳԻԼՆԵՐՆ ՈՒ ԿՐԻԱՆ




Լճակի մը եզերք կրիայ մը ու երկու արագիլներ կ'ապրէին: Անոնք մտերիմ ընկերներ էին: Միասին ուրախ ու երջանիկ օրեր կ'անցնէին:
Օր մը անձրեւները դադրեցան եւ երկիրը սով ու երաշտ պատահեցաւ: Արեւու ճառագայթները փոքրիկ լիճը կամաց կամաց ցամաքացուցին:
Երբ արագիլները այդ բոլորը տեսան, որոշեցին ուրիշ երկիր գաղթել:
Կրիային մօտ երթալով ըսին.
-Թէեւ մեզի համար քեզմէ բաժնուիլը շատ դժուար է, սակայն փրկուելու համար ուրիշ ճար չունինք:
Կրիան տխուր տխուր պատասխանեց.
-Սիրելի՛ բարեկամներ, դուք շատ լաւ գիտէք, թէ ես ձեզմէ աւելի ջրի պահանջ ունիմ: Եթէ այս լճակը բոլորովին ցամքի, վստահ եմ որ ես կը մեռնիմ: Սակայն ձեր կարօտը զիս աւելի շուտ կը մեռցնէ: Խնդրեմ ճար մը գտէք եւ զիս ալ ձեզի հետ տարէք:
Արագիլները ըսին.
-Կ'ուզէինք քեզ ալ մեր հետ տանիլ: Բայց մենք քեզ շատ լաւ կը ճանչնանք: Դուն երբեք ընկերներուդ խրատները լուրջօրէն մտիկ չես ըներ:
-Ես սիրով ձեր ըսածներուն կ'ենթարկուիմ, խոստացաւ կրիան:
Արագիլները վերջապէս համոզուեցան: Փայտէ կտոր մը գտնելով կրիային մօտ եկան ու ըսին.
-Դուն այս փայտին մէջտեղը բերնովդ պիտի բռնես: Մենք ալ երկու ծայրերը պիտի բռնենք: Այսպէսով երեքս միասին պիտի թռչինք: Մեզ տեսնողներ պիտի ըլլան, հարցումներ պիտի հարցնեն, չ'ըլլայ որ բերանդ բանաս ու անոնց պատասխանես:
Կրիան համաձայնեցաւ: Բերնովը ամուր բռնեց փայտի կտորը եւ միասնաբար օդ բարձրացան:
Անոնք թռչելով գիւղերու եւ քաղաքներու վրայէն անցան: Թռչող կրիային տեսնող մարդիկ բացագանչեցին.
-Այս ի՞նչ ժամանակներու հասանք, կրիաներն ալ կը թռչին:
Այս բոլոր բացագանչութիւնները կրիան լսեց, սակայն լուռ մնաց ու պատասխան չտուաւ: Ի վերջոյ չդիմացաւ եւ պատասխանելու համար բերանը բացաւ.
-Լաւ կ'ընեմ: Դուք ձեր աչքերուն չէք հաւատար...
Բայց դեռ խօսքը չէր վերջացուցած, սկսաւ վար իյնալ: Արագիլները ցաւով դիտեցին կրիային մահը եւ մտածեցին:
-Բարի խրատներ տալ ընկերոջ պարտականութիւնն է: Սակայն, աւա՛ղ, միայն իմաստուններն են, որ այդ խրատները մտիկ կ'ընեն:

Շուշան Գորտոնճիեան
1-Դեկտեմբեր-2008 Երկուշաբթի
Իսթանպուլ