Thursday, November 29, 2007

ՅԻՍՈՒՍՆ ՈՒ ԱՂՔԱՏ ՍԻՄՈՆԸ



--------------------------------------------------------------------------------



Օր մը եկեղեցիին հոգեւոր հովիւը, ժամկոչը իր քով կանչելով ըսաւ.
-Ամէն կէսօր աղքատ մարդ մը, աղտոտ հագուստներով կը մտնէ եկեղեցի եւ շատ կարճ ժամանակ մը ետք դուրս կ'ելլէ: Կը հեռանայ յամրաքայլ, ուշադրութիւն ըրէ: Չըլլայ որ ամէն անգամ հետը բան մը տանի:
Ժամկոչը ուշադրութիւն ըրաւ եւ ճշդեց թէ իրաւ ալ, ամէն կէսօր նոյն մարդը կը մտնէր եկեղեցի: Կը յառաջանար մինչեւ խորան, քանի մը երկվայրկեան յետոյ դուրս կ'ելլէր: Օր մը ժամկոչը կեցուց զայն ու խիստ ձայնով հարցուց.
-Ի՞նչ գործ ունիս հոս:
-Աղօթելու կուգամ: Պատասխանեց աղքատ մարդը:
Ժամկոչը զարմացած ըսաւ.
-Աղօթելո՞ւ: Այսքան կարճ ժամանակի մէջ ի՞նչպէս կ'աղօթես: Հազիւ մտած, կ'ելլես եկեղեցիէն:
-Այո՛, ես երկար աղօթք չեմ գիտեր: Խաչին առջեւ կը կենամ ու կ'ըսեմ. «Յիսուս, Սիմոնն է» եւ կը վերադառնամ:
Ժամկոչը ազդուած ձգեց զայն որ մեկնի:
Մի քանի օր վերջ արկածի հանդիպեցաւ աղքատիկ Սիմոնը: Ոտքը ջախջախուած էր: Հիւանդանոց փոխադրեցին: Հիւանդանոցի իր սենեակին միւս վիրաւորները շատ դժգոհ եւ պահանջկոտ էին: Հիւանդապահուհիները կը տառապէին այս հիւանդներէ:
Քանի մը օր վերջ ամէն գանգատ դադրեցաւ, դժգոհանքը տեղի տուաւ ժպիտներու: Հիւանդապահուհիները կը զարմանային այս անակնկալ փոփոխութեան:
Հիւանդապահուհիները, հիւանդներու հարցուցին թէ ի՞նչ էր այս փոփոխութեան պատճառը: Հիւանդները պատասխանեցին.
-Սիմոնը մեզմէ շատ աւելի կը տառապի, բայց միշտ ժպտադէմ ու գոհ է: Իրմէ սորվեցանք տառապանքի մէջ ուրախ ըլլալ:
Հիւանդապահուհիները աղքատիկ Սիմոնին հարցուցին.
-Ի՞նչպէս կրնաս միշտ ուրախ ըլլալ: Անտանելի ցաւեր եւ աշխարհի վրայ ոչ ոք ունիս:
-Ի՞նչպէս ուրախ չըլլամ, երբ բարեկամս ամէն օր այցելութեան կուգայ:
Հիւանդապահուհիները զարմացած ըսին.
-Բայց մարդ չի գար քեզ տեսնելու:
Աղքատիկ Սիմոն լուսաւորուած դէմքով պատասխանեց.
-Ամէն կէսօր ԲԱՐԵԿԱՄՍ կը կայնի անկողնիս դիմաց եւ կ'ըսէ.
«ՍԻՄՈՆ, ՅԻՍՈՒՍՆ Է»:

Շուշան Գորտոնճիեան
9-Օգոստոս-2000

Wednesday, November 28, 2007

ՕՁՆ ՈՒ ՁՈՒԿԸ




Օձն ու ձուկը բարեկամներ էին: Օր մը օձը խնդրեց ձուկէն, որ զինք շալակը առնէ եւ ծովուն բացերը տանի: Ձուկը, օձին այս խնդրանքը ընդունեց: Օձը փաթթուեցաւ ձուկին շալակը ու ճամբայ ելան տեսնելու ծովուն հրաշալիքները:
Ձուկը ջուրին երեսէն կը լողար հանդարտ ու զգուշ: Յանկարծ օձը խայթեց անոր կռնակը: Ձուկը հարցուց.
-Եղբայր, ի՞նչու կը խայթես կռնակս:
Օձը պատասխանեց.
-Սխալեցայ, ներողութիւն:
Քիչ մըն ալ յառաջացան եւ ահա օձը կրկին խայթեց ու ըսաւ.
-Ներողութիւն, արեւը գլխուս զարկած ըլլալու է:
Քիչ գացին թէ շատ, ահա ձուկը կրկին զգաց օձին խայթոցը եւ ազնուաբար հարցուց.
-Ի՞նչու այսպէս կը վարուիս ինծի, ես քեզ պտոյտի հանած եմ:
-Սովորութիւնս է:
Ըսաւ օձը:
Ձուկը առանց պատասխանի խորասուզուեցաւ ծովուն խորերը: Օձը խեղդուելու վրայ էր ու կը տառապէր, սակայն օգնող չկար: Այն ատեն ձուկը մօտեցաւ օձին եւ ըսաւ.
-Եթէ դուն քու սովորութիւնդ ունիս, ես ալ իմ սովորութիւնս ունիմ:

Շուշան Գորտոնճիեան
10-Փետրուար-2000

Tuesday, November 27, 2007

ԵՐԵՒԱԿԱՅԱԿԱՆ ԶԻՆՈՒՈՐՆԵՐ




Երկու ընկերներ քալելով երթալու էին իրենց գիւղին ամենէն մօտ քաղաքը: Գանձելու համար գումար մը, որ դրամատուն եկած էր իրենց անունին: Քաղաքը բաւական հեռու էր գիւղէն:
Ճամբայ ելան առտու մը շատ կանուխ, իրիկունը վերադառնալու յոյսով: Քաղաքը հասան, գանձեցին դրամը եւ վերադարձի ճամբան բռնեցին: Ամայի դաշտերէ ու անտառներէ անցան: Գիշերը վրայ հասաւ, յոգնած ու քնոտ էին: Գիւղ հասնելու բաւական ճամբայ ունէին: Որոշեցին ժայռի մը տակ քնանալ եւ առաւօտուն շարունակել իրենց ճամբան: Աղօթքով ինքզինքնին յանձնեցին Աստուծոյ բարեխնամ հոգածութեան եւ քնացան:
Առաւօտուն երբ արթնցան, զարմացան թէ աւազակներէ կողոպտուած ու վայրի գազաններէ բզկտուած չէին: Աստուծոյ գոհութիւն մատուցանեցին եւ ճամբայ ելլելով ապահով հասան իրենց գիւղը:
Քանի մը շաբաթ վերջ մարդ մը եկաւ երկու ընկերներուն քով: Ան կեդրոնացուց իր աչքերը անոնց վրայ եւ ըսաւ.
-Ես ձեզ տեսած եմ ասկէ առաջ:
-Ո՛չ, ըսաւ ընկերներէն մին, չեմ խորհիր, որ մենք զիրար տեսած ըլլանք ասկէ առաջ:
-Այո՛, ես ձեզ տեսած եմ, պնդեց անծանօթը:
-Ասկէ քանի մը շաբաթ առաջ մի քանի ընկերներով ես ձեզի հետեւեցայ ձեր դրամատունէն գանձած դրամը կողոպտելու համար, բայց... երբ դուք ժայրին տակ քնացաք, մենք չկրցանք ձեզի մօտենալ: Որովհետեւ զինուորներ կային պահակ կեցած:
-Զինուորնե՞ր:
Խնդացին երկու ընկեր ու շարունակեցին.
-Մեր քով ոչ ոք կար, բարեկամս:
-Այո, զինուորներ կային, մենք համրեցինք զանոնք, 16 հատ էին եւ ձեռքերնին սուրեր ունէին:
Կատակեցին մարդուն հետ ու որպէս երեւակայութիւն մէկ կողմ դրին անոր ըսածները:
Ատեն մը ետք ընկերներէն մին արձակուրդի ելաւ: Հաւաքոյթի մը մէջ, իր բարեկամներուն պատմեց այս պատահարը: Մէկը հարցուց իրեն թէ ի՞նչ էր թուականը ժայռին տակ քնացած գիշերուան: Յուշատետրը հանելով տուաւ թուականը: Բարեկամն ալ իր յուշատետրը բանալով ըսաւ.
-Այդ իրիկուն մենք մեր շաբաթական աղօթաժողովը կ'ունենայինք եւ մէկը խնդրեց որ ձեզի համար աղօթէինք: Այդ իրիկուն 16 հոգի էինք աղօթաժողովին մէջ:

Շուշան Գորտոնճիեան
7-Դեկտեմբեր-1999

Monday, November 26, 2007

ԵՐՋԱՆԿՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԳԵՂԵՑԿՈՒԹԵԱՆ ԳԱՂՏՆԻՔԸ

Տկնոջ մը բարեկամները հարցուցին, թէ ինչ էր իր ուրախ ու հրապուրիչ ըլլալուն պատճառը:Կինը պատասխանեց թէ գաղտնիքը իր ամէնօրեայ արդուզարդին մէջ էր եւ կը բաղկանար հետեւեալ մասերէ:

Մազերուս համար պարզութիւն:
Դէմքիս վրայ խաղաղութիւն:
Աչքերուս մէջ ժպիտ եւ համակրանք:
Շրթներուս ճշմարտութիւն եւ աղօթք:
Ձեռքերուս սիրոյ ծառայութիւններ:
Ոտքերուս թշուառներու այցելութիւն:

Բայց, աւելցուց շնորհալի կինը եւ ըսաւ.
-Իմ յաջողութեանս բուն գաղտնիքը Քրիստոսն է: Անբաժան է սրտէս, Ս. Գիրքը որ ամէնօրեայ սնունդն է հոգւոյս: Աստուծոյ Ներկայութիւնը որ ամենուրեք կը շնչեմ որպէս կազդուրիչ օդ: Ահա, երջանկութեան եւ գեղեցկութեան գաղտնիքը:

Շուշան Գորտոնճիեան
29-Սեպտեմբեր-1999

Saturday, November 24, 2007

ՀՐԵՇՏԱԿՆ ՈՒ ՄՕՐ ՄԸ ՍԷՐԸ




Հրեշտակ մը երկինքէն երկիր կուգայ պտոյտի համար: Երկրին բոլոր կողմերը այցելելէ ետք, կը պատրաստուի արեւամուտին երկինք վերադառնալ: Բայց մեկնելէն առաջ կը խորհի իր հետ յիշատակ մը տանիլ երկիրէն երկինք: Պարտէզի ծաղիկներուն կը նայի եւ կը տեսնէ անոնց գեղեցկութիւնը ու կը հիանայ անոնց վրայ: Հազուագիւտ վարդերու, շուշաններու եւ մեխակներու փունջ մը կը շինէ, իբրեւ լաւագոյն բանը, զոր կրնար իր հետ երկինք տանիլ: Թեւերը կը բանայ ու կը սկսի թռչիլ: Ճամբուն վրայ կապոյտ աչքերով փոքրիկ տղու մը կը հանդիպի, կը մտածէ թէ այս ալ արժանի է երկինք փոխադրելու: Ան ալ իր հետ կ'առնէ: Քիչ մը անդին բնակարանի մը առջեւէն անցնելու ատեն պատուհանէն ներս կը նայի եւ կը տեսնէ դեռատի մայր մը, որ իր երախային վրայ ծռած գուրգուրանքով զայն քնացնելու կ'աշխատէր: Հրեշտակը կը սքանչանայ այդ պատկերին վրայ եւ կ'ըսէ.
-Որչա՛փ գեղեցիկ է մօր մը սէրը,այդ ալ միասին տանիմ:
Այսպէս աշխարհէն երեք յիշատակներ վերցուցած կը բարձրանայ դէպի երկնից դռները:
Ներս մտնելէ առաջ անգամ մը իր նուէրներուն կը նայի եւ ինչ տեսնէ, ծաղիկները թոռմած էին, մանուկը կորսնցուցած էր իր գոյնը եւ գեղեցկութիւնը: Մնացած էր միայն մայրական սէրը անջինջ եւ անաղարտ:
Հետեւաբար կը նետէ ծաղիկները մէկ կողմ, կը վերադարձնէ տղեկը իր ծնողաց: Մայրական սէրը միայն իր կուրծքին սեղմած կը մտնէ հրեշտակներու խումբին մէջ եւ կ'աղաղակէ.
-Միակ բանը, որ երկրէն երկինք փոխադրելու արժանի է, որ չի կորսնցներ իր գեղեցկութիւնը եւ հրապոյրը: Այդ ալ մօր մը սէրն է:

Շուշան Գորտոնճիեան
19-Ապրիլ-1999

Friday, November 23, 2007

ԴՈՒՆ ԱՅՍՕՐ ՁԵՌՔԷԴ ԵԿԱԾԸ ԸՐԷ


ՅԻՇԱՏԱԿ
ՄԵԾՄՕՐՍ ԽՐԱՏԱԿԱՆ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

ԴՈՒՆ ԱՅՍՕՐ ՁԵՌՔԷԴ ԵԿԱԾԸ ԸՐԷ

Հարուստ մարդ մը իր եկեղեցիին հովիւին հետ խօսակցութեան պահուն ըսաւ.
-Պատուելիս, ես մեռնելէս ետք ամբողջ ունեցածս դպրոցի եւ եկեղեցիներու կտակած եմ: Բայց նորէն մարդիկ ինծի կծծի կ'ըսեն: Ամէն մարդ գիտէ այս իմ կտակս: Այս մասին ինծի լոյս մը կրնա՞ս տալ:
Հովիւը ըսաւ.
-Մարդիկ իրենց տեսածին կը հաւատան եւ ոչ թէ լսածին: Պզտիկ օրինակով մը պիտի պարզեմ: Օր մը, խոզ մը եկաւ եւ այսպէս ողբերգութիւն մը ըրաւ կովին. « Տիկին կով, ես քեզմէ ոչ թէ պակաս, այլ աւելի օգտակար եմ մարդկութեան: Շատեր իմ միսս փափաքելով կը փնտռեն եւ աւելի դրամ ալ կուտան: Իմ երշիկս եւ ապուխտս նշանաւոր են: Իմ կուրծքիս միսը նախաճաշի համար հրաշալի կերակուր է, այսուամենայնիւ, մարդիկ քու կաթդ ու պանիրդ եւ կարագդ կը գովեն միշտ: Ո՞ւր է ասոր գաղտնիքը»:
Կովը քիչ մը կանգ առնելէ ետք ըսաւ.
«Կարծեմ հոս է գաղտնիքը: Ես կենդանութեանս ատեն կուտամ իմ կաթս, կարագս ու պանիրս, իսկ դուն մեռնելէդ ետք միայն կուտաս յիշեալ մսեղէններդ»:
Հարուստը այս բացատրութիւնէն առած էր իր պատասխանը:
Հովիւը շարունակեց.
-Դուն ալ ինչ բարիք որ կրնաս ընել կենդանութեանդ ատեն ըրէ, կտակդ յետոյ ի՞նչ ձեւ պիտի գործածուի չես գիտեր: Յետոյ, վաղը Աստուծոյ կը պատկանի: Դուն այսօր ձեռքէդ եկածը ըրէ:

Շուշան Գորտոնճիեան
16-Մարտ-1999

Thursday, November 22, 2007

ՊԷՅՕՂԼՈՒ, ՄԱՐԴԻԿ ԵՒ ԿԵՆԴԱՆԻՆԵՐ




Մեր միջավայրին մէջ ներողութիւն խնդրելը որքա՛ն հեռուները մնացած է: Այս բառը գործածե՞լ չենք ուզեր, թէ ոչ մեզի դժուար կը թուի: Արդեօք մարդիկ գիտե՞ն այս բառին նշանակութիւնը:
Վայրկեան մը մտածենք եւ հարցնենք:
Ի՞նչ ըսել է ներողութիւն խնդրել:
Ինքնահաւանութիւն, հպարտութիւն, խոհեմութիւն, հնազանդութիւն, գոռոզութիւն, համեստութիւն, պատուաւորութիւն, անպատուութիւն կամ թէ պարտականութիւն:
Ինչպէս որ ուզենք այնպէս կրնանք մտածել: Բայց այս բառը մեր բերնին վարժութիւն ընենք:
Արդեօք չե՞նք գիտեր այս բառը, կամ թէ մեր մեծերը մոռցած են զայն մեզի սորվեցնելու:
Ծնողներ իրենց զաւակներուն կը սորվեցնեն կենցաղագիտութիւնը, սակայն կը սորվեցնե՞ն նայեւ ներողութիւն խնդրելը: Իմ կարծիքով՝ կենցաղագիտութեան առաջին բառը «ներողութիւն» ըլլալու է:
Լայն ճամբու մը վրայ կը քալեն մարդիկ: Իրարու կը զարնուին: Անտարբեր կը մնան եւ ներողութիւն մը իսկ խնդրել չեն ուզեր: Կամ թէ երբ շոգենաւին մէջ մարդիկ կը ճամբորդեն, հայհոյելով կը խօսին իրարու հետ: Իրենց երեսն անգամ չի կարմրիր: Եթէ ըսես. «Ըրածդ սխալ է», ներողութիւն խնդրելը անոնց մտքին ծայրէն անգամ չ'անցնիր:
Նախանցեալ ամառ Պէյօղլուի Քաղաքապետութիւնը Անկախութեան Պողոտային վրայ դաղարներ զետեղեց, մէջն ալ վարդի թուփեր տնկեց: Իմ աշխատատեղիի դրան առջեւ երկու դաղարներ կային: Ամէն օր ցերեկէ վերջ կը ջրէի զանոնք: Քանի մը օր վերջ տեսայ, որ թուփը նոր ծիլ մը տուած ու տերեւներն ալ շատնալ սկսան: Դժբախտաբար մարդիկ տերեւները փրցնել սկսան: Օրէ օր թուփին վրայի տերեւները կը պակսէին: Անոր վրայ ժապաւէնով կապեցի թուղթ մը, որուն վրայ արձանագրեցի. «Խնդրեմ, տերեւները մի՛ փրցնէք»:
Հետեւեալ օրը տեսայ, որ գրած թուղթս պատռուած էր: Շարունակ, առանց զզուելու, օրերով ես գրեցի, մարդիկ պատռեցին: Կղզիի մեր պարտէզէն ուրիշ ծաղիկներ ալ բերի ու տնկեցի: Օր մը, պատրաստեցի շատ խոշոր թուղթ մը, որուն վրայ գրեցի հետեւեալը.
«Ներողութիւն կը խնդրեմ քեզմէ ծառ: Խնդրեմ տերեւները մի՛ փրցնէք: Մարդիկ, այս գրած թուղթս ալ մի՛ պատռէք»:
Այս գրութիւնը շատերուն ուշադրութիւնը գրաւեց: Կին մը եկաւ քովս ու ըսաւ.
-Հարցափորձեցի եւ ստուգեցի, որ դուք գրեր էք այս գրութիւնը: Սակայն ի՞նչու «մարդիկ» գրեցիք, փոխանակ «կենդանիներ» գրելու:
-Ես ծառէն ներողութիւն խնդրեցի, դուք ալ կենդանիներէն խնդրեցէք: Որովհետեւ կենդանին ի՞նչ յանցանք ունի, այս տերեւներն ու իմ գրած թուղթը մարդիկ են որ կը փրցնեն:
Կնոջ հետ ողջագուրուեցանք ու ըսածներուն համար ներողութիւն խնդրելով՝ հրաժեշտ առաւ:
Առաւօտ մը, պաշտօնեաները եկան թուփերը արմատախիլ ըրին ու անոնց տեղ դաղարներուն մէջ ալ տնկեցին տօսախներ:
Շրջան մը վերջ, Շաբաթ օր մը, Թէմա Վագֆըն Անկախութեան Պողոտային վրայ գնացք մը կազմակերպեց: Թուրքիոյ բոլոր քաղաքներէն խումբ-խումբ մարդիկ հաւաքուեցան մեր աշխատատեղիի դրան առջեւ: Բաւական երկար պոչ մը կազմեցին: Շատեր ի ձեռին ունէին զանազան գրութիւններ, որոնց բոլորն ալ կանաչը պաշտպանելու համար էր:
Մօտաւորապէս ժամ մը մնացին մեր դրան առջեւ, ծարաւցան ջուր խմեցին, անօթեցան կերան: Բոլորն ալ աղբերը փոխանակ իրենց ձեռքերուն մէջ պահելու, յիշեալ դաղարներուն մէջ նետեցին: Անոնք, որոնք եկան եւ մեր լամբակներուն կանաչ տերեւներ զետեղեցին, անոնք, որոնք հեռուներէն Իսթանպուլ եկան՝ կանաչը պահպանելու համար, միթէ ա՞յս էր բնապահպանութեան իրենց գաղափարը: Ափ ի բերան դիտեցի այս բոլորը:
Այլեւս գնացքի ժամը եկած էր: Կամաց-կամաց սկսան քալելու: Քանի մը վայրկեան վերջ ո՛չ մէկը կար մեր դրան առջեւ: Սակայն կար անոնց հետքերը, ամօթը դրոշմուած էր... Խոշոր աղտոտութիւն մը: Ոչ մէկը ներողութիւն խնդրած էր: Կարծես անոնք ինքնացուցադրութեան եկած էին Իսթանպուլ:
Դաղարներուս քով գացի ու բնութենէն ներողութիւն խնդրելով՝ բոլոր աղբերը հաւաքեցի:
Ինքնահաւանութիւն, հպարտութիւն, խոհեմութիւն, հնազանդութիւն, խոնարհութիւն, բարձրութիւն, փոքրութիւն, գոռոզութիւն, համեստութիւն, պարկեշտութիւն, անպատուութիւն... Ինչպէս որ ուզենք այնպէս մտածենք... Բայց մեր բերնին վարժութիւն ընենք. «ներողութիւն»:

Շուշան Գորտոնճիեան
12-Յունուար-1999 Երեքշաբթի
ԺԱՄԱՆԱԿ