Monday, January 4, 2010

ՏԱՍ ԴԱՀԵԿԱՆՆՈՑԸ





Տարիքոտ մարդ մը, օր մը քթին ծայրն իսկ տեսնել չկարենալու չափ խմած, ճամբան ինքնաշարժի մը կը զարնուի և քառորդ ժամ վերջ ինքզինքը կը գտնէ հիւանդանոցի մը մէջ: Բժիշկները կը կապկպեն գլուխը և շատ չանցած կը ճամբեն զինքը:
Բարեսէր մարդ մը, անոր անտէրունչ վիճակին տեղեակ դառնալով, զայն կ'առնէ կը տանի իր տունը: Յաջորդ օրը, բարեսէր մարդը, ծերուկին քով կ'երթայ ու անոր ապագային մասին պատմել կը սկսի.
- Բժիշկները ըսին ինծի, թէ շատ երկար կեանք մը չունիս: Չե՞ս ուզեր փոխել կեանքիդ ուղեգիծը, երբ դեռ շատ ուշ չէ:
- Ես կեանքիս մէջ մարդու վնաս հասցուցած չեմ որ:
- Լաւ, բայց մարդու բարիք ըրա՞ծ ես:
- Չեմ կարծեր:
- Լաւ, բարի գործերու ձեռնարկելու համար երբեք ուշ չէ, երբ «Հոն» երթաս հաւանաբար բարի գործերդ բանի մը ծառայեն:
Կ'երեւի թէ տարիքոտ մարդուն բաւական մտահոգութիւն պատճառեց այդ «Հոն»-ի, այսինքն անդիի աշխարհի խնդիրը: Այդ իրիկուան դէմ, տարիքոտ մարդը առասանով մը վզէն կախուած փոքր տոպրակի մը մէջ նեղ օրերու համար պահած իր վերջնական ապաւէնը՝ հինգ ոսկին ափին մէջ, դուռէն դուրս կը սպրդի:
Կ'ուզէր բարի գործ մը տեսնել, որպէսզի Երկնաւոր Դատաւորին առջեւ ելած պահուն Անոր առջեւ ըսելիք բան մը ունենար՝ ի պաշտպանութիւն իր անձին: Չէ՞ որ ողջ էր տակաւին, հոգ չէ թէ մօտ էր իր մահը:Տարիքոտ մարդը դողդոջ քայլերով կը յառաջանար, ձեռքին պինդ բռնած իր գանձը: Շատ չանցած խառնուեցաւ ամբոխին: Իր ճպռոտած աչքերով ժողովուրդին մէջ իր օգնութեանը կարօտ մէկը կը փնտռէր: Սակայն այդ զուարթ մարդոց մէջ կարծես իր օգնութեան պէտք ունեցող մէկը չկար: Ամէն մարդ աղուոր ծրարներ բռնած, կը յառաջանար հապճեպ քայլերով: Առանց իր կողմն իսկ նայելու, կ'անցնէին խնդալով և խօսելով:
Տարիքոտ մարդը, թանկարժէք ապարանջաններ, մանիակներ, և մատանիներ ցուցադրուած ցուցափեղկ մը հիացումով դիտող դերատի աղջկան մը մօտեցաւ և ըսաւ.
- Ներեցէք, օրիորդ, կ'ուզէիք որ ատոնցմէ ձեր հաւնածը ձեզի համար գնեմ:
- Կորսուէ' գնա, թէ ոչ քեզ ոստիկանին կը յանձնեմ, պոռաց աղջիկը:
Ադկէ յետոյ երեք անգամ եւս փորձեց խօսիլ օտարականներու՝ միայն վռնտուելով անոնցմէ:
Տարիքոտ մարդը, չէր անդրադառնար, թէ իր կապկպուած գլխով ու դէմքով, վրայի ահաւոր սպիներով ինչ սարսափելի կերպարանք մը կը պարզէր:
Ոստիկան մը, տեսնելով որ ան կը դեգերէր Կաղանդ Պապուկի մը շուրջ, որ ողորմութեան յատուկ երկաթէ տուփ մը կ'երկարէր աջ ու ձախ, անոր հրամայեց հրապարակէն հեռանալ:
Սրտին մէջ ծանր կսկիծով, տարիքոտ մարդը ետեւի փողոցներէն մէկուն մէջ կը մխրճուի՝ յուսաբեկ: Հնօրեայ եկեղեցիի մը աստիճաններէն մէկուն վրայ նստած, ապուշ-ապուշ շուրջը կը դիտէ:
Ցուրտը սկսէր էր ոսկորներուն թափանցել, երբ ականջին ձայն մը կը հասնի: Ծերուկը կը դառնայ և կը տեսնէ, որ աղջնակ մը կանգնած է քովը: Հազիւ տասերեք տարեկան, ժպտուն և նիհարուկ աղջնակ մը:
- Պարոն, կ'ըսէ իրեն, կ'ուզէիք սա տաս դահեկաննոցը ընդունիլ ինձմէ:
Տարիքոտ մարդը, բժոտած աչքերը բացխփելով՝ ծուռ-ծուռ աղջկան կը նայի: Ուրիշ առթիւ այլոց տուած մէկ դահեկանն անգամ սիրով կ'առնէր: Բայց այդ գիշեր ոչինչ կ'ուզէր ստանալ: Տալ կ'ուզէր, տալ միայն:
- Քեզմէ ո՞վ դրամ խնդրեց աղջիկ, կորսուէ գնա ասկէ, ըսաւ:
- Շատ կը խնդրեմ, որ ընդունիք, շատ կարեւոր է այդ ինծի համար: Գիտէք, ես իմ փոքրիկ եղբօրս խնամակալուհին եմ: Ես կը մեծցնեմ զինքը: Հինգ տարեկան, շատ անառակ բան մըն է: Գիտէք, պարոն, խնդիրը Կաղանդ Պապուկի հարցին շուրջ կը դառնայ: Որովհետեւ եղբայրս կը հաւատայ անոր: Չեմ կրնար հասկցնել իրեն, թէ Կաղանդ Պապուկ ըսուածը հէքեաթ է միայն: Ինչ կերպ ալ որ համոզելու ջանամ զինքը, ինք վստահ է, թէ Կաղանդ Պապուկը իրեն կարմիր գոյնով «հրշէջ ինքնաշարժ» մը պիտի բերէ: Վստահ է նաեւ, թէ իր խաղալիքը անպայման դրուած պիտի ըլլայ խոհանոցի կրակարանին մօտիկ՝ վաղն առաւօտ երբ արթննայ ինք: Ուրեմն ահաւասիկ, պարոն, ես այդ խաղալիքը ծախու առնելու չափ դրամ չունիմ: Ամբողջ ունեցածս տաս դահեկան է միայն:
- Եթէ այդպէս է, հապա ինչո՞ւ փորձեցիր, որ այդ տաս դահեկանդ նուիրէիր ինծի:
- Որովհետեւ եղբօրս փափաքած «հրշէջ ինքնաշարժը» պէտք է որ ծախու առնուի անպայման:
- Էհ, այդ ի՞նչ հանելուկ է, ա՜յ աղջիկ:
- Իմ վարժարանիս ուսուցիչը կ'ըսէ, թէ երբ բան նուիրենք յանուն և ի սէր Աստուծոյ՝ անոնց, որոնք պէտք ունին ատոր, մենք վերջը շատ աւելին ձեռք կը ձքենք: Աւետարանին մէջ ալ արդէն կ'ըսուի: Կարեւորն այն է, որ մարդ հաւատք ունենայ:
Այդ տղայական բացատրութեան վրայ տարիքոտ մարդը երկար կը մտածէ: Այդ գիշեր իր ուղեղը սովորականէն ալ դանդաղ կ'աշխատէր: Այսինքն գլուխը հազիւ բան կը մտնէր: Բայց մտածած ատեն, ձեռքը դրած էր փոքրիկին ուսին, կարծէք չէր կրնար հանդուրժել, որ այդ աղջնակը ձեռքէ հանէր:
- Ըսածդ շատ ճիշդ է, ըսաւ վերջապէս, տուր ինծի այդ տաս դահեկաննոցը: Շատ ճիշդ է ըսածդ: Հիմա գոցէ' աչքերդ: Նախ երկնցուր ձեռքերդ: Այո, այո՜, ճիշդ այդպէս...:
Աղջնակը երբ աչքերը բանալու հրաման կը ստանայ, իր ափին մէջ կը տեսնէ փաս-փայլուն, հինգ ոսկին:
Փոքրիկ աղջնակը զարմանահար բացագանչութեանբ մը թեւերը կ'անցնէ ծերուկի վիզին և անոր մազ-մօրուքին մէջէն կը համբուրէ անոր շրթները և յետոյ ուրախութենէն խայտալով կ'աղաղակէ:
- Շնորհաւոր Նոր Տարի և Ս. Ծնունդ, Աստուած օրհնէ մեզ՝ բոլորս...:
Ապա, վազելով կը կորսուի գիշերային խաւարին մէջ:
Երբ ժամ մը վերջ բարեսէր մարդը կը հանդիպի ծերուկին, կը տեսնէ, որ ան դեռ նստած կը մնայ եկեղեցիին աստիճաններուն վրայ՝ ուրախ և երջանիկ, իր հրաշագործ տաս դահեկաննոցը ափին մէջ բռնած՝ պինդ...:


ՔՐԻՍՏՈՍ ԾՆԱՒ և ՅԱՅՏՆԵՑԱՒ
ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ
ՁԵԶ և ՄԵԶ ՄԵԾ ԱՒԵՏԻՍ


Շուշան Գորտոնճիեան
30-Դեկտեմբեր-2009 Չորեքշաբթի
Իսթանպուլ

Saturday, December 26, 2009

ՇՆՈՐՀԱՒՈՐ ՆՈՐ ՏԱՐԻ և ՍՈՒՐԲ ԾՆՈՒՆԴ




ԽՈՐՀՈՒՐԴ ՄԵԾ



Խորհուրդ մեծ և սքանչելի, որ յայսմ աւուր յայտնեցաւ

Հովիւք երգեն ընդ հրեշտակս տան աւետիս աշխարհի

Ծնաւ նոր Արքայ ի Բեթղեհէմ քաղաքի,

Որդիք մարդկան օրհնեցէք զի վասն մեր մարմնացաւ.

Անբաւելի երկնի և երկրի ի խանձարուրս պատեցաւ

Ոչ մեկնելով ի Հօրէ ի սուրբ այրին բազմեցաւ:





Չորս տարեկան էի, մեծ մայրս ձեռքս տետրակ մը ու մատիտ մը տուաւ: Չէի գիտեր, թէ վրան ի՞նչեր գրուած էր: Տարի մը վերջ անդրադարձայ, թէ ես հայերէն տառերը կը գրէի: Հինգ տարեկան հասակիս, թէ հայերէն կարդալ և թէ գրել սորվեցայ:

Շատ լաւ կը յիշեմ, վեց տարեկան էի, Յիսնակի օր մեծ մայրս ձեռքս թուղթ մը տուաւ: Այդ թուղթին վրայ « Խորհուրդ Մեծ »ը գրուած էր:

Ըսաւ.

-«Խորհուրդ Մեծ»ը կարդայ: Լաւ մը սորվէ, յետոյ ինծի արտասանէ:

Մէկ շաբաթ վերջ առանց կարդալու, գոց արտասանել սկսած էի:

Մեր տան մէջ Կաղանդի ու Ս. Ծնունդի պատրաստութիւնները Յիսնակի օրէն կը սկսէր: Երբ Յիսնակի օրը հասնէր, մեծ մայրս ամանի մը մէջ գոյնզգոյն եօթ մոմ կը տեղաւորէր: Ամէն շաբաթ «Խորհուրդ Մեծ»ը երգելով մոմ մը կը վառէինք:

Յիսնակէ մի քանի շաբաթ վերջ տօնածառը մէջտեղ կ'ելլէր: Հիւրասենեակին ամենալաւ անկիւնը կը տեղաւորուէր: Տօնածառը, ուրախութեամբ կը զարդարէինք: Կաղանդուայ նուէրներ կը գնէինք և այդ նուէրները տօնածառին շուրջ կը տեղաւորէինք:

Մենք, Պաղլարպաշը կը բնակէինք: Մեր տան ճիշդ դէմը Ս. Կարապետ Եկեղեցին, աջ կողմը Սեմերճեան-Ճեմարան վարժարանը, փողոցին անկիւնն ալ Սեմերճեան- Ճեմարան-Ներսէսեան-Երմոնեան Սանուց Միւութիւնը կը գտնուէր:

Մայրս շատ լաւ չէօրեք կը շինէր: Սեմերճեան-Ճեմարան վարժարանի երկու խոշոր ափսէները մեր տունը կը բերէինք: Մայրս չէօրեքները այդ ափսէներուն մէջ կը շարէր և մեր թաղի փուռը կը տանէինք: Չէօրեքները, հոն կ'եփէինք: Եփելէ վերջ տուն կը բերէինք: Մէկ ափսէն, մեր թաղի խանութպաններուն, իսկ միւս ափսէին կէսն ալ դրացիներուն կը բաժնէինք: Ափսէները դպրոց կը վերադարձնէինք՝ չէօրեք լեցուն:

Անուշապուրն ու զէրտէն մեր կաղանդի սեղանին ամենալաւ անկիւնը կը գրաւէր: Խոշոր կրակարան մը ունէինք: Կաղանդէ մէկ շաբաթ առաջ այդ կրակարանը մէջտեղ կ'ելլէր: Անուշապուրը, այդ կրակարանին վրայ կ'եփէր: Մեր տան սովորութիւնն է, անպայման անուշապուրը հարս կ'ընենք: Ցորենը առանց միջուկի խաշելէ յետոյ, գիշերը կրակարանին վրայէն վար կ'առնէինք: Հիւրասենեակի թիկնաթոռին վրայ ճերմակ լաթ մը կը ծածկէինք: Անուշապուրի սանը այդ թիկնաթոռին վրայ կը տեղաւորէինք: Անուշապուրի սանը, մեր ընտանիքի բոլոր անդամներուն յաջորդ օրուայ հագուելիք հագուստներով կը ծածկուէր: Առաւօտուն, բոլորս անուշապուրի սանին շուրջ կը հաւագուէինք: Մեծ հայրս կամ հայրս մեր հագուստները կը բաժնէր և խաչ մը հանելով սանին կափարիչը կը բանար: Դգալ մը ցորենի հատիկ առնելով իր դրամապանակին մէջ կը նետէր: Նշանակութիւնը պէրէքէդ ու յաջողութիւն է: Ես, այս աւանդութիւնը մինչեւ այսօր կը շարունակեմ:

Ամէն տարի կաղանդը մեր տան մէջ կը տօնէինք, որովհետեւ մեծ հայր ու մեծ մայրեր մեր տան մէջ միասին կ'ապրէինք: Բոլոր ընտանեկան մերձաւորները, մեր տունը կուգային:

Կաղանդի գիշեր անպայման կաղանդ պապուկը մեր տունը կը հանդիպէր: Մեր տան դուռը կը զարնէր ու մենք զայն ներս կը հրաւիրէինք: Ան, մեր հիւրասենեակի ամենալաւ անկիւնը, տօնածառին քով կը նստեցնէինք: Ես կաղանդ պապուկէն շատ կը վախնայի: Տարիներ վերջ սորվեցայ, թէ կաղանդ պապուկը մեծ մայրս է եղեր:

Երբ կը բաղդատեմ այսօրուայ տղաքը և մեր ժամանակի տղայութեան օրերը, երկուքի միջեւ շատ մեծ տարբերութիւններ կը տեսնեմ: Այսօրուայ տղաքը շատ արթուն են: Ամէն նիւթէ տեղեակ են: Ոչ վախ ունին, ոչ ալ ուրիշ մի բան: Հարցումներու պատասխանը անմիջապէս կուտան: Մեր ժամանակը այդպէս չէր: Մենք, մեր մեծերուն մեզի պատմած ամէն բանին կը հաւատայինք:

Տարիներ, մօրս ետին կը պահուըտէի և այդպէս կաղանդ պապուկին քովը կը մօտենայի: Այդ տարիներու յիշատակները անմոռանալի են: Վեց տարեկան էի: Կաղանդ պապուկը ձեռքի շարժումով մը ինծի քովը կանչեց: Տոպրակին մէջէն նուէր մը հանեց, որպէսզի ինծի տայ: Ես ձեռքս երկարեցի, որ նուէրս առնեմ, սապէս ըսաւ.

-Ոտանաւոր մը արտասանէ, որպէսզի այս նուէրին արժանանաս:

Ես, մօրս ետին պահուըտելով սկսայ «Խորհուրդ Մեծ»ը երգել: Իմ ընտանեկան բոլոր անդամները, ինծի ուրախութեամբ ծափահարած էին: Կաղանդ պապուկը, մեր տան բոլոր անդամներուն նուէրները բաժնելէ և խրատական պատմութիւնն ալ պատմելէ վերջ, մեր տունէն կը հեռանար:

Կաղանդ պապուկը մեկնելէ վերջ, մեծ հայրս իր թոռնիկներուն ձեռքը լապտերներ կուտար: Մենք փոքրիկներ, մեր ձեռքը լապտերներ դրացիներուն դուռը կը զարնէինք ու մէկ բերան սապէս կ'երգէինք:

-Մելքոն, Գասպար և Պաղտասար, Ա՜ւետիս, Ա՜ւետիս: Շատ Տարիներու Մայրիկ, Շատ Տարիներու Հայրիկ:

Այս դէպքը, ոչ թէ նուէր ստանալու, այլ դրացիները մեր տունը հրաւիրելու օրէնք մըն էր:

Մեր բարեկամներէն մին ձեռնադաշնակ, իսկ միւսն ալ սաքսաֆօն կը նուագէր: Մեր տան մէջ, շատ լաւ կը զուարճանայինք:

Առաւօտուն երբ արթննայինք «Բարիլոյս» ըսել արգիլուած էր: Անպայման «Շնորհաւոր Նոր Տարի» պիտի ըսէինք և մեր մեծերուն ձեռքը պիտի համբուրէինք: Նախաճաշէ առաջ եկեղեցի կ'երթայինք ու կ'աղօթէինք: Մեր աղօթքը, առողջութեան, յաջողութեան ու խաղաղութեան համար կ'ըլլար:

Տուն վերադարձին, բոլոր ընտանեկան անդամները նախաճաշի սեղանին շուրջ կը հաւաքուէինք: «Տէրունական Աղօթք»ով մեր նախաճաշին կը սկսէինք: Նախաճաշէ վերջ, մեծ հայրս մատի շարժումով օրացոյցը ցոյց կուտար: Օրացոյցը, իր քովը կը տանէինք: Առաջին էջը կը բանար և հիւրասենեակի սեղանիկին վրայ կը տեղաւորէր:

Այսպէսով, Նոր Տարի մը ևս կը սկսէր:

Յարգելի ընդերցողներս,

«Կը Շնորհաւորեմ Ձեր Բոլորին Նոր Տարին և Սուրբ Ծնունդը»





Շուշան Գորտոնճիեան

23-Դեկտեմբեր-2009 Չորեքշաբթի

Wednesday, November 25, 2009

Ա. Բ. Գ. Ի ԴԱՍԸ





Թերեւս ինծի պէս շատերն ալ մոռցած ըլլան թէ մանկութեան ո՞ր տարիքին կամ ո՞ր օրուան մէջ սկսած են իրենց առաջին դասը այբուբենի, թէ ո՞ր ձեռքերով իրենց կպչուն ու դողդոջուն մատները առաջնորդուեցան սեւ գիրերու վրայէն, կամ թէ ի՞նչ եղաւ իրենց տպաւորութիւնը՝ երբ արդէն ընտանի դարձած յօդաւոր ձայներու խորհրդաւոր ձեւերը առաջին անգամ ճերմակ նիւթի մը վրայ տեսան անշարժ ու խօսուն:

Յիշատակի մեծ կորուստ մը նկատած եմ Ա. Բ. Գ. ի դասիս մոռացումը. անով մտքիս պատմութեան աղքատ էջերուն ամենէն սիրուն տողերը եղծուած կը տեսնեմ. մանկութեանս տարտամ օրերուն վերջամնաց վիշտերէն մէկը եղած է այն, որ երբեմն ստգտանքը կը դառնայ անպատսպար յիշողութեանս:

1898 Հոկտեմբեր 26-ին՝ պիտի այցելէի Օշականի Եկեղեցին՝ Ս. Մեսրոպի դամբարանովը կրկնակի նուիրանակացած այդ սրբավայրը: Երկու օր առաջ սիրտս տրոփման մէջ էր. միամիտ ու անպայման երկիւղածութենէ մը բռնուած՝ գերագոյն վարժապետին ո՜տքը պիտի երթայի:

Գիւղի եկեղեցին հասած՝ ներս մտայ ստորերկեայ փոքրիկ մատուռէն՝ որուն աջակողմը կը տեսնուէր ցած ու անշուք դամբարանը. անդիմադրելի այլայլում մը խռովեց զիս. չէի ուզեր հաւատալ թէ անոր ներքեւ փոշի դարձած ոսկորներ գտնուէին. ինծի համար Մեսրոպը ապրող ու դրապէս ներշնչող հոգի մըն էր. ափ մը հողի տակ ի՞նչպէս կրնայի թաղել կենդանի գիրը:

Անթարգմանելի հակասութեամբ մը ընդվզած բոլոր էութիւնս՝ խուլ քրթմնջիւն մը կը հանէր իր խորերէն. անմահներու ճակատագիրը ծաղրելու համար սարքուած կատակ մը կը թուէր ինծի այդ մարմարիոնէ կափարիչը: Հարկ էր սակայն մօտենալ անոր, ծնրադրել ձոյն հիացումի մը մէջ , ու համբոյրի տաք շրթունքներով քարի մը պաղ երակներուն մէջէն ծծել հոգեկան կայծեր՝ երկար դարերով իրենց կրակը անշէջ պահող նուիրական նշխարներէն:

Զգայական այդ վրդովումին մէջ տխեղծ ու բոպիկ մանկութեանս դեղնած ու վեհերոտ վայրկեանները ետ դարձած էին. այբուբենի առաջին դասիս մոռացման վիշտը՝ կսկիծի մը խայթով արթնցած՝ անհուն տենչանքի մը փոխուած էր կուրծքիս տակ, ու եթէ Մեծ Վարդապետին ստուերագիծ ձեռքը տեսնէի գէթ՝ ոսկի տառերով մագաղաթի մը վրայ, կամ աննման Քահանայապետին գոհար գիրերով զարդարուած լանջապանակ տախտակը տեսնէի գէթ՝ առաջին ու անգիտակից շարժումս պիտի ըլլար անգամ մըն ալ ծնրադրել ու թախանձագին խնդրել իրմէ.

-Աղուոր Ա. Բ. Գ. էն դաս մը տուր ինծի:

ԵՂԻՇԷ ԵՊԻՍԿ. ԴՈՒՐԵԱՆ


Շուշան Գորտոնճիեան
24-Նոյեմբեր-2009 Երեքշաբթի
Իսթանպուլ

Saturday, November 14, 2009

ՊԱՏՃԱՌԸ Ի՞ՆՉ Է




Փոքրիկ տղան Աստուծոյ հանդիպիլ կ'ուզէր: Ան շատ լաւ գիտէր, թէ Աստուած շատ հեռուները կը գտնուէր: Ուստի ճամբորդութեան պիտի ելլէր ու Աստուած պիտի բնտրէր: Պայուսակին մէջ կարկանդակներն ու պտուղի ջուրերը լեցուց և ճամբայ ելաւ:
Երկար ատեն քալելէ յետոյ, ընդարձակ պարտէզի մը մէջ, ծառի մը տակ նստաւ: Շատ անօթեցած էր: Պայուսակին մէջէն կարկանդակ ու պտուղի ջուր հանեց: Այդ միջոցին տարիքոտ մարդ մը տղուն մօտեցաւ և սկսաւ անոր նայիլ: Փոքրիկ տղան, իր ձեռքի պայուսակէն կարկանդակ մը հանեց ու տարիքոտ մարդուն երկարեց: Մարդը ժպտելով փոքրիկ տղուն ձեռքէն կարկանդակը առաւ և անոր քովը նստեցաւ: Այդ ժպիտը այնքան առիքնող էր ու հոյակապ և մարդուն այնպիսի պատկառազդու երեւոյթ մը կու տար, որ տղան փափաքեցաւ մարդուն երեսի այդ ժպիտը անգամ մը եւս տեսնել: Պայուսակին մէջէն պտուղի ջուր մը հանեց ու մարդուն երկարեց: Մարդը իր շնորհակալութիւնը դարձեալ ժպտելով մը յայտնեց: Տղան շատ ուրախ էր և երջանիկ: Բոլոր օրը այդ ծառին տակ նստած կարկանդակ կերան: Բառ մը իսկ չի խօսեցան: Միմիայն իրարու ժպտեցան:
Երբ գիշեր եղաւ փոքրիկ տղան յոգնած զգաց: Ոտքի ելաւ և քանի մը քայլ առնելէ յետոյ ետ դարձաւ: Վազելով մարդուն փաթթուեցաւ: Տղուն հետ առանց խօսելու գրկախառնումի ընթացքին, մարդուն երեսին վրայ իր ամենագեղեցիկ ժպիտը գծագրուեցաւ:
Փոքրիկ տղան տուն վերադարձաւ: Մայրը, իր տղուն երջանկութիւնը տեսնելով զարմացաւ ու հարցուց.
-Քեզի այսօր շատ երջանիկ կը տեսնեմ: Պատճառը ի՞նչ է:
Փոքրիկ տղան պատասխանեց.
-Մայրիկ, այսօր Աստուծոյ հետ ճաշեցի: Աստուած շատ գեղեցկօրէն կը ժպտի:
Տարիքոտ մարդն ալ, փոքրիկ տղուն նման, երջանիկ ու լուսապայծառ դէմքով իր տունը վերադարձաւ:
Մարդուն տղան, հօրը երեսի խաղաղութիւնը տեսնելով զարմացած հարցուց.
-Հայր. այսօր քեզի շատ երջանիկ կը տեսնեմ: Պատճառը ի՞նչ է:
Մարդը սապէս պատասխանեց.
-Պարտէզի մը մէջ Աստուծոյ հետ կարկանդակ կերայ: Ան շատ երիտասարդ է:

Ժպիտ մը, փաղաքշական՝ փայփայիչ բառ մը, ըսուածին ականջ տալ, փոքր հետաքրքրութիւն մը ցոյց տալ որքա՜ն զօրաւոր ազդեցութիւն կրնան ունենալ: Մարդու մը կեանքի ընթացքը կրնան փոխել:

Արդեօ՞ք կ'անդրադառնանք:

Մեր կեանքի տեւողութեան մարդոց կը հանդիպինք, որոնք մեր ապրումին կը խառնուին որոշ պատճառով մը, որոշ տեւողութեամբ մը, կամ՝ ցկեանս:
Բոլորին հետ ալ սիրով գրկախառնուինք:

Շուշան Գորտոնճիեան
14-Նոյեմբեր-2009 Շաբաթ
Իսթանպուլ

Monday, October 19, 2009

ԵՍ... ԻՄ... ԱՐԴԵՕ՞Ք...




Ես հայերէն կը խօսիմ:
Ես հայերէն կը կարդամ:
Ես հայերէն կը գրեմ:
Ես Հայաստանի հեռատեսիլի կայանէն հայերէն լուրեր մտիկ կ'ընեմ:
Ես ձայնասփիւռի կայաններէ հայերէն երգեր մտիկ կ'ընեմ:
Ես Հայ վարժարանի մէջ ուսանած եմ:
Ես Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցի կ'երթամ:
Ես հայերէն խօսակցութիւններ լսել կ'ուզեմ:

Իմ ընտանիքս հայախօս է:
Իմ գրադարանիս գիրքերուն մեծամասնութիւնը հայերէն է:
Իմ տունէս ներս ամէն օր հայերէն օրաթերթ՝«ՄԱՐՄԱՐԱ» կը մտնէ:

«Ես Հայ եմ» կ'ըսէ: Հայերէն չի խօսիր:
«Ես Հայ եմ» կ'ըսէ: Հայերէն չի կարդար:
«Ես Հայ եմ» կ'ըսէ: Հայերէն չի գրեր:
«Ես Հայ եմ» կ'ըսէ: Հայերէն օրաթերթ մը իսկ իր տունէն ներս չի մտներ:
«Ես Հայ եմ» կ'ըսէ: Իր գրադարանին մէջ հայերէն գիրք մը անգամ չունի:
«Ես Հայ եմ» կ'ըսէ: Եկեղեցական քարոզները օտար լեզուներով լսել կ'ուզէ:
«Ես Հայ եմ, սակայն հայերէն չեմ գիտեր» կ'ըսէ:

Արդեօ՞ք ես հիւանդ եմ:
Արդեօ՞ք ես հոգեբոյժի, դարմանումի պէտք ունիմ:
Արդեօ՞ք ես հանդարտեցուցիչ դեղերու պէտք ունիմ:
Արդեօ՞ք ես հիւանդանոցի մը մէջ երկար դարմանումի մը պէտք ունիմ:

Արդեօ՞ք ես, թէ ոչ ան...

Շուշան Գորտոնճիեան
18-Հոկտեմբեր-2009 Կիրակի
Իսթանպուլ

Thursday, September 24, 2009

ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԽԱՉԻ ՏՕՆԵՐԸ





Ինչպէս բոլոր հին առաքելական եկեղեցիները, Հայ եկեղեցին եւս ունի խաչի յատուկ տօներ:
Հայ եկեղեցւոյ տօնացոյցին, խաչին յատկացուած են չորս տօներ:
Ա.- Երեւման Ս. Խաչ
Բ.- Խաչվերաց
Գ.- Վարագայ Ս. Խաչ
Դ.- Գիւտ Խաչ

Ա.- Երեւման Ս. Խաչի տօնը Ս. Զատկի տօնէն չորս շաբաթ յետոյ կը կատարուի: Այս տօնը յիշատակումն է 351 թուին Երուսաղեմի երկնակամարին վրայ խաչի նշանին հրաշալի երեւումին:

Բ.- Խաչվերացը խաչի նուիրուած տօներէն մեծագոյնը, որ միաժամանակ տարւոյն վերջին տաղաւար տօնն է: Կը կատարուի Սեպտեմբեր 14-ի մերձաւոր կիրակիին:
622 թուին Պարսիկներու Խոսրով թագաւորը Երուսաղեմը գրաւեց: Քրիստոսի Խաչափայտը, Պարսկաստան գերի տարաւ: Քրիստոնեաներ Բիւզանդիոնի Հերակլ կայսեր գլխաւորութեամբ Պարսիկներու վրայ յարձակեցան և խաչափայտը գերութիւնէ ազատեցին: Գերութիւնէ ազատուած խաչափայտը մեծ թափօրներով և արարողութիւններով քրիստոնեայ գաւառներէ անցնելէ յետոյ Ս. Երուսաղեմ տարուեցաւ:
Այս մեծ թափօրը և խաչի բարձրացումը յիշատակելու համար մեր եկեղեցիներուն մէջ Խաչվերացի Անդաստան կը կատարուի:

Գ.- Վարագայ Ս. Խաչի տօնը յատուկ է միայն Հայ եկեղեցւոյ: Խաչվերացի տօնէն երկու շաբաթ յետոյ կը կատարուի:
Ս. Հռիփսիմէ և իր ընկերները երբ Հռոմէն հալածուելով եկան բնակեցան Վարագ Լեռը «Վանի մօտ» իրենց հետ բերին խաչափայտի մասունք մը և զայն թաղեցին որպէսզի ոչ-քրիստոնեաներու ձեռքը չանցնի:
Աղօթքի նուիրուած Թոդիկ և Յովել անուն երկու ճգնաւորներու հրաշալի պայմաններու տակ կը յայտնուի մասունքին թաղուած վայրը:
Մասունքին գտնուիլը օրուան Ներսէս Գ. Շինող Իշխանցի Կաթողիկոսի գլխաւորութեամբ հոգեւորականներու ու հաւատացեալ ժողովուրդի համար հոգեւոր ուրախութեան առիթ եղաւ:

Դ.- Գիւտ Խաչը, Խաչվերացի կիրակիէն վեց շաբաթ յետոյ կիրակի օր կը տօնուի: Խաչին գիւտը տեղի ունեցած է Կոստանդիամոս Կայսեր մօր՝ Հեղինէի ջանքերով:

Խաչը, Քրիստոնեայ հաւատացեալին պահապանն է և չարին դէմ մղուած բարի պատերազմին զէնքը:

Շուշան Գորտոնճիեան
23-Սեպտեմբեր-2009 Չորեքշաբթի
Իսթանպուլ

Friday, September 18, 2009

ԱՐՇԱԿ ՉՕՊԱՆԵԱՆ «1872-1954»ՀԱՅ ՄՇԱԿՈՅԹԻ և ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԱՆԽՈՆՋ ԴՐՕՇԱԿԻՐ




ԳԵՂՕՆ Ի ՊԱՏԻՒ ՀԱՅ ԼԵԶՈՒԻՆ

Ինչպէս գէտ մը անհուն, հինաւուրց լեռներու անմատոյց բարձունքներէն ծնած, և որ անհաշուելի ժամանակներէ ի վեր արեւուն տակ կը պտըտցնէ իր թարմ կեանքը մշտահոս ու երգեցիկ, դուն կը վազես դարերուն մէջէն, ո՜վ գեղեցիկ ու քաղցր Լեզու Հայկական: Քու ակունքդ կը կորսուի Անցեալին ալեւոր սարերուն մշուշին տակ խորհրդասքօղ: Առասպելախառն ստուերներուն վեհութեան ծոցէն, ինչպէս կաղնի մը հաստաբերձ՝ քու նորացայտ ուղխինահոսմանդ վերեւ կանգուն՝ դեռ կը տեսնենք պայծառ դէմքը հսկայ դիցակերպ Հայկին, որ քու վրադ կաթեցուց Բռնութեան դէմ առաջին բազուկը բարձրացնող ըմբոստի իր նայուածքն առնական: Եւ մեր որդիական աչքերուն զմայլած խանդաղատանքը դեռ կը նշմարէ խրոխտ շնորհը գեղեցիկ Արային, որ քու եզերքդ ի վար պահ մը շողաց ինչպէս շուշաններու, ու յետոյ, Սիրոյ և Հայրենիքին հաւատարիմ, արի մահով մը մարեցաւ, մահով մը երփնավառ ու մաքուր ինչպէս կարմիր պարտէզ մը մեծ վարդերու: Ու մեզի աւելի մօտիկ ժամանակներուն ընթացքին մէջ, ի՜նչքան դէմքեր մետաքսէ բամբիշներու, երկաթէ հերոսներու, խունկէ մարգարէներու և կրակէ բանաստեղծներու, որոնք իրենց երազը քու ջուրերուդ մէջ հայելացուցին:

Հարիւր ցեղ, է՜ն հզօրներէն և է՜ն նուրբերէն, է՜ն վայրագներէն և է՜ն ազնիւներէն, քու ափունքներէդ անցան: Անոնցմէ շատերը, որ սեւ մտածումն ունեցան քեզ ցամքեցնելու, իրենց բուռն անցքին յարուցած փոշիին մէջ թաղուելով կորան առյաւէտ, իսկ դուն անոնց անձնիւրէն շող մը, երանդ մը, թոյր մը, զանակներ առիր ու ամփոփեցիր քու ծոցիդ մէջ, քու պատմուճանիդ շքեղութիւնը անոնցմով պերճացուցիր և՝ յամառ ու մշտակայտառ՝ դարերուն մէջէն քու վազքդ շարունակեցիր:

Ո՜վ մեզի վերստին լսելի պիտի ընէ մեծապանծ նուագները, ազնուական տաղերն ու ազատաշունչ յաղթերգները զոր ալիքներդ հնչեցուցին՝ այն ոսկեղէն օրերուն, երբ փառքին երիվարը քու հողիդ վրայ սիգարշաւ կը սուրար՝ Տիգրաններուն և Տրդատներուն հուժկու ձեռքով առաջնորդուած: Ժամանակին խաւարներուն տակ թաղուած՝ կը քնանան անոնք: Բայց մենք անոնց արձագանգը կը գտնենք հզօր ու լիալիր համերգութեանը մէջ զոր դուն բարձրացուցիր Մեսրոպեան հոյլին աստուածային շունչին տակ, երբ աշխարհիս գեղեցկագոյն ծաղիկներով պճնուած ափունքներուդ մէջէն ալիքներդ, բնիկ ծիրանիովդ հագուած և արեւուն բոլոր ոսկիովը լուսաշող, արքայական թափորի մը մեծավայելչութեամբ ծաւալեցան:

Օր մը, մրրիկ մը քեզ սարսրեց, և ջուրերդ, փրփրակուտակ, յարձանապտոյտ և մեծամռունչ, արջնաթոյր ու փայլակներով պատռտուած, անօրինակ երգ մը բարձրացուցին, մոլեգին ու դաշնաթաւալ, վեհօրէն դաժան ու քաղցրօրէն ահաւոր, երգ մը կարծես սարսափով ու գթութեամբ լեցուն հրեշտակապետի մը փողովն հնչուած՝ երախաբաց դժոխքին արհաւիրքներուն վերեւ: Նարեկայ մոնազին հոգին էր որ վրայէդ կ'անցնէր...

Ատեններ յետոյ, լուսնակ գիշեր մը աննման անուշութեամբ քեզ լուսածաղկեցուց. ջուրերդ, անդոյր ալեակներով, երանաւէտ յափշտակութեան մը մէջ մեղմօրօր, արծաթ նշոյլներու մեղրահոս տարափի մը տակ ցոլցլուն, երգեցին նուագ մը սիրոյ և օրհնութեան: Շնորհալիին սիրտն էր որ վրադ կը ճառագայթէր...

Եկան մեծ աղետի օրեր: Փառքն ու զօրութիւնը հեռացան ափերէդ: Թշուառութիւնը ծանրացաւ վրադ: Ժանտ հովեր իրենց սեւ թեւերով ծոցդ բզքտեցին: Արիւնի անձրեւ մը տեղաց վրադ ու քեզ կարմրցուց: Դիակներու աղիողորմ շեղջակոյտեր ալիքներուդ վրայ ծփացին: Ջուրերդ աղարտուեցան, փտութեան պիղծ գոյներ զգեցան: Ու պահ մը մահուան աղջամուղջը զգացիր քու վերեւդ հոլաթեւ: Եւ սակայն քու ներքին կորովդ յաղթեց մահուան, և դուն վերակենդանացար, նորոգուած և աւելի քան երբեք երիտասարդ: Նոր գարուն մը ճաճանչեց, քու ջուրերդ մաքրեց, բիւրեղի թափանցկութիւն և մարգարիտի փայլ տուաւ անոնց, քնքուշ թեւերով զեփիւռ մը ծոցդ զովացուց, ափերուդ վրայ այգիներ փթթեցան, ու սոխակներ եկան՝ անոնց բարի ստուերներուն մէջ թաքչած՝ իրենց գորովոտ խաղերը գեղգեղել: Աշուղներուն երամն էր մելանուշ...

Եւ այսօր, ա՜յնքան այլազան վայրերու, ա՜յնքան բազմաթիւ դարերու ա՜յնքան տարանման իրադարձութեանց մէջէն անցնելէ, է՜ն մաքուր փառքերն ու է՜ն սոսկալի փորձանքները ճանչնալէ յետոյ, դուն հոսիս միշտ, ո՜վ Լեզու Հայկական, կը հոսիս առոյգ և պայծառ: Դարաւոր վազքդ քեզ չէ յոգնեցուցած, քեզ չէ ծերացուցած: Մշտանորոգ երիտասարդութեան գաղտնիքը քու մէջդ է: Դուն հիմայ կը միացնես քու դասական մեծ օրերուդ ոսկեհուռ պատմուճանին պերճութիւնը աշուղական սատափաշող շրջանին փափուկ շնորհին, մերթ անպատում քաղցրութիւնն ունիս մեր մայրերուն գորովով ակաղձուն նայուածքին, մերթ կուռ փայլը մեր հերոսներուն արոյրէ հոգիին, մերթ կը ցոլացնես ահեղ կարմիրը մեր գեհենական աղետներուն և մերթ արեգակնափայլ ճառագայթումը մեր ազնիւ յոյսերուն: Եւ քու ջուրերուդ բոլոր բերաններովը դուն Ազատութիւնը երգեցիր, այնպիսի խոր, ուժեղ և անուշ շեշտով մը, որ Արեւելքն ամբողջ ցնցուեցաւ և զայն գերեզմանող խաւարին մէջէն ահա արդէն կը տեսնենք մեծ Այգու մը առաջին ճաճանչներուն շողիւնը...

Ո՜վ մեր Լեզուն, հայելի՜ մաքրութեան, գորովի և արութեան, դուն մեր հոգին ու մեր արիւնն ես, դուն մեր զրահն ու մեր փառքն ես: Դուն ամենէն բարձր երեւոյթներէն մէկն ես տիեզերական Ուժին: Որքան ատեն որ Կեանքը երկրիս վրայ տեւէ, դուն պիտի շարունակես յաղթականօրէն քու վեհանձն ու պայծառ գնացքդ Ժամանակին անծայր դաշտերուն մէջէն:

Արշակ Չօպանեան
Կ. Պոլիս, 1908, Հոկտեմբեր

Շուշան Գորտոնճիեան
17-Սեպտեմբեր-2009 Հինգշաբթի
Իսթանպուլ