Saturday, October 27, 2007

«ԷՇԸ ԾՈՐԱԿՆ Է, ԲԱՅՑ...






Այսօր իմ գրութեանս կ'ուզեմ սկսիլ պատմութիւն մը պատմելով: Պատմութիւն մը, որ նաեւ խրատական է:
Մայրս հարս գացեր է: Կը պատմէր, որ տան մէջ կեսուրմայրիկ մը, նաեւ անոր ալ կեսուրմայրիկը կան եղեր: Այսինքն բազմանդամ ընտանիք մը: Երբեմն համով խօսակցութիւններ, երբեմն վիճաբանութիւններ կը կատարուին եղեր, բայց բոլոր վիճաբանութիւնները սիրոյ եւ հասկացողութեան մթնոլորտի մէջ կը վերջանան եղեր, որովհետեւ մեծմայրս խօսք մը ունի եղեր որ յաճախակի կերպով կը կրկնէ եղեր. «Էշը ծորակն է, բայց վերջաւորութիւնը լաւ չէ»:
Երբ 12 տարեկան եղայ, մեծմօրս հարցուցի:
«Ինչ ըսել կ'ուզես, մեծմայրիկ, ի՞նչ ըսել է՝ էշը ծորակն է»:
Զիս դէմը նստեցուց եւ սկսաւ պատմել:
«Ժամանակին մարդ մը դրացի գիւղ կ'երթայ բարեկամի մը այցելութեան: Երկու օրուան ճամբորդութենէն վերջ իր բարեկամին գիւղը կը հասնի եւ յոգնութիւն առնելու համար կը նստի սրճարանի մը մէջ: Սուրճ մը կ'ապսպրէ եւ կը սկսի խմել: Այդ միջոցին սրճարանին ճիշդ դիմացը աղբիւր մը կը տեսնէ: Էշ մը մօտեցած է աղբիւրին եւ ծորակէն ջուր կը խմէ: Յանկարծ էշը այդ ծորակին մէջ մտնելով կը կորսուի: Մարդը շուարած՝ ոտքի կը կանգնի եւ կը սկսի պոռալ-կանչել. «Էշը ծորակին մէջ մտաւ»: Գիւղացիները կը մտածեն, որ մարդը խենդեցած է, կ'առնեն զինքը եւ ախոռի մը մէջ կը բանտարկեն, աղուոր մըն ալ կը ծեծեն: Ախոռին դուռը կը կղպեն եւ երկու օր մարդը կը պահեն հոն: երկու օր վերջ զինքը ախոռէն դուրս կը հանեն:
«Մարդը դարձեալ կուգայ, այդ սրճարանը կը նստի: Անօթի, ծարաւ եւ քնատ է: Կը տեսնէ դարձեալ ծորակին առջեւը էշը: Էշը իրեն նայելով դարձեալ կը մտնէ ծորակին մէջ: Մարդը կը սկսի պոռալ-կանչել. «Տեսէ՛ք, էշը ծորակին մէջ մտաւ կրկին»: Գիւղացիները դարձեալ մարդը կը տանին, ախոռին մէջ կը բանտարկեն, լաւ մըն ալ կը ծեծեն: Երկու օր վերջ ալ զինքը դուրս կը հանեն մտածելով, որ այլեւս խելքը գլուխը եկած է:
Մարդը այլեւս շատ դժուար կացութեան մատնուած է եւ դարձեալ կուգայ ու կը նստի սրճարանի աթոռներէն մէկուն վրայ: Կը տեսնէ, որ էշը կը մօտենայ ծորակին: Էշը տարօրինակ ժպտելով մը կը նայի մարդուն, յետոյ կը մտնէ ծորակին մէջ: Մարդը այս անգամ ոտքի կը կանգնի ու կը պոռայ. «Էշ, գիտեմ, որ ծորակին մէջ մտած ես: Սակայն պիտի լռեմ: Որովհետեւ վերջաւորութիւնը լաւ չէ»:
Մօրը բախտը աղջկան օժիտ՝ կ'ըսեն: Ես ալ նոյն ձեւով հարս գացի: Ես ալ մաս կազմեցի բազմանդամ ընտանիքի: Սակայն մեծմօրս այս խրատականը երբեք մտքէս չելաւ: Շատ անգամ որոշումներ առնելէ առաջ կամ կարծիքներ յայտնելէ առաջ յիշեցի պատմութիւնը: Այնուհանդերձ բնաւ ալ չսիրեցի անիրաւութիւնը: Եթէ պէտք ըլլար, միշտ պիտի ուզէի ձայնս բարձրացնել որեւէ անիրաւութեան դիմաց:
Այս օրերուս, 18 տարեկան աղջնակ մը հիւանդ էր: Բարերար մը ելաւ ու ձեռք երկարեց անոր: Բժիշկները յայտնեցին, որ դարմանումը կարելի է, սակայն մեծ գումարներու պէտք կայ: Բարերարը, ինք օգնելով հանդերձ, ուզեց ուրիշներու ալ դուռը զարնել եւ օգնութիւն ուզել: Բոլոր դռները գոցուեցան իր երեսին: Բարերարը դրամ հաւաքելու ճար մը գտաւ իր սեփական պայմաններով: Հիւանդը 18 տարեկան երիտասարդուհի մը, առաւել հեռատեսիլի գործիք մը եւ տոմսակներ, եւլն. եւլն.:
Եթէ մեր ընկերային շրջանակներէն ներս մտնես, ըսելիք շատ բան կ'ունենաս: Բայց «Էշը ծորակն է, եւ վերջաւորութիւնն ալ լաւ չէ»:

Շուշան Գորտոնճիեան
16-Հոկտեմբեր-1997 Հինգշաբթի
ՄԱՐՄԱՐԱ

Friday, October 26, 2007

ՍԿԻՒՏԱՐԻ ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՆԵՐԸ




Մեր մեծերը կ'ըսէին, որ Սկիւտարի օդէն բանաստեղծ կը հասնի: Իսկապէս ալ այդտեղի օդը, ջուրը բանաստեղծ կ'ընէ մարդը: Բազմաթիւ հայ բանաստեղծներ շնչած են Սկիւտարի օդը, անցած են Սկիւտարի ճամբաներուն վրայէն:
Ժամանակին մարդիկ իբրեւ ամարանոց կուգան եղեր Պաղլարպաշը: Կը պատմուի, որ շատ լաւ հայութիւն մը ապրած է Պաղլարպաշըի մէջ: Եւ մեծ թիւով հայեր: Մտածենք անգամ մը: Չորս հատ վարժարան, երկու փառաւոր եկեղեցի եւ Սանուց Միութիւն մը:
Աւա՛ղ, Սանուց Միութիւն մը՝ մինչեւ ինը տարի առաջ: Կարծես սրտէս կտոր մը կը փրթի երբ կը գրեմ այս տողը, որովհետեւ հիմա չկայ Սկիւտարի Սանուց Միութիւնը: Այրեցաւ, աւերակի վերածուեցաւ: Սրտէս երկրորդ կտոր մըն ալ կը փրթի, երբ կ'ըսեմ, Պաղլարպաշըի հայ երիտասարդները հիմա չունին այլեւս իրենց տունը: Ո՞ւր են, այսօր ինչով կը զբաղին, մեր երիտասարդները: Արդեօք սրճարա՞ն կը յաճախեն, օքէ՞յ կը խաղան, կամ ինչպիսի պարապ գործերով ժամանակ կը կորսնցնեն: Մենք մեր շրջանին ուրիշ տեղ երթալու փափաք չունեցանք, որովհետեւ ունէինք մեր Սանուց Միութիւնը: Շաբաթ եւ Կիրակի ուղղակի հոն կը վազէինք: Թատրոն, պարահանդէս կը սարքէինք, ոտանաւորներ կ'արտասանէինք: Ինչ լաւ ժամանակ կ'անցնէինք:
Ինը տարի առաջ դժբախտութիւն մը պատահեցաւ եւ մեր Սանուց Միութիւնը այրեցաւ: Մեզի համար գոհար հաստատութիւն մըն էր այդ եւ կորսնցուցինք:
Հիմա Սկիւտարի մեր երիտասարդութիւնը Սանուց Միութեան պահանջքը չի՞ զգար: Միասնաբար ձեռք երկարենք այս երիտասարդներուն, որովհետեւ չեմ կարծեր, որ Սկիւտարի օդը փոխուած է: Հոնկէ տակաւին լաւ բանաստեղծներ կրնան հասնիլ:

Շուշան Գորտոնճիեան
1-Հոկտեմբեր-1997 Չորեքշաբթի
ՄԱՐՄԱՐԱ

ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐՈՒՆ ՅՈՒՇԵՐԸ





Անցեալները գործէս տուն կը վերադառնայի: Երբ շոգենաւէն իջայ, նաւամատոյցը տեսայ իմ մէկ բարեկամս: Բարեւեցինք զիրար: Ինծի ծանօթացուց իր քովի երիտասարդուհին: «Աղջիկս է» ըսաւ: Ամառուան արձակուրդի համար Ամերիկայէն եկեր է, կղզի, իր ընտանիքին քով: Զիս ծանօթացնելէ ետք իր աղջկան, դարձաւ եւ ըսաւ. «Գիտես, քեզի միշտ կը ղրկեմ «Մարմարա» օրաթերթը: Այս տիկինը Շուշան Գորտոնճիեանն է, որ իր յիշատակները կը գրէ: Թէեւ տարիքը շատ մեծ չէ, սակայն ան յիշատակներ կը պատմէ»:
Ես ինծի մտածեցի, թէ անպայման տարիքո՞տ ըլլալ պէտք է, որպէսզի անձ մը իր յիշատակները գրէ: Եթէ այսօրը ապրած ես, վաղուան համար յիշատակ մը կրնաս ունենալ:
Վայրկեան մը աչքերս գոցեցի եւ երազել սկսայ: Եթէ ես մէկ տարեկանիս կարդալ, գրել գիտնայի, անպայման յիշատակ մը պիտի ունենայի եւ ատիկա պիտի գրէի: Թերեւս, օրինակ պիտի պատմէի այն ինը ամիսները, զորս անցուցած եմ մօրս որովայնին մէջ: Յետոյ 12 լման ամիսներ ապրած էի: Այդ մասին շատ հետաքրքրական չէ՞ր ըլլար յիշատակներ գրի առնել:
Կը կարծեմ, որ երախայի մը համար ամէնէն դժուար օրերը կը կազմեն այդ 12 ամիսները: Երախան այդ առաջին ամիսներուն իր խնդիրները չի կրնար լուծել, իր հոգերը չի կրնար պատմել իր շուրջիններուն:
Ծնած օրս արդեօք ուրա՞խ էի, թէ տխուր: Պահ մը մտածեցի: Արդեօք նորածին մը ի՞նչեր կը մտածէ երբ աշխարհ կուգայ, կամ ի՞նչ լեզուով կը մտածէ: Ի՞նչ կ'ըլլայ եթէ նորածինին ուղեղը մեր այսօրուան ուղեղին պէս զարգացած ըլլար եւ կարենար գրել իր այդ յուշերը:
Այո, սիրելի բարեկամ, գրելը շատ լաւ բան է: Դուք ալ չունի՞ք ձեր յիշատակները: Դուք ալ մասնակցեցէք մեր երազներուն եւ գրեցէք ձեր յիշատակները:

Շուշան Գորտոնճիեան
1-Հոկտեմբեր-1997 Չորեքշաբթի
ՄԱՐՄԱՐՄ

Thursday, October 25, 2007

ԱԿԱՆՋԸ




Սէմէրճեան Ճեմարան վարժարանի 4-րդ դասարանի աշակերտուհի էի: Ութ կամ ինը տարեկան ըլլալու էի: Այդ տարի գիտութեան դասեր կը տրուէին մեզի: Դասարանին մէջ կային աշխատասէրներ, նաեւ ծոյլեր: Այս ծոյլերուն միջեւ կային շատ խորամանկ եւ աչքը բաց տղաք: Սակայն անոնք կարդալու եւ բան մը սորվելու ճիգ չունէին: Խելացի էին, սակայն իրենց միտքը կ'աշխատցնէին չար բաներու համար:
Այդ օրերուն գիտութեան դասի ընթացքին դասարանի ուսուցչուհին մեզի իբրեւ պարտականութիւն տուաւ «Ականջ»ը: Այդ գիշեր շատ աշխատեցայ ականջին մասին բաներ մը գրելու եւ պարտականութիւնս կատարելու համար: Հետեւեալ օր, ես ինքնավստահ նստած էի նստարանին վրայ եւ սպասեցի, որ ուսուցչուհիս դասի հանէ զիս: Ուսուցչուհին սանկ ակնարկ մը նետեց դասարանին վրայ եւ ամենածոյլ աշակերտը ընտրելով հարցուց. «Տղաս, պատասխանէ ինծի. ի՞նչ է ականջը»: Տղան պաղարիւն վիճակով ոտքի կանգնեցաւ եւ պատասխանեց սապէս. «Ականջը մեր իմանալու գործարանն է: Մենք անով կը լսենք, բոլոր խօսակցութիւնները: Բոլոր խօսակցութիւնները մեր մէկ ականջէն կը մտնէ եւ միւսէն դուրս կ'ելլեն»:
Այս պատասխանին դիմաց բոլորս խնդալ սկսանք: Ուսուցչուհին բաւական բարկացաւ մեր ընկերոջ եւ ըսաւ. «Նստէ տեղդ, մէ՛կ առիր»:
Հիմա այսօր ես հարցման նշան մը ունիմ մտքիս մէջ: Ի՞նչու մեր դասարանի ուսուցչուհին մէկ տուաւ այդ ընկերոջս: Եթէ ես այդ դասարանի ուսուցչուհին ըլլայի, անոր հինգ խաչ կուտայի այսօր:
Ի՞նչու: Ես շարունակ կը կարդամ թերթերը, ես ալ պարբերաբար բաներ մը կը գրեմ թերթերու մէջ: Բողոքի եւ քննադատութեան բազմաթիւ գրութիւններ կարդացած եմ մամուլին մէջ, ես ալ ըրած եմ քննադատութիւններ: Արդեօք այս գրութիւնները կը կարդացուի՞ն, ոմանց կողմէ կը լսուի՞ն: Հարիւր առ հարիւր վստահ եմ, որ չեն լսուած: Ոչ մէկը ազդուած է քննադատութիւններէն, ոչ մէկը բան մը սրբագրել ջանացած է: Ամէն ինչ մարդոց մէկ ականջէն կը մտնէ, միւսէն դուրս կ'ելլէ:
Կը կարծեմ, որ ամէն օր նախորդ օրէն աւելի գէշ վիճակի պիտի մատնուին մեր գործերը եթէ այսպէս ամէն բան մեր մէկ ականջէն մտնէ եւ միւսէն դուրս գայ:

Շուշան Գորտոնճիեան
1-Հոկտեմբեր-1997 Չորեքշաբթի
ՄԱՐՄԱՐԱ

Wednesday, October 24, 2007

«Ի՞ՆՉՈՒ ՀԱՅԵՐԷՆ ՉԷՔ ԽՕՍԻՐ»




Իսթանպուլի մէջ բաւական մեծ հայ համայնք մը կայ: Համայնքի մէկ մասը բնիկ Իսթանպուլցի է, իսկ միւս մասն ալ Անատոլուէն Իսթանպուլ գաղթած է: Գաւառացիներէն ոմանք Կեսարիայէ, ոմանք Սեբաստիայէ, Անգարայէ եւ Անատոլուի զանազան գիւղերէն ու քաղաքներէն Իսթանպուլ գալով իրենց մշտական բնակութիւնը հաստատած են այստեղ:
Երբ վերջիններս Անատոլուի խորերէն գաղթած են այս հսկայ ու քաոսային քաղաքը՝ հայկական վարժարաններու ու եկեղեցիներու անյագ կարօտն ունեցած են: Անցեալ տարիներէն յիշողութեանս մէջ տպաւորուած է այն, թէ տէր հայրերն ու կրօնաւորներ պարբերաբար հովուական այցելութիւններ կուտային Անատոլուի հայաբնակ քաղաքներուն ու գիւղերուն. մկրտութիւններ եւ հարսանիքներ կը կատարէին ու տեղւոյն համայնքի զանազան հոգեւոր կարիքները կը բաւարարէին:
Այժմ, բնիկ Իսթանպուլցի ընտանիքներու մեծամասնութիւնը Եւրոպա, Ամերիկա եւ կամ աշխարհի որեւէ այլ վայրը գաղթած է: Եւ եթէ այսօր մեր եկեղեցիները եւ վարժարանները ոտքի վրայ կը մնան, ուրեմն այդ Անատոլուի հայերուն ջանքերուն շնորհիւ է: Իսկապէս գաւառացի հայերը մեծ յաջողութիւններ արձանագրած են Իսթանպուլահայ պատմութեան մէջ՝ թէ՛ բարոյական եւ թէ նիւթական ոլորտներէ ներս: Անոնք գաւառի մէջ հայկական վարժարաններու հանդէպ անչափելի կարօտ մը ունեցած են: Ուստի իրենց Իսթանպուլ գաղթէն անմիջապէս վերջ, փութացած են իրենց թաղերուն մէջ ազգային վարժարան մը գտնելու, որպէսզի իրենց զաւակները արձանագրեն այդ վարժարաններու մէջ: Այսպէս՝ անոնք բուռն ցանկութիւն յայտնած են իրենց զաւակներուն հայերէն տառ ու բառը սորվեցնելու մէջ, անոնց հայերէն գիր ու գրականութիւն, կարդալ ու գրել ուսուցանելու համար:
Արդարեւ շատ մեծ յաջողութիւններ ունեցած են մեր երիտասարդները: Համալսարաններ կ'աւարտեն. բժիշկ, ճարտարապետ, ճարտարագէտ, փաստաբան կը դառնան եւ այլ մարզերէ ներս մուտք կը գործեն: Արդէն շաբաթը մէկ կամ երկու անգամ «Մարմարա» օրաթերթի «Մեր երիտասարդները» սիւնակին մէջ անոնց մասին կը կարդանք:
Այս բոլորը շատ ուրախացուցիչ է, շատ լաւ: Սակայն կայ պարագայ մը, որ մտատանջութեան կը մատնէ զիս: Կարելի է վշտանաք ինծի կամ բարկանաք: Սակայն ես քաջութիւնը պիտի ունենամ «մեր երիտասարդներուն» հարցնելու.
-Ի՞նչու հայերէն չէք խօսիր:
Այս իրականութիւնը իսկապէս մտահոգիչ է: Երբ համայնքային հաստատութիւններէ ներս ժողովներ կը գումարուին կամ որեւէ միութեան մէջ հանդիսութիւն մը տեղի կ'ունենայ, դժբախտաբար, բնաւ հայերէն չի խօսուիր: Ճիշդ է, որ փողոցներու մէջ կամ հասարակած այլ վայրերէ ներս թրքերէն պէտք է խօսինք: Սակայն մեր համայնքային հաւաքոյթներու ընթացքին պէտք է հայերէն խօսելու վարժութիւնը ձեռք բերենք:
Այս օրերուս Ճաբոնէն 25 հոգինոց խումբ մը Իսթանպուլ եկած է՝ հայերէն սորվելու նպատակով: Շշմած մնացի, երբ լսեցի այս մասին: Գիտէի, որ իրենց լեզուն ալ բաւական բարդ է եւ ծաւալուն այբուբեն մը ունի: Հակառակ այս իրողութեան, մեր ոսկեղնիկ հայերէնի 38 տառերը շատ դժուար ուսանելի դարձեր են անոնց:
Ի՛նչ մեծ պարծանք է գիտնալ այն, թէ հայերէնը եւս դիւրին լեզու մը չէ: Պէտք է պատիւ զգանք այս երեւոյթի համար եւ հայերէն պէտք է խօսինք:
Երբ ոեւէ անձ ձեզի օտար լեզուով մը հարցում ուղղէ դուք կարելիութիւնն ունեցէք հայերէն պատասխանելու: Հոգ չէ, թէ ձեր դիմաց գտնուողը ո՛չ կատարեալ կերպով կը խօսի հայերէնը: Դուք ուղղեցէք անոր սխալները, անոնց սորվեցուցէք մեր մայրենի լեզուն՝ հայերէնը: Եւ անոնք ալ պարծանքով, առանց ամչնալու այլ պատիւ զգալով սորվին ու ուրիշներուն փոխանցեն ՄԵ՛Ր լեզուն:

Շուշան Գորտոնճիեան
3-Սեպտեմբեր-1997 Չորեքշաբթի
ՄԱՐՄԱՐԱ

Tuesday, October 23, 2007

ՍԿԻՒՏԱՐ ԹԱՂՆ ՈՒ ԹԱՂԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐԸ




1963-ին Սկիւտար, Պաղլարպաշը հաստատուեցանք: Այդ տարիներուն Պաղլարպաշը կոչուած թաղամասը լեռ ու ձոր էր: Այսօրուան պէս բազմաթիւ ու բազմայարկանի շէնքեր կառուցուած չէին: Այսուհանդերձ, Սկիւտարի մէջ հայութիւնը բաւական մեծ թիւ մը կը կազմէր: Կային երկու բացօդեայ եւ մէկ փակ՝ շարժանկարի սրահներ: Ճամբաները կպրապատուած չէին եւ ամէն կողմ հողով ու ժայռով պատուած էր: Մայրս եւ մեծմայրս մեզ ամէն կէսօրէ ետք փիքնիքի կը տանէին: Սքանչելի տեսարան մը կար: Օդն ու համայնապատկերը հրաշալի էր: Հիմա երբ կ'երթամ այնտեղ, կը տեսնեմ որ ամէն ինչ փոխուած է անճանաչելիօրէն: Հիմա պիտի ըսէք որ միայն Պաղլարպաշը՞ն է որ փոխուած է: Անշուշտ ոչ: Իսթանպուլի բոլոր թաղամասերը անճանաչելիօրէն փոփոխութիւն կրած են: Փոփոխութիւն կրած է նաեւ մարդոց արտաքին կերպարանք, նիստ ու կացը:
Գափիթոլի ներկայ շէնքին տեղ ընդարձակ պարտէզներ եւ մէկ քանի փայտաշէն տուներ կային: Այդ տուները կը բացուէին հողածածկ ճամբու մը: Այդ ճամբու վերջաւորութեան կար «Օ աղաճըն ալթը» կոչուած տեղը: Ուրիշ ո՛չ մէկ բան կար:
Տարիներ վերջ, Աթաթիւրք կամուրջի շինութեան պատճառով Գալֆաեանը փլցուցին եւ այդ հողածածկ ճամբուն վրայ բերին կառուցին ներկայ Գալֆայանի շէնքը: Բազմաթիւ աշակերտուհիներ այնուհետեւ այնտեղ ուսանեցան, կերան խմեցին ու պառկեցան: Քանի մը տարի ետք Գալֆաեանի պատասխանատուները դէմի փողոցին մէջ շէնք մը վերանորոգեցին, զայն որպէս ննջարան տրամադրելով Գալֆաեանի աշակերտուհիներուն:
Ես այս բոլորը շատ լաւ գիտեմ, որովհետեւ ամրան եղանակին, արձակուրդի օրերուն մայրս զիս կը տանէր Գալֆաեանի պարտէզը: Մենք այնտեղ Գալֆաեանցի աղջիկներուն հետ կը խաղայինք: Շատ լաւ կը յիշեմ որ երբ Գալֆաեանի աղջիկները իրարու հետ կռուէին, «հայրիկդ մեռնի» կամ «մայրիկդ մեռնի» կ'ըսէին: Ես անոնց կ'ըսէի. ինչ կ'ըլլայ այդ բառերը մի՛ գործածէք: Անոնք կը պատասխանէին. «ինչ կ'ըլլայ որ... արդէն մեռած են»:
Շուրջ տասը տարի առաջ Պաղլարպաշըի հայութիւնը հետզկետէ պարպուիլ սկսաւ: Այս կացութիւնը Սկիւտարի վարժարաններուն ալ ազդեց: Անցեալ տարի Սէմէրճեան-Ճեմարան Վարժարանի մէջ շուրջ 20 աշակերտներ կ'ուսանէին: 15-16 տարի առաջ մատակարարները ձեռնարկած էին միացնելու Գալֆաեան եւ Ճեմարան վարժարանները: Բայց կարելի չեղաւ վարժարանին նոր անուն մը տալու մասին համաձայնութիւն գոյացնել, ուստի նաեւ կարելի չեղաւ գործադրել այդ ծրագիրը:
Անցան տարիներ: Ծրագիր մշակուեցաւ ո՛չ միայն Գալֆաեան ու Սէմէրճեան-Ճեմարան վարժարանները այլ նաեւ Սկիւտարի Ներսէսեան-Երմոնեան վարժարանն ալ միացնել մէկ վարժարանի մէջ: Սակայն Ներսէսեան-Երմոնեանի պատասխանատուները խրտչեցան այսպիսի կարգադրութիւն մը ընելէ:
Միւս կողմէ, Սկիւտարի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ նորընտիր Թաղային Խորհուրդը շատ տրամաբանական գտաւ միացումի գաղափարը եւ Գալֆաեանի Խնամակալութեան հետ ձեռք ձեռքի տալով, յաջողեցաւ երկու վարժարանները միացնել իրարու: Այնպէս որ յառաջիկայ տարեշրջանէն սկսեալ երկու վարժարաններու աշակերտները պիտի միանան միեւնոյն երդիքին տակ:
Ես, որպէս Սէմէրճեան-Ճեմարան վարժարանէ շրջանաւարտ ուսանողուհի մը, կ'ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել ներկայ Թաղային Խորհուրդին, ինչպէս նաեւ Գալֆաեան Տան հին եւ նոր Խնամակալութիւններուն, որոնք առին տեղին որոշում մը:

Շուշան Գորտոնճիեան
6-Օգոստոս-1997 Չորեքշաբթի
ՄԱՐՄԱՐԱ

Monday, October 22, 2007

ԿԵՆՑԱՂԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆ




Որքան լաւ է շոգենաւի ճամբորդութիւնը: Ես այս ճամբորդութիւնը շատ կը սիրեմ: Նկատելով թէ աշխատող մըն եմ, ամրան եղանակին ամէն օր պարտաւոր եմ Կղզիէն Պոլիս՝ խանութ երթալու:
Ամէն առաւօտ կանուխ, կղզեբնակ բազմութիւն մը, վազելով - վազվզելով նաւամատոյց կուգան: Լրագրավաճառէն լրագիր առնողներ, ծաղարանէն կարկանդակ գնողներ,տոմսակի պոչի մտնողներ...եւայլն., եւայլն.: Վերջապէս ահռելի բազմութիւն մը: Եւ մենք այսպէս՝ ամէն օր կղզիի գեղեցկութիւնները կղզիի մէջ ձգելով, գործի կ'երթանք: Ոմանք իրարու հետ կը խօսակցին:
-Ա՛խ բարեկամս, այս սքանչելի օդը կը ձգուի եւ գործի կ'երթուի՞: Երանի՛ թէ գործս յարմար ըլլար, նաւակս նստէի, ձուկի ելլէի:
Ամէն մարդ երազ մը կամ նախասիրութիւն մը ունի կղզիի այս գեղեցիկ օդին դիմաց:
Իսկ գիշերը, վերադարձի ժամուն, ամէնէն խճողեալ շոգենաւն է ժամը 7.30-ի շոգենաւը: Շոգենաւին մէջ կը հանդիպինք միեւնոյն դիմագիծերուն, որոնց հետ առաւօտուն գործի իջած էինք: Ամէն մարդ շոգենաւին մէջ իրեն համար ընտրած է տեղ մը եւ անպայման հոն կը նստի: Քու դիմացդ նստող անձը, զոր բնաւ չես ճանչնար, միջոց մը վերջ կը բարեկամանաս անոր հետ: Ստիպողաբար կը բարեկամանաս, որովհետեւ հինգ ամիս տեւաբար ան քու դիմացդ կը նստի: Անձեր կան, որոնք շոգենաւին վերնամասը կը նախընտրեն: Ոմանք վարը կը նստին, ոմանք ալ ետեւի բացօդեայ մասին մէջ ոտքի կենալ կը նախընտրեն:
Չեմ գիտեր, թէ ի՞նչպէս բացատրեմ, բայց կ'ուզեմ յայտնել թէ շոգենաւին այդ ետեւի մասը տարբեր աշխարհ մըն է: Այդ բացօդեայ մասին մէջ գիշերային այդ ժամուն կարծես խնջոյք կը սարքուի. չիղ քէօֆթէներ, աղցաններ, ապուղտներ, երշիկներ, ոգելից ըմպելիներ...: Սակայն գիտենք թէ ոգելից ըմպելին չի մնար այնպէս, ինչպէս գաւաթին մէջ կը կենայ: Միջոց մը վերջ այդ անձերը կը սկսին կատակախառն աղտոտ խօսակցութիւններ ընել իրարու, հայհոյութիւններ ընել եւ իրենց գոռում - գոչումով ժողովուրդը նեղել:
Ասկէ քանի մը տարի առաջ էր: Մարդ մը այդ ետեւի մասին մէջ կերաւ, խմեց, միջոց մը վերջ ալ եկաւ մեր քով նստաւ: Յետոյ ան հանեց իր կօշիկները եւ սկսաւ իր ոտքի մատները շփշփել: Դուրսի ընկերներուն պոռալով կանչելով խօսք նետեց, հայհոյանքներ ըրաւ: Ճամբորդները անոր կը նայէին ատելութեամբ, բայց անտարբեր կը մնային եւ որեւէ դիտողութիւն չէին ըներ: Ես անձամբ կը փափաքէի, որ մէկը ելլէր եւ սաստէր այդ մարդը: Շոգենաւի այդ մասին մէջ փսփսուքներ սկսան: Յայտնի էր որ ամէն մարդ այս մարդէն չափազանց անհանգստացած էր:
Վերջապէս շոգենաւը կղզի հասաւ: Մարդը դանդաղօրէն ոտքի ելաւ, կօշիկները հագաւ ու պատուհանէն դուրս նայեցաւ: Յետոյ իր ընկերներուն դառնալով ըսաւ.
- Տղաք, սա վերջին տարիներուն կղզիի ժողովուրդը որքան փոխուեցաւ: Օտար մարդոցմով լեցուեցաւ...:
Այդ պահուն շնորհակալութիւ յայտնեցի Աստուծոյ, որ այդ անկիրթ մարդուն զոյգ մը խօսք ընելու առիթը ներկայացած էր ինծի:
Առանց վարանելու, մարդուն դառնալով ըսի.
- Պարոն, ո՛չ թէ անոնք, այլ դո՛ւք էք որ օտար էք:
Մարդը այսպիսի պատասխան մը չէր սպասեր ինձմէ: Ան խոժոռ դէմք մը առնելով դարձաւ ինծի եւ ըսաւ.
- Ի՞նչու օտար ըլլամ տիկին, ես 20 տարիէ ի վեր կղզեբնակ եմ:
- Կրնայ ըլլալ, ըսի: Սակայն մէկ ժամուան ճամբորդութեան ընթացքին, կիներու դիմաց առանց պատշաճութիւնները յարգելու, հայհոյելով եւ պոռալով - կանչելով անկրթութիւն ըրիք: Կղզեբնակ կրնաք ըլլալ, բայց երբեք՝ բնիկ կղզիցի:
Անկիրթ մարդը որեւէ պատասխան չկրցաւ տալ: Ներողութիւն անգամ չխնդրեց եւ շտապով հեռացաւ քովէս:
Յաջորդող օրերուն այլեւս չտեսայ զայն վերադարձի այդ ժամուն շոգենաւի մէջ: Կղզիի փողոցներուն մէջ ալ չհանդիպեցայ իրեն այլեւս:
Մարդիկ համալսարանաւարտ կրնան ըլլալ, մեծ ջանք թափելով մեծահարուստ ալ կրնան ըլլալ, սակայն եթէ մարդոց մօտ կենցաղագիտութիւնը պակաս է, ատիկա կը նշանակէ, որ այդ մարդիկը ո՛չ մէկ արժէք կը ներկայացնեն:

Շուշան Գորտոնճիեան
14-Յուլիս-1997 Երկուշաբթի
ՄԱՐՄԱՐԱ