Friday, January 25, 2008

ԵՐԱԶ




Բոլորս ալ երազ կը տեսնենք: Եւ յաճախ կը տեսնենք, բայց նոյն յաճախանութեամբ զանոնք չենք յիշեր:
Բաբախումով աչքս բացի: Տակաւին տեսած երազիս ազդեցութեան տակն էի:
Ճաշասեղան պատրաստած էի: Տանս մէջ հիւրեր ընդունեցի: Բայց ես ներկաներուն մեծամասնութիւնը չէի ճանչնար: Աթոռ մը պարապ մնացած էր՝ սեղանին մէկ անկիւնը: Ճաշը խնջոյք մը եղաւ՝ կերուխումի:
Երբ ճաշը վերջացաւ, բոլոր հիւրերս սկսան մէկ-մէկ մեկնիլ:
Առանձին մնացի: Սկսայ սեղանը հաւաքել: Սեղանի անկիւնը, ուր աթոռը պարապ մնացած էր, սպասներուն քով թղթիկ մը կար: Վերցուցի ու կարդացի: Վրան Աստուծոյ հրաւէր գրուած էր: Շուարեցայ: Այդ պահուն ձայն մը լսեցի.
-Ես հրաւէրի պէտք չունիմ: Արդէն միշտ ձեզի հետ եմ:
Առաւօտեան ժամը 3-ն էր ու ես անկողնիս մէջն էի: Քունս փախաւ: Ելայ: Սուրճ մը եփեցի: Երազին ազդեցութիւնը բաւական տեւեց: Երկար ատեն արթուն մնացի:
Յաջորդ օր եկեղեցի գացի: Մոմ մը վառեցի: Նստարանի մը վրայ նստած սկսայ խորհիլ: Ի՞նչ կը նշանակէր «Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցի»:
Իսթանպուլի մէջ 36 Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցիներ կան, որով Իսթանպուլի բոլոր թաղերուն մէջ մենք մէկ-մէկ փոքր Հայաստաններ ունինք: Երբ մեր եկեղեցիներէն ներս կը մտնենք Հայաստանի օդը կը շնչենք: Արդեօք քանինե՞ր այսպէս կը մտածեն:
Եկեղեցի կուգան, պատարագն ու քարոզը օտար լեզուով իմանալ կ'ուզեն:
Ինչո՞ւ:
Հայաստան ներշնչուելու համար եկեղեցի կ'երթանք: Հոս, հոգ չէ թէ ծիսակատարութենէն բան չհասկնանք, հոգ չէ թէ քարոզէն ալ բան չհասկնանք, բաւ է որ մեր եկեղեցիներուն մէջ Հայաստանի օդը շնչենք: Զգանք, թէ ոչ միայն եկեղեցի եկած ենք, այլ եկեղեցի գալով Հայաստանը այցելած ենք:
Օր մը եկեղեցիի մը մէջ տիկին մը քահանային կ'ըսէր.
-Տէր Հայր ես քու քարոզէդ բան չեմ հասկնար: Ասկէ յետոյ թրքերէն քարոզէ:
Յաջորդ շաբաթ դարձեալ եկեղեցի գացի: Քահանան թրքերէն քարոզեց: Արձակումէ վերջ, պարտէզը, կնոջ դէմ կանգնեցայ ու ըսի.
-Տիկին, յուսամ Տէր Հօր քարոզը ըմբռնեցիք:
-Ո՛չ, դարձեալ բան մը չհասկցայ, պատասխանեց:
Զայրացած ըսի.
-Քանի որ դարձեալ բան մը պիտի չհասկնայիք, ինչո՞ւ եկեղեցւոյ կանոնին փոխուելուն պատճառ եղաք:
Ոստումով մը սթափեցայ: Իմ յաճախակի երազներէն մին էր: Այս երազը դարձեալ տեսնել կ'ուզեմ: Երազիս իրականանալը կը փափաքիմ: Ե՞րբ, չեմ գիտեր:

Շուշան Գորտոնճիեան
13- Դեկտեմբեր -2007 Հինգշաբթի
Իսթանպուլ

Wednesday, January 16, 2008

ԻՄ ԲԱՐԵԿԱՄ ԹՌՉՈՒՆՍ «ՊԱՉԻԿ»


Տարիներ առաջ էր: Ամուսինս տուն թռչուն մը բերաւ: Ըսի.
-Ես կ'աշխատիմ: Ի՞նչպէս հոգ պիտի տանիմ այս թռչունին:
-Միասին հոգ կը տանինք: Ըսաւ ամուսինս:
Նախ, տան մէջ անկիւն մը զատեցինք եւ թռչունին անունը որոշեցինք: Մեր թռչունին անունը «Պաչիկ» եղաւ: Տակաւին մէկ կամ երկու ամսուան էր: Կապոյտ եւ սեւ փետուրներ ունէր: Շատ սիրուն էր մեր «Պաչիկ»ը: Սիրել սկսած էինք զինքը: Բարեկամներս ըսին.
-Այս թռչունը կը խօսի: Քանի մը բառ սորվեցուցէք:
Մեր տան մէջ իմ անունս շատ կը գործածուի: Օր մը երբ գործէ վերադաձայ «Պաչիկ»ը ըսաւ.
-Շուշան, Շուշան, Շուշան...
Այդ օր շատ ուրախացած էի: Յետոյ իր անունը սորվեցաւ եւ ըսաւ.
-Պաչիկ, Պաչիկ, Պաչիկ...
Երկու տարի անցած էր: «Պաչիկ»ը վանդակէն դուրս, տան մէջ թռչիլ սկսաւ: Գլխուս վրայ կը կենար եւ սորված բոլոր բառերը կը սկսէր գեղգեղել:
-Ի՞նչ է, ի՞նչ է, չեմ գիտեր, զանգակ... եւլն.:
Երբ գիշերները գործէ տուն կը վերադառնայինք, մեր դրան զանգակը կը հնչեցնէինք, որպէսզի զոքանչս դուռը բանայ: «Պաչիկ»ը կը զգար, թէ մենք եկած ենք: Կը սկսէր թեւերը իրար զարնել եւ իր գիտցած բոլոր բառերը գեղգեղել:
-Շուշան, Շուշան, զանգակ, զանգակ...
Ի՛նչքան կ'ուրախանայի երբ անոր ձայնը կ'իմանայի: Բոլոր յոգնութիւնս կը մոռնայի:Խաղալ կը սկսէի անոր հետ:
Տարիներ անցան: Օր մը երբ տուն եկանք, զոքանչս ըսաւ.
-«Պաչիկ»ը մեռեր է:
Որքա՛ն յուզուած էինք:
Օրերով վանդակը շոյեցի եւ լացի: Ան շատ սիրցուցած էր ինքզինքը: Անոր մասնայատկութիւնն էր խօսիլ: Սորվեցաւ հայերէն եւ տարիներ մի միայն խօսեցաւ հայերէն:
Իմ գեղեցիկ, բարեկամ թռչունս: Իմ «Պաչիկ»ս:
Երա՛նի, մենք՝ Հայերս քիչ մը նմանէինք «Պաչիկ»ին եւ մի միայն խօսէինք «Հայերէն»:

Շուշան Գորտոնճիեան
3-Դեկտեմբեր-2007 Երկուշաբթի
Իսթանպուլ

Tuesday, January 15, 2008

«ԱՅՍ ՀԱԳՈՒՍՏԸ ՇԱՏ ՍՈՒՂ Է,ԴՈՒՔ ՉԷՔ ԿՐՆԱՐ ԳՆԵԼ»




Տարիներ առաջ, օր մը յաճախորդ մը մտաւ խանութէս ներս: Ան հագուած էր անխնամ ու մաշած հագուստներ: Ակնարկ մը նետեցի իր վրայ: Նախ կարծեցի որ մուրացկան մըն էր ան: Կրկին ուշադրութեամբ նայեցայ իրեն եւ տեսայ որ անոր կօշիկները լաւ վաճառանիշէ էին: Հետեւցուցի որ մարդը մուրացկան չէր: Անմիջամէս մօտեցայ իրեն եւ հետաքրքրուեցայ իրեն հետ: Քանի մը վայրկեան ետք բարեկամացանք յաճախորդիս հետ: Հրաւիրեցի որ նստի ան եւ սուրճ մը ապսպրեցի: Բաւական երկար ատեն խօսակցեցանք իրարու հետ: Վերջապէս ժամ մը վերջ, մարդը ոտքի ելաւ ու երթալ պատրաստուեցաւ: Վեց տոպրակ լեցուն ապրանք ծախած էի իրեն: Երբ ան խանութիս դռնէն դուրս կ'ելլէր, ձեռքս սեղմեց ու ըսաւ.
-Կը շնորհաւորեմ ձեզ: Այս պողոտային վրայ ո՛ր խանութէն որ ներս մտայ, ո՛չ մէկը հետաքրքրուեցաւ ինծի հետ այնպէս, ինչպէս դուք հետաքրքրուեցաք: Վաճառորդները իմ վրայ ակնարկ մը նետելէ ետք, ըսին. «Այդ հագուստը շատ սուղ է. դուք չէք կրնար գնել»:
Վերջապէս, այդ մարդը մեր խանութին լաւ յաճախորդներէն մին դարձաւ: Այնուհետեւ ան երկար տարիներ իր գնումները մեր խանութէն ըրաւ:
Եթէ մենք մեր խանութէն ներս մտնող բոլոր յաճախորդներու հագուստը նկատի առնելով կարեւորութիւն տայինք իրենց, չեմ գիտեր թէ հիմա ի՞նչ կ'ըլլայինք:
Սակայն դժբախտաբար մարդոց մեծամասնութիւնը այդպէս է: Թէ՛ խանութի եւ թէ տուներու մէջ ըմբռնումները միեւնոյնն են: Կան կարգ մը մարդիկ, եւ վստահ եմ թէ քիչ չէ անոնց թիւը, որոնք կը սիրեն լաւ վաճառանիշ կրող հագուստներ ունեցող մարդոց հետ տեսնուիլ: Եւ կամ կը մտերմանան միայն այնպիսի անձերու կամ ընտանիքներու հետ, որոնք պերճաշուք շէնքերու մէջ փարթամ կեանք մը կ'ապրին: Այսօր դարը այսպէս եղած է դժբախտաբար: Ցուցամոլութեան եւ փուճ արժէքներու դար: Մարդոց գաղափարներուն կարեւորութիւն տուող չկայ: Բաւ է որ գրպանդ լեցուն ըլլայ: Այն ատեն շուրջդ կարգի սպասող բազմաթիւ բարեկամներ կ'ունենաս:
Շատ փոքր տարիքէս ի վեր Սիրոյ Սեղաններու մասնակից կը դառնամ: Մինչեւ մօտաւոր անցեալ, Սիրոյ Սեղաններու վրայ կատարուած նուիրատուութիւնները պոռալով-կանչելով կը յայտարարէին: Եթէ նուիրատու անձը խոշոր գումար մը նուիրած էր, չափազանց յարգանքով կը դիմաւորուէր: Հաւաքոյթի աւարտին հաստատութեան թաղականը այդ մեծագումար նուիրատուութիւն կատարող անձին կը մօտենար ու անոր դիմաց երկար ու երկար երկրպագութիւն ընելով կ'ըսէր.
-Յարգելի պարոն դա՛րձեալ կը սպասենք:
Յարգելի պարոնը կը պատասխանէր.
-Եղբայր. եթէ պէտք ունենաք, ես դա՛րձեալ կուգամ:
Այստեղ ամէն ինչ կը վերջանար: Յարգելի պարոնը մինչեւ յաջորդ տարի կը կորսուէր մէջտեղէն: Յաջորդ տարի, երկրպագութիւն տեսնելու ակնկալութեամբ, ան դա՛րձեալ կը մասնակցէր այդ Սիրոյ Սեղանին:

Անցեալ տարի հաստատութեան մը համար սարքուած Սիրոյ Սեղանի մը մասնակցեցանք: Այլեւս պոռալ-կանչել չկար: Եկեղեցիի մուտքին ցուցատախտակ մը զետեղուած էր: Նուիրատուներու անունները այդ ցուցատախտակին վրայ արձանագրուած էին: Այդ տեսարանը ինծի, եւ ինծի պէս մտածող բոլոր անձերուն ուրախութիւն պատճառած էր: Սակայն այս անգամ ալ ուրիշ հարց մը կար: Երբ ցուցատախտակին նայեցայ, ապշեցայ: Որովհետեւ այդ ցուցատախտակին վրայ մեծագումար նուիրատուութիւն ընողներու անունները մեծատառ, իսկ փոքրագումար նուիրատուութիւն ընողներու անունները փոքրատառ արձանագրուած էր:
Ամէն անձ իր նիւթական կարելիութիւններուն համաձայն կը մասնակցի Սիրոյ Սեղանին: Պզտիկ նուիրատուն մեծ նուիրատուին հասնելու եւ երկրպագութեան արժանանալու համար ի՞նչ պէտք է որ ընէ:
Կայ նաեւ ուրիշ հարց մը, որ խիստ կարեւոր ու կենսական է: Ինչո՞ւ նուիրատու անձեր իրենց գումարը յանձնելէ ետք չեն հետաքրքրուիր թէ ի՞նչ բաներու պիտի յատկացուի իրենց տրամադրած գումարը: Ինչո՞ւ նուիրատուն չի հարցներ, ու չհարցափորձեր կամ իր գաղափարը չի յայտներ: Ո՛չ մէկ կասկած թէ ներկայ դարուս մարդիկ չեն կրնար դիւրութեամբ դրամ շահիլ: Մեր պոլսահայերն ալ, ներառեալ մեծ նուիրատուները, չեմ յուսար որ դիւրին կը շահին դրամը: Ուստի պէտք է տրամադրուած գումարները տեղին գործածուին:
Յետոյ... ի՞նչ տարբերութիւն կ'ընէ մեծ գումար, կամ փոքր գումար: Կարեւորը դրամին հաւաքուիլն ու տեղին գործածութիւնն է: Պէտք է փոքրագումար նուիրատուն ալ յարգանքի արժանանայ այնպէս, ինչպէս յարգանքի կ'արժանանայ մեծագումար նուիրատուն: Բայց ի՞նչ մեղք որ համայնքիս մէջ, մանաւանդ վերջին տարիներուն, մակարդակը այնքա՛ն թաւալագլոր անկում արձանագրած է որ, ո՛չ ոք կ'ուզէ այս նիւթին մասին մտածել եւ ըստ այնմ գործել:
Աստուած մեր Պոլսահայութեան հետ թող ըլլայ: Սպասենք եւ տեսնենք թէ յաջորդ տարուան Սիրոյ Սեղանները ի՞նչ տեսակ նորութիւններու հետ դէմ յանդիման պիտի թողուն մեզ:
Մանրավէպով մը կ'ուզեմ վերջացնել այս նիւթը, մեկնաբանութիւնը թողելով ընթերցողներուն:

Թագաւորը բաղնիք երթալ կ'ուզէ: Ան իր ծառային կ'ըսէ.
-Եթէ բաղնիքը մարդ չկայ, երթանք ու լոգնանք:
Ծառան կ'երթայ կը նայի բաղնիքէն ներս, ու վերադառնալով կ'ըսէ թագաւորին:
-Մարդ չկայ, կրնանք երթալ:
Երբ թագաւորը բաղնիքի դռնէն ներս կը մտնէ, կը տեսնէ որ ներսը մարդոցմով լեցուն է: Ան ծառային կ'ըսէ.
-Ըսիր որ ներսը մարդ չկայ: Ի՞նչ է այս բազմութիւնը:
Ծառան բաղնիքին սանդուխին առջեւ քար մը ցոյց տալով, կը պատասխանէ.
-Տէր արքայ. եկայ ու ժամ մը այստեղ կեցայ: Բոլոր անոնք, որոնք բաղնիքէն ներս կը մտնէին, իրենց ոտքը այս քարին զարկին ու գետին գլորեցան: Բայց ո՛չ մէկը փորձեց այդ քարը վերցնել ու անկիւն մը դնել:
Ես ալ տեսնելով պատահածը, հետեւցուցի թէ բաղնիքին մէջ մարդ չկայ, ուստի կրնաք հանգիստ սրտով լոգնալ:

Շուշան Գորտոնճիեան
19-Օգոստոս-2003 Երեքշաբթի
ՄԱՐՄԱՐԱ

Saturday, December 29, 2007

ԲԱՑԱՌՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՅԱՐԳԵԼԻ ԵՆ




Առաքինազարդ Մայր Սրբուհի Գալֆաեան որբանոցը հիմներ է 1866-ին: Աղքատութեան եւ հիւանդութիւններու հետ մաքառեր է: Իր ձեռագործները նիւթականի վերածեր, որբերուն հացի, գիրքի, մատիտի դրամ ըրեր է: Երբ իր ձեռագործներէն ձեռք ձգուած գումարը անբաւարար մնացեր է, ան մեծահարուստի մը դիմեր է:
-Որբերուս նիւթական օգնութիւն կը հաճի՞ք ընել, ըսեր է ան:
Մեծահարուստը Սրբուհի Գալֆաեանի երեսին ապտակ մը իջեցուցեր է: Առաքինազարդ Մայրը, հարուստին դիմաց գլուխը չէ ծռեր: Ան քաջասրտութեամբ ըսեր է.
-Այս իմ բաժինս էր: Իսկ որբերուս համար ի՞նչ պիտի տաք:
1866-էն հասանք 2000-ական թուականներուն: Այս դէպքը մեր բոլորին պէտք է օրինակ ըլլայ:
-Այո՛, այսօր մեր տղոց ի՞նչեր կուտանք: Ի՞նչպէս կը պատրաստենք զանոնք ապագայ կեանքի:
Մեր կեանքին առաջին մասը երեք սուրբ շէնքերէ կը բաղկանայ: Տուն, Եկեղեցի, Դպրոց:
Հիմա կ'ուզեմ այս սուրբ շէնքերը քիչ մը բանալ:
Նախ եւ առաջ պէտք է սկսինք տունէն:
Երկու երիտասարդներ կ'ամուսնանան եւ բոյն մը կը կազմեն: Այր եւ կին կ'աշխատին: Օր կուգայ, աշխարհ կը բերեն իրենց զաւակը: Տան մէջ ո՛չ մեծմայրիկ կայ, ոչ ալ կեսուր կայ: Օտար կին մը կը բռնուի: Նոյն ցեղէ չէ այդ կինը: Ան երախային ի՞նչ տեսակ դաստիարակութիւն պիտի կարենայ տալ: Չէ՞ որ ան ո՛չ թէ այդ երախային համար ինքզինքը զոհելու, այլ ամսավերջին իր դրամը առնելու ջանք կը թափէ: Շաբաթ-Կիրակի արձակուրդի օր է: Մայրը-հայրը այդ օր գործի չեն երթար: Սակայն, այդ օր ալ տան մէջ աշխատանք կայ: Մայրը տղան կը նստեցնէ հեռատեսիլին դիմաց: Անճաշակ կայան մը կը բանայ: Տղան ժամերով կը դիտէ այդ կայանի յայտագիրը: Մայրը չի խորհիր թէ այդ յայտագիրը դաստիարակիչ որեւէ օգուտ ունի՞: Մօր համար կարեւորը տղուն անձայն նստիլն է:
Մեր օրերուն մեծմայրեր ու մեծհայրեր կային տան մէջ: Պատմութիւններ կը լսէինք մեր մեծմայրերէն: Մեր մեծհայրերը նկարներ կը գծէին ու մեզի մատիտի խաղեր կը սորվեցնէին: Մեր հոգիները կ'երջանկացնէին: Կարճ խօսքով, մեր տան մէջ խնջոյք կար: Նոյն խնջոյքը իմ զաւակս ալ ապրեցաւ:
Երկրորդ սուրբ շէնքն է եկեղեցին:
Իսթանպուլի մէջ ունինք 36 Հայաստանեայց Սուրբ եկեղեցիներ: Ես եկեղեցիի սիրահար եմ: Բայց աշխարհական եմ: Պէտք է որ կրօնաւոր մը գրէ եկեղեցիին մասին: Ես եկեղեցիի մասին շատ բան չեմ գիտեր: Սակայն զաւկիս հետեւեալ աղօթքը սորվեցուցած եմ.
«Երբ աղօթելու ըլլաս, մտիր սենեակդ, փակէ դուռդ եւ ծածուկ կերպով աղօթէ քու հօրդ եւ քու հայրդ, որ կը տեսնէ ծածկապէս, պիտի հատուցանէ քեզի յայտնապէս»:
Գալով դպրոցին: Դպրոցը մեր ամենակարեւոր շէնքերէն մէկն է:
Իմ աշակերտութեան շրջանին, մեր դասարանին մէջ ածուխի վառարաններ կային: Վառարանին քով դոյլ մը կար, ածուխով լեցուն: Մեր ուսուցչուհիներն էին որ կը լեցնէին ածուխը՝ վառարանին մէջ: Դասարանը շատ տաք կ'ըլլար: Սակայն այս տաքութիւնը վառարանին տուած տաքութիւնը չէր, այլ ուսուցչուհիին տաքութիւնն էր: Երբ ան կը սկսէր դաս մը բացատրել, իր աչքերէն մեր հոգիներուն տաքութիւն կը փոխանցուէր: Այս տաքութիւնը կեանքիս մինչեւ վերջը պիտի զգամ:
Այսօրուան ուսուցչուհիները, թուղթերու վրայ հարցումներ կը պատրաստեն ու տղոց ձեռքը կուտան:
-Այս հարցումներուն պատասխանները գրեցէք, վաղը թիւ պիտի տամ, կ'ըսեն:
Յետոյ կը նստեցնեն պաղ ապակիի մը առջեւ: Այդ պաղ ապակին ամէնքս ալ գիտենք. համակարգիչն է: Ապագային տղան շատ լաւ պիտի յիշէ այդ պաղ մեքենան եւ պիտի ըսէ.
-Շատ լաւ կը յիշեմ քեզ, պաղ ապակի: Աչքիս ակնոցները, որ կը կրեմ երեսիս վրայ, քու պատճառովդ է:
Նուիրատուութիւն...: Մեր բարերարները սիրոյ սեղաններու վրայ մեծագումար նուիրատուութիւններ կ'ընեն: Բոլորին վարձքը կատար թող ըլլայ: Բարերարներու շնորհիւ է որ մեր վարժարանները ոտքի վրայ կը մնան: Սակայն հարց մը կայ. այս դրամները ի՞նչերու համար կը գործածուին: Ես պատասխանը կրնամ տալ. դպրոցին պատի ներկերուն, ճաշարանի ու դասարաններու աթոռի, սեղանի նորոգութեան: Պարտէզի ծաղիկներուն եւ ծառերուն եւլն.: Կարճ խօսքով, վարժարանի արտաքին երեւոյթին:
Հապա դասարանի նստարաններուն վրայ նստող մեր ծաղիկներուն համար ե՞րբ պիտի սկսինք բաներ մը ընել:
Օրինակ, լաւ գիրքերով լեցուն գրադարաններ, կամ լաւ պատրաստուած ուսուցչուհիներ: Մեր հաստատութիւններուն գլուխը գտնուող պատասխանատուները ե՞րբ պիտի արժէքաւորեն բարերարներու կատարած այդ նուիրատուութիւնները: Ծնողքներն ալ յանցաւոր են: Երբ իրենց զաւակները արձանագրելու կ'երթան, կարծես վարժարանի շէնքը ծախու պիտի առնեն: Կը նային պատերուն, նստարաններուն, սեղաններուն...:
Եթէ ես դպրոցական տղայ մը ունենայի, ուղղակի տնօրէնութեան սենեակը կը մտնէի եւ կը հարցնէի:
-Այս վարժարանէն քանի աշակերտ այս տարի համալսարանի քննութիւններուն մէջ յաջողութիւն արձանագրեց:
Այո՛, այս բոլոր սուրբ շէնքերուն մէջ՝ տուն, եկեղեցի, դպրոց, եթէ մեր նորահաս սերունդին լաւ դաստիարակութիւն չկարողանանք տալ, ապագային, գործի կեանքին մէջ, անոնք ի՞նչպիսի յաջողութիւններ պիտի կարենան արձանագրել:
Անշուշտ, ամէն մարզէ ներս, միշտ կան բացառութիւններ: Այդ պատճառով ալ գրութեանս խորագիրն է. «Բացառութիւնները յարգելի են»:
Ես կը խորհիմ, թէ բացառութիւն կազմող բացառիկները արժանի են յարգանքի, բայց անոնք յարգանք չեն փնտռեր. անոնք շատ լաւ գիտեն, թէ յարգանք ցոյց տուող մարդ չէ մնացած:

Շուշան Գորտոնճիեան
4-Յուլիս-2003 Ուրբաթ
ՄԱՐՄԱՐԱ

Wednesday, December 26, 2007

ՄԻ՛ ՎԱԽՆԱՐ, ՄԻԱՅՆ ԴՐԱՄԱՊԱՆԱԿՍ ԳՈՂՑՈՒՑԻ




Գործս վերջացուցած, Սիրքէճիէն օթօպիւսով Գուրթուլուշ վերադառնալ ուզեցի: Օթօպիւսը պարապ էր: Տոմսակս նետեցի տուփին մէջ եւ նստարաններէն մէկուն վրայ նստայ: Այդ պահուն անդրադարձայ որ պայուսակս բաց էր: Տեսայ որ դրամապանակս մէջը չէր: Ճիչ մը ելաւ բերնէս: Վարորդը հասկցած էր որ գողութիւն մը պատահած էր: Անմիջապէս օթօպիւսը կեցուց եւ ըսաւ.
-Պիտի իջնէ՞ք, թէ ոչ շարունակեմ:
Պահ մը մտածեցի եւ ըսի.
-Շարունակեցէք:
Եթէ իջնէի, գիտէի որ ուրիշ փոխադրամիջոց պիտի չկարենայի նստիլ, որովհետեւ առանց դրամի մնացած էի: Կէս ժամ վերջ խանութս հասայ: Դրան առջեւ ամուսինս կանգնած էր: Մօտեցայ անոր եւ ըսի.
-Մի՛ վախնար բայց... դրամապանակս գողցուցի:
Պէտք է ոստիկանատուն երթայի, որովհետեւ դրամապանակիս մէջ ունէի ինքնութեան թուղթ եւ արտօնագիր: Ոստիկանատան մէջ մօտեցայ պաշտօնեային եւ ըսի.
-Պարոն ոստիկանապետ «բօրթֆէօյս» գողցուցի:
Ոստիկանը պատասխանեց.
-Տիկին այդ ի՞նչ ըսել է:
Շուարած մնացի. յետոյ դարձեալ ըսի.
-Բօրթֆէօ՛յ, բօրթֆէօ՛յ:
Ոստիկանապետը ըսաւ.
Տիկին թրքերէն կրնա՞ք խօսիլ: Չեմ հասկնար ձեր ըսածը:
-Ներեցէք ըսի: Շատ յուզուած եմ: Պէտք է դրամապանակ ըսէի:
Վերջապէս ոստիկանապետը կորսուած դրամապանակիս համար օրինական թուղթը պատրաստեց, ստորագրեց եւ ձեռքս տուաւ:
Խանութս վերադարձայ: Յաճախորդս նստած, իր գործին վերջանալուն կը սպասէր: Իմացած էր որ դրամապանակս գողցուցած էի:
-Մի՛ նեղուիք, ըսաւ: Փառք տուէք որ դուք ողջ ու առողջ էք:
Սկսաւ Գուրթուլուշի մեծ մարքէթներէն մէկուն մէջ պատահած դէպք մը պատմել:
«Երիտասարդ կին մը իր գնումը ըրած միջոցին, տարիքոտ մարդ մը կը մօտենայ իրեն ու կ'ըսէ:
-Ձեր տարիքը աղջիկ մը ունիմ: Անուշհատութիւն մը գնել կ'ուզեմ իրեն: Ինծի կրնա՞ք օգնել:
Կինը կը պատասխանէ:
-Ամենայն սիրով, ինչո՞ւ չըլլայ:
Միասնաբար կ'երթան անուշահոտութիւններու բաժինը: Մարդը գրպանէն կը հանէ մարեցուցիչ հոտ մը եւ կնոջ երեսին կը սրսկէ: Կինը քիչ վերջ կը նուաղի: Մարդը կը սկսի պոռալ:
-Աղջիկս մարեցա՛ւ, աղջիկս մարեցա՛ւ:
Բազմութիւն մը կը հաւաքուի կնոջ գլուխը: Վերջապէս թաքսի մը կը դնեն: Տարիքոտ մարդն ալ կը նստի կնոջ քով ու կը մեկնին դէպի հիւանդանոց: Կէս ճամբուն վրայ մարդը վարորդին կ'ըսէ:
-Պր. վարորդ, իմ աղջիկս տեւաբար կը մարի: Մենք Ֆաթիհի կողմը կը բնակինք: Կրնա՞ս մեզ մեր տունը տանիլ:
Վարորդը կ'ըսէ.
-Ձեր աղջիկը, շատ գէշ վիճակի մէջ է: Պէտք է, որ հիւանդանոց երթաք:
Տարեց մարդը վարորդը կը համոզէ եւ վերջապէս Ֆաթիհ կը հասնին: Վարորդը այս տարիքոտ մարդէն կը կասկածի եւ ուղղակի ոստիկանատուն կ'երթայ: Քանի մը ոստիկաններ իր քով առնելով, կը վերադառնայ այդ հասցէին: Դուռը կը բացուի, ներս կը մտնեն: Տարիքոտ մարդէն զատ կը տեսնեն ուրիշ երեք մարդիկ եւս: Կինը գետինը պառկած է՝ զգայագիրկ: Վերջաւոդութիւնը շատ յուզիջ է:
Տարեցները, դէպքը կը սկսին պատմել ոստիկանին:
-Կնոջ երիկամունքները պիտի գողնայինք ու լաւ գինով պիտի ծախէինք: Կինն ալ ամայի տեղ մը պիտի նետէինք:
Այս դէպքը որ լսեցի, ինքզինքս բախտաւոր զգացի:
Հետեւեալ օր բարեկամներս «անցեալ ըլլայի» եկան: Բարեկամներէս մէկուն պատմած դէպքը ա՛լ աւելի հետաքրքրաշարժ էր:
«Երիտասարդ մը կ'երթայ տիսքօթէք: Գեղեցիկ աղջիկ մը կը մօտենայ երիտասարդին: Կ'ընկերանան: Քիչ վերջ աղջիկը կ'ըսէ:
-Ես այստեղէն աւելի լաւ տեղ մը գիտեմ: Հոն երթա՞նք:
Երիտասարդը համոզուելով, կ'երթայ աղջկան ուզած տիսքօն: Խմիչք կ'ապսպրեն եւ կը սկսին խմել: Տղան այդ խմիչքէն վերջ ո՛չ մէկ բան կը յիշէ:
Աչքերը կը բանայ լականի մը մէջ: Շուրջը սառերով լեցուն է: Ոտքի ելլել կը ջանայ: Բայց չի յաջողիր: Կը տեսնէ հեռաձայնը եւ անոր քով դրուած պզտիկ ծանօթագրութիւն մը: Վրան՝ ոստիկանատան հեռաձայնի թիւ մը գրուած է : Անմիջապէս այդ թիւին կը հեռաձայնէ: Ոստիկանները կուգան ու երիտասարդ տղան կը տանին հիւանդանոց:
Դժբախտաբար տղուն երիկամունքները գողցուած են»: Մեր երիտասարդ տղաքը պէտք է զգուշանան այդպիսի գեղեցիկ աղջիկներէ:
Բացի այս տեսակ գողութիւններէ, կան նաեւ այլ հիւանդագին գողութիւններ: Ատոնցմէ մէկն ալ մեր խանութին մէջ պատահեցաւ: Խաչեղբայրն ու փեսան եկան իրենց հագուստ վարձելու: Ամէն ինչ պատրաստուեցաւ եւ յաջորդ օր խաչեղբօր տիկինը հագուստները առնելու եկաւ: Ես յաճախորդի մը հետ կը զբաղ էի: Ամուսինս ալ խաչեղբօր ու փեսին հագուստները պատրաստելով զբաղած էր: Տիկինը իր տեղէն ելաւ ու դարաններէն մէկուն մօտեցաւ: Կը կարծէր, որ մենք իր շարժումները չէինք տեսներ: Վերջապէս դարանէն բաճկոն մը առաւ ու իր պայուսակին մէջ նետեց:
Ամուսինս հագուստները պատրաստած էր: Երբ կինը պարտքը վճարելու համար մօտեցաւ, ամուսինս ըսաւ անոր.
-Տիկին. այդ պայուսակիդ մէջ նետած բաճկոնին վճարումն ալ պիտի ընե՞ս:
Կինը պատասխանեց.
-Այո՛, բայց... նախ կրնա՞մ փորձել: Նեղ կամ լայն կրնայ գալ ինծի:
Ամուսինս կնոջ ձեռքէն առաւ բաճկոնը ու նետեց դարանին մէջ, ըսելով.
-Տիկին այդ բաճկոնը, եթէ դուք ինծի հարցնելով ձեր պայուսակին մէջ դրած ըլլայիք, ճիշդ ձեր վրային յարմար պիտի ըլլար: Բայց հիմա նեղ կուգայ:
Աներես կինը պատասխանեց.
-Ի՞նչ հետաքրքրական խանութ է: Ապրանք ծախել ալ չեն ուզեր:
Հետեւեալ օր խաչեղբայրը եկաւ ու մեզմէ ներողութիւն խնդրեց ու ըսաւ.
-Կինս գողնալու հիւանդութիւն ունի: Ներեցէք: Բժիշկի խնամքի տակ է, դարմանում կը տեսնէ:
Այս դէպքն ալ ուրիշ հարց մըն է: Հարուստը հիւանդ, աղքատը գող կ'ըլլայ:
Հարուստը մեծ գումարներ վճարելով կը բուժուի: Իսկ աղքա՞տը:

Շուշան Գորտոնճիեան
4-Յուլիս-2003 Ուրբաթ
ՄԱՐՄԱՐԱ

Monday, December 24, 2007

ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ՏԱԳՆԱՊ




Մեր բոլորին առօրեայ կեանքը այլեւս փոխուած է: Տնտեսական տագնապը մեծ վնաս կը պատճառէ մեր ապրելակերպին: Նիւթականը մարդոց բարոյականին վրայ ալ ունի իր ներգործութիւնը: Այլեւս մարդոց ճակտի քրտինքով շահած դրամը ո՛չ մէկ բանի կը ծառայէ: Շահն ու ծախսը իրարու հետ համահաւասար համեմատութիւն չունին:
Ընտանիք մը աչքի առջեւ բերենք: Այր ու կին կ'աշխատին որպէս պաշտօնեաներ: Իրենց ստացած գումարը երբեք չի դիմագրաւեր ծախսերը:
Տան վարձք, ելեկտրականութիւն, ջուրի դրամ, վառելանիւթի հաշուեցոյցեր այնքան բարձր գումարներով մեր առջեւ կուգան, որ այդ գումարին հասնելու կարելիութիւն չկայ: Այսպէս նիւթական հարցերը մարդոց բարոյական կեանքն ալ կը խաթարեն:
Մարդիկ իրենց տնտեսական վիճակը կարգի դնելու համար մեծ ջանք կը վատնեն: Հիմա այլեւս պատերազմ մըն ալ ելած է: Ո՛չ մէկը տեղէն շարժիլ եւ գործի մը ձեռնարկել կ'ուզէ:
Հրապարակի գործերը արդէն փայլուն վիճակ չէին պարզեր, իսկ հիմա հետզհետէ կը վատթարանան: Եթէ զբօսաշրջիկներ այցելութեան չգան, տնտեսական հրապարակը ճգնաժամ պիտի ապրի: Իսկ այս օրերուս դժբախտաբար պակսած է զբօսաշրջիկներու թիւը:
Պատերազմը մեր բոլորին վրայ գէշ ազդեցութիւն գործեց: Երկիրներու կառավարիչներ ուրիշ ձեւով չէի՞ն կրնար կարգադրել իրենց հարցերը: Անոնք քաղաքական շահերու համար մարդոց թէ՛ տնտեսական եւ թէ բարոյական վիճակը խանգարեցին, խաթարելով նաեւ հազարաւոր փոքրիկներու հոգեկան աշխարհը:
Անցեալ օր, Գուրթուլուշի մեծ «մարքէթ»ներէն մէկուն մէջ առեւտուր կ'ընէի: Երիտասարդ մարդ մը ու իր տասը տարեկան զաւակը ուշադրութիւնս գրաւեցին:
Տղուն ձեռքը «Քինտըր սըփրայզ» մը կար: Ան դառնալով հօրը՝ ըսաւ.
-Հայրիկ, բացի ասկէ, «շոքէլլա» ալ կրնա՞նք առնել: Դուն ալ նախաճաշին կ'ուտես անկէ:
Հայրը չպատասխանեց: Միայն ժպիտով մը գլուխը շարժեց: Իսկ զաւակը քաջալերուած, «շոքէլլան» առաւ եւ զայն դրաւ իր կողովին մէջ: Յետոյ քանի մը շաքարներու տեսակներ ալ առին: Իմ ալ գործս վերջացած էր: Միասնաբար մօտեցանք դրամարկղին: Հայր ու տղայ իմ առջեւս էին: Կարգը իրենց եկաւ: Երիտասարդ հայրը հարցուց.
-Որքա՞ն է մեր պարտքը:
-8 միլիոն 750 հազար, ըսաւ վաճառորդուհին:
-Հայրիկ, ի՞նչ առինք որ այսքան դրամ բռնեց: Եթէ կ'ուզես, այս «Քինտըր»ը կրնամ տեղը դնել: Հիմա պատերազմի ժամանակ է: Այսքան պերճանք ընելու պէտք չկայ: Անոր տեղ, մեր տան համար, ուրիշ պակաս մը կրնանք լրացնել:
Հայրը ժպտելով ըսաւ.
-Ո՛չ տղաս, ո՛չ, կրնանք առնել:
Տղան կարգէն ելաւ, գնաց «քինտըր»ներու դարանին մօտ, նայեցաւ գինը եւ հօր մօտ վերադարձաւ:
Տասը տարեկան տղան յանցաւոր կը զգար ինքզինք: Ան զղջացած էր «Քինտըր» առնելուն համար: Իսկ ես ազդեցութեան տակ մնացած էի այս միջադէպին:
Կրնա՞ք երեւակայել. եթէ տասը տարեկան տղեկ մը կը ճնշուի նիւթականի ազդեցութեան տակ, ան յառաջիկայ տարիներուն իր զաւկին համար ի՞նչպիսի պատասխանատուութիւններ պիտի կարենայ ստանձնել:
Մեր երկրին մէջ ամէն ինչ տոլարի կը համապատասխանէ, կ'ըսեն: Տոլարը եթէ բարձրանայ, ամէն ինչ կը սղէ: Տարիէ մը ի վեր տոլարի գինը գրեթէ անփոփոխ կը մնայ, սակայն ամէն ինչ կը սղէ:
Երկիրը կառավարող անձեր ի՞նչպիսի ճար մը պիտի գտնեն այս կացութեան: Այլեւս փոքրաքանակ առեւտուրի դասակարգ գոյութիւն չունի երկրէն ներս: Երկիրը կազմող տարրերն են հարուստներն ու չքաւորները, այսինքն միջին դասակարգ գոյութիւն չունի:
Մենք դարձեալ փառք կուտանք մեր կեանքին որովհետեւ ընելիք բան չկայ:
Յաջողութիւն եւ առողջութիւն բոլորիդ:

Շուշան Գորտոնճիեան
3-Յունիս-2003 Երեքշաբթի
ՄԱՐՄԱՐԱ

Friday, December 21, 2007

ԺԱՄԱՆԱԿԻՆ ԻՆՉՈ՞Ւ ԱՅԴՊԷՍ ԷՐ- ԱՅՍՕՐ ԻՆՉՈ՞Ւ ԱՅԴՊԷՍ ՉԷ




Ժամանակին, տուները փայտաշէն էին:
Այսօր ինչո՞ւ այդպէս չեն:

Ժամանակին, տուներու մէջ հարս կ'առնէին, տուն փեսայ կ'երթային:
Այսօր ինչո՞ւ այդպէս չէ:

Ժամանակին, հարսանիքներու ընթացքին եկեղեցիին կեդրոնը սեղանիկ մը կը գտնուէր: Հարս ու փեսին մատանիները այդ սեղանին վրայ կ'օրհնուէին:
Այսօր ինչո՞ւ այդպէս չէ:

Ժամանակին, տաղաւարի օրերուն քահանաները թաղեցիներու տուները տնօրհնէնքի կը պտըտէին:
Այսօր ինչո՞ւ այդպէս չէ:

Ժամանակին, պզտիկները մեծերու յարգանք ցոյց կուտային:
Այսօր ինչո՞ւ այդպէս չէ:

Ժամանակին, երիտասարդ աղջիկներ իրենց մօրը հետ կը պտըտէին:
Այսօր ինչո՞ւ այդպէս չէ:

Ժամանակին, աղջիկներ ձեռագործներ կ'աշխատէին:
Այսօր ինչո՞ւ այդպէս չէ:

Ժամանակին, երբ տղան գործի սկսէր, հայրը վարպետին կ'ըսէր. «Միսը քեզի, ոսկորը ինծի»:
Այսօր ինչո՞ւ այդպէս չէ:

Ժամանակին, պատիւը ո՛չ թէ գրպանի մէջ, այլ ճակտի վրայ կը պտըտցուէր:
Այսօր ինչո՞ւ այդպէս չէ:

Ժամանակին, մարդիկ իրենց ունեցած ժառանգութեան, դրամին մասին չէին խօսեր: Ամօթ էր:
Այսօր ինչո՞ւ այդպէս չէ:

Ժամանակին, մեծերը կը խօսէին, պզտիկները մտիկ կ'ընէին:
Այսօր ինչո՞ւ այդպէս չէ:

Ժամանակին, հայերը տուներու եւ դպրոցներու մէջ հայերէն կը խօսէին:
Այսօր ինչո՞ւ այդպէս չէ:

Ժամանակին, մեր մեծ հայրերը մէկ լօքումի փոխարէն նարտ կը խաղային:
Այսօր ինչո՞ւ այդպէս չէ:

Ժամանակին, մարդիկ լաւ դրացութիւններ կ'ընէին:
Այսօր ինչո՞ւ այդպէս չէ:

Ժամանակին, երբ խանութպանը իր առաջին գործը ընէր, երկրորդ յաճախորդը դրացի խանութպանին կը ղրկէր, որպէսզի դրացին ալ իր առաջին գործը ընէ:
Այսօր ինչո՞ւ այդպէս չէ:

Ժամանակին, դրամը «պէրէքէթ» ունէր:
Այսօր ինչո՞ւ այդպէս չէ:

Ժամանակին, մարդոց գաղափարներուն հանդէպ յարգանք ցոյց կուտային:
Այսօր ինչո՞ւ այդպէս չէ:

Ժամանակին, երիտասարդ տղաք իրենց ականջին օղ չէին կախեր:
Այսօր ինչո՞ւ այդպէս չէ:

Ժամանակին, հայը տէր կը կանգնէր «Հայու բարոյական արժէքներ, հայու սէր» գաղափարներուն:
Այսօր ինչո՞ւ այդպէս չէ:

Ժամանակին, մարդիկ իրենց լաւ ու տխուր օրերը իրարու հետ կը բաժնէին:
Այսօր ինչո՞ւ այդպէս չէ:

Ժամանակին, մարդիկ հայերէն օրաթերթ կարդալ կը սիրէին:
Այսօր ինչո՞ւ այդպէս չէ:

Ժամանակին, խօսքը փաստաթուղթ էր:
Այսօր ինչո՞ւ այդպէս չէ:

Ժամանակին, եկեղեցիներու պարտէզներուն մէջ կրակարաններու վրայ երշիկի, միսի խորովածի հաւաքոյթներ չէին սարքուեր:
Այսօր ինչո՞ւ այդպէս չէ:

Ժամանակին, կրօնաւորներ Նասրէտտին Հօճայի խրատականներով քարոզներ չէին տար:
Այսօր ինչո՞ւ այդպէս չէ:

Ժամանակին, մեծերը պզտիկներու քով ամէն նիւթի մասին չէին խօսեր:
Այսօր ինչո՞ւ այդպէս չէ:

Ժամանակին...- Ժամանակին...-
Այսօր...- Այսօր...-
Ժամանակին ինչո՞ւ այդպէս չէր:
Ժամանակին էշն ալ ծորակը մտեր էր:


Ժամանակին մարդ մը դրացի գիւղ մը կ'երթայ բարեկամի մը այցելութեան: Երկու օրուան ճամբորդութենէ մը վերջ, իր բարեկամին գիւղը կը հասնի եւ յոգնութիւնը առնելու համար կը նստի սրճարանի մը մէջ: Սուրճ մը կ'ապսպրէ եւ կը սկսի խմել: Այդ միջոցին սրճարանին ճիշդ դիմացը աղբիւր մը կը տեսնէ: Էշ մը մօտեցած է աղբիւրին եւ ծորակէն ջուր կը խմէ: Յանկարծ էշը այդ ծորակին մէջ մտնելով կը կորսուի: Մարդը շուարած ոտքի կ'ելլէ եւ կը սկսի պոռալ-կանչել. «Էշը ծորակին մէջ մտաւ»: Գիւղացիները կը մտածեն որ մարդը խենթեցած է, կ'առնեն զինքը եւ ախոռի մը մէջ կը բանտարկեն, աղուոր մըն ալ կը ծեծեն: Ախոռին դուռը կը կղպեն եւ երկու օր մարդը կը պահեն հոն: Երկու օր վերջ զինքը ախոռէն դուրս կը հանեն:
Մարդը դարձեալ կուգայ, այդ սրճարանը կը նստի: Անօթի, ծարաւ ու քնատ է: Ան ծորակին առջեւ դարձեալ էշ մը կը տեսնէ: Էշը անոր նայելով դարձեալ կը մտնէ ծորակին մէջ: Մարդը կը սկսի պոռալ-կանչել. «Տեսէք, էշը ծորակին մէջ մտաւ կրկին»: Գիւղացիները դարձեալ մարդը կը տանին, ախոռին մէջ կը բանտարկեն, լաւ մըն ալ կը ծեծեն: Երկու օր վերջ ալ զինքը դուրս կը հանեն, մտածելով որ այլեւս խելքը գլուխը եկած է:
Մարդը այլեւս շատ դժուարին կացութեան մատնուած է եւ դարձեալ կուգայ ու կը նստի սրճարանի աթոռներէն մէկուն վրայ: Կը տեսնէ որ էշը կը մօտենայ ծորակին: Էշը տարօրինակ ժպիտով մը կը նայի մարդուն, յետոյ կը մտնէ ծորակին մէջ: Մարդը այս անգամ ոտքի կը կանգնի ու կը պոռայ. «Է՛շ, գիտեմ որ ծորակին մէջ մտած ես: Սակայն պիտի լռեմ, որովհետեւ վերջաւորութիւնը ծեծ է»:
Ես ալ պէտք է լռեմ այսօր: Եթէ չլռեմ եւ ձայն բարձրացնեմ, գիտեմ որ ծեծ պիտի ուտեմ քանի մը անձերու կողմէ:

Շուշան Գորտոնճիեան
3-Յունիս-2003 Երեքշաբթի
ՄԱՐՄԱՐԱ