Wednesday, October 12, 2016

ՊԷԶԱԶԵԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆ-(ԼԻՍԷ)




ՊԷԶԱԶԵԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆ-(ԼԻՍԷ)

Պէզազեան բարձրագոյն վարժարանը' 1908   թուականին նշանաւոր դաստիարակ, ուսուցիչ Պողոս Պէզազեան Պաքըրգիւղ թաղին մէջ հիմնած է : Այդ տարիներուն վարժարանի շէնքը գործած է  նախակրդարանի և միջնակարգի բաժիններով : Յառաջիկայ թուականներուն վարժարանը կը փոխադրուի Պաքըրգիւղ, Իսթանպուլ Պողոտային վրայ գտնուող շէնքին մէջ և միայն կը գործէ լիսէի բաժինով: Իսկ այսօր Պէզազեան Վարժարանի շէնքը կը գործէ դատարան:

Երկրորդ Աշխարհամարտին, Պէզազեան Վարժարանը նիւթական անբաւաւարութեան պատճառաւ փակուած է: Այդ թուականներուն Պէզազեան Վարժարանի աշակերտութեան թիւը մօտաւորապէս 250 էր: Տարիներ վերջ վարժարանը Գումգաբը թաղին մէջ վերսկսած է դասաւանդութեան: 1943 թուականին վարժարանը կը փոխադրուի  Պէյօղլու: Այդ շրջանին վարժարանի  հոգաբարձուն Պողոս Պէզազեանի որդին Հակոբ Պէզազեանն էր:

1959 թուականին վարժարանը կը փոխադրուի Բանկալթի-Ալթընպաքքալ: Պէզազեան վարժարանը իր նոր շէնքին մէջ կը գործէ նախակրթութեան և մանկապարտէզի բաժիններով: Օտար լեզուն ֆրանսերէն է: Դժբախտաբար վարժարանը 1965 թուականին փակուելով դադրած է գոյատեւելէ:

Պէզազեան Վարժարանի գլխաւոր ուսուցիչներն էին' Արամ Նիկողոսեան, Յարութիւն Կէլիպոլուեան, Պետրոս Ատրունի, Համբարձում Յարութիւնեան, Հրանդ Տէրանթրէասեան, Ստեփան Կուրտիկեան, Օհաննէս Շահնազար:

Շուշան Գորտոնճիեան
28 Սեպտեմբեր 2016 Չորեքշաբթի
Իսթանպուլ



Saturday, February 6, 2016

ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆ




ՌԵԹԷՈՍ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ


10.10.1848–6.04.1907


 


ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆ


 


Ռեթէոս Պէրպէրեան, Պէրպէրեան վարժարանը 1 Հոկտեմբեր 1876 թուականին հիմնած էր: Պէրպէրեան վարժարանը, Գատըգիւղ թաղամասին մէջ հռոմէական եկեղեցւոյ փողոցին մուտքը կը գտնուէր: Աշակերտութեան թիւը առագօրէն աւելնալով և դպրոցական շէնքին պայմանները սահմանափակ ըլլալով 1878-1879 տարեշրջանին վարժարանը փոխադրուեցաւ Սկիւտար, Իճատիէ:


1879–1880ին այս շէնքն ալ անբաւարար ըլլալուն պատճառաւ, վարճարանը փոխադրուեցաւ Սկիւտար, Սէլամսըզ Էքմէքճիեան Նորատունքեան ընտանիքի փառաւոր շէնքը: Գիշերօթիկ աշակերտութեան թիւը երբ 80ի բարձրացաւ, վարժարանին կից Օտեաններուն շէնքը վարձեցին և այդ շէնքը գործածուեցաւ ննջարան:


Պէրպէրեան վարժարանի ուսուցումը կը տարուէր հայերէն, ֆրանսերէն, անգլերէն և արաբերէն լեզուներով: Շրջանաւարտները կը ստանային դպրութեան կամ գիտութեան պսակաւորի աստիճան: Պէրպէրեանի կրթական մակարդակը կը համապատասխանէր եւրոպական կրթական բարձրագոյն հաստատութիւններու մակարդակին: Պէրպէրեան վարժարանէ շրջանաւարտ աշակերտները իրաւունք կը ստանային իրենց ուսումը շարունակել եւրոպական համալսարաններու մէջ: Ձրիավարժ բաժինը աւարտող աշակերտները պարտաւոր էին ուսուցչական ասպարէզ նետուելու և ծառայելու իրենց բնական թաղի, քաղաքի կամ գիւղի վարժարանին մէջ:


Աւելի քան 30 տարի իր հիմնած և պաշտած վարժարանին տնօրէնութիւնը վարելէն ետք, Ռեթէոս Պէրպէրեան մահացաւ 1907 թուականին: 1910 թուականին Ռեթէոս Պէրպէրեանի անդրանիկ զաւակը Օննիկ Պէրպէրեան տնօրէնութիւնը ստանձնեց: Ան 1915 թուականին Ֆրանսա հաստատուեցաւ: Իր եղբայրը Շահան Պէրպէրեան տնօրէնութիւնը ստանձնեց: Ան ալ 1919 թուականին Ֆրանսա հաստատուեցաւ: 1919-1922 թուականներու միջեւ Յովհաննէս Եկէնեան և Զարեհ Ռիսեան վարժարանին տնօրէններն էին:


1927 թուականին դպրոցը փոխադրուեցաւ Եգիպտոս և շարունակեց գործել Գահիրէի մէջ, կրթական նոյն ծրագիրով: Անիկա փակուեցաւ 1934 թուականին, նիւթական դժուարութիւններու պատճառաւ:


Վարժարանի ուսոցիչնրն էին' Միհրան Աբիկեան, Միհրան Ասկան, Տիմիթրի Ջոլաքիտիս, Մարքիս Տէ Թէմիսլէր, Յովհաննէս Հինդլեան, Յովհաննէս Շահնազար, Գալուստ Մադատեան, Յարութիւն Մըրմըրեան, Մարտիրոս Նալպանտեան, Պետրոս Կարապետեան, Գարեգին Գավաֆեան, Նշան Գալֆաեան, Թոմաս Աճեմեան, Ստեփան Կուրտիքեան, Տիրան Ջրաքեան, Գեղամ Գավաֆեան, Էտկար Մանաս, Սիմոն Յակոբեան, Արամ Նիկողոսեան, Երուանդ Տէր Անդրէասեան:


Պէրպէրեան վարժարանը իր շուրջ կիսադարեան գոյութեան ընթացքին տուաւ մօտաւորապէս 450 շրջանաւարտ, որոնցմէ շատեր անուանի մտաւորականներ, ուսուցիչներ, ազգային և հասարակական գործիչներ դարձան: Յարգանքով յիշենք' Ռուբէն Սեւակը, Շահան Շահնուրը, Վահան Թէքէեանը, Միհրան Մալեանը, Լեւոն Թաշճեանը, Միքէ Արապեանը, բճիշկներ' Պետրոս Մախոխեանը և Պողոս Քոլոլեանը:


 


Շուշան Գորտոնճիեան

6-Փետրուար-2016 Շաբաթ

Իսթանպուլ


Saturday, November 15, 2014

ՍԱՄԱԹԻՈՅ ՍՈՒՐԲ ԳԷՈՐԳ ԵԿԵՂԵՑԻ


ՍԱՄԱԹԻՈՅ ՍՈՒՐԲ ԳԷՈՐԳ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԵՒ ՍԱՀԱԿԵԱՆ ՆՈՒՆԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՊԱՏՄԱԿԱՆԸ


 
Թուրքիոյ Հայոց Ս. Պատրիարքը Յովակիմ Եպիսկոպոս հաստատեց իր Պատրիարքարանը Սամաթիոյ մէջ:
 
Յունաց Կայսրը' III. Ռոմանոս Արկիրուի կողմէ, Բերիվլէթոս կոչուած Բիւզանդական վանքը Ս. Կոյս Մարիամի անուան նուիրուած է: «1031»
 
Իսթանպուլի գրաւման թուականը 1453 է: Այս թուականէ ութը տարի վերջ այսինքն 1461 ին Ֆաթիհ Սուլթան Մէհմէտ Իսթանպուլ հրաւիրելով Պուրսայի առաջնորդ և իրեն քաջածանօթ Յովակիմ Եպիսկոպոսը, զայն անուանեց մասնաւոր հրովարտակով' Պատրիարք Թուրքիոյ Հայոց:
 
Մասնաւոր հանդիսութեամբ յանցնեց անոր պատրիարքական իշխանութեան խորհրդանշանը եղող ասան և շնորհեց այն բոլոր իրաւասութիւնները:
 
Սամաթիոյ Թաղը առաջին տեղ կը գրաւէ Իսթանպուլահայութեան համար: Յովակիմ Եպիսկոպոսի առաջնորդութեամբ, հայ ժողովուրդը նախ և առաջ այս թաղին մէջ հաստատուեցաւ: Ապա Իսթանպուլի գրաւումէն անմիջապէս յետոյ ալ Սամաթիոյ մէջ հաստատուեցաւ Հայոց Պատրիարքարանը և կառուցուեցաւ Ս. Գէորգ Եկեղեցին իբր Իսթանպուլի առաջին Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցի: Աւելի յետոյ Յովակիմ Պատրիարքի ձեռամբ Սուրբ Գէորգ Եկեղեցւոյ կից Սահակեան անունով հիմնուեցաւ հայոց առաջին վարժարանը: Բիւզանդական շրջանին Ղալաթիոյ մէջ կը գտնուէր Ս. Սարգիս Եկեղեցին, «1360» որ 1391 թուականին անունը պիտի փոխէր «Ս. Գ. Լուսաւորիչ» ըլլալով: 180 տարի Սամաթիոյ մէջ գոյութիւնը շարունակող պատրիարքարանը 1641 թուականին փոխադրուեցաւ Գումգաբու թաղը' Պատրիարք Կիրակոս Երեւանցիի օրով:
 






 
 

1831 թուականին հիմնուեցաւ նաեւ առաջին աղջկանց վարժարանը «Նունեան» անուանբ: Սահակեան վարժարանը, զանազան թուականներու տեղի ունեցող մեծ հրդեհներու պատճառաւ երբեմն մասամբ, երբեմն ալ ամբողջութեամբ վնասուած է: Այս վարժարանը, Ս. Գէորգ Եկեղեցւոյ կողքին կրկին վերաշինուած է: 1866 թուականին պատահած ահռելի հրդեհին թէ' Սահակեան, թէ' Նունեան աղջկանց վարժարանները միասին այրեցան: Այս հրդեհին, Ս. Գէորգ Եկեղեցին և թաղին մէջ հայ ժողովուրդին պատկանող բազմաթիւ տուներ և խանութներ այրեցան, փճացան և ոչնչացան:
 
Նունեան աղջկանց վարժարանը ի հիմանէ վերստին կառուցուեցաւ 1872 թուականին Սամաթիոյ Թաղեցի Կիւմիւշճիւ Գասպար Խաչատուրեան Կիւմիւշճեանցի կողմէ որուն տիկնոջ Վարդուհիի անունն ալ աւելնալով վարժարանը կոչուեցաւ Նունեան-Վարդուհեան: 1872  Մայիսին վարժարանին շինութիւնը և բացումը կատարուելէ յետոյ մեռաւ Կիւմիւշճիւ Գասպար Խաչատուրեան: Իր որդին Միքայէլ Գասպար Խաչատուրեան կառուցանել տուաւ իր ջանքերով և ժաղովրդեան լայն նուէրներով Սահակեան մանչերու վարժարանը յար և նման Նունեան Վարդուհեանին: Իր հօրմէն ճիշդ 3 ամիս յետոյ մեռաւ նաեւ իր որդին 24 ամեայ Միքայէլ Գասպար Խաչատուրեան Կիւմիւշճեանց: Երկուքին ալ մարմինները կը հանգչին, քով քովի, փառաւոր դամբարաններու մէջ' Ս. Գէորգ Եկեղեցւոյ ետեւը վարժարանին պարտէզին մէջ:
 
Սամաթիոյ Ս. Գէորգ Եկեղեցին իր պատմութեան մէջ անցուցած է երեք մեծ հրդեհներ: 1660 թուականի հրդեհէն վերջ երեք հայ եկեղեցի քով քովի կառուցուած է որոնք կոչուած են Ս. Գէորգ, Ս. Աստուածածին, Ս. Երորդութիւն անուններով: 
 
Եկեղեցին 1782 թուականին, մօտ տասնեւմէկ ժամ տեւող մեծ հրդէհէ մը վերջ երկրորդ անգամ այրած է: Իսկ վերջինը 1866 թուականին պատահած է: Այս հրդէհին եկեղեցին և դպրոցները ամբողջովին այրած են: Անոնց վերաբերեալ փասթաթուղթերուն մեծամասնութիւնը, եկեղեցապատկան շենքերն ու խանութներէն մէկ մասն ալ ոչնչացած են: Բոլոր այս պատահածներէ վերջ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը որոշած է քարաշէն եկեղեցի մը կառուցանել և դիմում կատարած է օրուան Պատրիարք Ներսէս Վարժապետեանին:

Սամաթեացի վաճառական և Ս. Փրկիչ հիւանդանոցի հիմնադիրներէն բարերար Միքայէլ Էֆէնտի Յակոբեանի  գլխաւորութեամբ հիմնուած է շինարարական խորհուրդ մը: Այս խորհուրդը հաւաքած է 1650 ոսկի: Ճարտարագիտական աշխատանքները տարած է Պետրոս Նէմզէին: 1894 թուականին սկսող աշխատանքները 6000 ոսկի ըլլալով հաշուած են: Այս գումարին 2000 ոսկին Միքայէլ և Յովհաննէս Յակոբեան եղբայրներու կողմէ նուիրուած է: Բնիկ Սամաթիացի Պէյազճը Մանուկ Աղա Մանուկեանի տուած 115723 ղրուշնոց պարտքը ջնջել տալով մեծ նուիրատուութիւն մըն ալ կատարած է:
 
Եկեղեցւոյ բացումն և օծումը կատարուած է Յարութիւն Պատրիարք Վէհապետեանի օրով 1881 թուականի Փետրուարին: Մեծ բարերար Միքայէլ Էֆէնտի Յակոբեանի կողակիցը և որդին Յարութիւն թաղուած են եկեղեցւոյ պարտէզը: Երկուքին ալ մարմինները կը հանգչին, քով քովի, փառաւոր դամբարաններու մէջ' Ս.Գէորգ Եկեղեցւոյ ետեւը վարժարանի պարտէզին մէջ:
 
Շուշան Գորտոնճիեան
15-Նոյեմբեր-2014 Շաբաթ

Իսթանպուլ








Thursday, February 13, 2014

«ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՐԳԸ»





ԱՒԵՏԻՔ ԻՍԱՀԱԿԵԱՆ

 

Բնաշխարհ և Տոհմիկ Կենցաղ

 

«ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՐԳԸ»

 

 
                                                                                                                                                                     Արաքս



Աւետիք Իսահակեանի այս կէս յուշագրական պատմուածքը մեզ կը փոխադրէ արեւմտեան Հայաստան: Արաքսի ափերուն բնաշխարհիկ մթնոլորտի մը մէջ:

Արարատեան դաշտ, Մասիս, Արմաւիրի Սօսեանց անտառ: Մեզ կ'ուղղեն դէպի այդ մթնոլորտը, դէպի անոր մշակութային բաղադրիչը, որովհետեւ պատմուածքը մանաւանդ բնաշխարհիկ մշակոյթի նուիրուած «երգ» մըն է: Իսկ գլխաւոր պատգամը այցելութիւնն է գաղտնի դպրոցին իր աւարտի «ազգային երգ» ով' «Այբ-բեն-գիմ» ով:

 

Արարատեան դաշտի հրաշալի աշունը: Այդ օր աշնան պայծառ առաւօտն էր: Առատ այգիները անուշ խունկի հոտերով լեցուն էր:

Երկու ընկեր Արմաւիրի բլուրը գացած էինք: Մեհենական' սօսիի ծառերուն տերեւները խորհուրդաւոր ձայներ հանելով կը շարժէին մեր գլխուն վրայ:

Մենք երկու ընկեր այս տեսարանէն ազդուած անձայն մնացած էինք:

Մեր ցուպերը հովիւներու նման բռնած կը քալէինք Երասխի գետափին սահմանէն և կ'երթայինք գիւղ մը:

Սքանչելի էր Արարատեան դաշտը: Մասիսը մեր դիմացն էր: Պարզ ու յստակ, որ ան կարելի էր դիտել ամէն կողմէ:

Ան, ետեւի ոտքերուն վրայ նստած, ծեր գլուխը անսահմանութեան մէջ հանգիստ ու առանց վրդովելու, հսկայ ճերմակ առիւծի մը կը նմանէր:

Աշնան հաճելի և մեղմ արեւը, Մասիսը վերէն վար և Արարատեան երկրի լայնքով ու երկայնութեամբ տարածուն փայլը փռած էր:

Վերջապէս հասանք մեր նշմարած գիւղը:

Յաջորդ օր, այս գիւղէն մէկնելէ առաջ, գացինք գիւղին գաղտնի դպրոցը այցելելու: Մէկ օր առաջ այս դպրոցին ուսուցիչին հետ արդէն ծանօթացած էինք: Ան եռանդուն երիտասարդ մըն էր:

Ցարական կառավարութիւնը փակած էր հայկական վարժարանները: Քաղաքներու և գիւղերու դպրոցներուն շէնքերը և եկամուտ բերող կալուածները գրաւած էր: Հայ ժողովուրդը ազգային կրդութիւն ստանալէ զրկուած էր: Այս ծանր հարուածէն, հայ ժողովուրդի զգայուն մասը գիտակից էր: Հայրենասէր անհատներ կ'ուզէին կարելի չափով դէմ դնել պետութեան, որպէսզի հայերը օտարացնելու քաղաքականութեան վերջ տրուի:

Այս զգայուն ժողովուրդը, հայկական գաւառներու մէջ պարզ միջոցներով սկսան դպրոցներ բանալ: Այդպիսի դպրոցներէն մէկն էր, որ մենք այցելած էինք:

Արաքսի ափին, հաստատաբուն ընկուզենիի ծառին տակ, պարզ նստարաններու վրայ խումբ-խումբ տեղաւորուած էին բաւական մեծ թիւով մանուկներ և 14-20 տարեկանի միջեւ աշակերտներ:

Կիրակի օր էր:

Ուսուցիչը մեզի ըսաւ.

-Գիւղացին դաշտային աշխատանքներով կը հանգստանայ: Այդ պատճառաւ դպրոցը լեցուն է:

Դպրոցը միայն մէկ ուսուցիչ ունէր, բայց ան իր աշխուժ կամքով ամէն կողմ կը հասնէր: Խումբ մը կը սորվէին «այբ ու բեն»ը, ուրիշ խումբ մը «Մայրենի Լեզուն» կը կարդային, երրորդ խումբը «Հայոց Պատմութիւնը», մի ուրիշ խումբ «Դաւիթ Բէկ» կը կարդային:

Երբ դասաժամը վերջացաւ ու աշակերտները պիտի ցրուէին, ընկերս որ երգ կը սիրէր խնդրեց ուսուցիչին որպէսզի աշակերտները երգէին:

Ուսուցիչը պատասխանեց.

-Ես բաղաձայն եմ: Իմ աշակերտներու երգ չեմ սորվեցուցած: Աշակերտներու մէջ լաւ ձայն ունեցողներ կան և անոնք կրնան երգել:

Ուսուցիչը, աշակերտներուն առաջարկեց որպէսզի երգէն:

Փոքրերը դժուարացան, իսկ մեծերը քաշուեցան:

Ընկերս ըսաւ.

-Բայց շատ լաւ կ'ըլլար եթէ բոլորը միմիայն մէկ ազգային երգ մը գիտնային: Օրինակ, «Մայր Արաքսի»ն, որ շատ տեղին է: Դուք անոր ափին տակը կ'ապրիք:

Ուսուցիչը թեթեւ կարմրեցաւ և պահ մը մտածելէ վերջ գլուխը ոգեւորուած շարժելով աշակերտներուն դարձաւ և ըսաւ.

-Սիրելի աշակերտներս, ամէնքդ շարուեցէք այստեղ:

Յետոյ մեր կողմ դառնալով ըսաւ.

-Ինչպէ՞ս չեն գիտեր:Անոնք ամենալաւը գիտեն:

Ձեռքի քանակը վեր բարձրացնելով գոչեց.

-Բոլորդ միասին ինծի հետ երգեցէք: «ԱՅԲ, ԲԵՆ, ԳԻՄ»: Չէ՞ որ բոլորիդ սորվեցուցած էի և միասին արտասանած էինք:

Եւ քանակի հաւասար բախումներուն ներդաշնակ բոլորը հետեւելով ուսուցչին, միասին բարձր և եղանակաւոր ձայնով վանկերն ալ իրար կապելով սկսան երգել:

-ԱՅԲ, ԲԵՆ, ԳԻՄ....

Այսպէս միջեւ «Օ, ՖԷ»: Քառասուն-յիսուն անգամ կրկնեցին: Աշակերտներուն կուրծքէն բխած այս հզօր, բազմահնչուն և միասնաբար ձայնը Հայոց լեզուն էր: Կարծես, Երասխի ուժգին զարնուող ջուրին հանած ձայնը կը տարածուէր Արարատեան դաշտին վրայ և ազատ Մասիսը դէպի վեր կը թռէր:

Բոլորիս երեսին վրայ պայծառ ժպիտ կար: Ուսուցիչը ոգեւորուած էր:

-Ահա՛ ձեզ ընդհանուր ազգային երգ մը, որ ամէն հայ անպատճառ պէտք է գիտնայ: Ահա չորս-հինգ տարի է այդ երգը կը սորվեցնեմ: Ուրիշ երգ չեմ ճանչնար:

Ոսուցիչը, բոցավառ շրդունքներով շնչասպառ ըսաւ այս նախադասութիւնը և սրբեց իր քրտնած ճակատը:

-Շատ ճիշտ ըսիք և կեցցէ ձեզ: Իսկապէս աննման էր:

Ոչ նուազ ոգեւորութեամբ պատասխանեցինք մենք:

Ամուր սեղմեցինք սրամիտ ուսուցիչին ձեռքը և ուրախ ու զուարթ շարունակեցինք մեր ճամբան:

Պահ մը այդ տարօրինակ երգին ազդեցութեան տակ մնացած էինք: Ընկերս լռութիւնը վերջացուց և ըսաւ.

-Նոյն կարծիքի մէջ չե՞ս, որ քանի ատեն հայը կ'ապրի, հայոց «ԱՅԲ ու ԲԵՆ»ը չի մեռնիր:

-Այո', ըսի և շարունակեցի.

-Ես հակառակին աւելի համաձայն եմ: Քանի ատեն հայոց «ԱՅԲ ու ԲԵՆ»ը կ'ապրի, հայը չի մեռնիր:

 

14-Փետրուար-2014 Ուրբաթ

Իսթանպուլ

Շուշան Գորտոնճիեան