Friday, August 28, 2009

ԿԱԶԴՈՒՐՄԱՆ ԿԱՅԱՆ


Մանուկները ազգի մը և ժողովուրդի մը մեծագոյն գանձերն են, անկէ աւելի թանկագինը չկայ եւ ինչպէս որ ամէն անձ իր գանձերուն վրայ կը գուրգուրայ, մենք ալ պէտք է գուրգուրանք մեր զաւակներուն վրայ:
ԵՐՋԱՆԿԱՅԻՇԱՏԱԿ ՇՆՈՐՀՔ ԱՐՔ. ԳԱԼՈՒՍՏԵԱՆ
ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՈՑ ԹՈՒՐՔԻՈՅ
«Ծնեալ՝ 1913, Պատրիարք՝ 1962-1990»
Իսկական Հիմնադիր Գնալըի Կազդուրման Կայանի

Իսթանպուլահայ համայնքը իր բարեսիրական հաստատութեանց կողքին ունեցաւ նաեւ նիհարակազմ մանկանց ԿԱԶԴՈՒՐՄԱՆ ԿԱՅԱՆ մը, որ ժողովրդական շրջանակներու մէջ ծանօթ է «Ամառնային Քամբ» կամ պարզապէս «Քամբ» անունով: Այս հաստատութեան նպատակն է պատեհութիւն տալ համայնքիս կարօտ զաւակներուն, որ ամառնային կազդոյրի շրջան մը բոլորեն օդասուն վայրի մը՝ և առողջապահական լրիւ պայմաններու մէջ:
Այսօրուան «Քամբ»ը կը գտնուի Մարմարա ծովու երբեմնի հռչակաւոր «Իշխանաց Կղզիներ»էն փոքրագոյնին՝ Գնալըին վրայ և այս իսկ պատճառով աւելի ծանօթ է «Գնալը Քամբ»ը ժողովրդային կոջումով:

Շուշան Գորտոնճիեան
28-Օգոստոս-2009 Ուրբաթ
Իսթանպուլ

Tuesday, August 25, 2009

ԲԱԺԱԿ ՄԸ ԳԻՆԻ




Գիտնականը արքայական խնճոյքի մը հրաւիրած էին: Թագաւորը, թագուհին, հիւրերը և գիտնականը սեղանին շուրջ նստած թէ կը ճաշէին և թէ գինի կը խմէին: Պահ մը գիտնականը ոտքի կանգնեցաւ և գինիին բաժակը վեր բարձրացնելով թագաւորին ու թագուհիին ըսաւ.
-Այս գինին ձեր փառքին համար պիտի խմեմ:
Իր խօսակցութիւնը վերջացուց և բաժակ մը գինին գետին թափեց:
Հիւրերը զայրացան: Ծիծաղիլով գիտնականին հարցուցին.
-Դուն խելքդ կորսնցուցիր: Ինչո՞ւ գինին գետին թափեցիր:
Գիտնականը սապէս պատասխանեց.
-Դուք ծիծաղի արժանի էք: Եթէ ես գինին գետին չթափէի, քանի մը ժամ վերջ ան ինծի գետին պիտի թափէր:

Շուշան Գորտոնճիեան
24-Օգոստոս-2009 Երկուշաբթի
Իսթանպուլ

Monday, August 17, 2009

ԲԱՐՁՐ ՈԳԻ




Հայ երիտասարդ մը, եւրոպական քաղաքի մը համալսարանը ուսանելու գնաց: Երբ երիտասարդը համալսարան հասաւ, իր դէմը գործաւորի հագուստով մարդ մը ելաւ: Մարդը, անմիջապէս երիտասարդին պայուսակները շալկեց և զինքը ներս առաջնորդեց:
Երիտասարդը, մարդուն հարցուց.
-Այս համալսարանի տնօրէնը ո՞ւր է:
Մարդը պատասխանեց.
-Ես եմ այս համալսարանի տնօրէնը:
Երիտասարդը նախ եւ առաջ շատ զարմացաւ, յետոյ հասկցաւ թէ տնօրէնը ամէն օր դասարաններու վառարանները ածուխով կը լեցնէ, պարտէզը կը ջրէ, ճաշարանի սեղաններուն սպասարկութիւնը կ'ընէ եւ ամանները կը լուայ:
Երիտասարդ ուսանողը նախ ամչցաւ նման գործեր ընելէ, բայց յետոյ վարժուեցաւ: Ատեն մը վերջ տեսաւ թէ «ցած» ու «բարձր» գործ գոյութիւն չունի և որեւէ գործ «բարձր ոգիով» կատարել կարելի է:

Շուշան Գորտոնճիեան
17-Օգոստոս-2009 Երկուշաբթի
Իսթանպուլ

Monday, July 13, 2009

ՀԱՅՐ ՈՒ ՈՐԴԻ





Փաստաբան մը զաւակ մը ունեցաւ: Ծնած օրէն իսկ այդ զաւակը արժեց մօրը մահը: Փաստաբանը մեծ սիրով մը կապուած էր իր կնոջ: Եւ այդ կորուստը խորապէս ցնցեց իր բարոյական աշխարհը: Իր երիտասարդութեան շրջանին ան եղած էր կրօնասէր մէկը: Սակայն այդ մեծ կորուստէն յետոյ բոլորովին կորսնցուց իր հաւատքը:
-Աստուած ի՞նչ իրաւունք ունէր իր կինը խլելու ձեռքէն:
Այս էր իր տրամաբանելու եղանակը: Եւ աստիճանաբար խրեցաւ անաստուածութեան մօրուտին մէջ: Դառնագին հեգնանքով մը սկսաւ ծաղրել ուրիշներու հաւատքը: Այդ ծաղրանքէն մեծ հաճոյք կ'առնէր: Իր բոլոր ծանօթները գիտէին, թէ կեանքի վրայ կը նայէր ծայրագոյն յոռետեսութեամբ: Իր սիրած միակ զբաղումն էր ուրիշներու յոյսն ու խանդավառութիւնը ոտքի տակ առնել, ուր որ ալ ըլլար, որու հետ ալ որ տեսնուեր: Երբ իր տան մէջ հիւրեր ըլլային եւ խօսքը դառնար անմահութեան շուրջ, ահռելի ծաղրանքով մը կ'ըսէր:
-Անգամ մը որ մեռար, կը նշանակէ հող դարձար գացիր ալ ի՞նչ անիմաստ յոյսեր սնուցանելու հարկ կայ որ:
Մինչ այդ իր մանչուկը կը մեծնար խնամակալուհիի մը հոգածութեամբ: Պզտիկը շատ յաճախ կը լսէր հօրը այդ կարծիքը եւ այդ գաղափարով ալ հասակ կը քշէր:
Օրին մէկը խնամակալուհին խնդրեց, որ մտերիմ տեսակցութիւն մը ունենար փաստաբանին հետ: Այդ տեսակցութեան ընթացքին յայտնեց,թէ իր զաւակը սկսած էր գէշ հայհոյանքներ ընել եւ ըմբոստանալ իր դէմ:
-Հարկ է իր հետ խօսիք անգամ մը այս ուղղութեամբ:
Եզրակացուց խնամակալուհին:
-Ինծի ղրկեցէք զինքը, ըսաւ փաստաբանը:
Հայր ու զաւակ չափչփեցին զիրար:
-Որքան կը նմանի իր մեռած մօրը, անցաւ հօրը մտքէն:
Տղուն հետ լրջօրէն խօսեցաւ անոր թերութիւններուն շուրջ եւ ճամբեց զինքը:Սակայն ոչ մէկ ազդեցութիւն էին գործած իր ազդարարութիւններն ու խրատները:
Քանի մը օր յետոյ խնամակալուհին կը ստիպուէր վերստին գանգատիլ իր մասին:
Վերջապէս տղուն սրտին դպչելիք բան մը գտնելու յոյսով փաստաբանը ըսաւ իր զաւկին.
-Գիտե՞ս տղաս եթէ մայրիկը ողջ ըլլար պիտի չուզէր
երբեք բերնէդ այդպիսի անճոռնի խօսքեր լսել:
-Սակայն մայրիկը մեռած գացած է:Անգամ մը որ մէկըմեռնի հող դարձած գացած է: Ալ ի՞նչ անիմաստ յոյսեր սնուցանելու հարկ կայ որ:
Պատասխանեց տղան, ապահովաբար հպարտ հօրը այդ ծանօթ խօսքերը կրկնելուն համար: Այդ խօսքերը դպան փաստաբանի սրտին: Անոր զաւկին բերնէն լսել այդ խօսքերը: Որքան հաւատացեալ աղջիկ էր իր կինը:
Ոտքի նետուելով ըսաւ տղուն.
-Չէ տղաս քու մայրդ ողջ է:Կ'ապրի եւ կը լսէ ամէն մէկ խօսքդ: Ես յիմարութիւն ըրած եմ ցարդ եւ ըսած խօսքեր որոնք չէին համապատասխաներ ճշմարտութեան:Ասկէ յետոյ երկուքս ալ պիտի ապրինք այնպիսի կեանք մը,որ մայրիկիդ կողմէ տեսնուելու արժանի ըլլալ:
Մեծ փոփոխութիւն մըն էր այդ: Անհաւատ փաստաբանը չէր կրնար հանդուրժել որ իր անհաւատութեան տգեղ արդիւնքները անդրադարձ ունենային նաեւ իր զաւկին վրայ:
Իսկական սիրոյ աղբիւրը իսկական հաւատքին մէջ է:

Շուշան Գորտոնճիեան
3-Յունիս-2009 Չորեքշաբթի
Իսթանպուլ

Saturday, May 23, 2009

ՏՕՆ ՀԱՄԲԱՐՁՄԱՆ ՅԻՍՈՒՍ ՔՐԻՍՏՈՍԻ




«Հայր մեր, որ երկինքն ես. թող սուրբ ըլլայ քու անունդ. քու թագաւորութիւնդ թող գայ. քու կամքդ թող ըլլայ երկրի վրայ, ինչպէս որ է երկինքի մէջ. մեր հանապազորեայ հացը տուր մեզի այսօր. ներէ մեզի մեր պարտքերը, ինչպէս մենք ալ կը ներենք մեր պարտապաններուն և մի թոյլ տար որ փորձութեան մէջ իյնանք, այլ փրկէ մեզ չարէն. որովհետեւ քուկդ է թագաւորութիւնը և զօրութիւնը և փառքը յաւիտեանս. ամէն:

Վասնզի եթէ դուք մարդոց ներէք իրենց յանցանքները, ձեր երկնաւոր Հայրն ալ ձեզի պիտի ներէ: Իսկ եթէ դուք մարդոց չներէք իրենց յանցանքները ձեր Հայրն ալ ձեզի պիտի չներէ ձեր յանցանքները»:

ՔԵԶԻ ՀԱՄԱՐ ԶԱՒԱԿՍ

Ո՞վ Քեզ նախատեց ու մտրակեց այն աստիճան որ վշտահար, անկերպարան և անճանաչելի դարձած ես, ով Ամենագեղեցիկը:
Քու մեղքերդ, զաւակս:

Ինչո՞ւ արեւափայլ ճակատդ փուշերով վիրաւորուած է, ով Սուրբ:
Քու սրտիդ կարծրութիւնը, հպարտութիւնը և ստորին փափաքներդ խորտակելու համար, զաւակս:

Ինչո՞ւ յուսալքուած այնքան խեղճեր սփոփող այդ ազնիւ ձեռքերդ ծակուած են գամերով, ով Բարերար:
Որպէսզի Աստուծոյ և Անոր Եկեղեցիին իրաւունքները գողցող քու անմաքուր ձեռքերդ մաքրուին զաւակս: Դուն սորվիս աշխատիլ, տալու համար և ոչ թէ դիտելու:
«Աւելի երանելի է տալը, քան թէ առնելը»:

Երկինքէն երկիր ճամբորդող լուսասփիւռ ոտքերդ ինչո՞ւ ծածկուած են արիւնոտ վէրքերով, ով փառաց թագաւոր:
Որպէսզի կործանումի ճամբայէն ոտքերդ ետ դարձնեմ դէպի «Հօրս տունը», զաւակս:

Ոհ, նիզակով խոցուած է կողդ, ո՜վ օրհնեալ Տէր:
Այդ աղբիւրը քեզի համար բացուած է, զաւակս, որպէսզի դուն ամբողջովին մաքրուիս և ամբիծ ու անարատ իմ առջեւս կայնիս ցնծութիւնով:

Իմ Տէրս և իմ Աստուածս:
Այո, այո բոլորը քեզի համար են, զաւակս, միայն եթէ հաւատաս և ընդունիս:

Կը հաւատամ, Տէր, օգնէ իմ անհաւատութեանս:

Շուշան Գորտոնճիեան
19-Մայիս-2009 Երեքշաբթի
Իսթանպուլ

Monday, May 18, 2009

ՊԱՐԱՊ ԲԱՆԵՐ




Մեր վարժարաններու, եկեղեցիներու և միութիւններու գանձանակները:

Հայկական թերթերու պարունակութիւնը:

Հայ գրողին գրպանները:

Հայերէն խօսիլ, գրել ու կարդալը:

Շնորհակալութիւն յայտնելը:

Ներողութիւն խնդրելը:

Գնած ընկոյզներս:

«ՌԱՄԻԶ» երգելով հայ երգը պահել կարծողին գլուխը և զայն ունկնդրողին ճաշակը:

Շատ աշխատելով հարուստ ըլլալու գաղափարը:

Նոր ճաշարան բացողին անօթի անցորդներ սպասելու յոյսը:

Ձկնորս Համբիկին ծախած ուլականջները:

Հարազատ մօրը հայհոյողին նման, բեմերէն Հայաստանը ոտքի տակ առնողին, զայն քաջալերողին և չդիմադարձողին «Հայրենասիրութիւն»ը:

Բեմ հրաւիրուած երգիչին երգելէ առաջ կէս ժամ խօսիլը:

Պետական աթոռներու թեկնածուներուն ընտրութիւններէն առաջ ժողովուրդին ըրած խոստումները:

«Օր մը, դրութիւնէն բան մը կը շտկուի»: Մտածելով, սպասելու յոյսս...

Որքա՜ն պարապ բաներ գրեցի, այնպէս չէ՞:

Շուշան Գորտոնճիեան
17-Մայիս-2009 Կիրակի
Իսթանպուլ

Tuesday, May 12, 2009

ԱՍՏՈՒԱԾ ՍԷՐ Է




Բնութիւն եւ յայտարարութիւն՝ հաւասարապէս Աստուծոյ նկատմամբ կը վկայեն: Մեր երկնաւոր հայրը աղբիւրն է կեանքի, իմաստութեան եւ ուրախութեան: Դիտէ՝ բնութեան բիւրաւոր հրաշալի եւ գեղեցիկ բաները եւ տես ի՞նչ զարմանալի կատարելութեամբ կը յարմարին անոնք ոչ միայն մարդուն, այլ եւ բոլոր կենդանի արարածոց պէտքերուն եւ երջանկութեան:
Լեռները եւ ծովերը ամէն բան մեզի Արարչին սէրը կը պատմէ: Աստուած է որ Իր բոլոր արարածոց ամենօրեայ պիտոյքները կը հոգայ: Սաղմոսերգուն, այս հոգեյոյզ մտածումը հետագայ գեղեցիկ խօսքերով կ'արտայայտէ.

«Ամենուն աչքերը Քեզի կը սպասեն,
Ու ժամանակին անոնց կերակուրը Դուն անոնց կուտաս,
Քու ձեռքդ կը բանաս,
Ու ամէն կենդանիին փափաքը կը լեցնես»:

«Աստուած սէր է»:
Այս բառերը գրուած կը տեսնենք ծաղիկներու կոկոններուն եւ մատաղածիլ խոտերուն վրայ: Սիրագեղգեղ թռչուններու, որ իրենց զուարթ դայլայլիկներով օդը դաշնակութեամբ կը յորդեցնեն: Փափուկ ծաղիկներու, որ իրենց անուշահոտ բոյրերով մթնոլորտը կը խնկեն: Ամէնքն ալ մեր Աստուծոյն հայրական հոգածութիւնն ու իր զաւակներն երջանկացնելու փափաքը կը պատմեն մեզի:
Աստուծոյ խօսքը կը յայտնէ իր նկարագիրը: Բնութեան իրերուն եւ մարդկային սրտին ճանչցած ամենէն խորին եւ խանդակաթ սիրոյ կապերու միջոցաւ, Ան ջանացած է Ինքզինքը յայտնել մեզի:
Աստուծոյ անսահման սէրը յայտնելու համար էր որ Յիսուս մարդոց մէջ ապրելու եկաւ: Աստուածորդին իջաւ երկինքէն, հայրը ցուցնելու համար:
Յիսուս, ժողովրդին հետ Իր յարաբերութիւններու մէջ ամենամեծ նրբադատութիւն եւ խոհեմ, անուաբանոյ ուշադրութիւն կը գործածէր: Ան խստաբարոյ չեղաւ երբէք ու բնաւ պէտք չեղած ատեն խիստ խօսք մը չլսուեցաւ Իր բերնէն, ոչ ալ զգայուն սիրտ մը ցաւցուց ընդունայն: Ճշմարտութիւնը կը խօսէր, սակայն միշտ սիրով: Կը հրապարակէր կեղծաւորութիւնը, բայց արցունքներ կային Իր ձայնին մէջ: Լացա՜ւ Իր սիրելի քաղաքին, Երուսաղեմի վրայ, որ մերժեց ընդունիլ զԻնքը:
Աստուածորդին միայն կարող էր մեզ փրկել: Ան կարող էր ճանչցնել Աստուծոյ սէրը:
Որքան աւելի ջանանք ճանչնալ աստուածային նկարագիրը խաչին լոյսովը, այնքան աւելի կը տեսնենք ողորմութիւն, քաղցրութիւն եւ ներողութիւն, միացած արդարութեան եւ իրաւանց հետ:

«Ամէն մարդկային կապ կրնայ խզուիլ,
Բարեկամ բարեկամի անհաւատարմանալ,
Մայրեր կրնան իրենց զաւակը սիրելէ դադրիլ,
Երկինք երկիր տեղափոխուիլ,
Բայց ո եւ է փոփոխութիւն չի կրեր
Աստուծոյ սէրը»:

Շուշան Գորտոնճիեան
11-Մայիս-2009 Երկուշաբթի
Իսթանպուլ