Friday, February 26, 2010

ՖՈՒԺԻԵԱՄԱ ԼԵՌԸ






Ֆուժիեամա լեռը, Ճաբոնիոյ ամենաբարձր լեռն է:

Ֆուժիեամա լեռը, մայրաքաղաք Թոքիոյին 115 քմ. Հարաւ-արեւմուտք գտնուող մարած հրաբուխ մըն է: Ֆուժիեաման, երրորդ երկրաբանութեան շրջանին կազմուած է: Ֆուժիեամա լերան խարիսխը 40 քմ. շրջագիծ ունի, իսկ բարձրութիւնը 3776 մ. է:

Ֆուժիեամա լեռը, վերջին անգամ 1707 թուականին ժայթքեցաւ: Հրաբուխէն ելած մոխիիրները, Թոքիօն 15սմ. հաստութեամբ ծածկեցին:

Ֆուժիեամայի Հիւսիսային մասի գետերու գնացքը հրաբուխէն ելած մոխիր ու լաւաներով փակուելուն հետեւանք լիճեր գոյացած են:

Ֆուժիեաման, բանաստեղծներու և նկարիչներու ներշնչման աղբիւրն է: Այս լեռը, Շինթոիզմին՝ Ճաբոն ազգային կրօնքին, սրբազան վայրն է, որով կրօնական արժէք ալ ունի: Ճաբոնացիներ ու կարգ մը ուրիշ ազգերու պատկանող Շինթոիստներ, Յուլիս և Օգոստոս ամիսներուն իրենց կրօնական պարտականութիւնը կատարելու համար մինչեւ կատար կը մագլցին:



Շուշան Գորտոնճիեան

26-Փետրուար-2010 Ուրբաթ

Իսթանպուլ

Sunday, February 21, 2010

ԷՎԷՐԷՍՏ





Էվէրէստը՝ 8850 մեթր բարձրութեամբ, երկրագունդի ամենաբարձր գագաթն է: Էվէրէստ գագաթը, Հիմալաեա լեռներու մէջ մօտաւորապէս Հիւսիսային լայնութեամբ 28 աստիճան, Արեւելեան երկայնութեամբ 87 աստիճան, Չինաստանի և Նէբալի սահմանագծին վրայ կը գտնուի:

Էվէրէստի ջերմութիւնը -70 աստիճան ըլլալուն, անոր բարձր կողերուն վրայ որեւէ բոյս չի բուսանիր և կենդանի չապրիր:

Էվէրէստի վրայ ամառնային մուսոններու տեղացուցած ձիւնը, հովի պատճառով կը մանրանայ և կը տարածուի: Այս տարածուած ձիւնը, շոգիացման գծին վրայ ըլլալուն, ընդհանրապէս Էվէրէստի սառնագետերը սնուցանող խոշոր սառնագունդեր չի կազմուիր, որով Էվէրէստի սառնագետերը սնուցող ակերը լեռներէն յաճախ փրթող ձիւնագունդերն են: Ձմեռը, Էվէրէստ լերան Հիւսիս-Արեւմտեան կողմէ փչող հովերը, անոր գագաթնամասի ձիւնը կը ցրուէ, այդ պատճառաւ ալ գագաթը մերկ երեւոյթ մը կը ստանայ:

Էվէրէստ լերան գլխաւոր սառնակոյտերն են՝ Գանկշանկ, Արեւելեան և Արեւմտեան Ռօնկպուք, Բումօրի և Խումպու:

Թիպէթի ճամբան բացուելէ վերջ, մարզիկներ 1920 թուականին Էվէրէստ լեռը կրցան մագլցիլ: 1953 թուականէն վերջ, զանազան երկիրներ մարզական խումբերու զօրավիգ հանդիսացան և այս խումբերը յաջողեցան հասնիլ Էվէրէստ լերան գագաթնակէտը:



Շուշան Գորտոնճիեան

20-Փետրուար-2010 Շաբաթ

Իսթանպուլ

Friday, February 12, 2010

ՀԻՄԱԼԱԵԱՆԵՐ


Հիմալաեա լեռները աշխարհի ամենամեծ ու ամենաբարձր լեռնաշղթան է: Հիմալաեաներուն, Կեդրոնական Հարաւային Ասիոյ մասը Արեւելք-Արեւմուտք ուղղութեամբ կ'երկարի:

Էվէրէստը՝ 8850 մեթր բարձրութեամբ, Հիմալաեաներու և երկրագունդի ամենաբարձր գագաթն է: Էվէրէստ գագաթը Նէբալ և Չինաստանի սահմանագիծի վրայ կը գտնուի:

Հիմալաեաները կազմուած են Հնդկաստանի և Ասիոյ քարի, մետաղի բարակ շերտերուն իրար զարնուելէն: Այս կազմութիւնը մինչեւ այսօր կը շարունակուի:

Բագիստան, Հնդկաստան, Չինաստան, Նէբալ և Պութանէն անցնող 2400 քմ. երկայնութեամբ Հիմալաեա լեռնաշղթային սառնակոյտերը կը սնուցանեն Ասիոյ ցամաքամասին 9 մեծ գետերը: 1,3 միլեառ մարդ այս ջուրերէն կ'օգտուին: Վերջի տարիներուն ջերմութիւնը 0,6-էն մինչեւ 0,15 աստիճան բարձրացած է: Եթէ ջերմութիւնը բարձրանալ շարունակէ, 50 տարուայ ընթացքին սառնակոյտերն ու ձիւները բոլորովին պիտի հալին:

Հիմալաեա լեռներուն, 4700 մեթրէ վեր մասերուն վրայ շարունակաբար ձիւն կը տեսնուի:

Հիմալաեաներու, Հարաւային բլուրներու անտառներով ծածկուած ճահիճներուն մէջ կ'ապրին վայրի եզեր, ռնգեղջիւրի նման կենդանիներ: Իսկ Թիպէթի վրայ կ'ապրին աղուէսներ, գայլեր, թոխորներ, լերան այծեր, վայրի էշեր և վիթեր:

Հիմալաեաներու վրայ թռչունի տեսակն ալ շատ է՝ անծեղ, թիկատոր ճնճղկազգի թռչուններ, լերան ագռաւ, նաեւ թիթեռնիկներ: Գետերու մէջ կարելի է տեսնել անուշ ջուրերու մէջ ապրող կապոյտ ձուկի տեսակներ:

Լերան բարձունքները կան մետաղի հարուստ հանքեր, բայց անոնց հասնիլ շատ դժուար է:

Քէշմիր ձորի հողամասին վրայ կը մշակուի խնձոր, տանձ, դեղձ, կերաս: Արեւմտեան Հիմալաեաները չոր, մերկ ու բոլորովին դատարկ ժայռերով և ձորերով ծածկուած են:



Շուշան Գորտոնճիեան

11-Փետրուար-2010 Հինգշաբթի

Իսթանպուլ

Wednesday, February 3, 2010

ԱԼՓԵԱՆ ԼԵՌՆԵՐ






Ալփեան լեռները Կեդրոնական Եւրոպայի հողերուն վրայ 207 քառակուսի քմ. տեղ գրաւող մեծ լեռնաշղթայ մըն է:

Այս լեռնաշղթան Զուիցերիոյ, Հիւսիսային Իտալիոյ և Ֆրանսայի հողամասերուն վրայ տեսնել կարելի է: Աւստրիոյ գրեթէ բոլոր հողամասը Ալփեան լեռներով ծածկուած է: Այս լեռնաշղթային ամենակարեւոր մասը Հարաւային Գերմանիոյ վրայ կը գտնուի:

Ալփեան լեռները, կարգ մը ընդհատումներով, Անատոլուի հողամասերուն վրայ Թորոս լեռներով կը շարունակուին և Իրան կ'անցնին: Ալփեան լեռները կ'երկարին դէպի Կեդրոնական Ասիոյ հողամասերուն վրայ:

Մօն Պլան, Ֆրանսայի և Իտալիոյ հողերուն միացած վայրը կը գտնուի: Ձիւներով ծածկուած Մօն Պլանը 4792 մեթր բարձրութեամբ Ալփեան լեռներու և Եւրոպական Ցամագամասին ամենաբարձր գագաթն է:

Մօն Պլանէն հոսող սառնագետերը մինչեւ Իտալիոյ Հարաւային ձորերը կը հասնին: Այս սառնագետերու տարածութիւնը 150 տարուայ մէջ նոյն ձեւով մնացած է և չէ փոքրացած:

Ալփեան լեռները, երեք մասէ կը բաղկանան՝ Արեւելեան Ալփեր, Կեդրոնական Ալփեր և Արեւմտեան Ալփեր:

Զուիցերիոյ և Իտալիոյ սահմանի վրայ գտնուող 4478 մեթր բարձրութեամբ Մաթթէրհորն լեռը դանակի մը ձեւ ունի:

Կեդրոնական Ալփեան լեռներու մէկ թեւն ալ Րէն Գետի ձորին շուրջը գտնուող Պէրն Ալփերն են: Ֆինդէրարհորնը՝ 4274 մեթր, Ալէթշհորնը՝ 4195 մեթր, Ժունկֆրօն՝ 4158 մեթր, Կեդրոնական Ալփերու ամենագեղեցիկ գագաթներն են:

Արեւելեան Ալփերը, աւելի ցած և շատ գեղեցիկ բլուրներ ունին: Արեւելեան հողամասերուն վրայ բազմաթիւ ձորեր ու անտառներ կան, սակայն այս հողերը երկրագործութեան համար նպաստաւոր չեն:

Ալփեան լեռներու գագաթամասերուն վրայ մի քանի տեսակ կենդանի տեսնել կարելի է՝ վայրի այծեր, լերան մուկեր, նապաստակներ, աղուէսներ, սրճագոյն արջեր և վայրի եզեր: Իսկ գայլերու սերունդը վերջացած է:

Ալփեան լեռներու վրայ թռչունի տեսակն ալ շատ է՝ լերան հաւ, փայտփոր, կաքաւ, արծիւ, կարապ, ագրաւ:

Լիճերն ու գետերը լեցուն են կարմրախայտ նաեւ զանազան տեսակի ձուկերով:

Ալփերու մէջ կարեւոր ճարտարարուեստ մը չկայ:

Ալփերու հողերէն սնդիկի ու կապարի մետաղներ կը հանեն: Կարգ մը տեղեր ժայռաղը առատ է: Երկաթ, պղինձ, զինկ, ոսկի, արծաթ և ածուխ շատ քիչ քանակութեամբ կը գտնուի:

Լեռնադաշտերու վրայ արմտիք ու գետնախնձոր կը մշակուի:

Զուիցերիոյ պանիրը շատ նշանաւոր է:

Ձմրան, Զուիցերիա միջազգային չմշկման խաղերու կեդրոնն է:



Շուշան Գորտոնճիեան

3-Փետրուար-2010 Չորեքշաբթի

Իսթանպուլ

Sunday, January 31, 2010

ՍԱՌՆԱԼԵՌ








Սառնալեռը երկրագունդի հիւսիսային և հարաւային լեռներու բարձր գագաթներէն ու գետակներէն փրթելէ վերջ, ծովու վրայ ծփացող խոշոր սառերու կտորներն են: Սառնալեռը, ծանօթ է նաեւ «Այսպէրկ» անունով:

Կ'ըսուի թէ սառնալեռներու ծովու վրայ բարձրացած մասը 100 միլիոն թօն ծանրութիւն ունի:

Ջուրի տակ լողացող սառնալեռներ ալ կան, որոնք նաւաստիներու ամենամեծ վախն են:

50.000 տարիներ վրայ վրայի կազմուած ծովափի սառնակոյտերը յանկարծ ծով կը սահին և անոնց ծովու ճամբորդութիւնը կը սկսի: Շնորհիւ հովի և ծովու հոսանքներուն սառնալեռները ծովուն վրայ դանդաղօրէն կը ճամբորդեն:

Սառնալեռը, բեւեռային ջուրերու մէջ երբեք չի հալիր և իր գոյութիւնը երկար ժամանակ կրնայ պահել:

Երբ ծովու ջուրին ջերմութիւնը հասնի 8-10 աստիճանի, սառնալեռները քանի մը շաբաթէն կը հալին: Իսկ ծովու ջուրին ջերմութիւնը հասնի աւելի բարձր աստիճանի, սառնալեռը քանի մը օրէն կը հալի և ծովու ջուրին կը խառնուի:

Անթարթիքայէ փրթած սառնակոյտերը տափակ ու ցած են և կարգ մը սառնակոյտերու երկայնութիւնը հարիւր քիլոմեթրի կրնայ հասնիլ: Այս սառնակոյտերուն, «Սառ Կղզիներ» անունը կը տրուի:

Սառնալեռներու վրայ կարգ մը գոյներով գծիկներ կը տեսնուի: Գիտնականներ, այս գոյներու մասին սապէս բաձատրութիւններ կուտան:

Սառնալեռներու ճաթած մասերուն մէջ հալած սառի ջուր կը մտնէ: Այդ պատճառաւ, սառնալեռներու վրայ բաց կապոյտ գծիկներ կրնանք տեսնել:

Սառնալեռներու յատակի ծովու ջուրին մամուռի որակը եթէ հարուստ է՝ կանանչ գծիկներ կը տեսնուին:

Ծովու ջուրը, սառնալեռներուն յատակի մասը կը մաշեցնէ: Այդ ատեն ալ անոնց գոյնը սրճագոյն, սեւ ու դեղին կ'ըլլայ:

15 Ապրիլ 1912-ին Թիթանիք անուն շոգենաւը սառնալեռնի զարնուեցաւ և 2 ժամ 40 վայրկեան վերջ ընկղմեցաւ: 2224 ճամբորդներէն 1513 հոգին խեղդուեցաւ: Միայն 711 հոգի կարելի եղաւ ազատել:

Արդիական գիտութեամբ պատրաստուած չափազանց զգայուն ելեքտրոնային գործիքներով օժտուած այսօրուայ նաւերուն համար սառնակոյտերը այլեւս վտանք չեն ներկայացներ:

Կարգ մը գիտնականներ, սառնակոյտերը՝ այս անուշ ջուրի շտեմարանները, Ատէն Ծոցի պետութիւններու կողմը բերելու ձեւերը կ'ուսումնասիրեն, որպէսզի անոնց ջուրէն օգտուին: Սառնալեռները Ատէն Ծոց բերել 6-7 ամիս կրնայ տեւել: Շատ դժուար գործ մըն է, սակայն այս ջուրէն միլիոններով մարդ պիտի օգտուի:



Շուշան Գորտոնճիեան

29-Յունուար-2010 Ուրբաթ

Իսթանպուլ

Wednesday, January 20, 2010

ԲՈՒՐԱՍՏԱՆ





ՎԱՐԴ

Վարդը ծաղիկներու թագուհին է: Այս ծաղիկը հացկերոյթի սեղաններու, տօնական խրախճանքներու, հանդիսութիւններու ամենալաւ զարդն է:
Հռովմէացիներ, ձմեռուայ եղանակին, վարդը ջերմանոցներու մէջ կը մշակէին: Վարդի մշակոյթը հռովմէացիներէն ալ հին է:
Հին Եգիպտացիները, Բաբելոնացիները, Պարսիկները, Հելլէններն ալ այս անուշահոտ ծաղիկը շատ կը սիրէին:
Վարդին, ուրիշ ծաղիկներէ գերակայութիւնը, դիմացկուն արմատ, երկար կեանք, ճիւղերուն հարուստ ու տարածուն երեւոյթ ունենալն է:
Վարդենին զանազան գոյներով և անուշահոտ ծաղիկ մը ունի:
Երկրաբանութեան «ԺԵՈԼՈԺԻԳԱԼ» դարերու, Մայըսինի շրջանէն մնացած խաւերու մէջ քարացած վարդեր գտնուած են: Քանի մը միլիոն տարիք ունեցող այս քար վարդերէն մին, Փարիզի «Վարդերու Թանգարան» ին մէջ կը պահուի:
Այսօր, աշխարհի ամենահին ցեղին պատկանող վարդը, տասնմէկերորդ դարուն Գերմանեոյ Հիլտէսդն գիւղաքաղաքի եկեղեցւոյ պարտէզին մէջ տնկուած վարդենին է: Այս վարդենիին արմատի հաստութիւնը 50 սմ., իսկ հասակը 3 մ. է:
Թուլոնի մէջ, Պանքսի ցեղի պատկանող վարդենի մը մեծ մրցանիշ կոտրած է: Այս ծառը, տարին 50.000 վարդ կուտայ:

ԵՂՐԵՒԱՆԻ

Եղրեւանին, Եւրոպա և Ասիա ցամաքամասերուն վրայ կը մշակուի: Ան ողկոյզի նման անուշաբոյր ծաղիկներ բացող բոյս մըն է: Պարտէզներու մէջ զարդի բոյս ըլլալով կը հասցուի:
Եղրեւանիի տերեւները փայլուն կանանչ գոյն մը ունին: Անոր տերեւներուն եզերքները ուղիղ և սրտի ձեւով կ'ըլլան:
Եղրեւանին ճերմակ, վարդագոյն, բաց յարդագոյն, մանիշակագոյն և կարմիր գոյներով ծաղիկ մըն է:
Եղրեւանին մօտաւորապէս քսան տեսակ ունի: Անոր թուփը ձուրտի դիմացկուն է: Իր հասակը երեք կամ չորս մեթրի չափ կրնայ աճիլ:

ՄԱՆՈՒՇԱԿ

Մանուշակը աշխարհի ամէն կողմ մշակել կարելի է, սակայն աւելի շատ հիւսիսային կիսագունդի վրայ կը մշակուի: Այս ծաղիկը Հաւայի կղզիներու և հարաւ-արեւելեան Ասեոյ մէջ ալ շատ լաւ կը մշակուի:
Մանուշակը թաղարի մէջ ալ հասնող բոյս մըն է: Այս ծաղիկին 400 - 500 տեսակը կը գտնուի: Ան կէս շուք, խոնաւ վայրեր կը սիրէ և երկար կեանք ունեցող ծաղիկ մըն է:
Մանուշակին պսակը հինգ տերեւներէ կազմուած է: Տերեւները սրտի ձեւ ունին:
Իր անունին նման մանիշակագոյն ծաղիկ մըն է: Կապոյտ, դեղին, ճերմակ, վարդագոյն ևլն. գոյներով ալ մանուշակներ կան:
Մանուշակը, գարնան և աշնան շատ առատ ծաղիկ կը բանայ:

ՇՈՒՇԱՆ

Շուշանը ճերմակ, կարմիր, մանիշակագոյն, սեւ, դեղին և զանազան գոյներով ծաղիկ բացող բոյս մըն է:
Իր տերեւներուն վրայ սեւ գծիքներ ու բիծեր կ'ունենայ:
Շուշանը զարդի ծաղիկ մըն է: Ան, թէ՛ պարտէզներու և թէ՛ թաղարներու մէջ կարելի է մշակել:
Շուշան ծաղիկին հարիւրէ աւելի տեսակը կը գտնուի: Այս ծաղիկը հարուստ և արդիւնաբեր բուսահողերէ կ'ախորժի: Ան, թթուած հողերու մէջ ալ կ'աճի: Գարնանային ցուրտերէն կ'ազդուի: Արեւոտ ու կէս մը շուք տեղեր պէտք է տնկուի: Բազմացնելու համար, պէտք է ընտրել ամրան վերջը և աշունը:
Շուշան ծաղիկը, մշակել շատ դժուար է: Անոր հասակը երբ աճիլ կը սկսի, պէտք է օրը երկու անգամ ջրել:

ՅԱՍՄԻԿ

Յասմիկը Միջերկրական Ծովի կլիմայ ունեցող հողերու վրայ կը մշակուի: Ան այսպիսի հողերէ կ'ախորժի և արդիւնքը առատ կ'ըլլայ:
Յասմիկ ծաղիկին համար կ'ըսուի թէ անոր հայրենիքն է երկրագունդի ամենաբարձր գագաթը՝ Հիմալայաները և նաեւ Չինաստանն և Պարսկաստանը:
Իտալացիները ապրուստի համար յասմիկը կը մշակեն: Անոնք մշակուած յասմիկները մէկտեղելով անուշահոտութիւն կը պատրաստեն: Այս բոյսը, դարմանումի համար ալ կը գործածուի:
Յասմիկը իր ծաղիկները Յունիս և Սեպտեմբեր ամիսներու միջեւ կը բանայ: Ամրան եղանակին պէտք է առատ ջրել: Իսկ ձմեռը աւելի քիչ կը ջրուի և միայն հողը խոնաւ պահել բաւարար է:

ԱՐԵՒԱԾԱՂԻԿ

Իւղէն օգտուելու համար աշխարհի բոլոր կողմերը արեւածաղիկ կը մշակուի: Այս բոյսը բազմացնելու համար, Ապրիլ և Մայիս ամիսներու միջեւ կը ցանեն:
Արեւածաղիկը ցուրտի դէմ դիմացկուն բոյս մըն է: Եթէ ջերմութիւնը չորս աստիճանէ աւելի պակաս ըլլայ, անմիջապէս կ'ազդուի:
Ան բնիկ Փէրույէն է և Եւրոպայի մէջ ալ իբրեւ զարդ գործածել սկսած են:

ՇԱՀՈՔՐԱՄ

Շահոքրամը սուր տերեւներով, կապ-կապ բարակ կոթով ծաղիկ մըն է:
Այս բոյսին ծաղիկները ճերմակ, վարդագոյն, կարմիր գոյներով կ'ըլլան:
Շահոքրամը պարտէզներու և թաղարներու մէջ կը մշակուի: Ընդհանրապէս ամրան եղանակին կը բազմացնեն:

ՄԵԽԱԿ «ՀԱՄԵՄ»

Քրիստոսէ առաջ, երրորդ դարու մէջ ապրող Չինաստանի կայսրերն և ազնուականներն իրենց այցելուներուն մեխակի համեմ կը հրամցնէին:
Միջին Դարի Արեւմտեան Քաղաքակրթութեան շրջանին, համեմ մեխակը շատ սուղ գիներով կը ծախուէր:
17 և 18երորդ դարերուն Անգլիոյ մէջ համեմ մեխակի գինը ոսկիի հետ նոյն արժէքը ունէր:
Տասնևհինգերորդ դարէն սկսեալ, Եւրոպան ալ համեմ մեխակը ճանչցած է:
Հոլլանտան համեմ մեխակի վաճառականութիւնը կ'ընէ և այս գործին մէջ մինչեւ այսօր աշխարհի առաջին կարգը կը գրաւէ:
Համեմ մեխակին որակը հասկնալու համար, զայն ջուրին մէջ կը նետեն: Կ'ըսուի թէ ջուրին վրայ հորիզոնական ձեւով մնացող մեխակը ամենաարժէքաւորն է:

ՇԱՀՊՐԱԿ

Շահպրակը ընդհանրապէս դեղին և նարնջագոյն ծաղիկներով բոյս մըն է: Վերջին տարիներուն, շահպրակի սրճագոյն ու կարմիր գոյներով ծաղիկն ալ սկսուած է մշակուիլ:
Շահպրակը հարաւ Եւրոպայի ժայռ ու դալարիկ վայրերու տարածութեան մէջ տեսնել կարելի է:
Այս ծաղիկը, զով վայրերու մէջ կը մշակուի: Իր հասակը 50 սանթիմեթրի չափ կրնայ երկարիլ: Ան, անուշահոտ ծաղիկ մըն է:
Շահպրակը առանց խնամքի կը ծաղկի: Ան երկար կեանք ունի: Ձմեռը ապակեփեղկերու տակ պէտք է պահուի: Գարնան իր ծաղիկները բանալ կը սկսի:


Շուշան Գորտոնճիեան
20-Յունուար-2010 Չորեքշաբթի
Իսթանպուլ

Wednesday, January 13, 2010

ԱՐՁԱՆԻԿ ՄԸ




Արեւելեան իմաստասիրութիւնը խորհրդանշող քով քովի նստած երեք կապիկներու արձանիկ մը կայ:
Անոնցմէ մին երկու ափերով աչքերը ծածկած է, երկրորդը՝ փակած է իր ականչները, իսկ երրորդը՝ բերանը:
Այս երեք կապիկներու անունները Միզարու, Քիքազարու և Իվազարու է: Ճաբոներէն իմաստով չտեսնել, չլսել ու չխօսիլ կը նշանակէ:
Երեք կապիկներու մասին զանազան պատմութիւններ գրուած է: Տասեօթերորդ դարուն ճաբոնացի Նիքուտան, իր երկրի ներքին պատերազմը վերջացնող սպարապետ Թոքուկավայի յիշատակին, 1636 թուականին, անոր արձանը շինել տուած է: Այս արձանին առջեւի կողմն ալ երեք կապիկներուն տեղ տրուած է:
Այս արձանիկը ճաբոնացիները ձեւաւորած են, սակայն կ'ըսուի թէ ութերորդ դարուն հնդիկ կրօնաւորներու առաջնորդութեամբ, կապիկներու պատմութիւնը նախ Չինաստան, յետոյ ալ Ճաբոն անցած է:
Երեք կապիկներու մասին հէքեաթ մըն ալ կը պատմուի:

Դարեր առաջ, լեռան մը մէկ կողգին բարի և խելացի թագաւոր կապիկ մը կապրի եղէր, իսկ միւս կողգին ալ՝ սատանան:
Թագաւոր կապիկը, շատ տարիքոտ, բայց շատ ալ խելացի երեք խորհրդական կապիկներ ունի եղէր: Աւանդութեան մը համեմատ, լեռան միւս կողգը ապրող սատանան տեսնող և անոր ձայնը լսողը յաւիտենապէս քար կը կտրի եղէր:
Այս երեք կապիկները, օր մը իրենց թագաւորին ծաղիկ փնտռելու համար լեռան գագաթը կ'ելլեն: Թուփերուն մէջ խշրտուք մը կ'իմանան: Հետաքրքրութեամբ թուփերը կէս մը կը բանան և սատանային հետ դէմ առ դէմ կուգան: Սատանան տգեղ ձայներ հանել կը սկսի: Կապիկներէն մին չտեսնելու համար իր աչքերը կը ծածկէ, բայց սատանային ձայնը կը լսէ: Երկրորդը ականչները կը փակէ, սակայն սատանան կը տեսնէ: Երրորդ կապիկը սատանան թէ' կը տեսնէ և թէ' կը լսէ: Ան այս մահացու գաղտնիքը չտարածելու համար անմիջապէս իր բերանը կը փակէ:
Անոնք շատ լաւ գիտէին, թէ եթէ խօսէին յաւիտենապէս պիտի քարանային: Երկար ժամանակ թողալով ու վախնալով ծառի մը տակ կը պահուըտին: Ատեն մը վերջ, իրենց թագաւորն ու ժողուուրդը վտանքի մը թոյլ չտալու համար այս գաղտնիքը պահելու որոշումը կուտան:
Այդ օրէն վերջ, մարդիկ երբ աչքերն, ականչներն ու բերանը փակ երեք կապիկ տեսնեն կը հասկնան, թէ անոնք սատանան տեսած ու լսած են: Հասարակութեան օգուտին համար ալ գաղտնիքը իրենց պահած են:

Չտեսնել ու չլսել չարը և չխօսիլ չար բաներու մասին:

Շուշան Գորտոնճիեան
12-Յունուար-2010 Երեքշաբթի
Իսթանպուլ